ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՄԷՋ.- ԼԻԶ­ՊՈ­ՆԻ ՀԻՆ­ԳԵ­ՐՈՒ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻ ՈԳԵ­ԿՈ­ՉՈՒՄ

0 0
Read Time:10 Minute, 6 Second

p7 lisbon yerevan  Հ.Յ.Դ. պա­տա­նե­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ‘ Երե­ւա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի Թա­տե­րաս­րա­հէն ներս ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Լիզ­պո­նի հին­գին նուիր­ուած կտոր մը, որուն հե­ղի­նակն է, միու­թեան ան­դամ Թա­մար Գաս­պար­եան:

Մէկ ամիս առաջ ըն­կեր­նե­րով զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ, անոնք որո­շած են իրենց ներդ­րու­մը ու­նե­նալ, հայ հինգ նուիր­եալ երի­տա­սարդ­նե­րու հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան 30-ամ­եա­կը յի­շա­տա­կե­լու գոր­ծին մէջ:p7 lisbon armenia_

Թա­մար Գաս­պար­եան ներ­կա­յա­ցու­ցած էր հե­րոս­նե­րու հո­գե­վի­ճա­կը, անոնց մտո­րում­նե­րը: Քննար­կե­լու ժա­մա­նակ որոշ­ուած չէր, որ ինք պի­տի գրէ սե­նա­րը, սա­կայն քննար­կու­մէն տպա­ւոր­ուած` եկած է տուն եւ վեր­ցու­ցած թուղթն ու գրի­չը,- Նրանք կռուե­ցին եւ զոհ­ուե­ցին յա­նուն Հայ Դա­տի: Ես ներ­կա­յաց­րել եմ, թէ են­թա­գի­տակ­ցօ­րէն ինչ­պէս են հրա­ժեշտ տա­լիս իրենց հա­րա­զատ­նե­րին,- ըսաւ Թա­մար Գաս­պար­եան:

Երի­տա­սարդ­նե­րու հետ աշ­խա­տան­քէն ոգե­ւոր­ուած է նա­եւ դե­րա­սա­նու­հի Արե­ւիկ Սանթ­րոս­եան, որ ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րիչն է: Ան նշեց, թէ այս կտո­րը գրուած էր սրտով, յու­զիչ, տպա­ւո­րիչ երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րով: Որոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ եղած են, եւ իբ­րեւ ար­դիւնք` պատ­րաստ­ուած է այն­պի­սի ներ­կա­յա­ցում, որուն մի­ջո­ցով հան­դի­սա­տե­սը մտո­վի կրնայ տե­ղա­փոխ­ուիլ երե­սուն տա­րի­ներ:

Այս թե­ման հա­րա­զատ է այս երի­տա­սարդ­նե­րին, քա­նի որ իրենք էլ են Հայ Դա­տի շա­րու­նա­կո­ղը,- ըսաւ Արե­ւիկ Սանթ­րոս­եան:

Պա­տա­նի­նե­րը, իրենց ան­կեղծ ու պա­տաս­խա­նա­տու մօ­տե­ցու­մով Լիզ­պո­նի հին­գի ոգին փո­խան­ցե­ցին հան­դի­սա­տե­սին:

Հայ­րե­նա­սի­րա­կան մեծ ոգի ու եռանդ փո­խան­ցեց նա­եւ “Ակունք“ խում­բը` իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով:

Գու­սան Հայ­կա­զու­նը հնչե­ցուց նոր երգ` նուիր­ուած Լիզ­պո­նի 5ին:

Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան միու­թեան վա­րիչ մարմ­նի ատե­նա­պետ Սի­մոն Գա­ֆալ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, որոնք գնա­հա­տե­ցին պա­տա­նի­նե­րու տա­րած աշ­խա­տան­քը` եւ կոչ ուղ­ղեց, որ անոնք իրենց զա­ւակ­նե­րը վստա­հին Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան միու­թեան, որ մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի լաւ սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու հա­մար: Ապա ան բեմ հրա­ւի­րեց հիւ­րա­բար Հա­յաս­տան գտնուող Հ.Յ.Դ.-ի գոր­ծիչ, սփիւռք­եան շարք մը թեր­թե­րու նախ­կին խմբա­գիր Խա­ժակ Մկրտիչ­եա­նը (նա­եւ “Հայ­րե­նիք“ի), որ իր կար­գին փո­խան­ցէ օր­ուան խոր­հուր­դը:

Մեր գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժու­մը հիմն­ուած է յա­րա­տեւ կռիւ եւ յա­րա­տեւ պայ­քար հա­մո­զու­մին վրայ: Այդ հա­ւատ­քին եւ նշա­նա­բա­նին ամե­նա­վառ ապա­ցոյցն է Լիզ­պո­նի նա­հա­տա­կու­թեան օրի­նա­կը, որ մեր խո­րին հա­մոզ­մամբՍու­լու­խի կռիւին մէջ նա­հա­տակ­ուած Գէ­որգ Չա­ւու­շի հո­գին էր, որ յա­րու­թիւն կ՛առ­նէր Լի­բա­նա­նի մէջ եւ իր մար­տա­կան գա­ղա­փա­րա­կան օրի­նա­կով կը սնա­նէր Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րը, որոնք դի­մե­ցին ինք­նա­զո­հու­թեան եւ նուի­րու­մի` յա­նուն մեր նուի­րա­կան դա­տին: Նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ` Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րուն օրի­նա­կը յա­րու­թիւն կ՛առ­նէր Ար­ցա­խի մէջ, եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ Կա­րօտ Մկրտիչ­եա­նի եւ իր զի­նա­կից­նե­րուն Պե­տո­յի եւ Հրա­չի ամե­նա­սի­րած երգն էր Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րուն նուիր­ուած եր­գը: Մենք կը հա­ւա­տանք, որ Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րուն հո­գին յա­րու­թիւն առաւ Ար­ցա­խի մէջ եւ ոգե­ւո­րու­թեամբ եւ գա­ղա­բա­րա­պաշ­տու­թեամբ սնա­նեց մեր ազա­տա­մար­տիկ­նե­րը, որոնք նուա­ճե­ցին Ար­ցա­խի յաղ­թա­նա­կը եւ նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ` հա­մոզ­ուած ենք, որ Թա­թուլ Կրպէյ­եան­նե­րու, Կա­րօտ Մկրտչեան­նե­րու, Հրաչ Մու­րատ­եան­նե­րու եւ Պե­տօ Ղե­ւոնդ­եան­նե­րու հո­գին օր մը ան­պայ­ման յա­րու­թիւն պի­տի առ­նէ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջհաս­նե­լու հա­մար գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժու­մի` Հ.Յ.Դ. վախ­ճա­նա­կան նպա­տա­կին, կա­ռու­ցե­լու հա­մար ազատ ան­կախ եւ մի­աց­եալ Հա­յաս­տան, յայտ­նեց Մկրտիչ­եան:p7  lisbon yerevan 2

Նա­եւ, Յու­լիս 26-ի երե­կոյ­եան կա­տար­ուած էր մո­մա­վա­ռու­թիւն: Հ.Յ.Դ.-ի երի­տա­սարդ­նե­րը քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րէն քայ­լար­շաւ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին դէ­պի Օփե­րա­յին կից գտնուող Կա­րա­պի լիճ, այ­նու­հե­տեւ շար­ժե­ցան դէ­պի Կո­մի­տա­սի յու­շար­ձան: Այն­տեղ կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ Լիզ­պո­նի մէջ նա­հա­տակ­ուած երի­տա­սարդ­նե­րուն նուիր­ուած ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն, ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թեան արա­րո­ղու­թիւն: Յու­լիս 27-ին, Երե­ւա­նի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեցի­ին մէջ կա­տար­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն:

Հա­յաս­տա­նի երի­տա­սար­դու­թիւնը եւ ընդ­հան­րա­պէս հան­րու­թիւնը բա­ցար­ձա­կա­պէս ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն ու­նին Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին: Միայն Հ.Յ.Դ. պա­տա­նի­նե­րը, երի­տա­սարդ­նե­րը եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­մի­ջա­կան հա­մա­կիր­ներն են, որոնք լա­ւա­պէս ծա­նօթ են դէպ­քին: Այս իմաս­տով անց­եալ տա­րի Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւնը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պեց ձեռ­նարկ մը` նուիր­ուած Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թեան, Կո­մի­տա­սի այգի­ին մէջ: Այս ձեռ­նար­կը իր կար­գին որոշ չա­փով նպաս­տեց դէպ­քի ծա­նօ­թաց­ման, մաս­նա­ւո­րա­բար` այդ շրջա­նէն անց­նող­նե­րուն մօտ:

Այս նպա­տա­կով է, որ  Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մար­մի­նը յա­ռա­ջա­ցուց Լիզ­պո­նի յա­տուկ յանձ­նա­խումբ: Ասոր կող­քին, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւնն ալ, իր կար­գին, յա­ռա­ջա­ցուց Լիզ­պո­նի յա­տուկ յանձ­նա­խումբ` ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար վե­րո­յիշ­եալ յանձ­նա­խում­բին գոր­ծը:

Այս զոյգ յանձ­նա­խում­բե­րը առա­ջին հեր­թին հան­դի­պե­ցան Պռոշ­եա­նի գիւ­ղա­պետ, վեր­ջերս անարգ ոճի­րի զոհ գա­ցած Հրաչ Մու­րատեա­նին հետ, գիւ­ղին մէջ Լիզ­պո­նի նուիր­ուած յու­շա­կո­թող մը կա­ռու­ցե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ: Ընտր­ուած էր Պռոշ­եա­նը, որով­հե­տեւ այդ գիւ­ղին մէջ թաղ­ուած են ար­ցախ­եան ազա­տա­մար­տիկ­ներ, որոնց կար­գին` Պե­տոն, ինչ­պէս նա­եւ այդ­տեղ կայ ան­հետ կո­րած Կա­րօ­տին ար­ձա­նը: Պռոշ­եա­նի պան­թէ­ո­նի կող­քին պի­տի կա­ռուց­ուէր Լիզ­պո­նի մար­տիկ­նե­րուն նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղը: Իսկ պան­թէ­ո­նին ետե­ւը պի­տի կա­ռուց­ուէր ոչ միայն Լիզ­պո­նի, այլ նա­եւ մնաց­եալ բո­լոր ազա­տա­մար­տիկ­նե­րուն նուիր­ուած թան­գա­րան: Թան­գա­րա­նէն մաս մը պի­տի յատ­կաց­ուէր Կա­րօ­տի, Պե­տո­յի եւ Պռոշ­եան­ցի այլ ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու. այն­տեղ պի­տի ցու­ցադր­ուէ­ին տղոց զի­նուո­րա­կան տա­րազ­ներն ու այլ իրե­րը: Թան­գա­րա­նէն մաս մըն ալ պի­տի տրա­մադր­ուէր Լիզ­պո­նի տղոց: Թան­գա­րա­նը նա­եւ պի­տի ու­նե­նար սրահ մը` 100-120 հոգիի հա­մար, որ­պէս­զի այդ­տեղ կա­րե­լի ըլ­լար կազ­մա­կեր­պել դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, սե­մի­նար­ներ, տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ: Այս­պէս, թան­գա­րա­նը կը վե­րած­ուէր մշտա­պէս օգ­տա­գոր­ծուող ուխ­տա­տեղիի: Նախ­քան Հրաչ Մու­րատ­եա­նի սպա­նու­թիւնը` աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն իսկ սկսած էին:

Լիզ­պո­նի յա­տուկ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն Սի­մոն Գա­ֆալ­եան մատ­նան­շեց դէպք մը. այդ շրջա­նին Եր­կիր Մետ­իա պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը հա­ղոր­դում մը ու­նէր Պռոշ­եա­նի ( Այս գծով կար­դալ Վ. Բրուտ­եա­նի Առա­ւօտի խա­ւա­րամ­տու­թեան մա­սին յօդ­ուա­ծը, ուր աւե­լի ման­րա­մաս­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­ուի հար­ցը) վե­րա­բեր­եալ. այդ հա­ղոր­դու­մին ըն­թաց­քին, երբ Հրաչ Մու­րատ­եա­նին հարց կու տան ապա­գայ ծրա­գի­րե­րու մա­սին, ան կ՛անդ­րա­դառ­նայ շրջա­նի թան­գա­րա­նին եւ Լիզ­պո­նի տղոց նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղին մա­սին: Քա­նի մը օր ետք Հրաչ Մու­րատ­եան հե­ռա­ձայն կը ստա­նայ թեր­թի խմբա­գի­րէ մը, որ կը հարց­նէ, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է առանց Պռոշ­եան­ցի ազա­տա­մար­տիկ­նե­րուն ծնող­նե­րուն հարց­նե­լու իրենց պան­թէ­ո­նին մօտ մի­ջազ­գա­յին տե­ռո­րիստ­ներու նուիր­ուած յու­շա­կո­թող կանգ­նեց­նել: Բա­ւա­կան սուր խօ­սակ­ցու­թիւն տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Հ. Մու­րատ­եա­նի եւ խմբա­գի­րին մի­ջեւ: Աւե­լի ուշ Սի­մոն Գա­ֆալ­եան կ՛այ­ցե­լէ խմբա­գի­րին եւ կը բա­ցատ­րէ, թէ Ար­ցախ­եան ազա­տա­մար­տիկ­նե­րուն` Պե­տո­յի, Կա­րօ­տի պատ­րաս­տու­թեան շրջա­նին անոնք իբ­րեւ օրի­նակ կ՛ու­նե­նա­յին Լիզ­պո­նի մար­տիկ­նե­րուն ոգին ու անձ­նա­զո­հու­թիւնը` այլ հե­րոս­նե­րու օրի­նա­կին կող­քին: Եւ այս­տեղ ար­դէն խմբա­գի­րը կ՛ըն­դու­նի, որ սխա­լած է, որ ինք տեղ­եակ չէ եղած, պար­զա­պէս հա­մա­ցան­ցէն ստա­ցած է իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը: Այս­պէս, խմբա­գի­րը ու ընդ­հան­րա­պէս հա­սա­րա­կու­թիւնը տեղ­եակ չեն եւ եր­բեմն սխալ կար­ծիք կը կազ­մեն Լիզ­պո­նի դէպ­քին մա­սին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles