ՄԱ­ՀԱԶԴ` ԼՈՒՍԻՆ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 13 Second

 

 Տի­ար Վարդ­գէս Ծա­տուր­եան եւ զա­ւա­կը՝ Հրաչ

Տէր եւ տի­կին Ճան եւ Թա­լին Մկրտչեան եւ զա­ւակ­նե­րը՝ Նա­րէ, Նա­րեկ եւ Ռոս­տոմ

Տէր եւ տի­կին Գէ­որգ եւ Սալ­բի Խա­չա­տուր­եան եւ զա­ւա­կը՝ Ռու­բէն

Տէր եւ տի­կին Վա­չէ եւ Լո­րիկ Ծա­տուր­եան եւ զա­ւա­կը՝ Հրակ

Տէր եւ տի­կին Քրիս­տա­փոր եւ Խա­թուն Բագ­րա­տու­նի եւ զա­ւա­կունք

Տի­կին Արաք­սի Շա­հին­եան եւ դստերք

Տէր եւ տի­կին Աբօ եւ Շա­քէ Պէլ­եան եւ զա­ւա­կունք

եւ հա­մայն ազ­գա­կան­ներ կը գու­ժեն իրեն կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօ­րաք­րոջ, կես­րոջ եւ հա­րա­զա­տին՝

                                                                                                     ԼՈՒՍԻՆ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆի

(Ծնեալ՝ Սրապ­եան, 1941-ին)

 

մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ Երեք­շաբ­թի, Օգոս­տոս 18, 2009-ին, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 3:00-ին, յետ կար­ճա­տեւ հիւան­դու­թեան, Ռոտ Այ­լըն­տի մէջ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ: 

salpiՉոր­րորդ զա­ւա­կը՝ Հայկ եւ Վիք­թոր­իա Սրապ­եա­նին, Լու­սին ծնած է Դա­մաս­կոս (Սուր­իա) եւ հա­զիւ հինգ գա­րուն­ներ բո­լո­րած, հաս­տատ­ուած է Պէյ­րութ (Լի­բա­նան), ուր երի­տա­սարդ տա­րի­քին կորսն­ցու­ցած է 21 տա­րե­կան եղ­բայ­րը՝ Զա­ւէ­նը: Յա­ճա­խած տեղ­ւոյն Ն.Փ. Ճե­մա­րան, եւ 1965-ին ըն­տա­նիք կազ­մած Վարդ­գէս Ծա­տուր­եա­նի հետ եւ բախ­տա­ւոր­ուած չորս զա­ւակ­նե­րով՝ Թա­լին, Հրաչ, Սալ­բի եւ Վա­չէ:  Փոքր տա­րի­քէն ան­դա­մակ­ցած  Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ ապա Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան ան­դամ, ան հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով աշ­խա­տած է Լի­բա­նա­նի թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան արա­րո­ղու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ Ուր­բաթ, Օգոս­տոս 21ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 11:00-ին, Ռոտ Այ­լըն­տի Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր­կէ հան­գուց­եա­լին մար­մի­նը փո­խադր­ուե­ցաւ տեղ­ւոյն »Նորթ Պերի­ըլ Կրաունտ« գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

Փո­խան ծաղ­կեպ­սա­կի՝ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ (Փրո­վի­տընս, Ռոտ Այ­լընտ) կամ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան »Արաքս« մաս­նա­ճիւ­ղին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles