“ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՈՒՂԻ­ԻՆ ՀԵՏ­ՔԵ­ՐՈՎ“

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

P12 Hay-Gin  Դեկ­տեմ­բեր 2013-ի ամ­սուն սկիզ­բը, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տպա­րա­նէն լոյս տե­սաւ Սօնա Զէյթլ­եա­նին “Հայ կնոջ կեան­քի ուղի­ին հետ­քե­րով“ հա­տո­րը: Զէյթլ­եա­նի բա­ռե­րով “Հայ կնոջ ուղի­ին հետ­քե­րով“ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնը անձ­նա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըն է Հայ կնոջ պատ­մու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի հանգր­ուան­նե­րուն` հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն սկսեալ մին­չեւ մեր օրե­րը:

Ար­դա­րեւ 326 էջե­րէ բաղ­կա­ցած հա­տո­րը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ տաս­նէ աւե­լի գլուխ­ներ, որոնց մէջ հե­ղի­նա­կը պատ­մա­կան հանգր­ուա­նու­մով անդ­րա­դար­ձած է Հայ կնոջ ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին Հա­յոց Պատ­մու­թեան բո­լոր ժա­մա­նա­կա­նե­րու ըն­թաց­քին, այս­պէս` հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նին, քրիս­տո­նէ­ու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թեան, Օս­ման­եան դա­րա­ւոր տի­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ, 20-րդ դա­րու դա­րագ­լու­խին (Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, տե­ղա­հա­նու­թիւն, աք­սոր), Հա­յաս­տա­նի Ա. հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին, ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ըն­թաց­քին, Խորհր­դա­յին Միու­թեան շրջա­նին, Հա­յաս­տա­նի Բ. հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին: Ինչ­պէս նա­եւ անդ­րա­դար­ձած է Հա­յոց թա­գու­հի­նե­րուն, Պոլ­սոյ եւ Թիֆ­լի­սի հա­յու­հի­նե­րու մա­սին: Վեր­ջին եր­կու գլուխ­նե­րով Տի­կին Զէյթլ­եան անդ­րա­դար­ձած է “Սփիւռ­քի մար­տահ­րա­ւէ­րը եւ կա­նանց երկ­րորդ շար­ժու­մի մը հա­մա­կար­գը“ եւ “ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­ներ կա­նանց երկ­րորդ շար­ժու­մի մը հա­մա­կար­գը“ նիւ­թե­րուն շուրջ: Հա­տո­րին վեր­ջա­ւո­րու­թեան զե­տեղ­ուած են քար­տէս­ներ ու նկար­ներ:

Սոյն հա­տո­րը հրա­տա­րա­կու­թիւնն է “Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի Մրցա­նա­կին“, թիւ 79:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles