Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր« մեր ժողովուրդի քաղաքական եւ ուղեկից ուժերը« Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի« ինկած են ժամանակ եւ ուժ վատնելու տարօրինակ ոլորապտոյտի մը մէջ« իբրեւ հետեւանք՝ Թուրքիոյ հետ արտառոց ու անընդունելի համաձայնութիւն մը կնքելու Հայաստանի իշխանութեանց »իմաստութեան«:
Մեր իրաւունքներուն« արդար պահանջներուն ի խնդիր ուժգնացած շարժումը եթէ սկզբնաւորուած ըլլար միայն Թուրքիոյ ու անոր զօրակցողներու կողմէ« հայութիւնը ա°յս մարտահրաւէրն ալ պիտի դիմագրաւէր նոյն կամքով ու տրամադրութեամբ« որ յատկանշած է մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալներու նմանօրինակ մարտահրաւէրները. ուժի ու ժամանակի վատնում պիտի չտեսնուէր պայքարի վերաշխուժացման մէջ:
Սակայն դառն իրականութիւնը այդպէս չէ:
Ո°չ ոք կրնար երեւակայել« որ Հայաստանի իշխանութիւնը« ինք, որ մեր հայրենիքին վերանկախացումէն ի վեր կոչուած է իրաւականօրէն մարմնաւորելու մեր պահանջատիրութիւնը« դառնալու անոր գլխաւոր առաջնորդը« օր մըն ալ հայ քաղաքական« հոգեւորական ու մտաւորական ուժերը պիտի դնէր այնպիսի կացութեան մը մէջ« ուր անոնք կռնակէն դաշունահարուելու վտանգին զգացումը կ’ունենան ահա« եւ կը ստիպուին ժամանակ ու ներուժ ի գործ դնել սխալ թաւալքի կասեցման համար: Մինչդեռ« այդ ուժն ու կարողականութիւնները պէտք է լծուած մնային ու մնան մէկ կողմէ՝ ցեղասպանին ընթացքը սրբագրելու« զայն իր անցեալին հետ հաշիւի նստեցնելու« եւ միւս կողմէ՝ ցեղասպանը անարդարօրէն պաշտպանողները իրենց պատասխանատուութեանց դէմ յանդիման դնելու գործին:
Մեր ժողովուրդին ու զայն մարմնաւորողներուն պէտք է խնայուէր այս դառն բաժակը:
Այս բոլորով հանդերձ« յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պէտք է նայիլ ինքնավստահութեամբ եւ այ°ս դաւն ալ ձախողութեան մատնելու կամքով« վճռակամութեամբ: Եթէ իշխանաւորներուն յիշողութիւնը կարճ է ու անոնք տրամադիր են ձախող նիշ ստանալու պատմութեան եւ իրաւատիրութեան դասերուն մէջ« մեր ժողովուրդը նոյն կացութեան մէջ չէ բարեբախտաբար« ու պատրաստ է անգամ մը եւս մէկ բռունցք դառնալու« ի խնդիր հայրենիքին ու ազգին հիմնական շահերուն պաշտպանութեան:
31 Օգոստոսի յայտարարութեանց յաջորդած հիասթափութիւնը արդէն անցեալին կը պատկանի. երկրորդ շաբաթէն ի վեր« դրական ուղղութեամբ շարժումը ծայր տուած է ամէնուրեք« բոլոր մակարդակներուն վրայ« Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի: Մեր ժողովուրդին բոլոր հոսանքներուն հակազդեցութիւնը եղաւ առողջ« հաւատարիմ՝ մեր պայքարի ուղիին:
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առանձին չէ ձախաւերութիւնը կասեցնելու իր ճիգին մէջ: Տարբեր չէ եղած ու չէր կրնար ըլլալ: Խնդրոյ առարկայ հիմնահարցերուն դիմաց« ահաւասիկ անգամ մը եւս ականատես ենք անշեղ միասնականութեան« որովհետեւ իրենց յայտարարութիւններով ու ձեռնարկած շարժումներով« Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը« Ս.Դ. Հնչակեան ու Ռ.Ա. կուսակցութիւնները կ’ապացուցեն« թէ կը գտնուին նոյն խրամատին մէջ« նոյն պատնէշին վրայ« իրենց կողքին ունենալով մեր եկեղեցին ու յարանուանութիւնները« մտաւորականութիւնն ու ընդհանրապէս հայ միտքը« մեր ամբողջ ժողովուրդը: Անոնց այս դիրքորոշումը չի կրնար անարձագանգ մնալ Հայաստանի մէջ« ու անարձագանգ չէ:
Այդպէ°ս է եղած անցեալին« ու այսօ°ր ալ այդպէս է« որովհետեւ Ցեղասպանութեան ու մեր պատմական հողերուն խլման հետեւանքով ստեղծուած Դատը միայն այս կամ այն կուսակցութեան« յարանուանութեան կամ հատուածին չ’առնչուիր: Մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի կեցուածքները նաեւ ապացուցած են« որ անիկա »սեփականութիւնը« չէ միայն Արեւմտեան Հայաստանը բռնի կերպով կորսնցուցած հայորդիներուն ու անոնց ժառանգորդներուն« ինչպէս որ կը փորձէ »ցուցադրել« թրքական քարոզչութիւնը« հայութիւնը պառակտելու ելած շրջանակները: 60-ականներու կէսերուն« Հայաստանի մէջ բարձրացած »Մեր հողերը…« կանչերը քսան տարի ետք գործնական արտայայտութիւն մը գտան Արցախ աշխարհին մէջ« ու այդ երթը պիտի մնայ աննահանջ:
Որովհետեւ՝
Ազատ« Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականը իր գաղափարական« քաղաքական ու զգացական հովանոցին տակ կը համախմբէ ամբողջ հայութիւնը« սկսեալ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերէն…
Ահա թէ ինչո°ւ վստահ ենք« որ մեր ժողովուրդը« իր բոլոր հոսանքներով ու հատուածներով« միասնական յաղթանակ պիտի տանի նա°եւ այս անգամ« հոգ չէ թէ ճիգի աննախընթաց ու անբաղձալի վատնում տեղի կ’ունենայ ամէնուրեք:
Ահա թէ ինչո°ւ պէտք է խնայուէր այս վատնումը…
Սեպտեմբեր 16, 2009