Աւազանի անունով Խորէն, ծնած է 1923, Մայիս 23ին, պատմական Եդեսիոյ (Ուրֆա) Կարմուճ գիւղը:
Հազիւ երեք ամսու՝ ծնողաց Ենովք ու Վարդուհի Յակոբեաններու հետ, փոխադրուած են Հալէպ, ապա Սուրիոյ գիւղաքաղաքներէն Արաբ-Փունար, ուր յաճախած է տեղւոյն Ազգային Խրիմեան Նախակրթարանը, որուն ընթացքը աւարտած է 1936ին:
Եօթը տարեկանին սկսած է յաճախել տեղւոյն Սբ. Աստուածածին Եկեղեցին:
1936ին հօրը կանխահաս մահէն վերջ, փոխադրուած են Հալէպ, ուր պատանի Խորէն, երկու տարի յաճախած է Կիւլպէնկեան արհեստից վարժարանը, ուսման հետ սորվելով նաեւ ատաղձագործութիւն:
Վկայուած է 1941ին:
Երիտասարդ Խորէն միշտ՝ մօտէն հետաքրքրուած է ազգային, եկեղեցական, մարզական, մշակութային եւ թատերական հարցերով:
1940-1953, յաճախած է Հալէպի արուարձաններէն Նոր Գիւղի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ մաս կազմած է Դպրաց Դասին:
1946ին Հալէպի Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ Խորէն դպիր կը ձեռնադրուի հոգելոյս Տոհմունի սրբազանին ձեռամբ:
1947ին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, կÿարժանանայ Ուրար կրելու իրաւունքին, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Զարեհ Փայասլեանի: (Յետագային Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):
1953ին ընտանիօք կը փոխադրուին Լիբանան, եւ կը հաստատուին Պէյրութի արուարձաններէն Հատէտ:
1954ին հազիւ նոր ամուսնացած հայ կնոջ աւանդական առաքինութիւններով օժտուած Քեսապցի Զուարթ Թրթռեանի հետ, Հալէպ կը կանչուի տեղւոյն ազգային մարմիններուն եւ Թեմիս Առաջնորդ Գեր. Տ. Զարեհ Սբ. Եպիսկոպոսի (յետագային Կաթողիկոս) կողմէ:
Խորէն ընդառաջելով Բերիոյ Թեմի Գաւառական ու Կրօնական Ժողովներու պաշտօնական հրաւէրին 1956 Յուլիս 7ին, կը ձեռնադրուի կիսասարկաւագ, Սարկաւագ եւ Յուլիս 8ին Վարդավառի Պայծառակերպութեան տօնին քահանայ կը ձեռնադրուի Պէյրութի Սբ. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի Առաջնորդ Գեր. Տ. Խորէն Սբ. Եպիսկոպոսին, (յետագային Կաթողիկոս) եւ խարտավիլակութեամբ Հոգ. Կ. Գարեգին Ծ. վարդապետ Սարգիսեանի (յետագային Աթոռակից Կաթողիկոս ապա Կաթողիկոս եւ ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) վերամկրտուելով «Թորգոմ» անունով:
1956ին Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի հրահանգով, կը մեկնի Հիւսիսային Սուրիա, իբրեւ հովիւ Հասիչէի եւ շրջակայից, միաժամանակ երկու տարի կը վարէ Հասիչէի Ազգային Վարժարանի տնօրէնութիւնը նաեւ դասաւանդելով կրօն ու հայոց պատմութիւն:
1959 Յունուարին, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գեր. Խորէն Սրբազանի հրաւէրով, կը վերադառնայ Պէյրութ, անկէ մեկնելու համար Միացեալ Նահանգներ:
Վիզայի ուշացման պատճառով, Առաջնորդ Հօր որոշումով, լման մէկ տարի հովուական պաշտօն կը ստանձնէ Թիրօ Քէմբի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ:
1960 Մարտ 8ին երէցկնոջ Զուարթին եւ իրենց երկու փոքր դուստրերուն՝ Ծովիկին եւ Նուշիկին հետ կը հասնին Ամերիկա ու Ազգային Առաջնորդարանի կարգադրութեամբը հովուական պաշտօն կը ստանձնէ Սիրաքիւզի, Թրոյի, Նիակարա Ֆոլզի եւ Պինկհամբթընի շրջանը:
1961 Նոյեմբերին անոնք կը բախտաւորուին երրորդ աղջիկ զաւակով մը Սօնիկ, Սիրաքիւզի մէջ:
1962 Օգոստոս 4ին, Թեմիս Առաջնորդ հոգելոյս Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի եւ Ազգային Կեդր. Վարչութեան պաշտօնական հրաւէրով, Տ. Թորգոմ կը փոխադրուի Պոսթըն, ստանձնելու համար Ուաթըրթաունի Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովուութիւնը, զոր վարեց ամբողջական նուիրումով ու հաւատքով 33 երկար տարիներ, մինչեւ իր փափաքով հանգստեան կոչուիլը:
Տ. Թորգոմ 1963-1967 եւ 1969-1976 մաս կազմած է Ազգային Կեդրոնական եւ Կրօնական մարմիններուն:
1977 Մայիս 22ին իբրեւ ընտրեալ պատգամաւոր Թեմիս Երեսփոխանական Ժողովի կողմէ, մասնակցեցաւ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան:
1982 Մարտին, Անթիլիաս, Լիբանան մեկնեցաւ, ներկայ գտնուելու երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի թաղման:
Տ. Թորգոմ Աւ. քհնյ. Յակոբեանի Քահանայագործութեան երկար տարիներու ծառայութեան շրջանին, Տ. Թորգոմին առջեւ ցցուեցաւ «մարտահրաւէրներ»:
Երկու յոյժ կարեւոր ծրագիրներու մէջ մանաւանդ, Տ. Թորգոմ մղիչ հանդիսացաւ եւ շնորհիւ իր ունեցած զօրաւոր հաւատքին եւ հետեւողական ճիգերուն, այսօր՝ Մեծագոյն Պոսթընի մէջ կան, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական համալիրը եւ Սբ. Ստեփանոս Ազգային Ամէնօրեայ Նախակրթարանը իր մանկամսուրով:
Տէր Թորգոմ Աւ. քհնյ. Յակոբեան, երբեք չմոռցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական Ս. Աթոռը եւ ընդառաջելով մեր վեհափառ հայրապետներու խնդրանքներուն յաջողեցաւ գտնել Միւռոնօրհնութեան կնքահայր 1965ին, Անթիլիաս ուղարկած է 5 փոխադրակառքեր երթեւեկութեան համար, «Նարեկ» աղօթամատեանի տպագրութեան համար՝ մեկենաս, բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար հոգեւորականներու ուսման ծախսերուն՝ 5 բարերարներ:
Կաթողիկոսարանի թանգարանին նուիրած է մագաղաթեայ ձեռագիր «Շարակնոց» մը, երկու հնատիպ Աւետարաններ, մէկը արծաթապատ, իսկ միւսը՝ կաշեպատ նաեւ կոնդակներու արծաթեայ պահպանակ:
Տէր Թորգոմի աշխատանքներուն արդիւնաւորումը կը տեսնենք այսօր՝ երբ 7 երեխաներով ծնունդ առաւ մանկամսուրը թէ որպէս քանակ (200 աշակերտ այժմ) եւ թէ որպէս որակ, որ պատիւ կը բերէ Պոսթոնահայութեան:
Տէր Թորգոմ իր անձին եւ գործունէութեան շուրջ ստեղծած համակրանքով արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խոր գնահատանքին:
Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ ստացած է «լանջախաչ» կրելու իրաւունք 1963ին, Աւագութեան աստիճան 1976ին եւ «Ծաղկիայ» փիլոն 1978ին:
Հանգստեան կոչուելէ ետք, Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի հրամանաւ Տ. Թորգոմ այցելեց Թեմիս զանազան եկեղեցիները պատարագելու եւ քարոզելու: Սրբազան Հօր որոշումով ժամանակաւոր հովիւ եղաւ եւ վարեց Ուայթնզվիլի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուութիւնը:
50 երկար տարիներու ծառայութեան ընթացքին Տ. Թորգոմի անխախտ համոզումը միշտ եղած է որ քահանային հիմնական կոչումը ծառայութիւն է իր եկեղեցիին ու իր ազգին: