Սեբաստիոյ (Սվազ) քաղաքը գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք վերածուած էր ռազմական մթերանոցի, պիտի վերանորոգուի: Եկեղեցին այդ տարածքէն դուրս բերուած է Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան ջանքերով ու կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսին յառաջիկայ գարնան:
Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քոճաք, շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան` իր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Դեկտեմբեր 3-ին հաղորդուած տեղեկութեան` այս նպատակով նահանգապետարան դիմած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որովհետեւ եկեղեցին կը գտնուէր բանակի հակակշիռին տակ եղող տարածքի մը մէջ: