Հայ պատանիին Միտքն ու Մարմինը մշակելու անհրաժեշտ պէտքն է, որ ասկէ իննիսունմէկ տարի առաջ ծնունդ տուաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան: Ան ժողովուրդին ծոցէն ժայթքեցաւ իր արմատները արձակելու եւ տարածելու Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա, նոր կեանք եւ աւիւն տալով աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ գաղթօճախներուն, որոնք իրենց կարգին սիրազեղ սրտով եւ խանդավառ ոգիով ողջունեցին, քաջալերեցին եւ ծաղկեցուցին զայն: Իր հիմնադրութենէն յիսուն եւ ութ տարիներ ետք՝ 1976ին երկար ճանապարհ կտրելով ան հասաւ մինչեւ Միշիկընի օրհնեալ ափերը ուրտեղ վտարանդի թափառական հայը իր խաղաղ կայքը հաստատած էր ամեհի Ցեղասպանութենէն ետք:
Շնորհիւ նուիրեալ պատասխանատուներու Հ.Մ.Ը.Մ. տարիէ տարի աճեցաւ մինչեւ ունեցաւ ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի մարզական եւ սկաուտական խումբերով: Անուշ յուշերով, յիշատակելի անցեալ մը ունեցաւ ան Միշիկըն Նահանգին մէջ:
Այսօր, Ամերիկեան Ովկիանին մէջ հազիւ կաթիլ մը ջուր է հայութիւնը: Ան կը դիմագրաւէ գոյատեւումի մեծ վտանգներ: Այլասերումը եւ օտարամոլութիւնը սարսափելի ահազանգ մը կը հնչեցնեն, զգուշացնելու հին ու միջին սերունդը գերահզօր ճիգ թափելու՝ պահելու համար հայ անհատին ինքնութիւնը, արթնցնելով եւ խոր գիտակցութեան հրաւիրելով նոր սերունդի հայորդիները ծառանալու մեր ազգային դիմագիծը ջնջել սպառնացող զանազան հոսանքներուն: Այս վտանգին դէմ Հայ Լեզուն կը կանգնի որպէս անխորտակելի պատուար: Հայօրէն շնչել, խորհիլ ու խօսիլ: Հայաբար ապրիլ ու գործել: Հայկականութիւն բուրել չորս դին: Այս է սրբազան գործը, զոր պարտինք եկեղեցիով, կազմակերպութիւններով, միութիւններով, դպրոցներով եւ ակումբներով յառաջ տանիլ՝ հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը ազատելու համար հրապոյրներով լի այս խաբեպատիր աշխարհի աքցանէն, որ օր մը մեր զաւակները կը մղէ մոլոր ճամբաներ առնելու: Մեր փրկութեան լաստն է ապագայի տարրը՝ երիտասարդը: Երբ զայն շահինք, ուղիղ ճանապարհի մէջ դնենք՝ այն ատեն մեր ապագան կը փրկենք:
Իրենց նուիրական առաքելութեան գիտակցութեամբ գօտեպնդուած քսանմէկերորդ դարու այս կարեւոր հանգրուանին, այսօրուան բծախնդիր պատասխանատուները կը ջանան նոր զարկ տակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի՝ առաւել գրաւիչ եւ նոր սերունդի պահանջքներուն համապատասխանող միութիւն մը դարձնելով զայն: Այս նպատակն իրականացնելու համար՝ մարզականի եւ տարեկան մասնաճիւղային խաղերու առընթեր անոնք կը կազմակերպեն միտք ու նկարագիր կերտող սեմինարներ, դասախօսական ելոյթներ, խրատական նիւթեր եւ բանակումներ: Դժուարութիւնները եւ արգելքները ահագին են եւ ճնշիչ սակայն ազգին ծառայելու վճռակամութիւնը աւելի ուժեղ է: Ան կը պահանջէ անձնուրաց նուիրեալներ, որ մոռնալով իրենք զիրենք, իրենց հանգիստը, նոյնիսկ ընտանիքը, անխառն ուրախութեամբ կը նետուին ճակատագրական պայքարի այս հրապարակը, որպէս կամաւոր գործիչներ՝ իրենց տուրքին ընծայելու բազմաչարչար հայ ժողովուրդին: Հազուագիւտներ են այս ընտրեալները, որոնք կը կազմեն ցեղին դիմադրականութեան եւ տոկունութեան ամուր պարիսպներէն մէկը: Մշակին միակ հոգը իր հողին բերրիութիւնն է: Իսկ նուիրեալին հոգը իր անսակարկ ճիգերուն արդիւնաբերութիւնն է: Մշակէն եւ նուիրեալէն աւելի ոչ ոք կարող է արժեւորել ու գնահատել հողին սրբութիւնը եւ անձնուրացութեան վեհութիւնը:
Այսպէս մեծապէս պատուաբեր եղաւ Տիթրոյթի Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու բերած մասնակցութիւնը այս տարուայ Միջ Մասնաճիւղային խաղերուն՝ Ռոտ-Այլընտի մէջ, ուրտեղ անոնք հանրութեան ներկայացան որպէս օրինակելի հայորդիներ, մարզական բարձր ոգիով օժտուած՝ նկարագրի տէր ազնիւ արիներ եւ արենոյշներ: Այս է ազգային եւ մարդկային նպատակը Հ.Մ.Ը.Մ.ականին՝ ըլլալ ջահակիր գաղափարի, ունենալով առողջ միտք, վեհ բարոյական առողջ մարմնի մէջ:
Շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցաւ նաեւ բանակում մը Հայ Կեդրոնին մէջ: Խինդ ու ժպիտ կար դէմքերուն վրայ: Ուրախութիւն մը կը համակէր փոքրիկներուն եւ մեծերուն, ծնողներուն, վարչականներուն եւ խորհուրդի անդամներուն սրտերն ու հոգիները: Խմորը կայ: Աշխատիլ, տքնի’լ պէտք է զայն լաւ մը շաղելու եւ որպէս քիմք օÿող լաւաշ հաց հրամցնելու ազգին:
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք զանոնք որոնք կը համագործակցին Մարմնակրթական Միութեան կառոյցը ամրացնելու եւ զարգացնելու: Անոր յառաջդիմութիւնն ու գոյատեւումը յառաջդիմութիւնն է համայն հայութեան:
Տիթրոյթահայ Արի’, կանչուած ես Ամերիկեան հսկայ ովկիանին մէջ ըլլալու լոյսի փարոս, դէպի ապահով ափեր հասցնելու կորսուած քոյրերդ եւ եղբայրներդ, որպէսզի չÿընկղմին վատասերումի ալեկոծումներուն մէջ: Քաջարի ազգի զաւակ, Հայկեան նետը ձեռքիդ, Վարդանի արիւնը երակիդ՝ »Հերթը հիմա քոնն է մի պահ, Դու էլ նայիր դէգ կատարին ու անցիր«: