Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ 23-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ՝ ՄԷՐԻԼԵՆՏԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 10 Second

23rd Regional camp scouts Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի 23-րդ շրջա­նա­յին սկաու­տա­կան բա­նա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Օգոս­տոս 19-23, 2009-ին Մէ­րի­լենտ նա­հան­գի Ուէսթ բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Շրջա­նա­յին Սկաու­տա­կան Խոր­հուր­դին: Բա­նա­կու­մին սկաու­տա­կան Շրջա­նա­յին Խոր­հուր­դէն ներ­կայ էին Եղ­բայր­ներ՝ Զա­րեհ Գա­րա­կիւ­լէ­եան եւ Շանթ Ժամ­կոչ­եան, Քոյր Էլի­զա­պէթ Տրամ­կոչ­եան, Շրջա­նա­յին Խմբա­պետ եղբ. Արամ Գայ­սեր­եան եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան սկաու­տա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քոյր Երան Սի­մոն­եան:

Այս տա­րեշր­ջա­նին, հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւղ չու­նե­նա­լով խոր­հուր­դը ստանձ­նեց բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը: Բա­նա­կու­մին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին 146  սկաուտ­ներ (Պոս­թըն՝ 55, Շի­քա­կօ՝ 10, Տիթ­րոյթ՝ 6, Ֆի­լա­տելֆ­իա՝ 15, Ուա­շինկ­թըն՝ 21, Ֆլո­րի­տա՝ 2,Նիւ Ճըրզի՝ 18, Փրո­վի­տընս՝ 18): Բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցող­նե­րուն 12ը գայ­լիկ-արծ­ուիկ­ներ էին: Բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին, սկաուտ­նե­րը հե­տե­ւե­ցան հե­տեւ­եալ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան նիւ­թե­րուն՝

 

Ըն­կե­րա­բա­նա­կան.- »Ան­հա­տա­կան Կա­րո­ղու­թիւն«՝ Եղբ. Սար­գիս Տրամ­կոչ­եան:

Սկաու­տա­կան.- խա­րոյկ պատ­րաս­տել, կա­պեր, աշ­տա­րակ կամ կայմ շի­նել՝ Եղբ. Սմբատ Տրամ­կոչ­եան. պա­հա­կու­թիւն եւ շար­քա­յին աշ­խա­տանք՝ Եղբ. Արամ Գայ­սեր­եան:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ական.- »Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաու­տին ու արծ­ուի­կին դե­րը՝ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ«՝ Եղբ. Գէ­որգ Թա­թար­եան, Սկաու­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րը շրջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղի՝ Եղբ. Զա­րեհ Գա­րա­կիւ­լէ­եան: Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բա­նա­կու­մի իրենց փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին՝ քոյ­րեր Ար­շօ Գան­թարճ­եան եւ Լո­րիկ Փի­լի­պոս­եան:

Ազ­գա­յին.- Մեր Հայ­րե­նի­քի քրիս­տո­նէ­ա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը Եղբ. Սա­հակ Զա­քար­եան: Հայ Դատ եւ հայ սկաու­տը՝ Քոյր Սօ­սէ Պէ­օ­ճէք­եան:

Շտապ օգ­նու­թիւն եւ առող­ջա­պա­հու­թիւն՝ Քոյր Ալին Պաղ­տա­սար­եան:

 

Ընդ­հան­րա­պէս դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան բա­ժինն­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան  բա­նա­կող­նե­րուն լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­նե­րը յա­ճախ ըն­թացք տուին զրոյց­նե­րու ինչ որ նիւ­թե­րը աւե­լի շա­հե­կան դար­ձու­ցին:

Հա­կա­ռակ օդի անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն,  Շա­բաթ երե­կոյ­եան բա­նա­կա­վայր այ­ցե­լե­ցին  Ուա­շին­կթը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, ծնող­ներ եւ հա­մա­կիր­ներ:

Դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մա­կան բա­նա­կու­մի պատ­րաս­տու­թեան եր­կու սե­մի­նար­նե­րու ըն­թաց­քին Առա­ջին կար­քի քննու­թեան յա­ջո­ղած 13 քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն յանձն­ուե­ցաւ վկա­յագ­րերն ու կրծքան­շան­նե­րը. Շրջա­նի Խմբա­պե­տին եւ սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն ձե­ռամբ:

Դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թեան աւար­տին, բա­նա­կող­նե­րը ընթ­րիք հիւ­րա­սի­րե­ցին: Կարճ դա­դա­րէ մը ետք, խա­րոյ­կա­հան­դէ­սը սկիզբ առաւ, ուր ներ­կա­յաց­ուե­ցան զա­ւեշտ­ներ, խմբա­յին կան­չեր ու եր­գեր: Խան­դա­վառ­ուած սկաուտ քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայ­րնե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած հե­տաքրք­րա­կան եւ ոգե­ւո­րիչ յայ­տագ­րէն, եղան սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ: Խա­րոյ­կա­հան­դէ­սի յայ­տագ­րի վեր­ջին բա­ժի­նը վե­րա­պահ­ուած էր DJին, ուր հայ­կա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին եր­գե­րով պսա­կե­ցին երե­կոն խմբա­յին պա­րե­րով մին­չեւ կէս գի­շեր:

Այս տար­ուայ բա­նա­կու­մը, յա­ջող էր, յատ­կա­պէս մաս­նակ­ցու­թեան թիւը, սկաուտ­նե­րուն ջերմ տպա­ւո­րու­թիւնը, չնա­յած թուա­կա­նին խա­չա­ձե­ւու­մը դպրո­ցա­կան վե­րա­մու­տին կարգ մը մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հա­մար:

Վեր­ջին օր­ուայ փակ­ման դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, խօսք արին Շրջա­նա­յին Սկաու­տա­կան Խոր­հուր­դի Ատե­նա­պետ Եղբ. Զա­րեհ Գա­րա­կիւ­լէ­եա­նը եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քոյր Երան Սի­մոն­եա­նը, որոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին բո­լո­րին, յա­ջող բա­նա­կում մը կա­տա­րե­լուն առի­թով:

Խմբա­պե­տա­կան կազմն ու շրջա­նա­յին խմբա­պե­տը յու­շան­ուէր­ներ բաժ­նե­ցին գայ­լիկ-արծ­ուիկ­նե­րուն: Ի վեր­ջոյ յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը նե­տե­լով մեր բա­նա­կու­մին վրայ կա­րե­լի է հաս­տա­տել թէ՝ Ծնող­նե­րու, Պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու թէ խմբա­պե­տա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րու  մի­աս­նա­կան-հա­մո­զումն ու հա­ւատ­քը  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հե­տապն­դած մեծ գա­ղա­փա­րին եւ հա­մե­րաշխ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր ոգին այս յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կանն էր:

Վարձ­քեր­նիդ կա­տար:

 Շ. ԺԱՄ­ԿՈՉ­ԵԱՆ

(յա­պա­ւու­մով)

Տիթ­րոյթ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles