Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՐ­ՏԱ­ՅԱՅ­ՏՈՒՈՂ ԹՈՒՐՔ ՈՒ­ՍԱ­ՆՈՂ­ՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԶՐԿՈՒԻԼ ԿՐԹԱ­ԹՈ­ՇԱ­ԿԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

 

p10 agoss_

ՊՈ­ԼԻՍ.- Թուրք պատ­մա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թիւնը Կրթա­կան բարձ­րա­գոյն ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցով փոր­ձած է Թուրք­իոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ճշդել հայ­կա­կան հար­ցին վրայ աշ­խա­տող ու­սա­նող­նե­րու անուն­նե­րը, անոնց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն վեր­նա­գիր­ներն ու անոնց հետ կապ­ուե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Թուրք պատ­մա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար փրոֆ. Մեհ­մետ Մե­թի Հու­լակ­ուի ստո­րագ­րու­թիւնը կրող փաս­տա­թուղ­թին մէջ պա­հանջ կը ներ­կա­յաց­ուի տրա­մադ­րե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բո­լոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րուն տու­եալ­նե­րը, որոնք յստակ չէ, թէ ինչ նպա­տա­կով պի­տի օգ­տա­գործ­ուին:

Ըն­կե­րու­թե­նէն պաշ­տօ­նա­տար մը` պա­տաս­խա­նե­լով “Ակօս“-ի այն հար­ցու­մին, թէ կրթա­թո­շակ տրա­մադ­րե­լու ըն­թաց­քին ի՛նչ գոր­ծօն­ներ հաշ­ուի կ՛առն­ուին, օրի­նակ` 1915-ը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն որա­կող ու­սա­նող­նե­րուն կրթա­թո­շակ պի­տի տրա­մադր­ուի՞, թէ՞ ոչ, յայտ­նած է. “Մենք` իբ­րեւ կա­ռոյց, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նա­պէս չենք ճանչ­ցած, ատոր հա­մար ալ հա­ւա­նա­կան է, որ կրթա­թո­շակ չտրա­մադր­ուի: Անոնք կրնան դի­մել, սա­կայն հա­ւա­նա­կան է, որ դրա­կան պա­տաս­խան չստա­նան“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles