Հ.Մ.Ը.Մ.-ԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ

0 0
Read Time:6 Minute, 27 Second

 

homenetmen  ՍՕՍԷ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան նպա­տակն է պատ­րաս­տել նոր սե­րուն­դը իբր տի­պար քա­ղա­քա­ցի­ներ ու հպարտ հայ երի­տա­սարդ­ներ: Անոր ծրա­գի­րը կ՛ընդգր­կէ դաստ­ի­ա­րակ­չու­թիւն Հայ­կա­կա­կան Պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թին մա­սին ինչ­պէս նա­եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու Սկաու­տու­թեան մա­սին. ան կը պատ­րաս­տէ մար­զա­կան խում­բեր եւ քով քո­վի կը բե­րէ հայ պա­տա­նի­ներ ու երի­տա­սարդ­ներ որ­պէս­զի անոնք պահ­պա­նեն Հայ ազ­գը:

Առա­ջին ան­գամ որ հագ­ուե­ցայ այս սկաու­տա­կան տա­րա­զը, 1992 թուա­կա­նին էր, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լի­բա­նա­նի Պուրճ Հա­մուտ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան շար­քե­րէն ներս մո­ւտք գոր­ծե­ցի…հա­զիւ եր­րորդ տա­րե­դարձս նոր տօ­նած: Առա­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րը շատ զուար­ճա­լի էին մա­նա­ւանդ երբ հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին մի­ակ իմ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կ՛ըլ­լար խմբա­պետ­նե­րու գիր­կե­րէն: Ապա, սկսայ նշմա­րել իմ զար­միկս որ պար­մա­նու­հի­ներու խում­բի խմբա­պե­տու­հին էր եւ ան կը վա­րէր իր խում­բը խստօ­րէն ու կը պատ­րաս­տէր կա­տար­եալ սկաուտ­ներ,  օրի­նակ դառ­նա­լով մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պետ­նե­րուն: Պոս­թըն փո­խադր­ուե­լէս ետք, աւելի­ով մղուե­ցայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշ­խա­տանք­նե­րուն, նշմա­րե­լով գա­ղութ­նե­րու տար­բե­րու­թիւնը եւ հա­մոզ­ուած թէ պէտք է իմ կա­րե­լիս ընեմ կան­գուն պա­հե­լու Հայ մշա­կոյթն ու պատ­մու­թիւնը Սփիւռ­քի մէջ: Ահա­ւա­սիկ սկաուտ դառ­նա­լես 21 տա­րի ետք, հագ­ուած եմ կա­նաչ փող­կապ մը եւ շա­րու­նակ կը ծա­ռա­յեմ: Այս Նուի­րումս կը պար­տիմ այդ բո­լոր խմբա­պետ­նե­րուն, որոնք դաստ­ի­ա­րա­կած են ոչ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կամ Հայ Ազ­գա­յին կրթու­թեամբ, այլ ին­ծի շա­րու­նակ սոր­վե­ցու­ցած են, տուած են ին­ծի ուղ­ղու­թիւն եւ դար­ձու­ցած էն Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իմ կեան­քիս հիմ­նա­կան բա­ժին մը:

Արե­ւել­եան Շրջա­նի Հ.Մ.Ը. Մ.-ի Խմբա­պետ­ներս երի­տա­սարդ տա­րի­քէն ստա­ցած ենք բարձր աս­տի­ճան­ներ ոչ միայն որով­հե­տեւ նուիր­ուած սկաուտ-­ներ եղած ենք այլ, որով­հե­տեւ մեր խմբա­պետ­նե­րը տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով կա­նուխ դուրս ելած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շար­քե­րէն: Այ­սու­հե­տեւ մենք առի­թը չենք ու­նե­ցած հե­տապն­դե­լու մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կան ու ապա­գան կամ հե­տա­զօ­տել լուրջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նիւ­թեր: Այլ մենք մխրճուած ենք դաստ­ի­ա­րա­կե­լու մեր սկաուտ­նե­րը, վստահ ըլ­լա­լու թէ իրենք չգտնուին այս կա­ցու­թեան:

Խմբա­պե­տա­կան կազ­մի հա­մար կան եր­կու կար­գեր, որոնց  կա­րի­քը կը զգաց­ուի: Անոնք են, նախ Վկայ­եալ կար­գը որ սկաուտ մը կը ստանայ իր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մէ, ապա Արա­րատ­եան կար­գը որ սկաուտ մը կը ստա­նայ Կեդ­րո­­նա­կան Վար­չու­թեան կող­մէ: Մին­չեւ եր­կու տա­րի առաջ Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հան­գնե­րը չ՛ու­նէր ծրա­գիր մը Վկայ­եալ կար­գի հա­մար, ու­րեմն որե­ւէ ըն­թացք չկար մեր խմբա­պետ­նե­րուն ստա­նա­լու այս պատ­ուա­ւոր կար­գը:

Վկայ­եալ կար­գը մե­զի առիթ կու ­տայ անձ­նա­կան եր­կա­րա­տեւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն ընե­լու տար­բեր հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րու շուրջ, առանց որե­ւէ ժամ­կէ­տի կամ ճնշու­մի: Ծրա­գի­րը կը բաղ­կա­նայ տասն­եակ հանգր­ուան­ներ է որոնց ամէն մէ­կը կը կեդ­րո­նա­նայ տար­բեր նիւ­թի մը շուրջ: Այս հանգր­ուան­նե­րը կ՛ընդգր­կեն հե­տա­զօ­տու­թիւն` Արե­ւել­եան Շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան մա­սին, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն Ար­ցա­խի Ազա­տագր­ման ու ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու մա­սին, հան­դի­պում հո­գե­բա­նի մը հետ եւ քննար­կում նե­րկա­յիս Հ.Մ.Ը.Մ.ի տա­րի­քի բա­ժան­մունք­նե­րը, բարձ­րա­նալ լեռ­ներ, կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք գոր­ծադրել, կազ­մա­կեր­պել ու վա­րել ձմեռ­նա­յին սե­մի­նար, շտապ օգ­նու­թեան դասըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւիլ եւայլն: Այս ծրա­գի­րը նոյն­պէս ու­նի յա­տուկ հանգր­ուան­ներ որոնք առի­թը կու տան խմբա­պե­տին զա­տե­լու իր նա­խա­սի­րած նիւ­թե­րը եւ զայն ներ­կա­յաց­նե­լու:

Խան­դա­վառ­ուած ու հե­տաքրքր­ուած, ան­մի­ջա­պէս յանձ­նե­ցի վկայ­եալ կար­գի  դի­մումս: Առա­ջին հանգր­ուա­նին ուր առի­թը ու­նէի ընտ­րե­լու նիւթ մը, որո­շե­ցի կեդ­րո­նա­նալ Հայ­կա­կան սփիւռ­քի վրայ: Այս նիւ­թը հե­տաքրք­րա­կան է ին­ծի հա­մար, որով­հե­տեւ առի­թը ու­նե­ցած եմ ապ­րե­լու եր­կու տար­բեր հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու մէջ եւ նշմա­րած եմ թէ կա­րե­լի չէ խմբե­լը մեր հայ­կա­կան անն­ման գա­ղութ­նե­րը իբր մէկ սփիւռք:  Իսկ երկ­րորդ նիւ­թը որ նկա­տի ու­նե­ցայ Հա­յաս­տա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին էր Մ.Ա.Կ.-ի մէջ:

Այս ապ­րում­նե­րով եւ իղ­ձե­րով ներշնչ­ուած, նոյն­պէս դի­մե­ցի Արա­րատ­եան կար­գի որ կը նե­ռա­րէ եր­կու նիւ­թեր գրել եւ յա­ւել­եալ աշ­խա­տանք տա­նիլ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան հետ, Հա­յաս­տա­նի մէջ Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բա­նա­կու­մէն մէկ շա­բաթ առաջ:

Յոյ­սով եմ թէ նոյն­պէս մեր շրջա­նի բո­լոր խմբապետ­նե­րը որոնք անձն­ուէր կ՛աշ­խա­տին իրենց գա­ղու­թի երի­տա­սար­դու­թեան հա­մար, առի­թը կ՛ու­նե­նան մաս­նակ­ցե­լու այս ծրագ­րին: Նմա­նա­պէս կը յու­սամ թէ անոնք բո­լո­րը ուժ կը ստա­նան շա­րու­նա­կե­լու իրենց գոր­ծը պահ­պա­նե­լու հայ մշա­կոյ­թը եւ պատ­րաս­տե­լու մեր շրջա­նի յա­ջորդ սե­րուն­դը: Թէեւ բո­լորս մտա­մո­լոր ենք մեր ամէ­նօր­եայ գոր­ծե­րով ու մեր տար­բեր պար­տակ­անու­թիւն­նե­րով, Վկայ­եալ կար­գի ծրա­գի­րը առիթ կու­ տայ մեր բո­լո­րիս յի­շե­լու սկաու­տու­թեան նպա­տակ­ներն ու նշա­նա­բա­նը:

Մենք կը տա­նինք տքնա­ջան Աշ­խա­տանք,

Մենք կ՛աշ­խա­տինք Հայ­րե­նի­քի Հետ եւ Հայ­րե­նի­քի հա­մար,

Եւ ամէ­նէն կա­րե­ւորը, մենք պէտք է բարձ­րա­նանք որ­պէս­զի բարձ­րաց­նենք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles