ՍԱՓՐԻՉՍ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մի հարցնէք, թէ ինչո՞ւ կամ ուրկէ՞ ծնունդ առած է սափրիչներու հանդէպ ունեցած վերապահութիւնս, որովհետեւ պիտի չըսեմ, թէեւ պետական գաղտնիք մը չէ:
Հանդարտ անկեղծութեամբ մը կÿուզեմ պարզել, որ այս արհեստաւորները, որոնք շատ յաճախ հին օրերուս գեղեցիկ յուշերու թարմացումը կը բերեն ինծի, այնպէս երբեմն ալ զիս անգիտակցաբար կը նետեն գունաւոր փորձանքներու գիրկը:
Նման փորձանքներէն մէկուն մէջ ինկած էի անցեալ շաբաթ, երբ….
-Չմոռնաս, այս երեկոյ մազերդ կտրել տուր, վաղը այս մազերովդ հարսանիքի չես կրնար երթալ, ամօթ է, նայէ, որ գլուխդ խուզել չտաս,.-մէկ շունչով թելադրած էր կինս, այդ Ուրբաթ առաւօտ, գործի մեկնումէս քիչ առաջ:
Յիշեցում, թելադրանք եւ կամ ազդարարութիւն, ինչ կÿուզէք հաշուեցէք, որովհետեւ կիներու մօտ այս բոլորը նոյնն են: Եւ աւելին՝ տակաւին այսքանով չգոհանալով, երբ հազիւ ինքնաշարժ նստած էի, ինք տակաւին կը շարունակէր իր կիսատ մնացած խրատականները լսելի դարձնելու աստիճան ականջիս հասցնել:
Յստակ էր, որ այս անգամ ձայնին մէջ որոշ լրջութեան մը երանգները խառնուած էին, որ խորքին մէջ իր ուսուցիչին կողմէ անհնազանդ աշակերտին տրուած վերջին ազդանշանին կը նմանէր:
-Նայէ, որ անցեալ անգամուան նման, ֆրանսացի նաւաստիներու պէս շատ կարճ կտրել չտաս, շատ մի թեթեւցներ, թիւ զերօ չընես, չորսը լաւ է:
Կինս այնպէս մը կը խօսէր, որ կարծես մեծ գութ ունենար արդէն սպիտակած, գրեթէ ալեհեր գլխուս վրայ տարածուած խուրձ մը մազերուս:
Հաստատաբար ան իր ըսելիքը ըսած էր: Ինծի կը մնար միայն հնազանդիլ, այլապէս «հարսանիք» մըն ալ մեր տան մէջ պիտի դասաւորուէր եւ ան ալ ի¯նչ հարսանիք, միայն Աստուած գիտէ:
Ահա քեզի նոր պատմութիւն, ըսի մտովի: Աւելի քան շուրջ չորս շաբաթներ առաջ կտրուած մազիս մասին օրին եղած առարկութիւնը կարծես բաւարար չըլլար, այս առաւօտ դարձեալ կը կրկնուէր: Ի՞նչ ընեմ:
Կÿըսեն, որ կիները մոռացկոտ չեն ըլլար: Ճիշդ են:
Հարկաւ Աստուած բան մը գիտէ, որ կին արարածը այսպէս ստեղծած է, ես զիս դարձեալ կը համոզէի: Բայց հաւատացէք, եթէ այր մարդուն առիթ տրուէր իր կինը ստեղծելու, մեղայ, մեղայ, Աստուծմէ բոլորովին տարբեր եւ աւելի լաւը կրնար ստեղծել, որովհետեւ այր մարդը, Ադամէն սկսած, այս մարզէն ներս պէտք եղած փորձառութիւնը ունի արդէն, մինչդեռ Աստուած չունի եւ մինչեւ այսօր իսկ չէ ունեցած երբեք:
Եթէ այս մէկուն չէք հաւատար եւ ունիք որոշ քաջութիւն, կը խնդրեմ այս մասին օր մը Աստուծոյ մտերմօրէն հարց տուէք:
* * *
Գլուխս շարժելով ճամբաս շարունակեցի: Եւ ինչ մեղքս պահեմ, նոյնիսկ գործիս մէջ, ամբողջ օրը միտքս այս անիծեալ մազերովս զբաղեցաւ: Ես ինծի հարց կու տայի շարունակ, թէ ինչո՞ւ առիթ տուած էի, որ տնեցիք, մազերէս դասելով, զիս նմանցնէին ֆրանսացի նաւաստիի: Եթէ այսպէս շարունակուէր, չեմ գիտեր օր մըն ալ զիս ուրիշ բոլորովին անծանօթ եւ ինծի անհաճոյ բանի մը կրնային նմանցնել:
Էհ, վերջը ո՞ւր պիտի հասնէինք: Այս է բախտս կամ ճակատագիրս, կը համոզէի քիչ մը չափէն աւելի խռոված էր ուղեղիս:
Գրասենեակիս մէջ յուշերս զիս անգամ մը եւս կը նետէին մանկութեան եւ նոյնիսկ պատանութեան օրերուս ափերը: Այդ օրերուն, նախակրթարանի եւ կանուխ պատանութեանս տարիներուն, եօթը դրացիներով մեր բակին մէջ, երեք եղբայրներով միասին սափրիչի կÿերթայինք, երբ բակէն ներս բաղնիք առնելու օրուան մեր կարգը գալու ըլլար:
Եւ շատ յաճախ այս մէկը կը զուգադիպէր Շաբաթ օրերուն: Սակայն հօրս համար սիրելի հայրենակից՝ խարբերդցի «պէրպէր Նշան»ը այս մէկը չէր հասկնար, որովհետեւ Շաբաթ օրերը իրեն համար գերզբաղուած օրերն էին եւ պզտիկներու մազերով զբաղիլը իր գործին չէր գար:
-Սա մայրերնուդ ըսէք, որ ձեզի Շաբաթ օրով չղրկեն. կշտամբելով կը խօսէր «պէրպէր Նշան» մեզի հետ: Ու մենք ալ հնազանդ զաւակներ, «պէրպէրին» հրահանգը կը փոխանցէինք մեր ծնողքին: Բայց…օգուտ չունէր, որովհետեւ մեր բաղնիք առնելը համերաշխ դրացնութեան ներքին համաձայնութենէն կախում կÿունենար միայն: Բան մը, որ խարբերդցի մեր սափրիչին համար անհաճոյ կը թուէր:
Այդ օրերուն կեանքը այդպէս էր, իր ծուռ ու շիտակ անուշութեամբ եւ նոյնքան ալ հաճելի:
* * *
Երեկոյեան, աշխատանքէս տուն դարձիս, չորս աթոռներով հարուստ ու ամբողջ պատերը հայելիներով պատուած ու լոյսերու մէջ լողացող սափրատունն էի արդէն:
Մարիամը, որուն մնայուն յաճախորդներէն մէկն էի, այդ ժամուն ուրիշ «գլուխ»ով մը զբաղուած էր: Ուստի զիս առաջնորդեց խանութին միակ «ազատ» օրիորդին, որուն առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէի:
-Էհ, Բեդիկ ճան, էսօր քո մազերով Լիաննան է զբաղուելու, ըսաւ Մարիամ, ձայնին մէջ զգալի դարձնելով յաճախորդ մը կորսնցնողի յստակ ոճը:
Լիաննան բաւականին գիրուկ օրիորդ մըն էր, թերեւս տիկին մը: Ո՞վ գիտէ: Կարեւոր չէր: Եթէ հօրս աչքով զինք դիտէի, ան «կարմիր երեսով, շատ առողջ կին մըն էր»:
-Համմեցէք, ըսաւ Լիաննան ժպտուն եւ ուրախ, միաժամանակ ինծի ցոյց տալով պարապ աթոռը:
Հնազանդեցայ: Նստեցայ աթոռին վրայ: Ակնոցս աչքէս հանեցի ու դրի մարմարեայ սեղանին վրայ: Իր կարգին, Լիաննան անմիջապէս վիզէս ծոծրակ ճերմակ թուղթով մը փաթթեց եւ ապա սեւ գոգնոց մը անցուց ու երկու ձեռքերովը գլուխս բռնելով, հայելիին մէջէն զիս դիտելով հետս սկսաւ խօսիլ:
-Ո՞նց էք, ապեր:
Ես ալ ուրիշներէն վարակուած արագ մը պատասխանեցի, տեղական գոյն մը տալով խանութի մթնոլորտին:
-Ոչինչ:
Լիաննան խնդաց: Ես ալ նոյնպէս:
-Ինչպէ՞ս ուզում էք. հարցուց արագ մը եւ մեղմ ձայնով, գործնական եւ աշխատասէր պաշտօնեայի մը նման:
-Սանկ քիչ մը թեթեւ…, թիւ չորսով, եթէ կը հաճիք, ըսի դասը գոց սորված աշակերտի մը նման, նոյնքան քաղաքավար, դէմքիս վրայ պահելով ցամքած ժպիտս:
Յանկարծ յիշեցի ֆրանսացի նաւաստիի պարագան: Մտովի հաշիւ ըրի, թէ արդեօ՞ք ճիշդ թիւը տուած էի: Չորսը այս մազերուս յարմա՞ր էր:
Բայց արդէն ուշ էր. Լիաննան անցած էր իր գործին: Իրարու հետ խօսելու բաժինը աւարտած էր:
Լիաննան նախ աթոռիս ճիշդ տակը գտնուող երկաթին վրայ ոտքովը ուժով մը կոխեց, որպէսզի զայն վեր բարձրացնելով իր թեւերուն հաւասարցնէր:
Աթոռս տեղէն չշարժեցաւ: Ոչ վեր ելայ եւ ոչ ալ վար իջայ:
Լիաննան աւելի ուժ տալով իր ոտքերուն, կրկին անգամ փորձեց: Հայելիին մէջէն կարելի էր տեսնել ամէն «արարողութիւն»: Անպիտան աթոռը կարծես իշու յամառութիւն ունենար. տեղէն չէր շարժեր:
Գիրուկ վարսայարդարս ճիշդ էր, որ քիչ մը անհանգիստ կը զգար, սակայն կը շարունակէր իր փորձը, գլուխը դէպի վար ծռած, մէկ ձեռքը ուսիս դրած, իսկ միւսն ալ երկաթէ աթոռով զբաղուած:
-Հէլէ, մէ հատ էլ:
Ոտքի ելայ: Այդպէս թելադրուած էր: Թերեւս աթոռին համար ես բաւական ծանր նկատուած էի:
Հակառակ անոր, որ հիմա նստած չէի, աւելի մօտէն ականատես եղայ Լիաննային աթոռս կրկին անգամ վեր բարձրացնելու ձախող փորձին:
Ոտքի կեցած հայելիէն դիտեցի շուրջս: Խանութին միւս երեք պաշտօնեաները իրենց յաճախորդներով, հետաքրքրութեամբ մեր կողմ դարձած մեզ կը դիտէին: Մինչ Լիաննան սկսած էր աւելի ուժ տալ իր ոտքերուն, յանկարծ «քլաք»՝ մեծ աղմուկ մը լսուեցաւ, որուն յաջորդեց երկաթէ կտորի մը գլորումը աթոռիս տակ:
Իրականութիւնը այն էր, թէ աթոռս դէպի վեր բարձրացնող մետաղը ոչ միայն կոտրած ու փրթած էր, այլեւ աթոռիս հաւասարակշռութիւնը փոխելով, պատճառ դարձած էր անոր ձախ թեքուելուն:
Մէկ խօսքով, իյնալու վտանգի տակ էր, երբ Լիաննան «անտին կնա’», մը գոռաց:
Այս անգամ խիստ հրահանգ մըն էր: Մանաւանդ, որ լուրջ վտանգէ մը փրկելու միտող հրահանգ մը:
Արագ մը հեռանալով մէկ կողմ քաշուեցայ: Ինչ տեսնեմ, կամաց- կամաց ծանր աթոռս մեծ աղմուկով մը սկսաւ աւելի ծռիլ եւ «տա¯նկ» մեծ աղմուկով մը յոգնած արջու մը նման գետին փըռուիլ:
Սափրատունէն ներս աշխատանքը կրկին անգամ դադրեցաւ:
Անմիջապէս միւս պաշտօնակիցները իրենց ձեռքի տակի «գլուխները» ձգած, Լիաննային օգնութեան հասան եւ փորձեցին կոտրած աթոռը ձեւով մը անվնաս տեղ մը փոխադրել:
Իրապէս ծանր էր անպիտանը: Գոգնոցը վիզիս, ես ալ օգնեցի: Ու հինգ հոգիով սանկ խանութին մէկ անկիւնը կռթնցուցինք «աթոռ» ըսուած այդ երկաթէ տգեղ ամբողջութիւնը:
Լիաննան առատ-առատ շնորհակալութիւն բաշխեց բոլորիս: Գործընկերուհիները վերադարձան իրենց աշխատանքին, բարձրաձայն փառք տալով Աստուծոյն, որ ուրիշ փորձանք մը չէր պատահած:
-Մեղայ, ասանկ պանի չէինք հանտիպած.-կը մրթմրթային բոլորը իրարու ետեւէ ու կը հաստատէին, որ իրենց կեանքի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով աթոռ մը կը կոտրէր: Բոլորն ալ «չար սատանայ» ըսելով մէյ մը ինծի, մէյ մըն ալ կոտրած աթոռին կը նայէին: Այդ վայրկեանին ինքնաբերաբար ինքզինքս յանցաւոր կը նկատէի գէշ ու ծանր պատահարին համար, որ կրնար դժբախտութեամբ մը վերջ գտնել:
Հիմա խանութին ճիշդ մէջտեղը ես եւ Լիաննան կեցած էինք: Ես սեւ գոգնոցովս ու քրտնած, իսկ ինք՝ ինձմէ աւելի «ջուրերու մէջ» թաղուած:
Ի՞նչ ընել:
Չէի կրնար առանց մազերս կտրելու տուն դառնալ: Ուրիշ սափրիչի երթալն ալ անհաճոյ կը գտնէի: Ինքն ալ անշուշտ պիտի չուզէր յաճախորդ մը կորսնցնել: Իսկ մնացեալ երեք աթոռները տակաւին քառորդ ժամէն աւելի զբաղուած պիտի ըլլային: Այսպէս արտայայտուեցան աղջիկները:
Յանկարծ Լիաննան գիւտ մը ըրաւ: Անմիջապէս գնաց խանութի ետեւի պահեստանոցէն տախտակէ պարզ աթոռ մը եւ աթոռակ մը բերաւ:
-Արի մօտս, ըսաւ այնպէս, ինչպէս մայր մը փոքրիկը իր մօտը կը կանչէ անոր մազերը սանտրելու համար: Կրկին անգամ հնազանդեցայ:
Նախ զիս պարզ աթոռին նստեցուց եւ ապա ձեռքս հայելի մը տուաւ, որ հետեւիմ իր աշխատանքին: Իր կարգին, ինքն ալ իր բերած աթոռակին վրայ ելլելով, մկրատը ձեռքը առաւ ու մրթմրթալով փորձեց շարունակել իր աշխատանքը:
Չորս կողմս նայեցայ: Յիշեցի մեր քաղաքի սափրիչները: Հիմա կարծես այդ օրերը կը վերապրէի ակամայ: Մտածեցի, եթէ յանկարծ խանութին օդը զովացնող մեքենան աշխատանքէ դադրէր, արդեօք ձեռքս մեծ հովահար պիտի տրուէ՞ր:
Մտովի անիծեցի օրս, վաղուայ հարսանիքն ու հարսնեւորները:
Խեղճ Լիաննաս, յայտնի էր, որ պիտի լար: Իր կարմիր երեսը ա’լ աւելի կարմրած էր: Կարծես պիտի պայթէր: Բաղնիքէն նոր դուրս եկող գիրուկ նոր հարսերուն կը նմանէր: Մէկ կողմէ քրտինքը առատօրէն վար կը հոսէր, միւս կողմէ Աստուած գիտէ, թէ մտովի ինչե¯ր կÿըսէր:
Իսկապէս նման բաներ «սիրք»երու, կրկէսներու մէջ կրնային պատահիլ: Ո՞ւր տեսնուած է, խանութին ճիշդ մէջտեղը, պարզ աթոռի մը վրայ նստիլ ու ձեռքը հայելի մը բռնել եւ մազերը կտրել տալ: Ո՞ւր: Մարդ նոյնիսկ իր երազին մէջ իսկ չի հանդիպիր նման տեսարանի: Հիմա, եթէ դուրսէն ծանօթ մը գալու ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր: Օրերով վրաս պիտի խնդար:
Բոլոր անհաճոյ այս մտածումներս յանկարծ Լիաննային ձայնը խզեց.
-Ինչ համարով ուզում էիք:
Աւելի նեղութիւն չպատճառելու համար ըսի.
-Ձեր ուզածը:
-Հապա տուք ճորս ասած էիք, արագ մը պատասխանեց:
Չուզեցի վիճիլ:
Ծօ, աղջիկ, եթէ չորս ըսած եմ, ինչո՞ւ հարց կու տաս. կտրէ’, վայրկեան մը առաջ լմնամ, դուրս գա’մ այս թատերաբեմէն, երթա’մ գործիս.-մտովի կÿըսէի, այս անգամ իրապէս ջղային:
– Թող ձեր ըսածը ըլլայ, ըսի ցած ձայնով:
-Ո’չ, ո’չ, ծեր ուզածը տող լինի, ըսաւ խստապահանջ:
Կÿըսեն, որ մարդ արարածին բարիք ընելը չþարժեր. ճիշդ են:
-Լա’ւ, թող չորս ըլլայ, ըսի աւելի քրտնած: Վիճելու ոչ տեղն էր եւ ոչ ալ ժամը:
Լիաննան նախ առաւ մազ կտրտելիք մեքենան, անոր ծայրը անցուց թիւ չորս ակռան ու սկսաւ աշխատանքի: Իմ կարգիս ես ալ փորձեցի անմեղօրէն հայելիով հետեւիլ տարուած աշխատանքին:
Առաջին հերթին ականջիս հասաւ մեքենայի խշրտոց մը, որուն յաջորդեց գոգնոցիս վրայ մազէս մեծ խուրձի մը թաւալումը: Հետաքրքրութեամբ հայելիիս նայեցայ: Աստուած իմ, ի¯նչ տեսնեմ, արդէն գլխուս ճիշդ մէջտեղը խոր ակօս մը բացուած էր:
-Կեցի’ր, պոռացի, անզգալաբար ու բարձրաձայն:
-Ի՞նչ բադահեց. պատասխանեց Լիաննան:
-Քեզի ըսի’ թիւ չորս եւ ո’չ թէ զերօ:
-Մեղայ, սա արդէն համար ճորսն է, ըսաւ համոզիչ ձեւով մը, զրօն շատ թեթեւ կÿըլլի. ըսաւ իր դատը հաստատապէս շահող ամբաստանեալի մը նման:
Պարզուեցաւ: Ես կարծած էի, որ թիւ չորսը ամէնէն թեթեւը կÿըլլայ: Բայց խորքին մէջ ամէնէն խորունկէն մէկ աստիճան ցածն էր:
Հիմա ի՞նչ ընել: Քանի մը վայրկեաններ առաջ գլխուս վրայ աւեր մը գործուած էր: Երկու ձեռքերովս նախ բռնեցի հայելին: Դողդղացող ձեռքերուս մէջի հայելին զիս առաւել յուսահատութեան կը մատնէր:
Ի՞նչ ընել, կը կրկնէր խեղճ միտքս շարունակ: Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեցի:
Մէկ խօսքով, նոյնիսկ լալու պատրաստ վիճակի մէջ էի:
Միտքէս բարձրաձայն կը պոռայի.- հէ¯յ, Լիաննա, անաստուած աղջիկ, մեղքցի’ր, վաղը հարսանիք ունինք, ասանկ գլուխով ինչպէ՞ս երթամ. հապա տունը եւ տնեցիք:
Յետոյ աջ ձեռքովս Լիաննային ձեռքը բռնեցի: Աղջիկը հնազանդեցաւ:
Երկուքս ալ կը դողայինք: Զգալի էր այդ մէկը:
Աղջիկը մեքենան մարեց: Ինծի նայեցաւ: Փոքր հայելիին մէջէն անգամ մը եւս մեր աչքերը իրարու հանդիպեցան: Ուղղակի համազարկ…:
Դէմքին վրայ գծագրուած «ի՞նչ ընել» մը կը նշմարէի: Գիտէի, որ իրեն կÿիյնար ձեւաւորել: Վարսայարդարս գրեթէ խեղճացած էր:
Յստակ էր, որ մազերս ետ չէի կրնար առնել, փակցնել, կարկտնել, կարծես իր կարգին միտքս ալ սկսած էր զառանցել: Իմ կարգիս լուծում մըն ալ ես կը փնտռէի: «Պատուաբեր» լուծում մը:
Ոտքի ելայ: Գոգնոցիս վրայէն խեղճ ճերմկած մազերս վար սահեցան: Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեծ գուրգուրանքով մը կը դիտէի զանոնք, որոնք նախ կօշիկս քնքշօրէն ծածկեցին եւ ապա անկէ սահելով ինկան ցած:
Խանութին աշխատանքը կրկին անգամ դադրեցաւ: Գործադուլ հռչակուած էր կարծես:
Բոլորին աչքերը վրաս կեդրոնացան: Ամչցայ: Կÿուզէի գետնին տակ մտնել: Բայց… ես սափրիչ մը չէի, այլ պարզ յաճախորդ մը, որ վաղը հարսանիքի մը հրաւիրուած էր:
Յանկարծ Մարիամ օգնութեան հասաւ: Լիաննա մէկ կողմ քաշեց ու ականջին բաներ մը փսփսալէ ետք, իր աթոռը վերադարձաւ:
Յստակ էր, որ ան Լիաննային տուած էր պէտք եղած ուղղութիւնը:
Խանութին աշխատանքը շարունակուեցաւ: Կրկին անգամ լսելի դարձան մկրատի եւ մազ կտրելիք գործիքներուն ձայները:
Ապա Լիաննան արագ մը ձեռքէս հայելին առաւ, աջ ձեռքով զիս չոր աթոռին հրաւիրեց ու առանց չորս կողմ նայելու, սկսաւ շարունակել իր աշխատանքը:
Ու անկէ ետք անտեղեակ էի, թէ գլխուս վրայ ինչեր կը կատարուէին կամ կատարուեցան եւ կամ մազերս ինչ ձեւի հասան: Շատ յուսահատ էի, որ նոյնիսկ «զըրօ» եւ չորս արժէք չէին ներկայացներ: Կարեւորը վայրկեան առաջ վերջանալն էր:
-Համմեցէ’ք, մը լսեցի իր քրտինքներուն մէջ լողացող Լիաննայէն, որ զիս հրաւիրեց մեծ հայելիին դիմաց:
Ակնոցս դրի ու ես զիս դիտել փորձեցի:
Աստուած իմ: Այս անգամ այս ինչ նոր աւեր մը գործուած էր: Իսկապէս արդէն նաւաստիի նմանող նոր գլուխ մը ունէի: Թէեւ Լիաննան գլխուս ակօսը անհետացուցած էր, սակայն ես հաստատապէս նաւաստիի կը նմանէի:
Մարիամ մօտեցաւ ինծի ու Լիաննային հետ միատեղ հազար ներողութիւններ խնդրեց: Արկած է, կը պատահի եւ ան ալ իմ գլխուն:
-Էսօրուանը մեր հաշւոյն, բետիկ ճան…ըսաւ Մարիամ բարեացակամ կերպով:
Չուզեցի այլեւս հայելիին նայիլ:
Անհասկնալի բառերով շնորհակալութիւն մը մրթմրթալէ ետք, արագ մը դուրս եկայ խանութէն եւ ուղղակի ինքնաշարժ վազեցի: Բացի դուռը ու ներս նետուելով, անզգալաբար ինքնաշարժիս արեւարգելին տակ պահուըտած, տափակ ու փոքր հայելիին մէջ դէմքս, յատկապէս գլուխս փնտռեցի:
Իսկապէս, որ նաւաստիի գլուխ մը ունէի, բայց հաստատօրէն հայ նաւաստիի: