“ՅԻ­ՇԷ՛ ԹԷ ԴՈ՛ՒՆ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵՏ ՊԻ­ՏԻ ԸԼ­ԼԱՍ“

0 0
Read Time:8 Minute, 29 Second

Pope+Francis+I

ԹԵՐԷԶ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Ո՞վ է ներ­կայ Պա­պը:

Ծնած է Պուենոս Այրէս – Արժանթին: Որ­դի իտա­լա­ցի ըն­տա­նի­քի: Ծնած է Դեկ­տեմ­բեր 17, 1936-ին` Jorge Mario Bergoglio անու­նով: 5 զա­ւակ­նե­րու  անդ­րա­նիկն է: Լոյ­սի թե­ւե­րով կը թռչի ու կ՛ը­սէ. “Աստ­ուած երբ Դուն իմ հետ ես խա­ւա­րը ճա­ռա­գայ­թի նման է. յոյ­սիդ ճրա­գով գի­շերս ար­շա­լոյ­սի կը վե­րած­ուի: Փրկու­թեանս հա­մար կար­կա­ռած ձեռքդ խրա­խոյս է ու քա­ջա­լեր. այ­սու­հետեւ եկե­ղե­ցին հա­ւատքս է. հո­ղը հայ­րե­նիքս“: Կը սոր­վի, կ՛ամ­բա­րէ, կ՛ա­ճի իմաս­տու­թեամբ ու գի­տու­թեամբ:

pope4  Նախ­քան Յի­սուս­եան վար­դա­պետ­նե­րու ըն­ծա­յա­րան մտնե­լը աշ­խա­տած է տար­րա­բա­նու­թեան (Chemical Technician) սնուն­դի հատ­ուա­ծի մէջ 12 Մարտ, 1968-ին: 1973-էն – 1979 Ար­ժան­թի­նի Յի­սուս­եան Հայ­րե­րու մե­ծա­ւոր կ՛ընտր­ուի: 1998-ին Պուէ­նոս Այ­րէ­սի Ար­քե­պիս­կո­պոս եւ 2001-ին Ծի­րա­նա­ւոր Cardinal:

Պէ­նէ­տիք­թոս ԺԶ-որդ Քա­հա­նա­յա­պե­տի հրա­ժա­րու­մէն ետք` Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վը Jorge Mario Bergoglioն Պապ կ՛ընտ­րէ Մարտ 13, 2013-ին: Քա­հա­նա­յապե­տա­կան անուն կ՛ընտ­րէ Ֆրան­սիս, Սուրբ Ֆրան­սիս Ասի­զացիի անու­նով` որ կոչ­ուած է (Il poverello) այ­սինքն աղ­քատ­նե­րուն մէջ ամե­նէն աղ­քա­տի ապ­րու­մով:

Փրան­սիս­կոս` առա­ջին Յի­սուս­եան Քա­հա­նա­յա­պետն է: Առա­ջին Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­րա­ւա­յին կի­սա­գուն­դէն: Առա­ջին ան­գամն է որ Պապ մը Ֆրան­սիս անու­նը կը կրէ 266 Պա­պե­րու մէջ:

Իր կեան­քի ըն­թաց­քին իբ­րեւ անձ եւ կրօ­նա­կան Առաջ­նորդ` ճանչց­ուած է իր խո­նար­հու­թեամբ, հե­զու­թեամբ, բա­րու­թեամբ եւ աղ­քա­տու­թեամբ: Իր յանձ­նա­ռու­թիւնը աղ­քատ­նե­րու նկատ­մամբ կեան­քին օրի­նա­կով ցոյց տուած է. խու­սա­փե­լով ճո­խու­թիւն­նե­րէ. իր ճա­շը ինք եփած է. զգես­տա­ւո­րու­մը ամե­նա­պարզ եւ աժա­նա­գին: Փո­խադ­րու­թեան հա­մար հան­րա­յին կար­գե­րը գոր­ծած է:

Երկ­խօ­սու­թիւնը ընտ­րած է ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կամր­ջե­լու հա­ւատ­քին ու հա­ւա­տամ­քին հաս­տատ­ման հա­մար:

pope3  Իր քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան թուա­կա­նէն 13 Մարտ 2013-էն նուազ հան­դի­սա­ւոր մօ­տե­ցում ու­նե­ցած է ապ­րե­լա­կեր­պին մէջ` փո­խա­նակ Վա­տի­կա­նի պա­լա­տին` ինչ­պի­սին էին իր նա­խորդ­նե­րը: Ան կ՛ընտ­րէ հիւ­րե­րու յատ­կաց­ուած շէն­քէն յար­կա­բա­ժին մը պարզ կա­հա­ւո­րու­մով: Կը հրա­ժա­րի աւան­դա­կան փա­ռա­հեղ թիկ­նո­ցի­կէն: Իր Ծու­խի առա­ջին այ­ցե­լու­թեան կ՛ը­սէ. “Մեր Տի­րոջ ամե­նէն զօ­րեղ ու­ղերձն է “Շնորհ“ բա­ռը: Շնորհ Աս­տու­ծոյ մե­զի տուած պար­գեւ­ե­րուն որ երախ­տա­գի­տու­թիւն կ՛են­թադ­րէ: Փրան­սիս­կոս անու­նը ընտ­րե­ցի կ՛ը­սէ“, որով­հե­տեւ Սուր­բը քրիս­տո­նէ­ու­թեան մէջ աղ­քա­տու­թեան գա­ղա­փա­րը դրաւ. փո­խա­նակ այդ ժա­մա­նա­կի փար­թա­մու­թեան, գո­ռո­զու­թեան, ու­նայ­նու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ եկե­ղե­ցա­կան ու­ժե­րու մէջ: Սուր­բը պատ­մու­թիւնը փո­խեց, միտք ու բո­վան­դա­կու­թիւն դրաւ ամէն բա­նի մէջ: Սի­րոյ պա­հան­ջը երբ վե­րա­նայ, տուն թէ եկե­ղե­ցի, մարդ թէ կին թա­փուր կը մնան. կեան­քի հո­ռի երե­ւոյթ­նե­րը գլուխ կը բարձ­րաց­նեն, բա­րին կը նսե­մա­նայ. մի­թէ կա­րե­լի՞ է արե­գա­կի շո­ղէն կառ­չիլ` կար­ծե­լով թէ խա­ւա­րը կ՛ան­հե­տի . . . Մենք նշոյ­լը Քրիս­տո­սի արե­ւին մէջ` պի­տի միշտ առա­ւօտ ըլ­լանք:

Ծի­րա­նա­ւոր­նե­րու տուած քա­րո­զին մէջ կ՛ը­սէ. “Հան­դի­պիլ Քրիս­տո­սի, կրել Քրիս­տո­սը, քա­լել Քրիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեան, Քրիս­տո­սը մարդ­կու­թեան բե­րել մա­նա­ւանդ առաջ­նոր­դել մարդ­կու­թիւնը Քրիս­տո­սի հան­դիպ­ման: Եթէ Քրիս­տոս չենք դա­ւա­նիր, Քրիս­տոս չենք ապ­րիր` ամէն ինչ սխալ կ՛ըն­դա­նայ. սա­տա­նա­յի աշ­խար­հայ­նա­ցու­մը կ՛ի­րա­գործ­ուի: Աւե­լի խոր հա­յեաց­քով ար­դա­րու­թիւն ու­սու­ցա­նենք: Ժո­ղո­վուր­դին ապա­գա­յի յոյս տանք: Թա­փան­ցենք աշ­խա­տա­ւո­րին տագ­նապ­նե­րուն` սնունդ, պարտ­քեր, վճա­րում­ներ. . . : Տի­ե­զե­րա­կան ան­տար­բե­րու­թիւնը աւեր­ներ կը գոր­ծէ: Խղճմտան­քի արթ­նու­թիւնը այ­սօր աւե­լի քան եր­բեք պա­հանջ է. վե­րո­յիշ­եալ­նե­րը մար­դու սիր­տը ծա­կող փու­շեր են: Կորսն­ցու­ցած ենք եղ­բայ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան իմաս­տը, մոռ­ցած ենք կա­րեկ­ցիլ այ­լոց ցա­ւին, անոնց ար­ցուն­քը մեզ չի վրդո­վեր: Ու­տե­լիք թա­փե­լը` անօթի­ին հա­ցը գող­նալ է: Յի­շենք որ մար­դիկ անօ­թու­թե­նէ կը մա­հա­նան: Մեր մայ­րե­րը աւել­ցած ու­տե­լի­քին վրայ բան մը աւելց­նե­լով կը նո­րո­գէ­ին:

Փրան­սիս­կոս Պա­պը 9 լե­զու­նե­րու կը տի­րա­պե­տէ: 12 գրքե­րու հե­ղի­նակ է: 8 գիրք գրուած է իր մա­սին տար­բեր հե­ղի­նակ­նե­րէ: “Հա­մեստ բայց ընտր­ուած“, այ­սինքն Աստ­ուած ողոր­մա­ծու­թիւն ըրած է զինք ընտ­րե­լով:

“Յի­շէ՛ թէ դո՛ւն վար­դա­պետ պի­տի ըլ­լաս“ կրկնած է Պա­պին մեծ մայ­րը. Արդ­եօ՞ք գու­շա­կած է եկե­ղե­ցա­կան յա­ջոր­դող աս­տի­ճան­նե­րը մին­չեւ քա­հա­նա­յա­պե­տու­թիւն: Ո՞ւր են նման մեծ մայ­րեր որ թոռ­նե­րուն ական­ջին նման բա­ներ փսփսան:

Մար­դիկ պի­տի չկա­րե­նան երե­ւա­կա­յել թէ ինչ­պի­սի եր­կա­թէ կամք, ինչ անձ­նու­րաց արիու­թիւն, որ­չափ առա­քի­նու­թիւն սպա­ռած է այդ բա­րի աչ­քե­րով, ան­կոտ­րում ու ար­դար էա­կը` որ կը կոչ­ուի Փրան­սիս­կոս Քա­հա­նա­յա­պետ:pope 2

Աստ­ուած ստեղ­ծեց աշ­խար­հը, որ կը հե­տե­ւի զա­նա­զան բնա­գի­տա­կան օրէնք­նե­րու, որ կը պահ­պա­նէ ու կը կա­ռա­վա­րէ զայն ամե­նա­դոյզն ման­րա­մաս­նե­րով ու կ՛ը­սէ մե­զի. “դէպ­քե­րը Ես եմ. Ես` որ կը շո­յեմ ու կը յղկեմ քեզ, Ես եմ որ կու գամ, կը ման­կա­նամ, կը բաշխ­ուիմ ամե­նուն` առանց հատ­նե­լու. Ես եմ որ քեզ կը սի­րեմ, Ես եմ որ շու­շան­նե­րը կը զգես­տա­ւո­րեմ, հուն­տե­րը կը բող­բո­ջեմ, եղա­նա­կա­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն կու տամ որ­մէ նա­եւ երկն­քի թռչուն­նե­րը կա­խում ու­նին ու ձեր գլխուն ծա­մե­րը. ամէն ին­չի աղ­բիւ­րը սկիզբն ու վեր­ջը Ես եմ“:

Անն­պաստ ու ան­գութ պայ­ման­նե­րուն Փրա­սիս­կոս Պա­պը աղ­քատ­նե­րու մէջ է: Այո՛, կ՛ը­սէ Ան. մար­դը իր բնոյ­թով ազատ է. իսկ ազա­տու­թիւնը կաշ­կանդ­ուած է չա­րին կա­մա­կոռ բա­զուկ­նե­րով:

Սեպ­տեմ­բեր 7-ը աղօթ­քի եւ ապաշ­խար­հան­քի օր հռչա­կեց բո­լոր քրիս­տոն­եա­նե­րուն եւ ոչ քրիս­տոն­եա­նե­րուն` Սուր­իոյ եւ ամ­բողջ Մի­ջին Արե­ւել­քի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար: Սիրտս ու միտքս կը լլկուի մար­դուն մօր ու ման­կան տա­ռա­պան­քին ի տես: Ցա­ւը զրկուող­նե­րուն, զրկան­քի են­թար­կուող­նե­րուն, կեան­քե­րու վե­րաց­ման ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րով ան­թոյ­լատ­րե­լի է: Բազ­կա­տա­րած աղօ­թենք եւ ապաշ­խար­հենք խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար: Բիւ­րա­ւոր մա­նուկ­ներ կը մեռ­նին ամէն օր առանց լոյ­սին ծա­նօ­թա­նա­լու: Եր­կիր­ներ քուր­ջի նման պա­տա­ռոտ­ուած են քա­ղաց­ի­ա­կան պա­տե­րազմ­նե­րով. մա­հե­րու եւ վի­րա­ւոր­եալ­նե­րու կշի­ռը շատ ծանր է. ին­չո՞ւ այս­քան լլկանք. իսկ ի՞նչ կ՛ը­նէ Աստ­ուած, ինչ­պէս կը հան­դուր­ժէ իր բա­րե­կա­մին, մար­դուն ցա­ւը:

Հա­կա­ռակ մեր փա­փա­քին` չկայ ճշգրիտ պա­տաս­խան ին­չու­նե­րու: Մենք այո՛, կրնանք ապ­րիլ այս հար­ցում­նե­րու սպառ­նա­լիք­նե­րը քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քի լոյ­սով. Խա­չէն Յա­րու­թիւն. իսկ այս` մեր հա­ւատքն է: Սպա­ռել կա­տա­րե­լու­թիւնը` սպառ­ուիլ կա­տա­րե­լու­թե­նէն:

Ս. Պօ­ղոս Առաք­եալ կ՛ը­սէ. Երեք ան­գամ աղօ­թե­ցի Տի­րոջ որ հե­ռաց­նէ ինձ­մէ այս փոր­ձու­թիւնը. իսկ Ան յայ­տա­րա­րեց. “Շնորհքս բա­ւա­կան է քե­զի“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles