ԲԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերամուտ է դարձեալ: Ամրան քանի մը ամիսներու վրայ համրուած արձակուրդէն ետք, հայ թէ օտար բոլոր վարժարանները կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ արդէն իսկ սկսած են մտնել ուսումնական նոր տարեշրջանի մը հունին մէջ:
Վերամուտ է: Կը զգանք զայն եւ կը տեսնենք: Ու մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ, ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք, անկասկած, որ այս մէկը ժամանակաշրջան մըն է իր բազմատեսակ հոգերով եւ մտատանչումներով, որոնք շրջանակուած են ներկայ մեր ապրած կեանքի իրավիճակէն եւ յատկապէս գործի ու մանաւանդ ապրուստի սղութենէն ծնունդ առած զանազան դժուարութիւններով:
Այլ խօսքով, բոլորիս համար բացայայտ է, թէ կþապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց բաւականին ծանր եւ բացասական անդրադարձներէն բոլորս ալ անմասն չենք կրնար մնալ:
Ու մենք մեզի կը փորձենք մտածել, թէ այս օրերուն, իբրեւ Սփիւռքահայ կամ անոր մէկ բաժինը, ինչպէ՞ս առանց հայ դպրոցի պիտի կարենայինք կամ աւելի ճիշդ պիտի կարենանք մեր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահելով՝ գոյատեւել:
Կարգ մը այլ անխուսափելի հարցերու կողքին այս մէկն ալ նոյն է իր գոյնով եւ տեսքով, որովհետեւ իր իսկ էութեամբ հայեցի բազմակողմանի եւ բազմաշերտ մեր ըմբռնումները լուրջ քննարկումի կÿենթարկէ:
Նախ պարզենք, որ իբրեւ հայ երբեք կասկած չունինք, որ մեր ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարաններէն: Եւ աւելին՝ մեզի համար հայ դպրոցը իմաստաւորողը ինքը, հայ ուսուցիչն է, մեզի շատ քաջածանօթ հայ կրթական համեստ մշակը: Ան է, որ մեր բոլորին մօտ ան ունի իր իւրայատուկ յանձնառութիւնը, յարգանքն ու սէրը, տեղը, դիրքն ու առաքելութիւնը եւ որ չի սահմանափակուիր պարզ կամ սոսկ հայեցի դաստիարակութեան սահմաններուն մէջ:
Ուստի, երբ ամէն անգամ հայ դպրոցի մասին է մեր խօսքը, անմիջապէս մեր աչքին առջեւ կը մարմնաւորուի հայ ուսուցիչը՝ մէկ խօսքով մեր ազգի նոր սերունդը առաջնորդող պատասխանատու անձը: Ոչ մէկ կասկած՝ իր այս սրբազան առաքելութեան:
Հայ դպրոց եւ հայ ուսուցիչ իրարու հետ անզուգականօրէն ագուցուած են սրբազան կապերով: Այս տարբեր հարց է:
Միւս կողմէ սակայն ականատես ենք, որ արդէն ժամանակները փոխուած են:
Այս օրերուն փոխուած են նաեւ մեր նոր սերունդի մտայնութիւնները« հետաքրքրութիւններն ու ճաշակները: Այսօր հայեցի դաստիարակութիւն ըսուած հասկացողութիւնը այն չէ, ինչ որ էր ասկէ տասը, քսան, երեսուն կամ աւելի տարիներ առաջ:
Նոյնիսկ կարգ մը գաղութներու պարագային, տեսանելի է օտար լեզուին ներկայութիւնը մեր կրթական եւ մշակութային կեանքէն ներս: Ու առանց վառանելու կրնանք ըսել նաեւ որ մեր առօրեայէն ներս ալ յաճախ պատկերը տխուր է իր ոչ փայլուն ըլլալուն պատճառով: Այս բոլորը հաստատ իրողութիւններ են, որոնք կը փորձենք կրկին անգամ լոյսին եւ ճշմարտութեան բերել:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ շնորհիւ մեր ծնողներու գերագոյն զոհողութեան եւ մանաւանդ իր ազգի ապագային նկատմամբ ունեցած մեծ բծախնդրութեան, հայ վարժարաններէն ներս հայ աշակերտներու ներկայութիւնը մեզի կը պարգեւէ ե°ւ սրտի հպարտութիւն, ե°ւ գոհունակութիւն, ե°ւ մեծ ուրախութիւն:
Բայց նաեւ տխուր իրականութիւն է տեսնել, թէ այսօր բազմահազար հայ աշակերտներ հայկական վարժարաններու մէջ չեն, կամայ թէ ակամայ: Պատճառները բացայայտ են եւ յստակ: Անոնք բոլորն ալ զրկուած են հայ դպրոցին հարազատ ջերմութենէն, գուրգուրանքէն ու շունչէն եւ կը խարխափեն օտար ու անապահով ուղիներու վրայ:
Հայ եւ օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու պարագաները երկու հակադիր յստակ իրականութիւններ են, որոնցմէ վերջինը մեզ կը տագնապեցնէ:Եւ յանուն մեր գոյատեւման պէտք է, որ տագնապինք, որովհետեւ այսօր ամէն բանէ աւելի էական է, որ օտար կամ ոչ հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտը չունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ իր յաճախած օտար վարժարանէն ներս հայեցի դաստիարակութեան բացակայութիւնը, զինք պիտի հե
ռացնէ մեզմէ, մեր միջավայրէն, իր հայու պատկանելիութենէն:
Անտէր չձգենք զիրենք:
Զանոնք ներգրաւելու անմիջական միջոցներ որոնենք: Կը կարծեմ, որ այս օրերուն ուրիշ շատ մը բաներու կառուցումներէն առաջ, նոր հայկական վարժարաններ կառուցելու մասին պէտք է որ մտածենք: Ապա՝ ներկայ հայ վարժարաններուն նիւթապէս առաւել զօրավիգ պէտք է որ կանգնինք, որպէսզի անոնք դառնան անխտիր բոլոր հայ աշակերտներուն սիրելի եւ հարազատ տունը:
Այլ խօսքով՝ այլեւս պարզ հանդիսատեսի մեր իրավիճակէն դուրս պէտք է ելլենք: Խօսքէն գործի անցնելու ժամանակը հասած եւ նոյնիսկ շատ մը տեղեր անցած ալ է:
Պէտք է …այլապէս՝ պարտութեան կը մատնուինք ու ձուլումը կը յաղթանակէ:
Այս մտահոգութիւնը պարզ մարտահրաւէր մը ըլլալէ աւելի առաջնակարգ պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն պէտք է նկատենք, որոնք անկասկած մեր ներկայ կեանքի իրականութիւններուն հետ ամրօրէն շաղախուած են:
Բայց՝ անկախ այս բոլորէն…:
Վերամուտ է:
Ուրախ ենք, որ հայ աշակերտը կրկին անգամ կը վերադառնայ իր սիրելի ե°ւ երկրորդ, ե°ւ հարազատ տունը, հայ վարժարանը՝ վերանորոգ խանդավառութեամբ:
Անոր համար, նախ եւ առաջ՝ բարի դարձ եւ բարի երթ: