ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
1970-ական թուականներու կէսերուն էր (ճշգրիտ տարին չեմ յիշեր), երբ Պէյրութ հրատարակուող Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ին մէջ լոյս ընծայուեցաւ առաջնորդող յօդուած մը՝ մօտաւորապէս հետեւեալ խորագրով, «Ինչո՞ւ ինձ չի համոզում Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընկերվարութիւնը». հեղինակ՝ Էդիկ Յովհաննիսեան:
Ուաո¯ւ, ինչպէ՞ս կարելի է… կարելի՞ է… Ասոնք եղան սկզբնական հակազդեցութիւնները:
Հարցը դնենք իր ճիշդ պարունակին մէջ: Հ.Յ.Դաշնակցութեան 20-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք (1973), գաղափարական բիւրեղացման բուռն գործընթաց մը սկսած էր: Կուսակցութեան Ծրագիրը բարեփոխման ենթարկելու, ընկերվարական սկզբունքները ու ատոնց լոյսին տակ՝ ազգերու ազատ ու անկախ ապրելու, ազատ հասարակարգ ստեղծելու ազնիւ ձգտումները այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային զարգացումներու լոյսին տակ վերարծարծելու եւ այժմէականացնելու թափը համակած էր յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութիւնը: Դաշնակցական մամուլը կը յորդէր գաղափարական այս հարցերը քննարկող-վերլուծող յօդուածներով՝ երբեմն չափազանցութիւններու իսկ երթալու գնով: Գաղափարական այս մօտեցումները դարձած էին մեր լրատուական-քարոզչական միջոցներու ներքին տրամաբանութիւնը, հենքը: Այդպէս ալ պէտք է ըլլար:
Եւ յանկարծ այս բոլորին մէջ՝ «Ինչո՞ւ ինձ չի համոզում Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընկերվարութիւնը»… Կրնա՞ք երեւակայել շատերու «շոքը»:
Իմ խոր համոզումով, Էդիկ Յովհաննիսեանի (*) այդ յօդուածին լոյս ընծայումը ճիշդ որոշում մըն էր «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի օրուան խմբագիրին կողմէ (տոքթ. Բաբգէն Փափազեան կամ Սարգիս Զէյթլեան): Որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ հաւատամքը ոչ մէկ ատեն տոկմաթիք, քարացած վարդապետութիւն եղած է: Անիկա յատկանշուած է համաշխարհային ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային զարգացումներուն հետ քայլ պահելու, անոնց բացուած մնալու լայնախոհութեամբ: Եւ ո՞վ այս գործընթացին թելադրած մտածողութիւնը իր յօդուածներուն հիմքը պիտի դարձնէ ու ներքին տրամաբանութենէն թելադրուած առողջ ուղղութիւն եւ ցուցմունք պիտի տայ ժողովուրդին, եթէ ոչ՝ մտաւորականութիւնը: Իրա°ւ մտաւորականութիւնը, որ իր կարգին կÿառաջնորդուի մտածուած ու հիմնաւորուած խօսքով:
Էդիկ Յովհաննիսեան, իրեն յատուկ անկեղծութեամբ (մինչեւ իր մահը մնաց տէրը իր անկեղծութեան), փորձաքարի կը զարնէր մեր ընկերվարական սկզբունքները եւ իր համոզումները հիմնաւորելով՝ կը փորձէր ընդարձակել գաղափարապաշտ դաշնակցականին մտահորիզոնը: Աւելորդ է ըսել, որ մեր երէց ընկերոջ յօդուածը ծառայեց իր նպատակին: Այդ տողերուն մէջ չգրուած, սակայն ընդգծուած միտքը այն էր, որ չփորձուիք քարացած տոկմայի վերածել Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, պէտք է միշտ նորոգել ու նորոգուած պահել զայն, ի հարկին՝ հարցադրումներով անդադար բիւրեղացնել եւ բիւրեղացած պահել անոր հիմնական սկզբունքները:
«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի օրինակը նշելով՝ արդէն իսկ անդրադարձ կատարեցինք մեր մամուլին մէջ մտաւորականի ներկայութեան անհրաժեշտութեան:
Սակայն անհրաժեշտ է «Ասպարէզ»ի ծիրէն դուրս գալ եւ տեսնել, թէ համադաշնակցական առումով ո՞ւր կը գտնուինք այսօր, Քալիֆորնիոյ թէ Ֆրանսայի, Հայաստանի թէ Լիբանանի մէջ: Կա՞յ մտաւորականութիւն մեր մամուլին մէջ, եթէ կայ՝ որքանո՞վ:
Անցնող տարուան աւարտին Ամերիկան եւ փոխադարձ կապուածութեան պատճառով՝ գրեթէ ամբողջ աշխարհը սկսան տնտեսական տուայտանքի օրեր ապրիլ: Ելեւմտական հսկաներ մէկ օրէն միւսը սնանկացան: Ապահովագրութեան AIG ընկերութիւնը աժան պրծաւ, որովհետեւ նախքան պալարին պայթիլը՝ կառավարութենէն սուսիկ-փուսիկ ստացաւ 83 միլիառ տոլարի յատկացում մը իբրեւ փրկօղակ: Քանի մը օրէն երեւան եկաւ, որ AIG-ն առանձին չէր: Իրեն հետեւեցան Merryll Lynch եւ ելեւմտական այլ գեր-հսկաներ: Տասնամեակներով պետական հակակշիռի դէմ պայքարող այս ահարկու հսկաները յանկարծ կառավարութեան դուռը ափ առին՝ այս անգամ անոր միջամտութիւնը խնդրելով…:
Մարդ չանդրադարձաւ, թէ տագնապը միայն վարչական-կառավարման ապիկարութեան կամ շահամոլութեան հետեւանք չէր: Տագնապը համակարգին ծնունդ տուած գաղափարախօսութեան, ագահ դրամատիրութեան գաղափարախօսութեան սնանկացումին հետեւանքն էր:
Տաւոսի դէպքը կը յիշէք, չէ՞, անցնող Յունուարին, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան կատաղի յարձակում գործեց Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզի վրայ՝ Կազայի հարցով, մինչեւ իսկ «Ց» բառը գործածելով (ցեղասպանութիւն): Էրտողան կÿուզէր Թուրքիան աշխարհին ներկայացնել ցեղասպանութեանց դէմ պայքարողի դիմագիծով, ամրապնդելով Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման մէջ իր պետութեան դիրքը՝ համաշխարհային հանրութեան անուղղակիօրէն թելադրելով այն մտածողութիւնը, որ Կազայի հարցով իր ռազմավարական դաշնակիցին (Իսրայէլ) հանդէպ այսքան անխնայ գտնուող պետութիւն մը (Թուրքիա) կրնա՞յ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալ…:
Էրտողանի այս կեցուածքի ներքին տրամաբանութիւնը պէտք է փնտռել Հայկական հարցին մէջ: Եւ Անգարայի մէջ պետական գրասենեակները ուշադիր սպասեցին ու հետեւեցան մեր մամուլին. ձայն-ձուն չկայ: Այս կէտը գոհունակութեամբ տեղեկագրուեցաւ Էրտողանին: Անցաւ քանի մը ամիս:
Այս անգամ ույղուրներու խնդիրը՝ Չինաստանի մէջ: Վայրագութիւն, տասնեակներով զոհեր, աղմուկ եւ այլն: Էրտողան նոյն կեցուածքով նոյնիմաստ ու խիստ յայտարարութիւններ կատարեց, այս անգամ՝ Չինաստանի դէմ:
Շա°տ ներողութիւն, բայց Իսրայէլի ցամաքային ուժերու հրամանատա՞րը, կամ Փեքին որեւէ բանբե՞ր մը պիտի հակադարձէր Էրտողանին՝ յիշեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան պարագան: Անո՞նց կÿիյնար պարտականութիւնը Հայկական հարցին ուրուականը Էրտողանին դէմ ցցելու:
Մինչդեռ մեր մամուլը կարողութիւնը (քիչ մըն ալ երեւակայութիւնը) պիտի ունենար անմիջապէս իր չորսդին հաւաքելու մեր մտաւորականութիւնը եւ անոնց յօդուածներով, բայց մանաւանդ խմբագրականներով համազա°րկ բանար Թուրքիոյ դէմ, որպէսզի 1).- Ան չհամարձակէր ապակեայ տան մէջ նստած՝ ասոր-անոր քար նետելու, 2).- Առիթ չտալու իսրայէլացի կամ չինացի պաշտօնատարներու, որ իրենց հաշիւներուն ծառայեցնեն կամ շահագործեն Հայկական հարցը:
Պատճառը, որ մեր մամուլը այս խորքային խնդիրներուն չանդրադարձաւ, այն էր, որ համաշխարհային իրադարձութիւնները գաղափարական տեսանկիւնէն վերլուծող-բացատրող մտաւորականներ չկան: Եթէ կան, մեր մօտ չեն:
Մամուլը (մամուլ ըսելով՝ կը հասկնամ տպագիր թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց) ամէն բանէ առաջ միտքի տուն է: Մտածողութեան կեդրոն եւ քուրայ է: Հետեւաբար պէտք է կառավարուի-յանձանձուի (բառին ամենալայն իմաստով) ա°յս մտածողութեամբ: Կարելի չէ վարչարարական մակարդակի մօտեցումներով առաջնորդուիլ մամուլի բնագաւառին մէջ: Մեր մամլոյ պատասխանատուները պէտք է պաշտպանուած պահել ամէն տեսակի վարչարարական որոշումներ տալու հարկադրանքէն, զանոնք պէտք է զերծ պահել առօրէական մանր-մունր «խնդիրներ» լուծելու հարկադրանքէն, որպէսզի մեր գաղափարական աշխարհի ուղեցոյց հանդիսանալու կոչուած անձնակազմը կարենայ լաւագոյնս իր ուժերը կեդրոնացնել հիմնական խնդիրներու վրայ:
Մեր մամուլը ի°նք պէտք է կարենայ ճշդել մեր գաղափարական-քարոզչական օրակարգը՝ իր շուրջ հաւաքելով բոլոր այն տարրերը, որոնք գիտեն մտածուած եւ հիմնաւորուած խօսքին արժէքը: Այն օրերուն, երբ «Ասպարէզ»ի խմբագիրն էի, մէկէ աւելի առիթներով շեշտած եմ, թէ թերթին էջերը բաց են այս սկզբունքին հաւատացող, զայն դաւանող բոլոր մտածող տարրերուն առջեւ: Կը շարունակեմ հաւատալ այս սկզբունքին՝ գիտնալով հանդերձ, որ անհրաժեշտ է նաե°ւ քաջութիւնը՝ մտածուած եւ հիմնաւորուած խօսքը հանրութեան առջեւ ըսելու համար:
Ըստ ինծի, այս քաջութիւնն է, որ կը պակսի մեր իրականութեան:
(*) Իմ կարծիքով, Էդիկ Յովհաննիսեան այդ օրերուն գաղափարական փնտռտուքի մէջ էր: Այդ փնտռտուքին արդիւնքն էր նշեալ խորագրով իսկ արտայայտուած հարցադրում-հաստատումը: Եւ Էդիկ Յովհաննիսեան շուտով գտաւ իր փնտռածը: Ոչ միայն գտաւ, այլեւ մեծապէս հարստացուց դաշնակցական մտածողութեան երանգապնակը:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ