ԱմերիկահայԼրահոս

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԲԱՐԵԿԱՄ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ԷՏՈՒԸՐՏ ՔԵՆՆԵՏԻՆ

p1 kennedy-inside3

Չո­րեք­շաբ­թի Օգոս­տոս 26ի վաղ ար­շա­լոյ­սին, Հա­յէ­նի­սի (Մա­սա­չու­սէց) մէջ, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Ամե­րի­կա­հա­յե­րու մօ­տիկ բա­րե­կամ եւ Հայ Դա­տի բնա­գա­ւա­ռէն ներս, անա­չա­րօ­րէն եւ ամէ­նայն հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տանք տա­րած՝ ծե­րա­կու­տա­կան Էտ­ուըրտ Քեն­նե­տի:

77 տա­րե­կան Քեն­նե­տի, որ տարիէ մը ի վեր կը տա­ռա­պէր ու­ղե­ղի քաղց­կե­ղէ, եղ­բայրն էր ահա­բեկ­չա­կան արար­քի զոհ գա­ցած նա­խա­գահ Ճո­նի եւ Ռա­պեր­թի: 1962-էն ի վեր ծե­րա­կու­տա­կան, ան մեծ յար­գանք եւ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէր:

Նա­խա­գահ Օպա­մա փո­խան­ցեց իր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ յայտ­նեց թէ՝ Քեն­նե­տի առա­ջին օրէն իսկ նե­ցուկ կանգ­նած էր իր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­թեան:  

Այս առ­թիւ, Հայ Դա­տի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Արի Գիլ­եան իր խոր վիշ­տը յա­յտ­նեց.- »Տա­րի­ներ շա­րու­նակ Ծե­րա­կու­տա­կան Էտ­ուըրտ Քեն­նե­տի պաշտ­պա­նած էր մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րը: Ան եղած էր ամե­րի­կա­հա­յե­րու մօ­տիկ բա­րե­կա­մը: Կը գու­ժենք մա­հը մեր մօ­տիկ բա­րե­կա­մին  որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քա­րե­ցաւ ի նպաստ Հա­յոց Եղեռ­նի ճան­աչ­ման եւ Հայ Դա­տի առն­չուող բո­լոր հար­ցե­րուն…«:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button