ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻ­ՆԻ ՈՒ­ՍԱ­ՆՈ­ՂԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՒԱ­ՔԸ ԱՒԱՐ­ՏԵ­ՑԱՒ

0 0
Read Time:9 Minute, 8 Second

p15 557019_10153032960340417_514445704_n Յու­լիս 19-էն 22, Հա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի ծրա­գի­րը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ Երե­ւա­նի մէջ: Մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Մա­տե­նա­դա­րան, Հա­յաս­տա­նի ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րան, ԿրանտՍ­փոր հա­մա­լիր, Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լիր ու ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րան, Չա­րեն­ցի կա­մար, Գառնիի տա­ճար եւ Գե­ղարդ:

Տի­լի­ճա­նի մէջ ու­սա­նող­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հա­ղար­ծին եկե­ղե­ցին, ապա ըմ­բոշխ­նե­ցին բնու­թեան պար­զու­թեամբ ստեղծ­ուած հրաշք վայ­րը` Պարզ լի­ճը, որ­մէ ետք խում­բը մեկ­նե­ցաւ Սե­ւա­նայ լիճ, ուր ֆո­րու­մա­կան­նե­րը լո­ղա­ցին` հա­կա­ռակ ցուրտ օդին:p15 1070115_10153025949620417_1179055199_n

Դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ Յու­շա­մատ­եան կայ­քէ­ջի գլխա­ւոր խմբա­գիր Վա­հէ Թաշճ­եան ու­սա­նող­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուց կայ­քէ­ջը, որուն նպա­տակն է վե­րա­կանգ­նել Օս­ման­եան կայս­րու­թեան հա­յե­րու տե­ղա­կան պատ­մու­թիւնն ու յի­շո­ղու­թիւնը:

Ռի­փաթ Ար­մին­իա հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն` Վար­դան Մա­րաշլ­եան սպա­ռիչ ձե­ւով հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց հիմ­նադ­րա­մի նպա­տակ­նե­րը, գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ան ու­սա­նող­նե­րը մղեց ներդ­րում կա­տա­րե­լու հայ­րե­նի­քին մէջ իրենց մաս­նա­գի­տու­թեան­ճամ­բով, մի­ա­ժա­մա­նակ` վա­յե­լե­լու հայ­րե­նի­քի բա­րիք­նե­րը:p15 1044066_10153024456295417_1372835254_n

Տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­եւ դա­սա­խօ­սա­կան զրոյց մը` Ո՞վ է հա­յը նիւ­թով: Զրոյ­ցը վա­րե­ցին Կա­րօ Յով­հան­նէս­եան եւ պատ­մա­գէտ ու օս­մա­նա­գէտ Էլ­քը Հարթ­ման: Զրու­ցա­վար­նե­րը հա­կիրճ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց կար­ծիք­նե­րը նիւ­թին մա­սին, ապա խօս­քը փո­խան­ցե­ցին մաս­նա­կից­նե­րուն, որոնք հեր­թա­բար ար­տա­յայտ­ուե­ցան ու փո­խան­ցե­ցին տար­բեր կար­ծիք­ներ: Կա­րօ Յով­հան­նէս­եան շեշ­տը դրաւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ու մեր ժա­ռան­գու­թեամբ հպարտ ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ եւ կա­տա­րեց ազ­գի սահ­մա­նու­մը, ապա ըսաւ. Հա­յը ան է, որ Հա­յաս­տա­նը կ՛ըն­դու­նի իր մի­ակ եւ վախ­ճա­նա­կան վայ­րը““: Իսկ Էլ­քը Հարթ­ման ըսաւ, թէ հա­յե­րուս ինք­նու­թիւնը մի­ա­տե­սակ չէ եւ հարց դրաւ, թէ ո՞վ կրնայ ար­ժե­ւո­րել հայ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, եւ կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն ու­նե­նա­լու բաց եւ դրա­կան մտայ­նու­թիւն եւ ոչ` ժխտա­կան:

Մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ, մաս­նակ­ցող­նե­րը  ներ­կայ գտնուե­ցան Բա­րե­կա­մու­թիւն պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի հա­մեր­գին:

p15 1002299_10153036590315417_605645504_n  Յու­լիս 23-ը Հա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի պատ­մու­թեան մէջ բա­ցաւ նոր էջ մը` իր ծրա­գի­րին մէջ նե­րա­ռե­լով Ար­ցա­խի այ­ցե­լու­թիւնը: Մաս­նա­կից­նե­րը առա­ւօտ­եան ճամ­բայ ելան ու այ­ցե­լե­ցին յա­ջոր­դա­բար` Խոր Վի­րապ, Պա­րոյր Սե­ւա­կի տուն-թան­գա­րան եւ Նո­րա­վանք: Եւ վեր­ջա­պէս ազատ Ար­ցա­խը ող­ջու­նեց այ­ցե­լու­նե­րը:

Եր­կօր­եայ այ­ցե­լու­թեան առա­ջին օրը “Հա­մազ­գա­յին“ի ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի դահ­լիճ, ուր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահԱշոտ Ղուլ­եան Ար­ցա­խի մա­սին սպա­ռիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց, անդ­րա­դար­ձաւ անոր պատ­մա­կան-մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն, ռազ­մա­կան սխրանք­նե­րուն եւ դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն: Ան աւել­ցուց, թէ իւ­րա­քան­չիւր երի­տա­սարդ կրնայ իր մաս­նա­գի­տա­ցու­մի ճամ­բով օգ­տա­կար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին:

Երկ­րորդ այ­ցե­լու­թեան վայ­րը Ստե­փա­նա­կեր­տի զօ­րա­մա­սե­րէն` 8-րդ պաշտ­պա­նա­կան շրջանն էր, ուր ու­սա­նող­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան զի­նուո­րա­կան առօր­եա­յին, ստա­ցան ռազ­մա­վա­րա­կան գի­տե­լիք­ներ. հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը յանձ­նե­ցին մար­զա­կան սար­քեր` իբ­րեւ խորհր­դան­շա­կան նուէր:

Յա­ջորդ հանգր­ուա­նը Գան­ձա­սարն էր, ուր ու­սա­նող­նե­րուն փո­խանց­ուե­ցան տու­եալ կո­թո­ղին մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Օր­ուան վեր­ջին կայ­քը Նի­կոլ Դու­մա­նի տուն-թան­գա­րանն էր. մաս­նակ­ցող­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան անոր կեան­քին ու գոր­ծու­նէ­ու­թեան, ապա այդ շի­նու­թեան կող­քին` բնու­թեան գիր­կը, Ար­ցա­խի լեռ­նե­րով շրջա­պատ­ուած խո­րո­ված պատ­րաս­տե­ցին, կե­րան ու եր­գե­ցին մին­չեւ կէս գի­շեր:

Երկ­րորդ օրը մաս­նակ­ցող­նե­րը առա­ւօտ­եան այ­ցե­լե­ցին Շուշիի Սուրբ Ամե­նափր­կիչ Ղա­զան­չե­ցոց եկե­ղե­ցին, ապա  Նա­րե­կա­ցի ար­ուես­տի դպրո­ցը, ուր տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Արամ Մա­նուկ­եան ճամ­բա­րը: Պան­դոկ վե­րա­դառ­նա­լէ առաջ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը կանգ առին Ջդրդուզ ու ծա­նօ­թա­ցան Շուշիի ազա­տագ­րու­մը խորհր­դան­շող լե­րան: Կէ­սօ­րէ ետք խում­բը մեկ­նե­ցաւ դէ­պի Տիգ­րա­նա­կեր­տի բերդ ու թան­գա­րան:p15 999976_10153025950405417_76982258_n

Ստե­փա­նա­կերտ վե­րա­դար­ձին, մաս­նակ­ցող­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հ.Յ.Դ. երի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն, ուր հան­դի­պում  ու­նե­ցան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ: Ար­ցա­խի մէջ վեր­ջին երե­կոն եղաւ ճոխ ու խան­դա­վառ. ար­դա­րեւ, երաժշ­տա­կան խում­բի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մաս­նակ­ցող­նե­րը վա­յե­լե­ցին ան­մո­ռա­նա­լի երե­կոյ մը:

Մաս­նակ­ցող­նե­րը Ար­ցա­խին հրա­ժեշտ տուին Տա­տի­կին ու Պա­պի­կինխոս­տա­նա­լով կրկին այ­ցե­լու­թիւն:

Յա­ջորդ կան­գա­ռը Լա­չին էր, ուր ու­սա­նող­նե­րը Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ծա­ռա­տուն­կի ծրա­գի­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին.  անոնք դի­մա­ւոր­ուե­ցան մեծ ոգե­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ տնկե­ցին եւ որ­դեգ­րե­ցին երեք ծա­ռեր:

Տա­թե­ւի վան­քը եղաւ խում­բին յա­ջորդ այ­ցե­լու­թեան վայ­րը: Հրա­շա­լի այս վայ­րը նոր թե­ւեր տուաւ ֆո­րու­մա­կան­նե­րուն` ճո­պա­նուղի­ով թռչե­լու ու հաս­նե­լու վանք, ապա խում­բը կանգ առաւ Շա­քէի ջրվէ­ժին մօտ: Ճա­շի կարճ դա­դա­րէ մը ետք հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը ճամ­բայ ելան դէ­պի Երե­ւան:

Հա­ւա­քի նա­խա­վեր­ջին օրը,առա­ւօտ­եան մաս­նակ­ցող­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Էջմ­ի­ած­նի Մայր տա­ճար եւ թան­գա­րան, ապա` Սուրբ Գայ­եա­նէ եկե­ղե­ցի, ուր կը գտնուի Րաֆֆիի Խենթ“-ին շի­րի­մը: Այ­նու­հե­տեւ խում­բը այ­ցե­լեց Սուրբ Հռիփ­սի­մէ եկե­ղե­ցի եւ Զուարթ­նո­ցի տա­ճար:

Նոյն օրը երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին, ֆո­րու­մա­կան­նե­րը իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ մար­զա­խա­ղե­րու բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան եւ տո­ղանց­քին:

p15 6 602670_10153032964330417_1992828632_nԿի­րա­կի, 28 Յու­լիս 2013-ը յատ­կան­շա­կան օր մըն էր ֆո­րու­մա­կան­նե­րուն հա­մար` տրուած ըլ­լա­լով, որ ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քը կը հաս­նէր իր աւար­տին:

Առա­ւօտ­եան կա­նուխ ժա­մե­րէն ար­դէն իսկ յանձ­նա­խում­բե­րը կը պատ­րաստ­ուէ­ին եզ­րա­փա­կիչ հան­դէ­սին` կա­տա­րե­լով վեր­ջին փոր­ձե­րը:

Կէ­սօ­րէ ետք, ժա­մը 4:30-ին, Նա­րե­կա­ցի ար­ուես­տի կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ աւար­տա­կան հան­դէ­սը: Ֆո­րու­մա­կան­նե­րը հան­դէս եկան պա­րով, խմբեր­գով, զու­գեր­գով մը, նուա­գով եւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով: Մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ պատ­րաստ­ուած սա­հիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէր ֆո­րու­մա­կան­ներն ու անոնց առօր­եան հա­ւա­քին ըն­թաց­քին: Հան­դէ­սի աւար­տին խօսք առին Լի­լիթ Գալստ­եա­նը եւ Նո­րա Թաշճ­եա­նը. բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն յանձն­ուե­ցան Հա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի մաս­նակ­ցու­թեան հաս­տա­տա­գիր­նե­րը:

Երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­ժեշ­տի ընթ­րիք Պե­լաժիօ ճա­շա­րա­նին մէջ, ուր ֆո­րու­մա­կան­նե­րը պա­րով ու եր­գով ան­ցու­ցին ան­մո­ռա­նա­լի երե­կոյ մը: Յու­լիս 29-ի առա­ւօտ­եան կարգ մը մաս­նա­կից­ներ ար­դէն իսկ մեկ­նե­ցան իրենց եր­կիր­նե­րը, յու­զու­մով ու ար­ցունք­նե­րով բաժն­ուե­լով իրենց ըն­կեր­նե­րէն եւ խոս­տա­նա­լով, որ ան­գամ մը եւս կը հան­դի­պին հայ­րե­նի­քի մէջ:

Յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մար, այ­ցե­լել www.hamazkayin.com կայ­քէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles