Երգ-երաժշտութիւնը արուեստներէն ամէնէն հաղորդականն է ու ամէնէն մատչելին: Սակայն այստեղ կþառանձնացնենք ապրիլեան երգ-երաժշտութիւնը, որ կը հանդիսանայ կամ կþընդգրկէ պատգամը՝ ժառանգութիւն փոխանցելու վերապրող սերունդէն երիտասարդ սերունդին: Ան իր մէջ կը համապարփակէ մշակոյթի ինքնաճանաչումը եւ ազգային արժէքները: Այդ ստեղծագործութիւններով կը տեսնենք, որ եղելոյթը վկայող գաղտնիքներ կան:
1850-էն առաջ թէեւ հնչած են զանազան հայերէն երգեր՝ հայ ժողովուրդի կուրծքի հեծեծանք, բողոքի ու ըմբոստութեան ձայներ՝ կեանքի անարդարութիւններուն դէմ, բայց երկար տարիներ մեր պատեանին մէջ քաշուելով՝ մեր ընտանիքին մէջ երգեցինք ու լսեցինք 24 Ապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութեան երգերը:
»Ապրիլեան երգ-երաժշտութիւն«ները, անկասկած, յիշողութիւններ են, բայց միեւնոյն ժամանակ քարոզչական մեծ աշխատանք՝ միջազգային ընտանիքին ծանօթացնելու Ապրիլեան արհաւիրքը, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը՝ Երիտթուրքերու փանթուրքիզմի եւ համաթուրանական երազներուն:
Բոլոր արուեստներուն հիմքը անկասկած զգացմունքը եւ միտքն են: Յիշատակուած երգերը, անկախ իրենց երաժշտութեան սեռերէն, մեղեդիներու տարբերակներէն եւ օգտագործած լեզուներէն, բոլորն ալ յուզական են, Հայոց Ցեղասպանութենէն արտայայտուած են իրենց ապրումները՝ իրենց դիտանկիւնէն:
Այստեղ կþուզենք ուսումնասիրել յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը ժամանակակից երգ-երաժշտութեան վրայ:
Յիշենք ֆրանսահայ երգիչ Հանրի Թաշանը (Henri Tachan), որ ծնած է 1938-ին, Ալիէ շրջանի Մուլան քաղաքը (Ֆրանսա): Հայրը հայ, մայրը ֆրանսուհի: Բուն անունով՝ Հանրի Թաշճեան (Henri Tachdjian):
Թաշան 13 տարեկանին կþերազէր ըլլալ կամ Պեթհովէն կամ ֆրանսացի բանաստեղծ Ռամպոյի նման: Ան հմայուած էր Ժագ Պրելով:
Հանրի իր բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ երգեր գրած է: 1980-ին տուած է մենահամերգ՝ Փարիզի »Օլիմփիա« համերգասրահին մէջ եւ ճանաչման արժանացած է Ֆրանսայի տարածքին:
Ստեղծագործութեան սկզբնական շրջանը զայն կþանուանէին »աղմկոտ Թաշան«՝ իր ընդվզող կերպարին համար:
Հանրի Թաշանի երգացանկը կþընդգրկէ զանազան տեսակի նիւթեր: Ան երգած է մահը, սէրը, կեանքը, պատերազմը եւ բռնութիւնը:
Թաշան եղած է ընդվզող երգիչ, աւելի քան՝ պահանջատէր: Ան կը ներկայանայ իբրեւ ապաքաղաքականացած երգիչ:
Ֆրանսայի մէջ հետագային Թաշանը անուանած են »գրաւիչ ապստամբող«:
Հանրի Թաշանի հետ մեր ունեցած զրոյցի ընթացքին երեւան կու գայ, որ Հանրի, կառչած մնալով իր հայկական արմատներուն, գրած է երգ մը »Տիւփոն« (»Dupont«) վերնագրով, այս երգին երաժշտութիւնը նոյնպէս կը պատկանի Թաշանի եւ անոր գործընկեր Փիեռ Փեռէի (Pierre Perret): Ազգին նուիրած վերոյիշեալ երգին մէջ կը մատնանշէ իր հայ ըլլալը, ազգին տարագրութիւնը, իրենց բուն հայրենիքէն՝ Հայաստանէն գաղթը:
»Տիւփոն«ը ֆրանսական զանազան պատմութիւններու մէջ անորոշ գոյութեամբ մարդոց տրուած անուն է:
Թաշանի այս երգը հրապարակուած է անոր »Une pipe et pepe« անունով 1978-ին լոյս ընծայած ձայնապնակին մէջ, որուն 13-րդ երգն է »Տիւփոն«ը:
* * *
Նոյն աշխարհէն, կ’անցնինք Մեծ Արհաւիրքէն մազապուրծ փրկուածներու զաւակ, աշխարհահռչակ արուեստագէտ, երգիչ, դերասան, հեղինակ, մեծ բարերար Շարլ Ազնաւուր(եան)ին (Charles Aznavour): Բուն անունով Շահնուր (Վաղինակ)՝ ան ծնած է 1924 Մայիս 22-ին, Փարիզ, ծնունդով վրացահայ երգիչ՝ Միշա Ազնաւուրեանէ եւ ատաբազարցի (Թուրքիա) դերասանուհի Քնար Պաղտասարեանէ (Փարիզի մէջ իրեն յանձնուած անձնաթուղթին վրայ գրուած է Փափազեան), որոնք փախուստ տուած էին թուրք ջարդարարներէն եւ Փարիզ հասած՝ 1923-ին, իրենց հետ ունենալով միայն քանի մը զարդեղէններ, աղջիկ մը՝ Այտան եւ մեծ հայր մը:
Ազնաւուրի մայրը, ունէր երկու եղբայր եւ մէկ քոյր, բոլորն ալ՝ Մեծ Եղեռնի ընթացքին անհետացած: Մայրը, ցեղասպանութենէն հազիւ ազատած, երդուած էր, որ ջարդերուն ընթացքին նահատակուած իր եղբօր՝ Վաղինակին անունը տայ իր մանչ զաւակին: Սակայն դարմանատան մէջ, ուր ծննդաբերութիւն ունեցաւ, երբ հիւանդապահուհին իրեն հարց տուած է, թէ »Անունն ի՞նչ էք ուզում դնել: Շահնո՞ւր: Ինչպէ՞ս, Շահնո՞ւր«: Դա չափից աւելի էր բուժքրոջ համար, որ արդէն չգիտէր՝ գլուխը ո’ր պատին տար: »Լա’ւ, Շարլ, կլինի՞: Գոնէ սա աւելի հասկնալի է: Դէ եղաւ-եղաւ, թող Շարլ լինի«:
Այս ձեւով է, որ Ազնաւուր ունեցաւ իր քաղաքային անունը:
Ծանօթ է մեզի եւ համայն աշխարհին Ազնաւուրի նշանաւոր երգերէն »Իլ սոն թոմպէ« (»Ils sont tombes«, Անոնք ինկան):
Շարլ Ազնաւուր, Փարիզի »Օլիմփիա« աշխարհահռչակ բեմին վրայ Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 1980-ին, համերգը կþընդհատէ յանկարծ եւ խոր ապրումով կը յայտարարէ. »Այսօր 65-ամեակն է մեր նահատակներուն, հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք զոհուեցան Վոսփորի ափերուն: Գիտէք, որ ես ալ հայ եմ: Որպէսզի չմոռնանք անոնց յիշատակը, այս առիթով, յայտագիրէն դուրս պիտի երգեմ »Ils sont tombes« գործս«: Աննախընթաց յուզումի ալիք մը կը խռովէ ներկաները, եւ հանդիսատեսը երգի միջոցով կը ծանօթանայ հայ ազգին կրած տառապանքին ու կոտորածին՝ ցեղապաշտ թուրքին կողմէ:
»Իլ սոն թոմպէ« երգը, որ միջազգային ընդունելութեան արժանացած է, խօսքերուն հեղինակն է Շարլ Ազնաւուր, իսկ երաժշտութիւնը Ազնաւուրի քեռայրը՝ Ժորժ (Տիրան) Կառվարենց (1932-1993). անոնք այս ստեղծագործութիւնը կը նկատեն հայութեան նուիրուած, իբրեւ պարտաւորութիւն եւ սիրտի գոհունակութիւն ստանալու միջոց: Ազնաւուր նախընտրութիւնը տուած է երգելու ընդհանրապէս մարդկայինը՝ մարդոց տառապանքները եւ սփոփանքները:
Ժորժ Կառվարենց, որ յօրինած է շարժանկարի աւելի քան 200 ժապաւէններու եւ հարիւրաւոր երգերու երաժշտութիւնը, հոս նաեւ օգտագործած է հայկական ժողովրդական մեղեդիներ: Կառվարենցի նշանաւոր եւ կարեւոր խօսքերէն է. »Այն անձը, որ իր ազգին չի վերադառնար, ինծի համար գոյութիւն չունի, այդ անձը կը նմանի իր ծնողքը ուրացած երիտասարդի մը«:
Ազնաւուր Կիրակի, 4 Մայիս 1980-ին, առիթով մը, երբ կը հրաւիրուի »Մոնթէ Քարլօ« ձայնասփիւռի կայան, տեղի ունենալիք հարցազրոյցի մը »Ils sont tombes« երգին մասին կþըսէ. »Ils sont tombes« երգը պատմութիւնն է իմ ազգիս, հայ ազգին, որ մէկուկէս միլիոն նահատակ տուաւ, ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան: Աւելի’ն. անիկա երգն է նաեւ իրաւազրկեալ բոլոր ազգերուն«: Ու կþաւելցնէ Ազնաւուր. »Վերջին հաշուով, ներկայ Թուրքիան, որ ինքզինք կը դասէ յառաջադէմ ազգերու կարգին, պէտք է ընդունի իր նախորդներուն՝ օսմանցիներուն կատարած Ցեղասպանութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունենայ հայերուն հետ երկխօսութեան նստելու«:
»Ils sont tombes« ֆրանսերէն երգը, թարգմանուած է երկու լեզուներու, անգլերէն (ունի երկու տարբերակ) եւ հայերէն (ունի երեք տարբերակ): Այստեղ տեղին է նշել, որ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան եւս երգած է »նրանք ընկան« երգը սակայն երգին բառերը ոչ մէկ կապակցութիւն ունին Ազնաւուրի երգին հետ, միայն եղանակն է որ նոյնն է:
»Ils sont tombes« երգին մասին Ազնաւուր կþըսէ. »Անոնց նուիրած եմ (մէկուկէս միլիոն նահատակներուն,- Ա.Գ.) իմ »Անոնք ինկան« երգս: Անոնց հայրերը վայրագ ջարդերու ենթարկուեցան, իրենց հայրենի հողերէն տարագրուեցան, եւ մարդկութիւնը մեռաւ իրենց ժամանակ: ® Ես անձնապէս զոհերէն մէկն եմ այդ ողբերգութեան: Պարագաներս զոհ գացած են Թուրքիոյ մէջ պատահած ջարդերուն«:
» Իմ կեցուածքներովս կամ երգերովս, մանաւանդ »Անոնք ինկան« երգով, ես կþուզեմ աշխարհին ծանօթացնել հայ ժողովուրդը՝ իր մարդկային բոլոր գիծերով«:
Ազնաւուրի երկրպագուները, երբ իբրեւ լոզունգ կը կանչեն »Անոնք ինկան«, ան միշտ պատասխանած է (մանաւանդ երգի ծնունդի առաջին օրերուն). »Ոչ, ոտքի են, եւ սկիզբն է միայն«:
Ազնաւուրի անցուցած դժնդակ օրերը պատճառ պիտի ըլլային, որ ան իր արուեստին տայ յուզաթաթաւ երանգ, թատերականը բարձրացնելով ողբերգականի աստիճանին, իսկ հոգիի անսահման, ազատ պոռթկուն թափը սեղմել զուսպ ալեկոծումներու մէջ, համբերութեամբ յուսացող յոյզերու մէջ:
Առիթով մը բանաստեղծ Ժան Քոքթօ ըսած է. »Ազնաւուրէն առաջ յուսահատութիւնը ժողովրդականութիւն չէր վայելեր«:
Շարլ Ազնաւուրի »Իլ սոն թոմպէ« երգը թարգմանուած է անգլերէնի եւ հայերէնի:
Նանոր Գապագեան թարգմանած է անգլերէնի »Տէյ ֆել« (»They fell«) վերնագիրով: Իսկ հայերէնի թարգմանուած կան այլ տարբերակներ: Առաջինի թարգմանութեան հեղինակը անյայտ է մեզի: Երկրորդի՝ թարգմանութիւնը կատարած է Լեւոն Վարդան՝ »Ինկան անոնք«: Երրորդը՝ Մխիթարեան միաբաններէն եւ Սեւրի Մուրատ-Ռափայէլ գոլէճի տնօրէն Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան՝ »Անոնք ինկան«:
Հայ տարագրեալներու զաւակ Շարլ Ազնաւուրի գրիչին պատկանող եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած յաջորդ երգն է »Լա մամա« (»La Mamma«, »Մաման«) վերնագրուած ստեղծագործութիւնը, զոր նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութենէն հազուադէպօրէն վերապրող մայրերուն, յատկապէս իր մօր՝ Քնարին, որ տեսած էր ծնողներուն, եղբայրներուն, քոյրերուն սպանդը՝ մէկը միւսին ետեւէն, երբ խոյս կու տային Տէր Զօրէն, ճողոպրելով մահուան ճիրաններէն եւ փորձելով ազատիլ անապատէն:
»Լա մամա« անունը կրող խտասալիկին, լոյս տեսած՝ 1963-ին, առաջին երգն է նոյն անունը կրող »Լա մամա« երգը:
»Լը փուան« թերթի լրագրող Ժան Նոլի հետ իր հարցազրոյցի ընթացքին Ազնաւուր հետեւեալը կը պատմէ մօրը մասին. »Մայրս չէր մտածեր մահէն փախուստ տալու մասին, ան կը փախչէր իբրեւ միակ փրկուածը իր ընտանիքին: Եւ անկասկած ան եւս պիտի սպաննուէր, եթէ հրաշքով մը չհանդիպէր հօրս՝ Միշային: Ան ունէր վրացական անձնագիր: Այդ անձնագիրը ազատեց զանոնք: Արդարեւ, թուրք անհամար զինուորներու հանդիպելով հանդերձ, անոնց կեանքը խնայուեցաւ պարզապէս իրենց քաղաքացիութեան պատճառով, որովհետեւ Միշա կþըսէր՝ թէ ինք ամուսնացած էր այդ երիտասարդ աղջկան հետ: Անոնք միասին քալած են մինչեւ Սեւ Ծով, ուր ֆրանսական եւ իտալական նաւեր կային ծովուն բացերը: Ֆրանսացի նաւաստիները հրահանգ ստացած էին խարիսխ չնետել նաւահանգիստին մէջ, այլ կրնային իրենց նաւերուն մէջ ընդունիլ միայն անոնք, որոնք կրնային լողալով հասնիլ իրենց նաւերուն: Իտալական նաւ մը, նշմարելով ցամաքը գտնուող մարդոց պաղատանքը, խարսխած է: Այսպիսով, հայրս եւ մայրս ազատած եւ գացած են Թեսաղոնիկէ (Յունաստան), ուրկէ շարունակած են իրենց ոդիսականը մինչեւ Փարիզ: Իր ողջ կեանքի ընթացքին մայրս ողբաց ու լացաւ իր մեռելները: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մայրս յիշեց չարչարանքները. ես պիտի չմոռնամ իր տառապանքը«: Ազնաւուր աւելցնելով՝ կþըսէ. »Հարկ է, որ աշխարհ ճանչնայ մեր գոյութիւնն ուտառապանքը: Միայն այն ատեն է, որ մեր կիները պիտի դադրին հաւատալէ, թէ ամէն անգամ որ երկրաշարժ մը ցնցէ Թուրքիան, այդ մեր նահատակներուն աճիւններն են, որոնք կը խըլրտին հողին ներքեւ«:
Իսկ հօրը սխալին պատճառով, մօրը աղջիկութեան մականունին՝ Պաղտասարեանին Փափազեանի փոխուելուն առնչութեամբ մօր զգացումներով այնքան տպաւորուած է Ազնաւուր, որ իր յուշերուն մէջ տեղ մը կը գրէ. »Քանզի, ժամանակին կացութեան, թուղթը հանելուց, հայրս մոռանում է մօրս ազգանունը՝ Պաղտասարեան, եւ տալիս է միտքն եկած առաջին ազգանունը՝ Փափազեան: Ինչը մօրս անընդհատ ասել էր տալիս. »Շնորհակալ եմ, դու յաջողացրիր ծնողներիս թաղել երկրորդ անգամ«:
Այլ առիթով մը Ազնաւուր նորէն պիտի գրէր. »Մայրս ամբողջ կեանքին ընթացքին մեղադրեց հայրս եւ ամէն անգամ արցունքոտ աչքերով ըսաւ.
»Ծնողներս, եղբայրներս, քոյրերս կորսնցուցի հայկական ջարդի ժամանակ: Տասնհինգ տարեկան էի: Այդ օրուընէ ասդին երբեք զիրենք չեմ տեսած, ոչ ալ լսած՝ իրենց մասին: Եւ դուն քու մոռացկոտութեամբդ եւ անփթութեամբդ երկրորդ անգամ անյայտացուցիր զիրենք իմ կեանքէս«:
Այս եւ այլ պատճառներով է, որ Շարլ Ազնաւուր պարտք զգաց յօրինել ու երգել »Լա մամա« երգը, այդքան զգայուն եւ ցաւալի բառերով ու երաժշտութեամբ՝ ողբերգաքնարերգական մեղեդիով: Իսկ մօրը մահուան յաջորդ օրն իսկ, Ազնաւուր համերգ ունէր: Իրեն շատ դժուար էր երգել »Լա մամա«ն, ուստի ան կþերգէ արցունքն աչքերուն ու գունդ մը կոկորդին, ինչպէս ինք՝ Ազնաւուր կը գրէ:
»Լա մամա« երգի խօսքերու հեղինակն է Ռոպէր Կալ (ծանօթ երգչուհի Ֆրանսի հայրը), իսկ երաժշտութեան յօրինումը՝ Շարլ Ազնաւուրի:
Այստեղ կարելի չէ զանց առնել Ազնաւուրի յուշերուն մէջ գրի առնուած տարագրեալի զաւակ, իր պարագաները կորսնցուցած ըլլալու հետեւեալ յիշողութիւնները. »Տէր Զօր. գերեզմանոց մէկուկէս միլիոն հարազատներիս, ազգականներիս, նախնիներիս՝ թալանուած, բռնաբարուած, մորթուած յանուն ցեղի, յանուն հաւատի, յանուն ինչի՞ իրականում, հարցնում եմ ձեզ: Յանուն Էնվէրների ու Թալէաթների, ոճիրի այդ փաշաների, անհաւատ ու անօրէն մարդասպանների, որ իրենց քիմքով էին մեկնաբանում Ղուրանը, որը սակայն չի արդարացնում այդ արիւնով արարքները: Թալէաթը միակ մեծ ոճրագործն է մնացել, որի արձանը դեռ ցցուած է Թուրքիայի հրապարակներից մէկում«:
»Բո’ւստ անցաւ, սրիկաներ, չկարողացա’ք ինձ խփել: Ես կա’մ ու մնում եմ յիշողութեամբ մարդ, ինչքան էլ դա դեռ ոմանց դուր չգայ: Այդուհանդերձ ես թուրք ժողովուրդի երդուեալ թշնամին չդարձայ, եւ այսօր իմ երազն է գնալ մօրս ծննդավայրը, բայց… բայց… բայց«:
Ազնաւուրի հոգին տեւական խռովող բան մը կար դէպի իր արմատները թրթռացնող, գրգռող եւ տանջող, այդ իսկ պատճառով իր յուշերուն մէջ ան պիտի գրէր. »Ինչո՞ւ եմ դարձել այն, ինչ կամ: Իմ կողմից ես համոզմունք ունեմ, որ մի ձայն էր պէտք, որ յիշեցնէր, թէ հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունի դեռեւս, հակառակ այն ամէնի, ինչ նա ապրել է եւ կրել, ցեղասպանութիւն, որոնք նաւթը գերադասեցին մի ժողովուրդի արիւնից, Ժընեւի եւ չյարգուած այլ պայմանագրեր, պետական շահեր, ասուածներ, Խ.Ս.Հ.Մ.-ի (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւն,- Ա.Գ.) թաթը դնելն արիւնաքամ Հայաստանի վրայ, երկրաշարժը, Ղարաբաղի հարցը, Թուրքիայի կողմից դրուած շրջափակումը: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ այդ ձայնը ես եմ: Ինչո՞ւ ես, ոչ թէ ուրիշ մէկը: Այդ հարցին Աստուած միայն կարող է պատասխանել«:
Շարլ Ազնաւուր մաս կը կազմէր Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան պատուիրակութեան, 30 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր 2006-ին, ուր Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30ին Ազնաւուրի երեւանեան համերգով բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան:
Ազնաւուր Հայաստան այս այցելութեան ընթացքին Ծիծեռնակաբերդի համալիրին մէջ Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի նուագախումբին եւ երգչախումբին հետ ձայնագրած է երկու երգ՝ »Ils sont tombes« եւ »Ave Maria«: Աշխարհահռչակ երգիչին դուստրը՝ Քաթիա Ազնաւուր, նոյնպէս մասնակցած է այդ ձայնագրութիւններուն:
Ազնաւուրի »Լէ էմիկրան« (»Les emigrants«, Վտարանդիներ) խորագիրը կրող երգը նուիրուած է հայ տարագրեալներու, որ բաւական յուզիչ է: Երգը գրուած է Շարլ Ազնաւուրի եւ Ժագ Փլանթի (Jacques Plante) կողմէ 1986-ին, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է Ազնաւուր:
Այստեղ Ազնաւուր եւս կը ներկայանայ բանաստեղծի քերթողական աշխարհով, »Լէ էմիկրան«ի մէջ ան կþարտացոլացնէ իր հոգեկան հարազատ աշխարհը, մեզի կը բերէ կարօ’տ, արցունք, տառապանք եւ ազգի ազատութեան տենչ. մէկ խօսքով՝ հայու վիճակը կը դրսեւորէ խոր ու առինքնող թրթռացումներով, հայ սիրտի տրոփով:
Ութը երգ պարունակող ձայնապնակ մըն է »Autobiographie«, Ինքնակենսագրութիւն) խորագիրը կրող Ազնաւուրի մէկ այլ աշխատանքը, որուն մէջ կը գտնուի վերնագիրին համանուն երգը: Այս ստեղծագործութիւնը կը պատկանի Ազնաւուրի եւ Ժորժ Կառվարենցի:
Յիշեալ երգը չափազանց գեղեցիկ է եւ բովանդակալից: Այդ երգը՝ հայ տարագիր որդւոյն կեանքն է:
Այլախոհ եւ յեղափոխական երգիչ՝ Հանրի Թաշան
Ազնաւուր՝ յիսունականներուն