ՏԻԹ­ՐՈՅ­ԹԻ ՄԷՋ Հ.Օ.Մ.-Ի ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՁԵՌ­ՆԱՐԿ­ՆԵՐ

0 0
Read Time:10 Minute, 39 Second

dtt4

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՈԼԵԱՆ

Շա­բաթ, Սեպ­տեմ­բեր 28, 2013-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 8ին, Սուրբ Սար­գիս Հա­յոց Առա­քե­լա­կան  Եկեղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն Առա­քել­եան“ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ երաժշ­տա­կան երե­կոյ մը, կո­կիկ յա­յտագ­րով եւ մեծ շու­քով տօ­նա­կա­տար­ուե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 103-րդ, եւ Միջ-Վար­չու­թեան 70-րդ հիմ­նադ­րու­թեանց  տա­րե­դարձ­նե­րը: Իս­կա­պէս որ, հո­գե­կան յի­շա­տա­կե­լի պա­հե­րէն էր որ ապ­րե­ցան Տիթ­րոյ­թի Հ.Օ.Մ.-ի ըն­կե­րու­հի­ներն ու հա­մա­կիր հա­սա­րա­կու­թիւնը: Զոյգ տա­րե­դարձ­նե­րու առ­թիւ, Գա­նա­տա­յի Մոն­րէ­ալ քա­ղա­քէն հրա­ւիր­ուած էր ներ­կայ սե­րուն­դի երի­տա­սարդ, խօստմ­նա­լից ու  տա­ղան­դա­ւոր եր­գիչ Էլի Պեր­պէր­եան եւ իր նուա­գա­խում­բը: Ներ­կայ էին Սուրբ­ Սար­գիս եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Եկե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. եւ Երեց­կին Թա­մար Գէ­որգ­եան, Պատ­ուե­լի Շանթ Պար­սում­եան, Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րո­յի շրջա­նա­ւարտ ան­դամ Հայկ Օշա­կան, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջա­նա­յին Վարչու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Անի Աթթար, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան շրջա­նի Կ. Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. Թո­րոս Չէ­օփճ­եան, “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան եւ Հ.Օ.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ընկ. ըն­կե­րու­հի­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եղ­բայ­րներ ու քոյ­րեր, եւ կո­կի թիւով հա­սա­րա­կու­թիւն մը:DTT2

Ձեռ­նար­կը հան­դի­սա­ւա­րեց Միջ-Վար­չու­թեան ան­դա­մ ընկհ. Լա­րա Ներ­սէս­եան: Ան Հ.Օ.Մ.-ի եւ Միջ Վար­չու­թեան կող­մէ բա­րի գա­լուստ եւ բա­րի վա­յե­լում մաղ­թե­լէ ետք ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան, յայտ­նեց.- “Այս երե­կոյ հա­ւաք­ուած ենք տօ­նա­կա­տա­րե­լու Հ.Օ.Մ.-ի 103րդ,  եւ Միջ-Վար­չու­թեան 70-րդ, հիմ­նադ­րու­թեան ամ­եակ­նե­րը: Եօ­թա­նա­սուն տա­րի­ներ Հ.Օ.Մ.-ի “Զա­ւար­եան“ մի­օր­եայ վար­ժա­րա­նը ոչ միայն եղաւ հայ լե­զու, պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ սոր­վեց­նե­լու վայր, նոյն­պէս եղաւ այն վայ­րը, ուր հայ մա­նուկ­ներ իրար հետ հան­դի­պե­ցան եւ կազ­մե­ցին հայ ըն­կեր­ներ: Ապա ներ­կա­նե­րը հրա­ւիր­ուե­ցան, յոտն­կայս ունկնդ­րե­լու Հ.Օ.Մ.-ի քայ­լեր­գը, որ կա­տա­րեց ընկհ. Սօ­նա Մշիկ­եա­նը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տիկ. Նէն­սի Տէր Ստե­փա­ն­եա­նի: Ապա Արժ. Տէր Գէ­որգ­եան օրհ­նեց սե­ղան­նե­րը: Ներ­կա­նե­րը ճա­շա­կե­ցին Հ.Օ.Մ.-ու­հի­նե­րու կո­ղմէ պատ­րաստ­ուած հայ­կա­կան հա­մեղ աղանդ­նե­րը: Յար­գե­լի հան­դի­սա­վա­րու­հի բեմ հրա­ւի­րեց Միջ Վար­չու­թեան ատե­նա­պետու­հին ընկհ. Սիր­վարդ Թել­պէլ­եան որ­պէս­զի փո­խան­ցէ Հ.Օ.Մ.-ի պատ­գա­մը:

Ան ըսաւ թէ այսօր հպար­տան­քով կը տօ­նենք ամ­եակ­նե­րը: Ան­հա­տի մը կեան­քին մէջ թուա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կու­մը գե­ղե­ցիկ ան­կիւ­նա­դարձ մըն է, իսկ միու­թե­նա­կան կեան­քին մէջ հանգր­ուան մը, անդ­րա­դառնալ անց­եա­լին, ապ­րիլ ներ­կան եւ մշա­կել ապա­գայ իրա­գոր­ծի ծրա­գիր­ներ: Հ.Օ.Մ.-ը,  իր հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջին օրէն իսկ հայ կեան­քին մէջ հան­դի­սա­ցած է մար­դա­սի­րա­կան միու­թիւն մը: Ան նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս օժան­դա­կած է, եւ կ՛օ­ժան­դա­կէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ կա­րիք­նե­րուն: Քա­ջա­լե­րած է ու քա­ջա­լեր կը հան­դի­սա­նայ Հայ լեզ­ուի ու­սու­ցու­մը եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը սփիւռ­քի գա­ղութ­ներուն մէջ: Հ.Օ.Մ.-ը որ­պէս բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն, գա­ղութ­նե­րու ազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ, իր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու շի­նիչ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ հան­րա­ծա­նօթ է: Ինչ­պէս անց­եա­լի նոյն­պէս եւ այ­սօր, իր շար­քե­րը խտա­ցած են երի­տա­սարդ, գի­տա­կից  եւ գոր­ծուն­եայ ու­ժե­րով, որոնք առանց ընկր­կու­մի եւ առանց յու­սա­հա­տու­թեան կը շա­րու­նա­կեն իրենց ստանձ­նած առա­քե­լու­թիւնը Հայ­րե­նի­քի, Ար­ցա­խի, Ջա­ւախ­քի եւ սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րուն մէջ:DTT2

Յատ­կա­պէս ներ­կա­յիս Սուր­իոյ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դի­մագ­րաւ­ուած տնտե­սա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­նալ յաղ­թա­յա­րե­լու մի­տու­մով, իր սփիւռք­եան ցան­ցե­րով տեն­դա­գին լծուած է աշ­խատան­քի, գէթ մա­սամբ մը ամո­քել անոնց ցա­ւե­րը:

Տիթ­րոյ­թի Հ.Օ.Մ.-ի հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, եւ յատ­կա­պէս Հ.Օ.Մ.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը եօ­թա­նա­սուն տա­րի­նե­րէ ի վեր նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս սա­տա­րած են եւ կը սա­տա­րեն “Զա­ւար­եան“ մի­օրեայ վար­ժա­րա­նին կա­րիք­նե­րուն: 2012-13 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին վար­ժա­րա­նը ու­նէր 5-16 տա­րե­կան 45 աշա­կերտ­ներ,  բաժն­ուած չորս դա­սա­րան­նե­րու, որոնք յանձն­ուած էին նուիր­եալ եւ գի­տա­կից ու­սուց­չու­հի­նե­րու խնամ­քին: Որով­հե­տեւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը իր հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջի օրէն իսկ  հա­ւա­տա­ցած էր ու կը հա­ւա­տայ, որ “Զա­ւար­եան“ մի­օր­եայ Հայ դպրոցին եւ Հայ ու­սու­ցի­չին հա­մար չկայ աւե­լի նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն քան հայ մա­նու­կին սոր­վեց­նել իր մայ­րե­նի լե­զուն, ազ­գա­յին պատ­մու­թիւնը ու քրիս­տո­նէ­ա­կան կրօն­քը, եւ զինք դարձ­նել հպարտ եւ իրա­ւա­կան տէ­րը իր դա­րա­ւոր վիթ­խա­րի մշա­կոյ­թին: Միւս կող­մէ, հայ ծնող­քի մը հա­մար չկայ աւե­լի քաղց­րահն­չիւն երգ ու խօսք քան իր զա­ւակ­նե­րուն ան­մե­ղու­նակ շրթերէն լսուած ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ ու տա­ղեր մեր պա­պե­րուն դա­րա­ւոր լե­զուով: Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հ.Օ.Մ.-ի “Զա­ւար­եան“ մի­օր­եայ դպրո­ցը 70 տար­ներ ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց, եւ կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քե­լու­թիւնը գա­ղու­թին մէջ:

Ամէն տա­րի Ա.Մ.Ն-ի արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Օ.Մ.-ի շրջա­նա­յին վար­չու­թիւնը կը  կազ­մա­կեր­պէ շա­րադ­րա­կան մրցոյթ: Անց­եալ տա­րեշր­ջա­նին “Զա­ւար­եան“ մի­օր­եայ վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան այդ մրցոյ­թին, եւ եր­կու ու­սա­նող­ներ ար­ժա­նա­ցան մրցա­նա­կի:

Ապա ընկհ. Թել­պէլ­եան, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Միջ-Վար­չու­թեան կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ քաջ-առող­ջու­թիւն մաղ­թեց, Հ.Օ.Մ.-ի, հին թէ  նոր, մօ­տա­կայ թէ հե­ռա­ւոր, բո­լոր նուի­րա­տու­նե­րուն, որոնք հա­ւա­տա­ցած են ու կը հա­ւա­տան Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թեան: Այ­նու­հե­տեւ ան իր խօս­քը փա­կեց Հ.Օ.Մ.-ի նշա­նա­բա­նով` Ժո­ղո­վուր­դիս հետ,  Ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար:DTT!

Ապա ընկհ. Ներ­սէս­եան հա­կիրճ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց եր­գիչ Էլի Պէր­պէր­եա­նի կեն­սագ­րու­թիւնը: Ան ծնած է Լի­բա­նան, Պէյ­րութ, փոքր տա­րի­քին իր ծնող­քը յայտ­նա­բե­րած է անոր եր­գի­չի տա­ղան­դը եւ զայն մղած է երաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զին: 1992ին, 10 տա­րե­կան հա­սա­կին հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ իր առա­ջին ելոյ­թը ու­նե­ցած է: 12 տա­րեկա­նին Լի­բա­նան­ցի հա­նրա­ծա­նօթ մեծ եր­գիչ պրն. Զա­քի Նա­սիֆ, զինք ուն­կընդ­րե­լէ ետք զայն ան­ուա­նած է “Հրաշք Պզտիկ“: 2000-ին, աւար­տե­լէ ետք, Սոֆ­իա Յա­կոբ­եան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը: Մէկ տա­րի օրդ. Նո­րա Մա­նոյ­եա­նի հսկո­ղու­թեամբ հե­տե­ւած է Հա­մազ­գա­յի­նի “Բար­սեղ Կա­նաչ­եան“ ձայ­նա­մար­զու­մի դա­սըն­թացք­նե­րուն: Չորս տա­րի հե­տե­ւած է Լի­բանա­նի պե­տա­կան երաժշ­տա­նո­ցի դա­սըն­թաց­քին, վկայ­ուած է մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղո­սով:

Էլի Պէր­պէր­եա­նի օր­ուայ ելոյ­թի յայ­տա­գի­րը կազմ­ուած էր եր­կու բա­ժի­ննե­րու, եր­գե­րու ցան­կը ընդ­հան­րա­պէս կ՛ընդգր­կէր Սա­յեաթ Նո­վա­յի, Աշուղ Ճիւանիի եւ այ­լոց ստեղ­ծա­գործու­թիւն­նե­րը, որոնց կող­քին նա­եւ մեկ­նա­բա­նեց Էստ­րա­տա­յին եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու փունջ մը:  Յայ­տա­գի­րը սկսաւ Արամ Յով­հան­նէս­եա­նի “Հզօր Հա­յաս­տան“ եր­գի կա­տա­րու­մով, որ­մէ ետք յա­ջոր­դա­բար մեկ­նա­բա­նեց Սա­յեաթ Նո­վա­յի եւ Աշուղ Ճիւանիի ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Երաժշ­տա­կան Երե­կոն կա­րե­լի է դա­սել Աշու­ղա­կան հա­մերգ ան­ուան տակ: Էլի Պէր­պէր­եան երի­տա­սարդ, տա­ղան­դա­ւոր եւ խոստմ­նա­լից նոր աստղ մըն է, որ կը փայ­լի սփիւռ­քա­հայ երաժշ­տու­թեան մէջ: Ու­նի ինք­նա­տիպ ոճ, մա­նա­ւանդ` ունկն­դիրնե­րուն ներկ­այա­ցուց իւ­րա­քան­չիւր եր­գի պատ­մու­թիւնը եւ իմաս­տը: Շա­բաթ երե­կոյ Էլի Պէր­պէր­եան իր տի­րա­կան ու գրա­ւիչ ձայ­նով, դիւ­թեց ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թիւնը:

Յա­տագ­րի աւար­տին, ներ­կա­նե­րու ջերմ փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, եր­գեց ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, աւե­լի եւս խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թիւնը: Նո­րա­նոր յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք իր երաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զին եւ վաս­տա­կին, վստահ ենք որ կառ­չած կը մնայ իր ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան, եւ իր հա­մեստ ներդ­րու­մը կ՛ու­նե­նայ Հայ մշա­կոյ­թի երաժշ­տու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ:

Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն. հե­տեւ­եալ ան­ձեր բախ­տա­ւոր­ուեցան` Պրն. Մայք Արա­մի տրա­մադ­րած նուէ­րը շա­հե­ցաւ Տիկ. Վար­դու­հի Տա­նայ­եան, իսկ Յա­կոբ­եան գոր­գա­վա­ճա­ռի հաս­տա­տու­թեան տրա­մադ­րած նուէ­րը շա­հե­ցաւ Տիկ. Շու­շան Ֆէրման­եան:

Պատ­ուե­լի Շանթ Պար­սում­եա­նի աղօթ­քով հան­դի­սու­թիւնը հա­սաւ իր աւար­տին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles