ՃՈՐՃ ԱՂՃԱՅԵԱՆ
(Թարգմանեց՝ Ն. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ)
Կարգ մը աղբիւրներ թելադրած են որ Հայաստան-Թուրքիա քաղաքական յարաբերութիւններու առնչող արձանագրութիւններուն արդիւնք՝ ներկայ տագնապի քննադատութիւնները մեղմացուին: Պատճառաբանութիւնը այն է թէ արձանագրութիւններու վաւերացման ուղղութեամբ, Հայաստան մեծ ճնշումներու տակ է, այնպէս մը որ ամէնէն կարեւորը՝ Հայաստանի կառավարութեան մեր միակամ նեցուկ կանգնիլն է:
Ճշմարտօրէն, այդ տեսակէտին տրամաբանութիւնը՝ տարբեր մակարդակներու վրայ, կը վրիպիմ տեսնելէ:
Նախ եւ առաջ, որեւէ ժողովրդավար երկրի մէջ, կառավարութեան դերը՝ իր ժողովուրդի կամքի ներկայացուցչութիւնն է: Այնպէս որ, ժողովուրդի պարտականութիւնն է իրենց ձայները լսելի դարձնել: Իսկ կառավարութեան դերն է ժողովուրդին հրաւիրել զրոյցի, եւ ոչ թէ արհամարհանքով մէկդի դնել որեւէ քննադատութիւն: Արձանագրութիւններու դէմ հայորդիներու ուժգին դիմադրութիւնը, պէտք էր որ արդէն խօսակցութիւններու դուռ բանար: Ասոր փոխարէն, քննադատները դարձած են նսեմացման եւ անարգանքի առարկաներ:
Առածը կ°ըսէ,- »Կառավարութեան մը առաջնորդները պէտք չէ, որ պառկին իշուն ականջին մէջ«:
Յետոյ, եւ նոյնքան կարեւոր՝ ընդունիլ առանց որեւէ մէկ պայմանի ձախողութեան գործընթաց է: Արձանագրութիւնները պիտի չայլակերպուին նոյնիսկ եթէ համայն հայութիւնը զօրավիգ կանգնի անոր մինչեւ հիմա եզրակացուած համաձայնութիւններուն: Ամէն բան պիտի յստականայ երբ անդրադառնանք որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար սուտերով լի ծրար մը ծախել հայ ժողովուրդին:
Այս գծով հետաքրքրական է նշել որ Թուրքիոյ մէջ արձանագրութիւններու թշնամիներու գոյութիւնը Հայաստանի քաղաքականութեան համար օգուտ մը չի նկատուիր, կամ մինչեւ հիմա օգուտ մը չէ նկատուած: Անոր տեղ, Թուրքիան է որ անոնց հակառակութիւնը օգտագործելով, իր պայմանները կը բազմացնէ: Այս մէկը մեզի ի՞նչ կը թելադրէ:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի անկախութեան նկատմամբ, Թուրքիոյ յամառութիւնը փաստ է որ անոնք չեն կամենար Հայաստանն ու հայութիւնը համահաւասար սեպել: Իրենց ակնոցով, հայերը նկատառութեան արժանի չեն, բացի եթէ բոլորովին ծնկաչոք ըլլան, եւ այդ է արձանագրութիւններու ուղղակի հետեւանքը:
Շրջանէն ներս մնայուն խաղաղութիւնը չի կրնար այդպիսի հիմք մը ունենալ: Յառաջ ընթանալու համար պէտք է որ հաւասր բարեկամութիւն կերտենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ: Երկու երկիրներու պատմութիւններէն դատելով, պէտք եղած վստահութեան մշակումը թուրք կառավարութեան ուսերուն կÿիյնայ, սկսելով Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն, ոճիրին համար զղջալէն, ու Արցախի անկախութիւնը ճանչնալէն: Այս սկզբունքները բանակցութեան նիւթեր չեն: