«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ Բ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

0 0
Read Time:21 Minute, 44 Second

Յու­լիս 1-3, 2009-ին, Երու­սա­ղէ­մի »Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան« մա­տե­նա­դա­րա­նի սրա­հին մէջ կա­յա­ցաւ մի­ջազ­գա­յին« բարձր մա­կար­դա­կի գի­տա­ժո­ղով մը՝ »Պատ­մու­թիւն հայ­կա­կան Մի­ջերկ­րա­կա­նի« խո­րագ­րով: Գիտ­նա­կան­ներ՝ Օքս­Ֆոր­տի« Քէյմպ­րի­ճի« Քար­տի­ֆի« Լու­վե­նի« Սոր­պո­նի« Հռո­մի« Մոն­փելի­էի եւ Երու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան« Երե­ւա­նի եւ Պիր Զէյ­թի (Պա­ղես­տին) հա­մալ­սա­րան­նե­րէն« իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէ­ին այս յոյժ կա­րե­ւոր գի­տա­ժո­ղո­վին:

Գի­տա­ժո­ղո­վի բաց­ման նա­խոր­դող երե­կոյ­եան Անգլ­ի­ա­կան հնա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ կա­յա­ցաւ շնոր­հա­հան­դէս մը՝ փրոֆ. Տէ­նիս Փրինկլիի 4-րդ հա­տո­րին հրա­տա­րա­կու­թեան առի­թով: Յա­ւարտ տպա­ւո­րիչ շնոր­հա­հան­դէ­սին՝ գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը պատ­ուե­ցին ակա­նա­ւոր պատ­մա­բա­նը ճաշ­կե­րոյ­թով մը« որուն ներ­կայ էին 40 գիտ­նա­կան­ներ:

Չո­րեք­շաբ­թի« Յու­լիս 1-ի առա­ւօտ­եան« գի­տա­ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ս. Աթո­ռոյս լու­սա­րա­րա­պետ Նուր­հան արք. Մա­նուկ­եան« որուն ներ­կայ էր նա­եւ պատ­գա­մա­ւո­րու­թիւն մը Ֆրան­չիսկ­եան մի­ա­բա­նու­թե­նէն« գլխա­ւո­րու­թեամբ հայր Քլոտիօ Պո­թինիի« տնօ­րէն՝ Ֆրան­չիսկ­եան Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ճե­մա­րա­նին: Գի­տա­ժո­ղո­վը ձօն­ուած էր ակա­նա­ւոր պատ­մա­բան եւ հնա­գէտ հայր Մի­շէլ Փի­չի­րիլ­լո­յի յի­շա­տա­կին« որ կան­խա­հա­սօ­րէն վախ­ճա­նած էր տա­րի մը առաջ: Լու­սա­րա­րա­պետ Սրբա­զա­նը իր բաց­ման խօս­քին մէջ շեշ­տեց անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը տա­րե­կան այս գի­տա­կան հան­դի­պում­նե­րուն« որոնք տա­կաւ կÿաշ­խու­ժաց­նէ­ին մտա­ւո­րա­կան կեան­քը՝ վե­րած­ուե­լով կա­նո­նա­ւոր երե­ւոյ­թի Երու­սա­ղէ­մի իմա­ցա­կան իրա­կա­նու­թեան մէջ« ապա աւելց­նե­լով, թէ Երու­սա­ղէ­մի հա­յոց Պատր­ի­ար­քա­րա­նը պա­տիւ կը զգար հիւ­րա­սի­րե­լով ար­ժէ­քա­ւոր մտա­ւոր­ական-գիտ­նա­կան­ներ« այն մի­եւ­նո’յն վան­քին մէջ« ուր հա­զա­րամ­եակ մը առաջ գրուած եւ կամ ըն­դօ­րի­նակ­ուած էին թան­կար­ժէք եկե­ղե­ցա­կան« աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան եւ պատ­մա­կան հա­տոր­ներ: Ապա սրբա­զան հայ­րը դրուա­տեց հայր Փի­չի­րիլ­լո­յի բե­րած գի­տա­կան նպաս­տը Ս. Երկ­րի քրիս­տո­նէ­ա­կան ժա­ռան­գին« եւ ի մաս­նա­ւո­րի անոր ցու­ցա­բե­րած եր­կա­րամ­եայ եւ յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւնը հա­յոց պատ­մու­թեան եւ ար­ուես­տին« որ­մէ ետք յա­նուն հա­յոց Պատր­ի­ար­քու­թեան ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց »Կիւլ­պէնկ­եան« հիմ­նար­կին եւ Ս. Սար­գիս ֆոն­տին« որոնց օժան­դա­կու­թեամբ էր, որ այս գի­տա­ժո­ղով­նե­րը կÿիրա­կա­նա­նան« ի մաս­նա­ւո­րի՝ տի­արք Մար­թին Եսայ­եա­նի« Փոլ Կիւլ­պէնկ­եա­նի« Զա­ւէն Եկաւ­եա­նի եւ օրի­որդ Աստ­ղիկ Չամ­քեր­թե­նի՝ մղիչ ու­ժը այս գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն:

Ապա հայր Քլոտիօ Պո­թի­նի ջեր­մա­գին ող­ջու­նեց գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը« ըսե­լով »Մե­զի հա­մար յու­զիչ է« որ կը հան­դի­պինք այ­սօր յար­գե­լու յի­շա­տա­կը հայր Փի­չի­րիլ­լո­յի« հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կա­մին: Սրբոց Յա­կոբ­եանց եւ Ֆրան­չիսկ­եան եր­կու մի­ա­բա­նու­թիւն­ներն ալ եօ­թը դար շա­րու­նակ եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են«: Հայր Պո­թի­նի շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը՝ աւել­ցուց. »Զու­գա­դի­պու­թիւն չէ« որ երբ Ֆրան­չիսկ­եան հայ­րեր թուր­քե­րու կող­մէ կը վտար­ուէ­ին իրենց Վեր­նա­տան վան­քէն« Վեր­ջին Ընթ­րի­քի սրբա­վայ­րէն« անոնք ապաս­տան կը գտնէ­ին հայ վա­նա­կան­նե­րու մօտ« ուր պի­տի մնա­յին եօ­թը տա­րի­ներ«: Հայր Պո­թի­նի շնոր­հա­ւո­րեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը գի­տա­ժո­ղո­վի բարձր մա­կար­դա­կին հա­մար եւ զայն նկա­տեց ամէ­նէն պատ­շաճ ձե­ւը՝ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը հայր Փի­չի­րիլ­լո­յի: Որ­մէ ետք մա­տե­նա­դա­րա­նի տե­սուչ Նո­րայր աբղ. Գա­զազ­եան ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ հրա­ւի­րեց գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը՝ սկսե­լու իրենց աշ­խա­տան­քին:

Առա­ջին օր­ուան դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը յատ­կաց­ուած էին Երու­սա­ղէ­մի (11-15 դա­րե­րու) պատ­մու­թեան« ար­ուես­տին եւ հնա­գի­տու­թեան: Առա­ջին նիս­տի նա­խա­գահն էր Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն փրոՖ. Տա­ւիտ Եա­քո­պի« միջ­նա­դա­րու հան­րա­ծա­նօթ մաս­նա­գէտ« որուն բնա­գա­ւառն է Աք­քօ քա­ղա­քը:

Երե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նէն տոքթ. Պա­ւել Չո­պան­եան դա­սա­խօ­սեց գրե­թէ շա­տե­րու ան­ծա­նօթ նիւ­թի մը մա­սին« հա­յոց պատր­ի­ար­քա­րա­նի պայ­քա­րին՝ մեմ­լուք­նե­րու շրջա­նին, հայ­կա­կան սրբա­վայ­րե­րու իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու մա­սին: Մոն­փելի­էի հա­մալ­սա­րա­նէն եւ մաս­նա­գէտ միջ­նա­դա­րու փրոֆ. Ժե­րար Տէ­տէ­եան խօ­սե­ցաւ հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թի մա­սին՝ Եդես­իոյ գա­ւա­ռէն դէ­պի խա­չակ­րա­կան Երու­սա­ղէմ:

Կի­լիկ­իոյ շրջա­նի մե­ծա­համ­բաւ պատ­մա­բան փրոֆ. Քլոտ Մու­թաֆեան բե­րաւ նոր յայտ­նու­թիւն­ներ՝ խօ­սե­լով Երու­սա­ղէ­մի հայ թա­գու­հի­նե­րու մա­սին:

Յա­ջորդ նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր փրոֆ. Տե­նիս Փրին­կըլ՝ պատ­մա­բան եւ հնա­գէտ խա­չակ­րա­կան շրջա­նի: Այս նիս­տի ըն­թաց­քին էր դարձ­եալ« որ գի­տա­ժո­ղո­վի հա­մադ­րող Գէ­որգ Հինդլ­եան փոր­ձեց գա­ղա­փար մը տալ մեմ­լուք­եան շրջա­նին Երու­սա­ղէ­մի հա­յոց առօր­եա­յին մա­սին:

Օմար մզկի­թի Իս­լա­մա­կան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Խա­տեր Սա­լա­մէ« հիմն­ուե­լով մեմ­լուք­եան ար­խիւ­նե­րու վրայ« խօ­սե­ցաւ մեմ­լուք­եան շրջա­նի Երու­սա­ղէ­մի հայ բնա­կիչ­նե­րուն մա­սին: Նա­եւ« Սա­լա­մէ ներ­կա­յա­ցուց ցարդ ան­ծա­նօթ Երու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն՝

13-րդ դա­րու հայ բնա­կիչ­նե­րու դա­տա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու չորս վա­ւե­րագ­րե­րը:

Աստ­ղիկ Չամ­քեր­թեն՝ փոխտ­նօ­րէն »Կիւլ­պէնկ­եան« հաս­տա­տու­թեան հայ­կա­կան բաժ­նի եւ հե­ղի­նակ՝ »Կիւլ­պէնկ­եան­ներ եւ Երու­սա­ղէմ« հա­տո­րին« խօ­սե­ցաւ Երու­սա­ղէ­մի Հայ թա­գա­ւո­րու­թեան հետ­քե­րուն եւ նշխար­նե­րուն մա­սին, հայ­կա­կան Երու­սա­ղէ­մի մէջ« որ­մէ ետք գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս. Յա­կոբ­եանց Մայր տա­ճա­րը« ուր առի­թը ու­նե­ցան տես­նե­լու կի­լիկ­եան շրջա­նի կարգ մը ձե­ռա­գիր­ներ« ինչ­պէս նա­եւ՝ Հե­թում Թա­գա­ւո­րի գա­ւա­զա­նը:

Յետ­մի­ջօ­րէի նիս­տին Ուա­շինկ­թըն պաշ­տօ­նա­վա­րող պատ­մա­բան Ռութ Համ­մըլ խօ­սե­ցաւ հա­յազ­գի Մե­լի­սենթ թա­գուհիի Երու­սա­ղէ­մի մէջ ձգած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գին մա­սին: Ան շեշ­տեց« որ Երու­սա­ղէմ քա­ղաք կը մնար պար­տա­կան Մե­լի­սենթ թա­գուհի­ին, որ­քան՝ Հե­ղի­նէ թա­գուհի­ին: Այս զոյգ թա­գու­հի­նե­րը ձգած են իրենց մնա­յուն դրոշ­մը Երու­սա­ղէ­մի վրայ:

Տան Պա­հաթ« Երու­սա­ղէ­մի հնա­գի­տու­թեանց նախ­կին պա­տաս­խա­նա­տու« խօ­սե­ցաւ խա­չա­կիր թա­գա­ւոր­նե­րու պա­լատ­նե­րէն գտնուած հնա­գի­տա­կան մնա­ցորդ­նե­րու մա­սին« ճե­մա­րա­նի գետ­նա­յար­կին մէջ: Շի­մոն Կիպ­սըն« երու­սա­ղէ­մաբ­նակ հնա­գէտ« նկա­րագ­րեց Ս. Փրկչի հա­մա­լի­րին մէջ գտնուող հնա­գի­տա­կան յայտ­նու­թիւն­նե­րը բիւ­զան­դա­կան եւ միջ­նա­դար­եան շրջան­նե­րէն« աւելց­նե­լով, թէ այս գիւ­տե­րը կը հաս­տա­տէ­ին Ս. Փրկչի վան­քին առ նուազն 1600 տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւնը:

Օր­ուան վեր­ջին նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր Աստ­ղիկ Չամ­քեր­թեն« որուն ըն­թաց­քին կը ծեծ­ուէ­ին երեք նիւ­թեր: Հա­յոց պատր­ի­ար­քա­րա­նէն Գու­սան վրդ. Ալ­ճան­եան սա­հիկ­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց Հի­նո­մի ձո­րին մէջ գտնուող հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մը մնա­ցորդ­նե­րը:

Քար­տի­ֆի հա­մալ­սա­րա­նէն եւ առաջ­նա­կարգ մաս­նա­գէտ՝ Մի­ջին Արե­ւել­քի խա­չակ­րա­կան յու­շար­ձան­նե­րու« փրոֆ. Տե­նիս Փրին­կըլ խօ­սե­ցաւ Եգիպ­տո­սի ֆա­թի­մա­կան շրջա­նի հայ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու խա­ղա­ցած դե­րին մա­սին« եւ թէ ինչ­պէս հայ վար­պետ­ներ կա­ռու­ցած են խա­չակ­րա­կան ամ­րոց­ներ Աս­քա­լոն (Ս. Եր­կիր) քա­ղա­քին մէջ: Ան նա­եւ յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն« թէ ինք գտած էր հայ վար­պետ­նե­րու կող­մէ փո­րագր­ուած բազ­մա­թիւ հա­յա­տառ նշան­ներ« որոնք ցոյց կու տա­յին հայ քա­րա­կոփ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը խա­չակ­րա­կան շէն­քե­րու կա­ռուց­ման:

Իսկ Վի­են­նա­յէն Հըր­պըրթ Մաւ­րեր« հե­ղի­նակ ութ հա­տոր­նե­րու« խօ­սե­ցաւ Աւստ­րօ-հուն­գա­րա­կան կայս­րու­թեան մէջ հա­յոց խա­ղա­ցած դե­րին մա­սին իբ­րեւ թարգ­մա­նիչ­ներ« միջ­նորդ­ներ եւ արե­ւել­քէն արեւ­մուտք սուրճ եւ մե­տաքս նե­րա­ծող­ներ: Ան յոր­դո­րեց գի­տաշ­խա­տող­նե­րը աւե­լի լրջօ­րէն եւ սպա­ռիչ կեր­պով ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­յոց դե­րը իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին »միջ­նորդ­ներ« Արե­ւել­քի եւ Արեւ­մուտ­քի մի­ջեւ, եւ թէ ինչ­պէս այդ դե­րը օգ­նեց անոնց վստա­հու­թիւն ձեռք ձգե­լու եւ, այս­պի­սով, հաս­նե­լու բարձր դիր­քե­րու:

Հինգ­շաբ­թի« Յու­լիս 2« գի­տա­ժո­ղո­վի երկ­րորդ օրը նուիր­ուած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Կիպ­րո­սի թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Առա­ւօտ­եան նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր Ուա­շինկ­թը­նէն Թո­մըս Համ­մըլ« որ հմուտ պատ­մա­բան մըն է Ս. Երկ­րի քրիս­տո­նէ­ա­կան ժա­ռան­գի մար­զէն ներս: Երկ­րորդ նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն փրոֆ. Պեն­ի­ա­մին Քե­տար« նախ­կին նա­խա­գահ խա­չակ­րա­կան ու­սում­նա­սի­րա­կան միու­թեան:

Ֆրեզ­նո­յի հա­մալ­սա­րա­նէն Սերճիօ տը Փոր­թա իւ­րա­յա­տուկ ոճով խօ­սե­ցաւ Կի­լիկ­իոյ վեր­ջին թա­գա­ւո­րին մա­սին՝ հարց տա­լով, թէ կա­րե­լի՞ էր զայն նկա­տել հռո­մէ­ա­կան կայսր: Տոքթ. Հե­լըն­քեմ­փըր« հե­ղի­նա­կը գեր­մա­նե­րէ­նով հսկա­յա­կան հա­տո­րի մը՝ Հայ­կա­կան բեր­դե­րու նուիր­ուած« յա­ջո­ղե­ցաւ վե­րա­կանգ­նել նկա­րագ­րու­թիւնը իշ­խա­նա­կան ապա­րանք­նե­րուն՝ հիմն­ուե­լով հնա­գի­տա­կան իր եր­կա­րամ­եայ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն վրայ« թէ ինչ­պէ’ս այս հսկա­յա­կան զի­նուո­րա­կան կա­ռոյց­նե­րը ու­նէ­ին ըն­դար­ձակ դար­պաս­ներ« որոնք կը ծա­ռա­յէ­ին իշ­խան­նե­րու եւ բեր­դե­րու վե­րա­կա­ցու­նե­րու իբր կա­ցա­րան:

Մոն­փելիէ հա­մալ­սա­րա­նէն տոքթ. Մար­ի­ան­նա Շը­վալիէ ներ­կա­յա­ցուց Տա­ճա­րա­կան աս­պետ­նե­րուն ռազ­մա­կան դե­րը: Ան ցոյց տուաւ« որ Տա­ճա­րա­կան­նե­րը ու­նէ­ին մեծ նա­ւա­տոր­միղ մը եւ յա­ճախ օգ­նու­թեան կը հաս­նէ­ին հա­յե­րուն« յատ­կա­պէս երբ հրա­հանգ ստա­նա­յին Հռո­մի պա­պէն: Շու­տով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ աւե­լի ման­րա­մաս­նօ­րէն տեղ­եակ ըլ­լալ այս նիւ­թին, երբ լոյս տես­նէ տոքթ. Շը­վալի­էի գիր­քը: Ակա­նա­ւոր պատ­մա­բան եւ ներ­կայ նա­խա­գահ Խա­չակ­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան միու­թեան՝ փրոֆ. Մի­շէլ Պա­լար արխիւա­յին նոր նիւ­թեր ներ­կա­յա­ցուց Քե­ֆէ­յի հետ առն­չուող« հիմն­ուած Քե­ֆէ քա­ղա­քի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ« աւելց­նե­լով, թէ՝ »Հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կայ կա­տա­րե­լիք« մա­նա­ւանդ երբ ի մտի ու­նե­նանք« որ 15-րդ դա­րուն Քե­ֆէ քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան եր­կու եր­րոր­դը հա­յեր էին«:

Ռոս­տո­վէն տոքթ. Քրիս­թի­նա Գա­զար­եան հե­տաքրք­րա­կան նկա­րագ­րա­կան մը ըրաւ միջ­նա­դար­եան Խրիմ քա­ղա­քի հա­յոց եւ անոնց՝ Երու­սա­ղէ­մի հետ ու­նե­ցած կա­պե­րուն մա­սին: Ան նա­եւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս գի­տա­ժո­ղո­վէն ճիշդ շա­բաթ մը առաջ ինք այ­ցե­լած էր Սուրբ Փե­թերս­պուր­կի Էր­մի­թաժ թան­գա­րա­նը եւ գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ցոյց տուաւ Խրի­մէն հոն տար­ուած կարգ մը յոյժ կա­րե­ւոր առար­կա­նե­րու պատ­կեր­նե­րը« որոնք ներ­կա­յիս ցու­ցադ­րու­թեան դրուած են թան­գա­րա­նը:

Կիպ­րո­սէն տոքթ. Նի­քո­լաս Քուր­ի­աս« հիմն­ուե­լով կիպ­րա­կան պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու վրայ« հե­տաքրք­րա­կան նկա­րագ­րա­կան մը տուաւ տե­ղա­ցի հայ տի­պար­նե­րու մա­սին: Կէ­սօ­րին գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցող­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս. Թո­րոս ձե­ռագ­րաց մա­տե­նա­դա­րա­նը՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու տար­բեր ման­րան­կար­չա­կան դպրոց­նե­րու ձե­ռա­գիր­նե­րուն:

Յետ մի­ջօ­րէի նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր փրոֆ. Տիգ­րան Գու­յումճ­եան« որուն նշմար­նե­րը գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին մաս­նա­կից­նե­րու գի­տու­թեան՝ բո­լոր մար­զե­րու մէջ: Առա­ջին զե­կու­ցողն էր Մոն­փելիէ հա­մալ­սա­րա­նէն Պրուն­խիլտ Իմ­հաուզ« որ ներ­կա­յա­ցուց հա­յոց ձգած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գը Կիպ­րո­սի թէ’ յու­նա­կան եւ թէ’ թրքա­կան բա­ժին­նե­րուն մէջ: Ար­ուես­տի պատ­մա­բան եւ վա­ղե­մի աշա­կերտ Սի­րար­փի Տէր Ներ­սէս­եա­նի՝ Վառ­վա­րա Պաս­մաճ­եան բա­ցա­ռիկ զե­կոյ­ցով մը խօ­սե­ցաւ 13-15-րդ դա­րե­րուն տի­րող »Վեր­ջին դա­տաս­տա­նի« թե­մա­յին շուրջ: Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նէն՝ փրոֆ. Ճու­տիթ Մը­քեն­զի« ծա­նօթ հնա­գէտ եւ աշ­խա­րհահռ­չակ մաս­նա­գէտ Նա­պա­թեան Փեթ­րա պատ­մա­կան քա­ղա­քին« սա­հիկ­նե­րով փաս­տար­կեց թէ ճար­տա­րա­պե­տա­կան հին մո­թիվ­ներ ներ­կա­յաց­ուած Փեթ­րա­յէն եւ Աղեք­սանդր­իա­յէն՝ կը գտնուէ­ին Հայ­կա­կան հին ձե­ռա­գիր­նե­րու մէջ: Փրոֆ. Մը­քեն­զի իր թէ­զը պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց գոր­ծա­ծե­լով 11-րդ դա­րու ման­րան­կար­ներ: Ներ­կա­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան այս զե­կոյ­ցին՝ զայն նկա­տե­լով բա­ցար­ձակ նո­րու­թիւն:

Օր­ուան վեր­ջին նիս­տը նուիր­ուած էր դիւա­նա­գի­տու­թեան եւ դիւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու« որուն կը նա­խա­գա­հէր տոքթ. Փի­թըր Հալֆ­թըր« Գեր­ման­իա­յէն: Ռու­վեն Ամի­թայ« դա­սա­խօս Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եւ ծա­նօթ մաս­նա­գէտ մեմ­լուք եւ մոն­կոլ­եան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու« խօ­սե­ցաւ 1260-1292 »Ան­կա­րե­լի եռան­կիւ­նի« (հայ« մոն­կոլ եւ մեմ­լուք) յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին: Դարձ­եալ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նէն՝ փրոֆ. Ան­կըս Սթուըրթ զե­կու­ցեց հայ, լա­տին եւ մոն­կոլ դիւա­նա­գի­տու­թեան մա­սին: Նիս­տի աւար­տին յայտ­նա­բեր­ուած նոր տե­սու­թիւն­նե­րը խթան հան­դի­սա­ցան գա­ղա­փար­նե­րու աշ­խուժ փո­խա­նակ­ման՝ բա­նա­խօս­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ:

Ուր­բաթ« Յու­լիս 3ին« գի­տա­ժո­ղո­վին վեր­ջին օրը« մաս­նա­կից­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին զբա­ղիլ միջ­նա­դար­եան դիւա­նա­գի­տա­կան հար­ցե­րով: Միջ­նա­դար­եան Հա­յաս­տա­նի թա­գի հար­ցին մա­սին լայ­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ տոքթ. Փի­թըր Հալֆ­թեր« որ ներ­կա­յա­ցուց նո­րա­յայտ վա­ւե­րա­գիր մը, որ կը նկա­րագ­րէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ֆրե­տե­րիք Բ. եւ Հե­թում Ա.ի մի­ջեւ: Ան յայտ­նեց, թէ լա­տի­նա­տառ նոր վա­ւե­րա­գիր­ներ նոր լոյս կը սփռեն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վրայ: Ապա հայ­կա­կան սրբան­կար­նե­րու երախ­տա­ւոր փրոֆ. Տիգ­րան Գու­յումճ­եան հան­գա­մա­նօ­րէն եւ իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւով ցոյց տուաւ հայ ձե­ռագ­րա­կան ար­ուես­տին մէջ գտնուած կեն­դա­նա­տիպ մո­թիվ­նե­րու հո­լո­վոյ­թը: Հռո­մէն տոքթ. Մար­քօ Պա­րիս խօ­սե­ցաւ Կի­լիկ­եան թա­գա­ւո­րու­թեան դիւա­նա­գի­տա­կան վա­ւե­րա­գիր­նե­րու մա­սին« զա­նոնք թարգ­մա­նե­լու կեր­պին եւ ցարդ տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին: Սա­ղի­մաբ­նակ« մի­ջի­նա­րե­ւել­եան հար­ցե­րու պատ­մա­բան Ալ­պեր Աղա­զար­եան զե­կու­ցեց Ջու­ղա­յի հա­յոց եւ անոնց՝ Երու­սա­ղէ­մի հետ կա­պե­րու մա­սին:

Վեր­ջին նիս­տին կը նա­խա­գա­հէր փրոֆ. Ժե­րար Տէ­տէ­եան« գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն մին: Պրիւք­սէ­լէն տոքթ. Անտ­րէ­աս Շմիտթ խօ­սե­ցաւ Մի­քա­յէլ Ասորիի հա­յե­րէն տար­բե­րակ­նե­րուն մա­սին՝ յայտ­նե­լով, թէ ցարդ թարգ­ման­ուած տար­բե­րակ­նե­րուն մէջ հայ­կա­կա­նը նկատ­ուած էր լա­ւա­գոյ­նը« յատ­կա­պէս Երու­սա­ղէ­մի Ս. Թո­րոս ձե­ռագ­րա­տան մէջ գտնուող օրի­նա­կը« որ լոյս տե­սած էր Ա. Յա­կոբ­եանց տպա­րա­նէն 1870 եւ 1871 թուա­կան­նե­րուն« աւելց­նե­լով սա­կայն, թէ անհ­րա­ժեշտ էր մէկ­տե­ղե­լու աշ­խար­հով մէկ տա­րած­ուած այդ տար­բե­րակ­նե­րը« որ­պէս­զի անոնք պարտ ու պատ­շաճ կեր­պով քննարկ­ուէ­ին: Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ան յայտ­նեց, թէ ինք ար­դէն ձեռ­նար­կած էր այդ դժուա­րին աշ­խա­տան­քին: Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ակա­դեմ­իա­յէն՝ տոքթ. Ազատ Պո­զոյ­եան խօ­սե­ցաւ Ֆրանկ օրի­նագր­քի ըն­դու­նե­լու­թեան մա­սին՝ միջ­նա­դար­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Վեր­ջին զե­կու­ցողն էր Փա­րի­զէն Ագ­նէս Ու­զուն­եան« որ խօ­սե­ցաւ Անտի­ո­քի ասիզ­նե­րու ժա­մա­նակ գոր­ծած­ուած լեզ­ուին եւ ոճին մա­սին: Ան ըլ­լա­լով քաջ գրա­բա­րա­գէտ՝ վեր­լու­ծեց ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քե­րա­կա­նու­թիւնը« լեզ­ուա­կան կա­ռոյցն ու անոր յատ­կու­թիւն­նե­րը« նշե­լով, թէ լա­տի­նա­կան կարգ մը եզ­րա­բա­նու­թիւն­ներ կի­լիկ­եան շրջա­նին ար­դէն գոր­ծա­ծու­թեան մէջ էին:

Կէ­սօ­րէ ետք գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին բիւ­զան­դա­կան շրջա­նի հայ­կա­կան խճան­կար­նե­րը: Անոնք նախ այ­ցե­լե­ցին Համ­բարձ­ման լե­րան վրայ գտնուող ռու­սա­կան վան­քի հա­յա­տառ խճան­կար­նե­րը« ուր քոյր Մե­ծա­ւո­րը ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նեց վան­քի ըն­դու­նե­լու­թեան սրա­հին մէջ: Երե­կոյ­եան« »Քրիս­մըս« պան­դո­կին մէջ Նու­րհան արք. Մա­նուկ­եան գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը պատ­ուեց պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քով: Ներ­կա­նե­րուն մէջ էին հնա­գի­տա­կան եւ գի­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րու տնօ­րէն­ներ: Սրբա­զան հայ­րը, առ ի գնա­հա­տանք իրենց ակա­դե­մա­կան-հա­յա­գի­տա­կան ներդ­րու­մին« պատ­ուեց Մի­շէլ Պա­լա­րը« Զա­ւէն Եկաւ­եանն ու Աստ­ղիկ Չամ­քեր­թե­նը՝ անոնց նուի­րե­լով յախ­ճա­պակ­եայ գե­ղե­ցիկ պնակ­ներ« գործ՝ յայտ­նի ար­ուես­տա­գէտ Կա­րօ Սանտ­րունիի« որ­մէ ետք Խա­չակ­րա­կան գի­տա­կան կա­ճա­ռի նա­խա­գահ, փրոֆ. Պա­լար ըսաւ, թէ ինք պա­տիւ կը զգար այս խորհր­դան­շա­կան նուէ­րին հա­մար՝ ըսե­լով նա­եւ, թէ ինք սի­րով պատ­րաստ էր հե­տա­գա­յին եւս նման ձեռ­նարկ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու՝ աւելց­նե­լով. »Ես խո­րա­պէս տպա­ւոր­ուած եմ հայ ման­րան­կար­նե­րու ար­ուես­տին նրբու­թեամբ եւ հայ­կա­կան ման­րա-նկար­չու­թիւնը կը նկա­տեմ կա­րե­ւոր աղ­բիւր տի­ե­զե­րա­կան ար­ուես­տին«:

Գի­տա­ժո­ղո­վին հա­մադ­րո­ղը՝ Գէ­որգ Հինդլ­եան, երախ­տա­գի­տա­կան յա­տուկ խօսք ու­նէր փրոֆ. Քլոտ Մու­թաֆ­եա­նին« զոր որա­կեց »Գի­տա­ժո­ղո­վի իրա’ւ կազ­մա­կեր­պի­չը«: Ան նա­եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց փրո­ֆե­սոր­ներ Տէ­տէ­եա­նին եւ Գու­յումճ­եա­նին՝ իրենց բե­րած օժան­դա­կու­թեան հա­մար: Ապա ան շեշ­տեց ըսե­լով, թէ »Կիւլ­պէնկ­եան« հիմ­նարկն ու Ս. Սար­գիս ֆոն­տը, ան­տե­սե­լով տնտե­սա­կան ներ­կայ ճգնա­ժա­մը, առա­տա­ձեռ­նօ­րէն հո­գա­ցին ծախ­սե­րը սոյն գի­տա­ժո­ղո­վին« որուն հա­մար ան կրկին ան­գամ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Զա­ւէն Եկաւ­եա­նին եւ Աստ­ղիկ Չամ­քեր­թե­նին իրենց ան­խոնջ նուի­րու­մին՝ դէ­պի հայ մշա­կոյթն ու ար­ուես­տը:

Հա­յաս­տա­նի պատ­ուա­կալ հիւ­պա­տոս՝ Ցո­լակ Մոմճ­եան խօսք առ­նե­լով՝ դրուա­տեց »Կիւլ­պէնկ­եան« հաս­տա­տու­թիւնն ու անոր բե­րած նպաս­տը՝ Երու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատր­ի­ար­քու­թեան եւ անոր ընդ­մէ­ջէն գո­վեց այս զուտ մտա­ւո­րա­կան ձեռ­նար­կը: Ա. Չամ­քեր­թեն իր խոր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտ­նեց գի­տա­ժո­ղո­վի ձեռք բե­րած ար­դիւնք­նե­րուն հա­մար եւ խոս­տա­ցաւ, որ հաս­տա­տու­թիւնը միշտ նե­ցուկ պի­տի կանգ­նի երի­տա­սարդ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles