ԵՒ ԲԱՑ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ԱՐ­ՇԱ­ԼՈՅՍՆ ԱՅԴ ՎԱ՞Ռ…

0 0
Read Time:5 Minute, 8 Second

p3 nayiri  ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

 

Երե­ւան­եան ար­շա­լոյ­սը յու­սադ­րող ու ամ­րապն­դող է այս օրե­րուն… յաղ­թա­նա­կած երի­տա­սար­դու­թիւն, հիմ­նա­ւոր­ուած նոր պա­հանջ­ներ, պայ­քա­րի նոր հանգր­ուան…

Եւ Բաց­ուե­ցաւ Ար­շա­լոյսն Այդ Վա՞ռ…

Քա­ղա­քա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու ու­ղե­վար­ձի բարձ­րա­ցու­մը կա­սեց­նե­լու հեր­թա­կան փո­շի փչե­լով աչք փա­կե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, այս ան­գամ չան­ցաւ. երի­տա­սար­դու­թիւնը հիմ­նա­ւոր­ուած նոր պա­հանջ­ներ ներ­կա­յա­ցուց եւ ան­ժամ­կէտ նստա­ցոյ­ցով կը շա­րու­նա­կէ իր սկսած պայ­քա­րը…

Երե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րու գոյնզ­գոյն ծա­ղիկ­նե­րը այ­լեւս վար­դա­գոյն ու խա­փու­սիկ ծած­կոյթ մը չեն կրնար ըլ­լալ բնակ­չու­թեան հո­գե­րուն եւ բա­զում դժուա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար…Չա­փէն աւե­լի տե­ղադր­ուած նստա­րան­նե­րը “հանգս­տա­նա­լու“ մի­ջոց մը չեն երի­տա­սար­դու­թեան, որուն համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը լեց­ուած է. այ­լեւս անոնք կը հասկ­նան, որ այդ ծա­ղիկ­նե­րը կը ջրուին ար­տա­գաղ­թած բնա­կիչ­նե­րու դա­տարկ մնա­ցած տու­նե­րու ջու­րին հաշ­ւոյն, իսկ նստա­րան­նե­րը որ­քան շատ` այն­քան “ու­տե­լու“ մի­ջո­ցը շատ: Անոնք կը տես­նեն, որ խցկուած եր­թու­ղա­յին­նե­րու հաշ­ւոյն, կող­քէն անց­նող յայտ­նի ու թան­կար­ժէք մե­քե­նա­նե­րու տէ­րե­րը հա­սած են այն բո­լո­րին` ինչ ու­նին այ­սօր, որ քա­ղա­քի կեդ­րո­նի բարձ­րա­յարկ շէն­քե­րը սլա­ցած են ճզմե­լով ու ջնջին գու­մա­րի հա­տու­ցու­մով վտա­րե­լէն ետք սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը…

Ար­շա­լոյ­սի առա­ջին շո­ղե­րը բաց­ուած է քա­ղա­քա­մայր Երե­ւա­նի մէջ եւ եթէ անոնք օրէ­օր հզօ­րա­նան, պի­տի ճեղ­քեն բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րը` հաս­նե­լով մօ­տա­կայ գիւ­ղէն մին­չեւ սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղակ­ներ` միմ­իայն լու­սա­ւո­րե­լու ու շէնց­նե­լու հա­մար… որով­հե­տեւ այս եր­կի­րը մեր տես­լա­կա­նի ԵՐ­ԿԻ­Րը դառ­նա­լու հա­մար, մեծ կա­րիք ու­նի լոյ­սի  ու թթուա­ծի­նի, զորս անոր կրնայ շնոր­հել պայ­ծա­ռա­միտ ու ստրկամ­տու­թե­նէ հե­ռու երի­տա­սար­դու­թիւնը, երի­տա­սար­դու­թիւն, որուն հա­մար եր­կի­րը լաւ է, եթէ լաւ են բո­լո­րը` կամ գո­նէ զգա­լի մա­սը, երի­տա­սար­դու­թիւն, որ եսա­կեդ­րոն չէ, երի­տա­սար­դու­թիւն, որ պայ­ծա­ռա­միտ է…

Նստա­ցոյ­ցը կը շա­րու­նակ­ուի…

* * *

…Այլ ար­շա­լոյս մըն է այ­սօր Երե­ւա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի թա­տե­րա­կան սրա­հէն ներս, խումբ մը պա­տա­նի­ներ, իրենց ջան­քե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն Լիզ­պո­նի հին­գին նուիր­ուած փի­էս մը. անոնք դե­րա­սա­նա­կան վար­պե­տու­թիւն չու­նին: Անի­կա իրենց կեան­քի առա­ջին փորձն է, սա­կայն ոգե­շունչ ապ­րում­նե­րով անոնք` Արա­յի, Սա­գո­յի, Սեդ­րա­կի, Վա­չէի եւ Սի­մո­նի ոգին կը փո­խան­ցեն այն­պէս, որ ես հան­դի­սա­տե­սի աթո­ռին նստած զգա­ցի այն հզօր “ապ­տա­կը“ զորս անոնք հաս­ցու­ցին այն չստաց­ուած ոս­տի­կա­նին, որ ցոյ­ցե­րուն մաս­նակ­ցած հայ­րե­նա­դար­ձի մը ըսած էր` գնա՛ քո երկ­րում պայ­քա­րի… Հա­ճե­լին այն էր նա­եւ, որ պա­տա­նի­նե­րէն ոմանք արե­ւե­լա­հա­յե­րէն կը խօ­սէ­ին, ոմանք արեւմ­տա­հա­յե­րէն, ոմանք արե­ւե­լամ­տա­հա­յե­րէն, սա­կայն բո­լո­րը կը խօ­սէ­ին հայ­րե­նիք չտե­սած, սա­կայն հայ­րե­նի­քի հա­մար անձ­նա­զո­հու­թեան գա­ցած սփիւռ­քա­հայ երի­տա­սարդ­նե­րուն մա­սին… այդ բո­լո­րին մէջ կար Հա­յաս­տան-Սփիւռք ցայ­տուն մի­աս­նու­թիւն մը…

* * *

…Այ­սօր լու­սա­շող այլ ար­շա­լոյս է… շող, որ Երե­ւա­նէն կը հաս­նի մօ­տա­կայ առա­ջին գիւ­ղը… Պռոշ­եա­նի գիւ­ղա­պե­տա­րա­նի բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րը պի­տի հրա­ժա­րին իրենց պաշ­տօն­նե­րէն` յա­նուն ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջի, անոնք ո՛չ պի­տի ըսեն անար­դա­րօ­րէն ընտր­ուած գիւ­ղա­պե­տի հետ աշ­խա­տե­լուն, պի­տի պա­հան­ջեն իրենց նախ­կին գիւ­ղա­պե­տի սպա­նու­թեան բա­ցա­յա­տումն ու ազ­գի դա­ւա­ճան հա­մա­րուող իս­կա­կան մար­դաս­պա­նի պա­տի­ժը… անոնք ալ ակն­յայ­տօ­րէն կը տես­նեն, որ սպա­նու­թեամբ աթո­ռին հաս­նի­լը կոր­ծա­նա­րար երե­ւոյթ է հայ­րե­նի­քի հա­մար…

* * *

Կ՛ու­զէի յա­ջորդ ար­շա­լոյ­սի շո­ղե­րը ըլ­լա­յին այն­քան վառ եւ մեր ցա­սու­մը ըլ­լար այն­քան հուժ­կու, որ դառ­նար օգ­նու­թեան լաստ մը, զոր կրնա­յինք հասց­նել յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն… շրջա­փա­կում, առե­ւան­գում, մօր սպա­նու­թիւն զա­ւակ­նե­րու եւ ամուս­նոյն աչ­քին առ­ջեւ… իսկ մենք … միայն կ՛աղօ­թենք ու կ՛ող­բանք… կամ կը խօ­սինք հա­սած ու չհա­սած նիւ­թա­կան չնչին օգ­նու­թիւն­նե­րու մա­սին…

 

“Եռա­գոյն“

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles