Յուլիս 17-ին, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան “Լեւոն Շանթ“ թատրերգութեան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն ամփոփումն ու մրցանակներու արժանացած թատերական ստեղծագործութիւններու հեղինակներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
2013 տարեսկիզբին յայտարարուած “Լեւոն Շանթ“ թատրերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը ժամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու, գրական այդ սեռին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, թատրերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններ բացայայտելու, հայ թատերարուեստի լաւագոյն աւանդութիւնները զարգացնելու նպատակը ունէր:
Մրցումին մասնակցած էին 51 հեղինակներ‘ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Առաջին մրցանակին արժանացաւ Գուրգէն ԽանՃեանի “Արտաւազդ-Շիտար“ թատերական երկը:
Երկրորդ մրցանակին‘ Սամուէլ Խալաթեանի “Գնացքի երկու տոմս“ թատերական երկը:
Երրորդ մրցանակին‘ Արմէն Ճգնաւորեանի “Այլաստուածային կատակ“ թատերական երկը:
Խրախուսական մրցանակներ տրուեցան Հրաչ Բեգլարեանի “Ես, Մանուէլը, համակարգիչը“, Յուշիկ Ղազարեանի (Սուրիա) “Վաճառականներ“ թատերական երկերուն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած 12 լաւագոյն թատերական երկերը պիտի հրատարակուին առանձին ժողովածուով, իսկ առաջին մրցանակին արժանացած երկը պիտի բեմադրուի Համազգայինի աջակցութեամբ: