ՖԻ­ԼԱ­ՏԵԼՖ­ԻԱ.- Հ.Օ.Մ.Ի ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՄԻ­ԱՑ­ԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ 93ՐԴ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԱ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԸ

0 0
Read Time:18 Minute, 29 Second

aaaa  Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Շրջա­նի 93-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­լիս 18-21, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ  “Տա­պըլ Թրի“ Պան­դո­կին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ 41 լի­ա­զօր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, որոնք կու գա­յին  Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի 32 մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ներ­կայ էին 19 մաս­նա­ճիւ­ղե­ր, ինչ­պէս նա­եւ հիւ­րե­րու, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ այլ Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րու­հի­նե­րու: Հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղերն էին Ֆի­լա­տեֆլ­իոյ Հ.Օ.Մ.ի “Անի“ եւ “Ար­տե­միս“ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը:

Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի   ընկհ. Անի Աթ­թա­րի “Բա­րի Գա­լուս­տի“ խօս­քե­րէն ետք, հրա­ւիր­ուե­ցաւ թե­միս  Բա­րեխ­նամ առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Օշա­կան Արք. Չօլոյ­եան, որ իր խօս­քին մէջ նշեց Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան նպա­տակ­նե­րը.-

Սփիւռ­քի տա­րած­քին Հ.ՕՄ.-ու­հին օգ­նեց ու ծա­ռա­յեց զրկուա­ծին ու կա­րօտ­եա­լին: Հայ Ժո­ղո­վուր­դը ու­սում­նա­տենչ է, հայ կի­նը ցե­ղա­յին վսեմ առա­քե­լու­թիւն­նե­րու ծնունդն է: Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնն ու Առաջ­նոր­դա­րա­նը մեր նպա­տակ­նե­րուն մէջ չենք թուլ­նար: Մէկ մեծ ըն­տա­նիք ենք, մեր ըն­տա­նի­քի զա­նա­զան ան­դամ­նե­րը կ՛աշ­խա­տին իրա­րու հա­մար:DSC01823 (1)

Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­ջա­լե­րա­կան պատ­գա­մէն ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ետք, աղօթ­քով պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 93-րդ Ժո­ղո­վը:

Ընկհ. Աթ­թար ներ­կա­յա­ցուց Հ.Օ.Մ.ի կեդ­րո­նա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Գա­րո­լին Շմա­ւոն­եան, քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ` ընկերուհիներ Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան` Հ.Յ.Դ., Հ.Մ.Ը.Մ.ի` Էլի­զա­պէթ Տրամ­կոչ­եան, որոնք իրենց կար­գին քա­ջա­լե­րե­ցին Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րուhինե­րը ու շնոր­հա­ւո­րե­ցին անոնց տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը մաս­նա­ւո­րա­պէս Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հա­մար:

Գա­րո­լին Շմաւոնեան իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ըսաւ.- Մեր բո­լո­րին պար­տա­կա­նու­թիւնն է հա­մախմ­բել մեր ու­ժե­րը եւ թափ տալ այս միու­թեան զար­գաց­ման եւ վե­րել­քին թէ տե­ղա­կան եւ թէ հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ: Նշենք Մ.Ա.Կ.-էն ներս Մա­լա­լայի խօս­քը16 տա­րե­կան փա­քիս­տան­ցի աշա­կեր­տու­հին, որ կը պայ­քա­րի կա­նանց կրթու­թեան հա­մար ըսաւ թէ մէկ երե­խայ, մէկ ու­սու­ցիչ, մէկ գիրք, մէկ գրիչ կրնայ աշ­խար­հը փո­խել,եւ ես հե­տեւ­եա­լը պի­տի ըսեմ.- մէկ ան­դամ, միայն մէկ Հ.Օ.Մ.-ու­հի որ հա­ւատք ու­նի Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թեան հան­դէպ կրնայ փո­փո­խու­թիւն­ներ ընել, եւ ին­չու չէ կրնայ աշ­խար­հը փո­խել: Վերջ ի վեր­ջոյ Ակ­նու­նին մէկ հո­գի էր, որ հա­ւա­տա­լով Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թեան կեր­տեց Հ.Օ.Մ.-ի առա­ջին մաս­նա­ճիւ­ղը Նիւ Եոր­քի մէջ. Իսկ հի­մա հա­րիւր տա­րի­ներ անց կը մնանք զօ­րա­ւոր մեր 15 հա­զար եւ 27 եր­կիր­նե­րու մէջ ներ­կա­յու­թեամբ: Բո­լո­րիդ վարձ­քը կա­տար“:DSC01809 (2)

Ընկհ. Աթ­թար կար­դաց Հ.Ե.Դ. խօս­քը ուղ­ղուած պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին, որուն մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեն Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Արե­ւել­եան շրջա­նին նե­ցուկ հան­դի­սա­նա­լուն Դէ­պի Ջա­ւախք բա­նա­կու­մին, ինչ­պէս նա­եւ Հ.Օ.Մ.-ի Երի­տա­սար­դա­կան Ծրագ­րին, որը առիթ պի­տի տայ նոր ու­ժեր, երի­տա­սարդ ան­դամ­ներ ներգ­րա­ւե­լու Հ.Օ.Մ.-ի շար­քե­րէն ներս:

Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան շրջա­նի հիւ­րերն էին ըն­կե­րու­հի­ներ Սիլ­վա Գու­յումճ­եան, Մայ­տա Կա­րա­պետ­եան եւ Նա­յի­րի Պա­լան­եան, ինչ­պէս նա­եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կա­նի ատե­նա­պե­տու­հի` ընկ. Վի­քի Մա­րաշլ­եան:

Առ­ժամ­եայ Դիւա­նի ատե­նա­պե­տու­հի­ներն էին ընկհ. Թա­լին Տաղլ­եան` հա­յե­րէ­նով, Ար­փի Սե­ֆէր­եան` անգ­լե­րէ­նով: Ու­րախ ենք նշե­լու, որ եր­կուքն ալ շատ ճար­տար էին եր­կու լե­զու­նե­րով ալ: Առ­ժամ­եայ ատե­նադպ­րու­հի­ներն էին Էլի­զա­պէթ Տրամ­կոչ­եան` հա­յե­րէ­նի, Ճոյս Աղ­ճայ­եան եւ Հելէն Պարտագճեան` անգ­լե­րէ­նի:

p8-9 newՀե­տեւ­եալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը ընտր­ուե­ցան, որ­պէս Իրա­ւա­սու­թիւն Քննող Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ` Սե­դա Ասա­տուր­եան, Հե­լէն Տա­րագճ­եան եւ Թա­լին Ափոշ­եան:

Ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը եղաւ Հ.Օ.Մ.-ի քայ­լեր­գով, առաջ­նոր­դու­թեամբ ըն­կե­րու­հի Սիլ­վա Գու­յումճ­եա­նի:

Հ.Օ.Մ.-ի “Անի“ եւ “Ար­տե­միս“ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ամէն ճիգ թա­փած էին յա­ջող ձե­ւով կազ­մա­կեր­պե­լու այս ժո­ղո­վը:

Օրա­կար­գի ըն­թա­ցիք յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թե­նէն ետք խօսք առաւ, Գա­րո­լին Շմա­ւոն­եան` Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան  ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ներ­կա­յա­ցուց Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան 2012-2013 տա­րե­կան տե­ղե­կա­գի­րը: Ըն­կե­րու­հին գնա­հա­տեց Արե­ւել­եան Շրջա­նի  ըն­կե­րու­հի­նե­րուն տա­րած ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան իրենց յա­րա­տեւ ու շա­րու­նա­կական օժան­դա­կու­թեան: Առ­ժամ­եայ դիւա­նը մե­ծամաս­նու­թեան փա­փա­քով մնացին Մնա­յուն Դիւան ան­դամ­նե­րը: Հա­յե­րէ­նի հա­մար ատե­նա­պե­տու­հի` Թա­լին Տաղլ­եան, անգ­լե­րէ­նի` Ար­փի Սե­ֆէր­եան: Ատե­նադպ­րու­հի­նե­րը` Անգ­լե­րէ­նի` Հե­լե­նա Պար­տագճ­եան եւ Ճոյս Աղ­ճայ­եան: Հա­յե­րէ­նի հա­մար, Էլի­զա­պէթ Տրա­կոչ­եան եւ կա­մա­ւոր Նա­յի­րի Պա­լան­եան:

Օրի­նա­պահ նշա­նակ­ուե­ցաւ ընկ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան:

Ընտ­րո­ղա­կան Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ընտր­ուե­ցան ըն­կե­րու­հի­ներ` Ծո­վի­նար Թո­րոս­եան, Մա­րալ Գաբրի­էլ­եան, Ման­իա Պար­տագճ­եան, Սե­դա Ասա­տուր­եան եւ Ար­փի Նար­կիզ­եան:  Ժո­ղո­վի հիւ­րեր ընտր­ուե­ցան Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ար­տե­միս մաս­նա­ճիւ­ղէն ընկերուհիներ` Անա­հիտ Շի­րոզ­եան եւ “Անի“ Մաս­նա­ճիւ­ղէն` Ազ­նիւ Ճե­պէճ­եան: Ժո­ղո­վի հսկիչ նշա­նակ­ուե­ցաւ Սօ­նա Կա­րա­պետ­եան եւ թղթա­կից`  Նա­յի­րի Պա­լան­եան:bbbb

Առա­ջին օր­ուայ ժո­ղո­վը վերջ գտաւ ժա­մը երե­կոյ­եան 9:10ին:

Երկ­րորդ օրը եղան յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Հաշ­ուեքն­նիչ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, ըն­կե­րու­հի­ներ Ճի­նա Մու­րատ­եան, Ճօ­ան­նա Չի­լին­կիր­եան եւ Ար­լին Ճե­սուր­եան:

Բա­նա­ձե­ւե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ` ըն­կե­րու­հի­ներ, տոքթ. Սվետ­լա­նա Պա­պա­ճան­եան, Մա­րի Անն Պոն­ճուքլ­եան եւ Մա­տո­նա Գզիր­եան:

Թղթակ­ցու­թեան քննիչ յանձ­նա­խումբ, ըն­կե­րու­հի­ներ` Ռոզ Ճո­լագ­եան, Անի Կիւլ­պենկ, Լո­րա Ճա­ֆար­եան:

Ընկհ. Գա­րօլ Ճա­ֆար­եան ներ­կա­յա­ցուց Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան Տա­րե­կան Տե­ղե­կա­գի­րը power point գոր­ծա­ծե­լով: Հար­ցում­ներ ու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ետք եղան ծրագ­րե­րու քննար­կում:cccc

– Հ.Օ.Մ.-ի Երի­տա­սար­դա­կան Ծրա­գիր (Youth Connect Program) մե­ծա­պէս գնա­հատ­ուե­ցաւ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ու առա­ջարկ­ուե­ցաւ, շա­րու­նա­կել այս հիմ­նա­կան ծրա­գի­րը:

Երի­տա­սար­դա­կան Ծրա­գի­րը կը ներգ­րա­ւէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան աշա­կերտ­ներ տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ու ու­սա­նո­ղա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րէ, քով քո­վի գա­լով կը քննար­կեն բազ­մա­թիւ էա­կան հար­ցեր:

Այս ծրագ­րի ծախ­սե­րը ապա­հո­վագր­ուած են Նոր­եան Ֆոն­տէն, որուն հիմ­նադ­րա­մը յատ­կաց­ուած է Երի­տա­սար­դու­թեան դաստ­ի­ա­րակ­չու­թեան:

– Հա­յաս­տան Ճամ­բա­րի հա­մար եղան հար­ցում­ներ ճամ­բա­րի դա­սագր­քին մա­սին, ինչ­պէս նա­եւ ճամ­բա­րի նո­րոգ­ման ու վե­րա­շի­նու­թեան:  Հ.Օ.Մ.ը միշտ պի­տի ջա­նայ սա­տա­րել Ճամ­բա­րին:

– Ու­սում­նա­կան Կրթա­թո­շակ­ներ-Կրթա­թո­շա­կի հար­ցա­րան­ներն ու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ծա­ծուկ ու ապա­հով կը մնան գրա­սեն­եա­կէն ներս: Հար­ցա­րան­նե­րու վե­րաքն­նու­թեան տո­կո­սա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­ներն են 25%ը դի­մո­ղին ար­ժա­նիք­նե­րուն վրայ հիմն­ուած, 25%ը` իր գա­ղու­թին մէջ ու­նե­ցած գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մար եւ 50%ը` նիւ­թա­կան կա­րի­քի:

Գի­տա­ժո­ղով.- Ըն­կե­րու­հի­ներ շատ դրա­կան ար­տա­յայտ­ուե­ցան եւ առա­ջարկ­ուե­ցաւ  կա­րե­լիու­թեան պա­րա­գա­յին  նոյն տար­ուայ ըն­թաց­քին տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ մէ­կէ աւե­լի գի­տա­ժո­ղով­ներ ընել:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Օգ­նու­թեան Ջան­քեր.- Ըն­կե­րու­հի­նե­րու մե­ծա­գոյն մտա­հո­գու­թիւնն էր Սուր­իոյ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի Հա­յու­թեան վի­ճա­կը: Որոշ­ուե­ցաւ ամէն ձե­ւով օգ­նել անոնց, Լի­բա­նա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սուր­իոյ մէջ: Մաս­նա­ճիւ­ղե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն օժան­դա­կել “Տաք Ճա­շի“ ծրա­գի­րը, Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի դպրոց­նե­րուն, Սուր­ի­ա­հայ երա­խա­նե­րու հա­մար կրթա­թօշա­կի յատ­կա­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը: Ըն­տա­նիք­ներ որ­դեգր­ուին, ամ­սա­կան 100 տո­լար իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի, մէկ տար­ուայ հա­մար:

Ու­րախ ենք, որ Հ.Օ.Մ.ը, շնոր­հիւ իր երի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն,  շատ յա­ռաջ գա­ցած է հա­սա­րա­կա­կան յա­րա­բե­րու­թեան մէջ ու հաս­տատ քայ­լե­րով մտած է 21րդ դար: Հա­մա­կարգ­չի վրայ աճու­րդը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուե­ցաւ եւ պի­տի շա­րու­նակ­ուի յա­ռա­ջի­կա­յին:

Որ­դեգր­ուե­լու հա­մար ու­րախ ենք յայ­տա­րա­րե­լու, որ որ­բեր չկան այ­լեւս, սա­կայն որ­բե­րու ու­սում­նա­կան ծրագ­րի հա­մար 50 հո­վա­նա­ւոր­նե­րու պէտք կայ:  Հ.Օ.Մ.ը պի­տի շա­րու­նա­կէ սա­տա­րել “Սօ­սէ“ Ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն:

Ըն­կե­րու­հի Անի Աթ­թար Վար­չու­թեան անու­նով գնա­հա­տեց արե­ւել­եան շրջա­նի բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րուն ան­սա­կարկ նուի­րու­մը, որուն ար­դիւնք, միու­թիւնը յա­ջո­ղած է յա­ռաջ տա­նիլ իր բո­լոր աշ­խա­տանք­ներն ու իրա­գոր­ծել բո­լոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­ները:

Ըն­կհ. Աթ­թար յայ­տա­րա­րեց թէ Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նը ստա­ցած է եր­կու ժա­ռանգ­ներ, մէ­կը ող­բաց­եալ ընկերուհիներ Ալ­պերթ եւ Թա­գու­հի Պէկ­եան­նե­րէ, իսկ երկ­րոր­դը` ընկ. Գուր­գէն եւ Մար­կա­րիթ Ասա­տուր­եան­նե­րու ժա­ռան­գէն: Հ.Օ.Մ.ի Շրջա­նա­յի­նի Արե­ւել­եան շրջա­նին մնա­ցած բո­լոր ժա­ռանգ­նե­րը, ինչ­պէս մին­չեւ ցարդ, կը շա­րու­նակ­ուի միայն տո­կո­սը գոր­ծա­ծել:

Հաշ­ուեքն­նիչ Յանձ­նա­խում­բը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց վար­չու­թեան եւ ընկհ. Վար­դու­հի Չի­լոյ­եա­նի նուի­րումն ու ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը:dddd

Հրա­ւիր­ուած էր ընկ. Պա­րէթ Մա­րոն­եա­նը` “Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րը“ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի հե­ղի­նա­կը, որ ներ­կա­յաց­նէ իր առա­ջարկ­նե­րը իր պատ­րաս­տե­լիք “1915ի Կի­նե­րը“ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին հա­մար:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը անց­նող շրջա­նին բազ­միցս կա­պի մէջ մնա­ցած է Ընկ. Պա­րէթ Մա­րոն­եա­նին հետ 1915ի  ԿԻ­ՆԵ­ՐԸ ծրագ­րին առըն­չու­թեամբ:

Որ­պէս հայ կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն, եւ ու­նե­ցած ան­շա­հախն­դիր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն գա­ղութ­նե­րէ ներս, մեծ հպար­տանք է աջակ­ցիլ այս ծրագ­րի յա­ջո­ղու­թեան: Ծրագ­րին շուրջ քննար­կում­նե­րը սկզբնա­կան հանգր­ուա­նի մէջ են: Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ քա­ջա­լե­րեց Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւնն ու “1915ի Կի­նե­րը“, ծրագ­րի նա­խըն­թա­ցը: Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը իրենց մաս­նա­ճիւ­ղե­րու անու­նով ինչ­պէս նա­եւ ան­հա­տա­կան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով հա­ւա­քե­ցին $3900 քա­ջա­լե­րե­լով Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը:

93-րդ Պատ­գա­մա­ւոր­կան Ժո­ղո­վը մե­ծա­պէս կեդ­րո­նա­ցաւ Սուր­ի­ա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու օժան­դա­կու­թեան: Ժո­ղո­վը որ­դեգ­րեց Օժան­դա­կել Սուր­ի­ա­հայ Ըն­տա­նի­քի հո­վա­նա­ւո­րե­լով ամ­սա­կան 100 տո­լար իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի:

Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան  Ժո­ղո­վը 10 բա­նա­ձե­ւեր ան­ցուց եւ 3 առա­ջարկ­ներ:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մէն ըն­կե­րու­հի­ներ Անի Քէ­շիշ­եան, Գա­րօլ Ճա­ֆար­եան եւ Սիւ­զան Ազար­եա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը լրա­ցած էր: Մի­ա­ձայ­նու­թեամբ ընտր­ուե­ցան ընկ. Սիլ­վա Պետ­եան, Մար­ճի Պա­պիկ­եան, Մե­լի­սա Սի­մոն­եան, Փո­խ-ան­դամ ընտր­ուե­ցաւ Անի Կիւլ­պենկ:

Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի նոր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը բաղ­կա­նայ հե­տեւ­եալ եօ­թը ան­դամ­նե­րէն, Անի Աթ­թար, Ցո­լիկ մաս­նա­ճիւղ, Մի­շի­կըն Թա­լին Մկրտիչ­եան, Արաքս մաս­նա­ճիւղ, Րոտ Այ­լընտ, Վա­լան­թին Պէր­պէր­եան, Մայր մաս­նա­ճիւղ, Նիւ Եորք, Սե­ւան Քո­լէճ­եան, “Սա­թե­նիկ“ մաս­նա­ճիւղ, Ուա­շինկ­թըն, Տ.Սի., Սիլ­վա Պետ­եան, “Զա­պէլ“ մաս­նա­ճիւղ, Իլի­նոյ, Մար­ճի Պա­պիկ­եան, Պըր­կըն Քաուն­թի մաս­նա­ճիւղ, Նիւ Ճըր­զի, Մե­լի­սա Սի­մոն­եան, Անի մաս­նա­ճիւղ, Րոտ Այ­լընտ:

Շատ յա­ջող ու շի­նիչ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով մըն էր:  Ըն­կե­րու­հի­նե­րը ոչ միայն քննար­կե­ցին անց­նող տա­րեշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը, այլ եւ բծախնդ­րօ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­ցին ապա­գա­յի ծրա­գիր­ներ ու աշ­խա­տանք­ներ:

Պատ­գամա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Անի եւ Ար­տե­միս մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ըն­կե­րու­հի­նե­րուն:

 

ԿՐԹԱՆ­ՊԱՍՏ ՍՏԱ­ՑՈՂ ԱՇԱ­ԿԵՐՏ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿ

 

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը Նա­խա-աւար­տա­կա­նի եւ Աւար­տա­կա­նի կրթան­պաստ ստա­ցող աշա­կերտ­նե­րուն անուն­նե­րը յայ­տա­րա­րեց 2013-2014 Ու­սում­նա­կան Տա­րեշր­ջա­նին:

Պար­գե­ւատ­րու­թիւն­նե­րը հիմն­ուած են ըստ ան­հա­տին գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեան Հայ հա­մայն­քէն ներս, նիւ­թա­կան պէտ­քին եւ ակա­դե­մա­կան կա­տա­րե­լա­գործ­ման: Նպաս­տըն­կա­լը պէտք է ըլ­լայ ծա­գու­մով Հայ եւ ար­ձա­նագր­ուած ու­սում­նա­րան կամ հա­մա­լիր Ամե­րի­կա­յի մէջ: Այս տա­րի Հ.Օ.Մ.-ը պար­գե­ւատ­րեց 24 աշա­կերտ­ներ 9 տար­բեր նա­հանգ­նե­րէ աւե­լի քան 24,000.00 տո­լա­րի գու­մա­րով մը:

Հ.Օ.Մ.-ի Ու­սում­նա­կան հիմ­նադ­րա­մը գո­յա­ցած է շատ մը բա­րե­րար­նե­րու առա­տա­ձեռն նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով, որոնք օժ­տած են Հ.Օ.Մ.-ը նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րով նպաս­տե­լու Հայ աշա­կերտ­նե­րուն աւե­լի քան երե­սուն տա­րի­ներ:

Առա­ւել, Հ.Օ.Մ.-ի Ճորճ եւ Պէաթ­րիս Լա­զար­եան հիմ­նադ­րա­մը կրթան­պաստ հայ­թայ­թած է հա­րիւ­րա­ւոր ար­ժա­նա­վա­յել Հայ աշա­կերտ­նե­րու:

Հ.Օ.Մ.-ը հիմն­ուած 1910-ին, ան­շա­հախն­դիր, բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, կազմ­ուած Հայ անձն­ուէր ան­ձե­րէ, որոնք ճիգ եւ ժա­մա­նակ չեն խնա­յեր թի­կունք կանգ­նե­լու Հայ Ժո­ղո­վուր­դին ու­սում­նա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան պէտ­քե­րուն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն վրայ: Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Հ.Օ.Միու­թիւնը ու­նի 32 մաս­նա­ճիւ­ղեր, ան­դամ­նե­րու ընդ­հա­նուր թիւ ու­նե­նա­լով 1200:

Կրթան­պաստ­նե­րու ու­ղե­ցոյցն ու դի­մում­նագ­րե­րը կա­րե­լի է հա­մա­կար­գի­չի վրայ Հ.Օ.Մ.-ի Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի կայ­քէ­ջէն տպել www.arseastusa.org

Դի­մում­նագ­րեր կա­րե­լի է ստա­նալ նա­եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գրա­սեն­եա­կին հետ կապ պա­հե­լով 80 Bigelow Ave., Suite 200, Watertown, MA

Դի­մում­նագ­րե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ժամ­կէտն է Ապ­րիլ 1.

 

Լա­զար­եան Աւար­տա­կա­նի կրթան­պաստ ստա­ցող­ներ

Լի­զա Կի­րա­կոս­եան, Ալեք­սանտր Պետ­րոս­եան, Տի­միթ­րի Պետ­րոս­եան, Անի Մկրտիչ­եան, Թա­լին Ապ­րիմ­եան, Անի Նալ­պանտ­եան, Ար­մէն Սա­հակ­եան, Վա­չէ Թո­մաս­եան, Գա­յիա­նէ Հա­պէշ­եան եւ Լի­զա Կի­րա­կոս­եան:

 

Նա­խաԱւար­տա­կա­նի կրթան­պաստ ստա­ցող­ներ

Ռե­բե­կա Շահ­վերտ­եան, Նա­րեկ Տշգուն­եան, Սե­ւան Մար­կոս­եան, Ին­նա Միր­զոյ­եան, Մա­րի­նէ Յով­սէփ­եան, Սա­նան Փա­նոս­եան, Վա­րագ Պա­րոն­եան, Նի­քոլ Չուլճ­եան, Լո­րի Գոր­գո­տոր­եան, Արէն Տա­պաղ­եան, Մար­ի­ամ Կա­րունց, Խա­չիկ Արս­լա­նօղ­լու, Մար­իա Եղ­իա­զար­եան եւ Լու­սին Եղ­իա­զար­եան:

 

Ստո­րեւ, այս ժո­ղո­վին առ­թիւ կա­տար­ուած վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ար­դիւնք­նե­րը.-

1st Prize  Dell Inspiron 17.3 Laptop Computer

              Ticket # 01199 Mr. Zak Keshishian, NJ

2nd Prize 2013 AYF Olympics Package in Washington, DC

                (3 Nights Stay at Capital Hotel with 2 Hye Passes)

              Ticket#01740 Ungh Karinh Gregos, PA

3rd Prize 14kt. Gold Armenian Cross with Chain

              Donated by Mr. and Mrs. David and Ani Attar

              Ticket#01815 ARS Ani Chapter members, RI

4th Prize    Apple iPad Mini

                   Ticket #00121 Mr. Ghazaros Kerjilian, NY

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles