Հ.Ե.Դ.-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ 76-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ՝ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 30 Second

                                                                                                                                                                                                 ՆԱՆՕՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

DSC01382 Փրո­վի­տընս, Րոտ Այ­լընտ.- Հ.Ե.Դ.-ի 76րորդ Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Րոտ Այ­լընտ նա­հան­գի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, որ տե­ւեց Հինգ­շաբ­թի Սեպ­տեմ­բեր 3էն մին­չեւ Եր­կու­շաբ­թի Սեպ­տեմ­բեր 7, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ տեղ­ւոյն «Վա­րանդ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղին:  Մաս­նա­կից­ներն ու ներ­կա­նե­րը ժա­մա­նած էին տար­բեր նա­հանգ­նե­րէն, եւ ոմանք նոյ­նիսկ դրա­ցի եր­կիր­նե­րէ: Անո­նք բո­լորն ալ վա­յե­լե­ցին Փրո­վի­տըն­սի կեդ­րո­նի պան­դոկ­ներն ու ճա­շա­րան­նե­րը: Այս առ­թիւ տեղ­ւոյն նա­հան­գա­յին կեդ­րո­նա­կան շէն­քին վրայ կը ծա­ծա­նէր հա­յոց եռա­գոյ­նը:

 Ժո­ղո­վուր­դը առիթն ու­նե­ցաւ, ոչ միայն խա­ղե­րուն ներ­կայ գտնուե­լու, այլ նա­եւ ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու եւ պա­րա­հան­դէս­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու, ըմ­բոշխ­նե­լու հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւն­ներ, գնա­հա­տե­լու հայ­կա­կան նկա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը, որոնք ցու­ցադր­ուած էին Gallery Z-ի մէջ, եւ օգտ­ուե­լու պան­դոկ­նե­րու կող­քի գտնուող հսկա­յա­կան վա­ճա­ռա­տու­նե­րու ճո­խու­թե­նէն…  Եւ Վեր­ջա­պէս, Սեպ­տեմ­բեր 5ին, վա­յե­լե­լու քա­ղա­քին կեդ­րո­նը կա­տա­րուող գե­տակ­նե­րու վրայ կա­տա­րուող հրա­վա­ռու­թիւնը (waterfire), որուն ըն­թաց­քին երգ­ուե­ցան հայ­կա­կան գոր­ծեր: Մա­նուկ Գաբրի­ել­եա­նի շնոր­հիւ, ճոխ էր հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւնը:  Եր­գե­րուն ձայ­նը ար­ձա­գան­գեց  մօ­տա­կայ պան­դոկ­նե­րու սեն­եակ­նե­րէն ներս՝ դէ­պի գետ հրա­ւի­րե­լով երի­տա­սարդ հա­յոր­դին:

 DSC01381   Ուր­բաթ երե­կոյ, վե­թե­րան­նե­րու հա­մար տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ ըն­դու­նե­լու­թիւն,որուն ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ճա­շե­ցին եւ հայ­րե­նի երաժշ­տու­թիւնը վա­յե­լե­ցին:  Նուա­գա­խում­բը բաղ­կա­ցած էր աւա­գաս­րին­գի վար­պետ Հա­չիկ Գա­զար­եա­նէ, ու­տի վար­պետ ու եր­գիչ Ճօ Գու­յումճ­եա­նէ, կի­թա­րա­հար Քէն Գա­լայճ­եա­նէ, եւ թմբկա­հար Ճէյ­սըն Նա­րոյ­եա­նէ:  Մի­եւ­նոյն գի­շե­րը, այլ պա­րա­հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ու «Ար­ցախ» նուա­գա­խում­բը ելոյթ ու­նե­ցաւ, որուն հե­տե­ւե­ցաւ Տի.Ճէյ. Յա­րու­թը:  Շա­բաթ օր­ուայ պա­րա­հան­դէ­սի աստ­ղերն էին «Առա­ւօտ» նուա­գա­խում­բը, մաս­նակ­ցու­թեամբ Մէլ Պար­սամ­եա­նի:  Կի­րա­կի գի­շեր­ուայ պա­րա­հան­դէ­սը աւե­լի հա­րուստ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց: 

 Կի­րա­կի կէ­սօր­ուան ըն­թաց­քին, բաց­ման արա­րո­ղու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ուր խօսք առին Րոտ Այ­լըն­տի Ուոր­ուիք քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ Սքաթ Աւե­տիս­եա­նը, Քրէնս­թըն քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ Ալըն Ֆան­կը, Արե­ւել­եան Առաջ­նոր­դա­րա­նի Փո­խա­ռաջ­նորդ, Բա­րե­ջան Եպիս­կո­պոս Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եա­նը, Սբ. Վար­դա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ հյր. Կո­մի­տաս Պաղ­սար­եա­նը, Հ.Ե.Դ. կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ­ու­թեան ատե­նա­պետ Լօ­րըն Տա­Սիլ­վան, եւ ու­րիշ­ներ:  «Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած է հայ երի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րը տո­կուն պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ:  DSC01407Եր­բեք չմոռ­նաք ձեր ար­մատ­նե­րը եւ ձեր ամե­րի­կա­հայ ինք­նու­թիւնը.  Մնա­ցէք հա­ւա­տա­րիմ ձեր հայ­կա­կան տոհ­մա­յին աւան­դու­թիւն­նե­րուն.  Գոր­ծուն­եայ եղէ’ք, եւ միշտ յի­շե­ցէք թէ մեր եկե­ղե­ցին ու ազ­գը պէտք ու­նին ձեզ», ըսաւ Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նը, եւ աղօթ­քով ու օրհ­նու­թեամբ իր խօս­քը աւար­տեց:

Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րու առն­չու­թեամբ՝ ա­մէ­նէն բա­րե­լաւ­ուած մաս­նա­ճիւ­ղը Պոս­թը­նի շրջանն էր:  «Ըր­նըսթ Նա­հիկ­եան Լա­ւա­գոյն Մար­զա­կան Ոգի» գնա­հա­տագ­րին ար­ժա­նա­ցաւ Նիւ Եոր­քի Ճաս­թին Գա­լաճ­եա­նը, իսկ Փրո­վի­տըն­սէն Ար­մէն Թեն­քար­եան ( 80 տա­րե­կան) ար­ժա­նա­ցաւ “Քո­րի Թո­սոյ­եան” վե­թե­րան­նե­րու Կոլ­ֆի գնա­հա­տագ­րին:

DSC01425

Ստո­րեւ, խմբա­յին դա­սա­ւո­րու­մը.-

 

1.     Փրո­վի­տընս- 252.5 կէ­տեր

2.     Ֆի­լա­տէլֆ­իա- 232

3.     Պոս­թը­ն- 46.5

4.     Տիթ­րոյթ- 43.5

5.     Նիւ Ճըր­զի- 20

6.     Կրա­նիթ Սի­թի – 17.5

7.     Շի­քա­կօ- 2

8.     Ռէ­յսին- 1

9.    Նիւ Եորք- 1

 

 

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles