ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
Արեւելեան Ամերիկայի Թեմիս Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Հոգեւորականաց Դասը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր, 2009-ին, Պոսթընի մէջ:
Վախճանեալ Տէր Հօր Տան Կարգը կատարուեցաւ Երեքշաբթի Սեպտեմբեր 8, 2009-ին, ապա յաջորդ օր՝ Սեպտեմբեր 9-ին, վերջին Օծման Կարգը տեղի ունեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ:
Թաղումը տեղի ունեցաւ Քէյմպրիճ Մեսեչուսէցի Մաունթ Օպըրն գերեզմանատան մէջ: Թաղումէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Տան Կարգի եւ Թաղման արարողութեանց մասնակցեցան Գանատայի ԹեմիՆերկայացուցիչը եւ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը:
Յանուն Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն, եկեղեցական ու ազգային մարմիններուն եւ համօրէն հաւատացեալ ժողովուրդին, խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք լուսահոգի Տէր Հօր երէցկնոջ, դուստրերուն եւ բոլոր հարազատներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՄԱՀԱԶԴ
Պոսթընի »Սարդարապատ« Կոմիտէն կը գուժէ մահը, տարիներ շարունակ Սուրբ Ստեփանոս (Ուաթըրթաուն) եկեղեցւոյ ծառայած՝
Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆի
որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 3, 2009-ին:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
»Հայրենիք« Շաբաթաթերթը կը գուժէ մահը հաստատութեանս մօտիկ բարեկամ՝ Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆի եւ իր խոր ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ ընտանեկան պարագաներուն:
ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ՝ ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ
ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Երբ հեռանում են մարդիկ աշխարհից,
Ու երբ վառւում են բուրվառներն խնկի,
Զանգերն են հնչում տխուր շարական,
Թախիծն է պատում խոհերով անձայն:
Երբ մահանում են մարդիկ աշխարհում,
Ու երբ հաւատի մոմերն են վառւում,
Իշխող անցեալի յուշերով բուրեան,
Նրանց գոյութեան լոյսն է վեր յառնում:
Յիշւում են նրանք անստուէր շողով,
Վճիտ, աներկիւղ, խոյացումներով,
Ուրոյն ինքնութեամբ, վեհաշուք պատուով,
Ապրում են յաւերժ՝ փառքի ճաճանչով:
ԱՒԻԿ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ