Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին ներկայութեամբ, Յունիս 9, 2013-ին տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Պոսթընի Վարիչ-տնօրէնի գրասենեակի անուանակոչումը:
Առ ի շնորհակալութիւն Տէր եւ Տիկ. Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու սրտաբուխ նուիրատուութեան, գրասենեակը անուանուեցաւ ընկերուհի Տանըլի Պուճիքեանի անունով:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի, ընկհ. Վիգի Մարաշլեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ` “Հ.Օ.Մ.-ի հարիւրամեայ աշխատանքները յանուն ազգանուէր ծրագիրներու իրականացման, ըլլա՛յ Սփիւռքի, ըլլայ հայրենի տարածքներէ ներս, կարելի պիտի չըլլային առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան, որուն լաւագոյն օրինակներէն մին է Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու այս յատկանշական նուիրատուութիւնը, որ գումարած այլ ներդրումներու հետ, կարելի կը դարձնէ Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքներու սահուն եւ արդիւնաւէտ ընթացքը“:
Ընկերուհի Տանըլի Պուճիքեանը 1964 թուականէն անդամ է Սաութ-Պէյ շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի “Արաքս“ մասնաճիւղին, որուն հիմնադիրներէն մէկը եղած է:
Ընկերուհի Պուճիքեան երկար տարիներ եղած է վարչական անդամ, յաճախ ստանձնելով ատենապետուհիի պաշտօնը: Ան` բարոյապէս, նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս մի՛շտ նեցուկ կանգնած ու քաջալերած է մասնաճիւղի զանազան գործունէութիւնները, մեծ ներդրում ունենալով Սաութ Պէյ գաղութի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ: Հ.Օ.Մ.-ուհիի նուիրեալ ոգիով, Պուճիքեան մի՛շտ բարձր դասած է Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութիւնն ու աշխատանքները եւ մեծ նուիրումով մասնակցած է միութեան բոլոր աշխատանքներուն:
Տէր եւ Տիկ. Պուճիքեաններ ունին եօթ զաւակներ, որոնք ստացած են հայկական դաստիարակութիւն: Ընկհ. Պուճիքեանին նուիրումը ինքնին փաստ մըն է անոր անթերի հայկական ոգիին եւ կորովին:
Ներկայիս, ըլլալով 21 թոռներու եւ 2 ծոռներու մեծ մայր, ան կը շարունակէ քաջալերել ընտանիքի բոլոր անդամները, որպէսզի անոնք եւս դառնան հայ գաղութի նուիրեալներ, տէր դառնալով ազգային ժառանգութիւններուն:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ Տէր եւ Տիկ. Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններուն նուիրումը Հայ Օգնութեան Միութեան ծրագիրներու իրականացման եւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց կատարած նուիրատուութեան համար, վստահեցնելով, որ Հ.Օ.Մ.-ը պիտի շարունակէ իր 100ամեայ առաքելութիւնը նեցուկ կանգնելով բոլո՛ր կարիքաւորներուն հայրենիքէն ներս թէ՛ դուրս:
Միւս կողմէ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախ է յայտարարելու, թէ, առ ի շնորհակալութիւն Տիար Հրայր Սողոմոնեանի 15 հազար տոլար սրտաբուխ նուիրատուութեան, այսուհետեւ Հ.Օ.Մ.-ի Հաշուապահական բաժնի սենեակը – ի պատիւ առատաձեռն բարերարին մօր – պիտի կրէ “Ընկհ. Մանուշակ Սողոմոնեան“ անունը` համապատասխան յուշատախտակով սենեակի մուտքին:
Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի, ընկհ.Վիգի Մարաշլեան կուգայ իր երախտագիտական խօսքը ըսելու, յանուն Միութեան բոլո՛ր անդամներուն, շեշտելով ա՛յն իրողութիւնը` թէ հարիւրամեայ Հ.Օ.Մ.-ի ազգանպաստ գործունէութիւնը սփիւռքեան թէ հայրենի տարածքներէ ներս, կարելի պիտի չըլլա՛ր իրականացնել առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան: Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակներէ մին է Տիար Հրայր Սողոմոնեանի — որ այս տարի ստացած էր “Կիլիկեան Իշխան“ պատուոյ նշանը Արամ Ա. Վեհափառէն — նշանակելի՛ նիւթական աջակցութիւնը, որ նման այլ ներդրումներու կողքին, կարելի կը դարձնէ Հ.Օ.Մ.-ի այլազան ծրագիրներուն արդիւնաւէտ ընթացքը:
Ընկերուհի Մանուշակ Սողոմոնեանը — որուն անուամբ այսուհետեւ պիտի ճանչցուի Պոսթընի մեր գրասենեակի Հաշուապահական ենթաբաժինը — 1949-թուականէն սկսեալ ծառայած է Հայ Օգնութեան Սուրիոյ Քեսապի, Հալէպի, եւ Լիբանանի ու Գանատայի միաւորներէն ներս: Ընկերուհին, 1995-էն մինչեւ օրս կ՛անդամակցի Մոնթրէալի “Սօսէ“ մասնաճիւղին, անսակարկ նուիրումով սատարելով Միութեանս ազգանուէր ծրագիրներու գործադրման, արժանանալով իր գործակիցներուն անխառն գնահատանքին ու յարգանքին: