Շուրջ յիսուն տարի տեւեց, որ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու արհաւիրքէն ճողոպրած տարագիր հայ ժողովուրդը հայապահպանման իր օճախները կառուցէ օտար ու բազմահոսանք Սփիւռքի տարածքին: Այդ տարիներուն, Հ.Յ.Դաշնակցութեան իրերայաջորդ ղեկավարութիւնները հետզհետէ հասան այն եզրակացութեան, որ հայապահպանման պահանջատիրութեան պայքարի երթի ճանապարհին, պիտի պարտուէին ձուլումի անխուսափելի վտանգին դիմաց: Այս իմաստով, 1965-ի Ապրիլ 24-ին հայկական երեք կուսակցութիւնները 1915-ի ջարդերու հասկացողութիւնը եկեղեցական արարողութիւններու նեղ ծիրէն դուրս բերելու առաջադրանքով Պէյրութի »Շամուն«ի մարզադաշտին մէջ հազարաւոր հայերու մասնակցութեամբ կազմակերպեցին աննախընթաց հաւաք մը: Եօթը տարի ետք, »Յուշարձանէ յուշարձան« կարգախօսով՝ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական միութիւնը Պուրճ Համուտ-Անթիլիաս-Պիքֆայա ճամբուն վրայ կազմակերպեց քայլարշաւ մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ մեր պահանջատիրութիւնը դրաւ քաղաքականացման գործընթացին մէջ:
Եւ միայն, երեք տարի ետք, 1975-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ, աւելի քան հարիւր հազար հայորդիներ, իրենց բողոքը արտայայտեցին թրքական կանխամտածուած ոճիրին դէմ: Եւ իբրեւ անմիջական հետեւանք, Լիբանանեան բոլոր օրաթերթերը իրենց առաջին էջերով, մեծ վերնագրերով անդրադարձան Հայկական Ցեղասպանութեան:
Զուգահեռաբար, Պուրճ Համուտէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող հայկական գաղթօճախի մը մէջ, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, Ապրիլ 20-ին, Ուրուկուէյի Ծերակոյտն ու ներկայացուցչական տունը Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ որոշումներ կայացուցին: Որմէ ետք, շուրջ քառորդ դարի տեւողութեամբ տակաւ առ տակաւ աճող Հայ Դատի աշխատանքները Ապրիլեան բողոքներու ճամբով յաջողեցան Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հասցնել օտար խորհրդարաններու եւ կառավարութիւններու սեղաններուն: 1990-էն ասդին, արդէն աւելի քան քսան պետութիւններ այս կամ այն ձեւով պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս ձեռքբերումները քաղաքական մեծ իրագործումներ ըլլալով հանդերձ, փաստօրէն բաւարար չեն մեր արդար դատը իր վախճանական նպատակին մօտեցնելու, այնքան ատեն, որ աշխարհի միակ գերուժի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան կը շարունակէ իր քաղաքական սիրաբանութիւնները Թուրքիոյ հետ քաղաքատնտեսական ու ռազմագիտական շահերը դնելով ամէն բանէ վեր, եւ դաւաճանելով իր իսկ սահմանադրական սկզբունք-ներուն ու քաղաքական հաւատոյ հանգանակին, որոնք մագաղաթուած են Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմըս Ճէֆըրսընի, Ապրահամ Լինքըլնի, Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերի, եւ քաղաքական այլ տիտաններու մտածումով… պայքարով:
Ամերիկայի 3-րդ նախագահ՝ Թոմըս Ճէֆըրսընն էր, որ 1776-ին կը յայտարարէր, թէ »Բռնատիրական եւ անարդար են այն կառավարութիւնները, որոնք կը միջամտեն ժողովուրդներու կարիքներու իրագործման աշխատանքին, որ կապ ունի անոնց կեանքին, ազատութեան եւ երջանկութեան հետ«:
Ամերիկեան քաղաքական մտածողութիւնը մեծ ակնածանքով կը նայի այսօր իր քաղաքական կուռքերուն, որոնցմէ առաջին երեքին մէջ են Ապրահամ Լինքըլնը, Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերը:
Նիւ Եորքի նախկին կառավարիչ՝ Մարիօ Քուոմօ իր »Why Lincoln Matters« գիրքին մէջ կÿըսէ. »Լինքըլն կը հաւատար թէ Ամերիկան խնամակալն էր ամբողջ մարդկութեան եւ իր ունեցած հարստութեամբ՝ աշխարհին պիտի տար այն օրինակը, որ խարսխուած էր ազատութեան ու հաւասարութեան գաղափարներուն վրայ«:
Լինքըլնի մեծութիւնը լաւագոյն չափանիշով ի յայտ կու գայ Կեթիսպըրկի ճակատամարտին զոհուած իր զինուորներուն առջեւ արտասանած իր դամբանականին մէջ, ուր ի միջի այլոց կÿըսէ. »Այս պատուարժան մեռածներէն մենք կÿառնենք յաւելեալ նուիրուածութիւն այն դատին համար, որուն համար անոնք տուին վերջին ու ամբողջական աստիճանը նուիրուածութեան. եւ մենք հոս բարձրօրէն կը գիտակցինք, որ անոնք յումպէտ չմեռան, որ այս ազգը պիտի ունենայ ազատութեան իր նոր ծնունդը եւ ժողովուրդի կառավարութիւնը ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին համար, պիտի չկորսուի բնաւ«:
Լինքըլնի մահէն ճիշդ հարիւր տարի ետք, անոր քաղաքացիական հաւասարութեան կռիւը պիտի շարունակէր Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերը, որ 1965-ին խիզախօրէն կը յայտարարէր թէ »Ամերիկեան կառավարութիւնը սեւ-ամերիկացիներուն, ինչպէս նաեւ այլ ստորադաս ամերիկացիներուն, պարտաւոր է, նիւթական հատուցում շնորհել, անոնց դէմ կատարած իր պատմական սխալներուն համար«:
Իր »Beyond Vietnam« ճառին մէջ, Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսեր ձաղկելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը կÿըսէ. »Վիէթնամէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ ու մինչեւ Լատին Ամերիկա, Ա.Մ.Ն.-ը աշխարհի յեղափոխութեան սխալ կողմը կը գտնուի« ու հարց կու տայ թէ »ինչո՞ւ Ա.Մ.Ն.-ը կը ճնշէ երրորդ աշխարհի անշապիկ ու բոպիկ ժողովուրդներու յեղափոխութիւնները, փոխանակ պաշտպանելու զանոնք«:
Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերի համար ամենէն էական մարտահրաւէրը ընկերութեան վերակառուցումն է: Եւ ան, հակառակ սեւամորթ համայնքի այդ օրերու ծանրակշիռ ու անհաւասար պայմաններուն, ինքնատիպ ճառերով եւ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ ցոյցեր կազմակերպելով յաջողեցաւ ապահովել սահմանադրական յաղթանակներ՝ ընտրական եւ ընկերային իրաւունքներու զոյգ օրէնքներու հաստատումով:
1964-ին, Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերը եղաւ ամենէն երիտասարդ անձնաւորութիւնը, որ տիրացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին: 1965-ին, Ամերիկեան հրէական յանձնաժողովը զայն պարգեւատրեց մարդկային իրաւանց հարցերու գծով իր տարած աշխատանքին համար: 2000 թուականէն ասդին, Յունուարի 17-ը իբրեւ Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերի յիշատակի օր պաշտօնապէս կը տօնուի Ամերիկայի յիսուն նահանգներուն մէջ:
Սակայն դժբախտաբար, ամերիկեան արժէքներն ու սահմանադրական սկզբունքները գործադրութեան չեն դրուիր, երբ հարցը կը վերաբերի այլ ժողովուրդներու ճակատագրին:
Փաստօրէն մինչեւ այսօր, ամերիկեան իրերայաջորդ կառավարութիւնները, ներկայացուցչական տուներն ու Ծերակոյտերը կը հակասեն իրենց քաղաքական կուռքերուն ուրուագծած համամարդկային արժէքներուն եւ ամօթալի կեղծիքով ու հետեւողական քաղաքականութեամբ հրդեհի մէջ կը պահեն Միջին Արեւելքը, կÿանտեսեն Ռուանտայի եւ Տարֆուրի Ցեղասպանութիւնները եւ իրենց զուտ շահամոլական մերձեցումներով, պարզապէս կը յանդգնին խաղալ հայութեան սրբազան դատին հետ: Այս մերկ իրողութիւնն է, որ մենք պարտաւոր ենք ներկայացնել ամբողջ աշխարհին եւ ի մասնաւորի՝ Ամերիկայի ժողովուրդին ու պատեհ առիթը Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2010 թուականն է. իսկ վայրը՝ Ուաշինկթընի Ազգային զբօսավայրը, Լինքըլնի յուշարձանին դիմաց:
Ուաշինկթընի բողոքի ցոյցին համար էական է ապահովել ժողովրդային մասնակցութեան առաւելագոյն թիւը, որ պէտք է առնուազն տասնապատկէ 35 տարիներ առաջ Պուրճ Համուտի ժողովրդային բողոքին մասնակցողներու թիւը:
Այդ թիրախին հասնելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, գործակցաբար Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, անհրաժեշտ է որ յառաջիկայ 8-9 ամիսներուն ընթացքին իրագործեն հետեւեալը:
Ա.- Հիմնել »Ուաշինկթընի ցոյցի հիմնադրամ« յարաբերական եւ փոխադրական լայնածաւալ աշխատանքներուն համար:
Բ.- Յատուկ յարաբերութիւններ մշակել սեւ, լատին եւ այլ փոքրամասնութիւններու հետ, անոնց աջակցութիւնը ապահովելու համար:
Գ.- Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սեմինարներ կազմակերպել քայլարշաւը ամրագրող նոր գաղափարներու որոնման համար:
Դ.- Ներքին ճակատի վրայ տանիլ բազմակողմանի քարոզչական գործունէութիւն առաջադրելով, որ յառաջիկայ տարի ամէ°ն հայ ընտանիք, իր տարեկան արձակուրդին փոխարէն անպայմանօրէն մասնակցի Ուաշինկթընի ցոյցին:
Սակայն մինչ այդ, պատմական պատասխանատուութիւն է, որ Հայաստանի հայութիւնն ու Սփիւռքահայութիւնը շարունակեն շատ մօտէն հետեւիլ հայութեան »ճանապարհային քատէս«ին, որ անգամ մը եւս կրնայ վտանգել Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական յառաջխաղացքը: Նախագահ Ս. Սարգսեան երկու տարուան մէջ գործած է դիւանագիտական երկու հիմնական սխալներ, առաջինը՝ Մոսկուայի մէջ, 2008-ի Յունիսի այն յայտարարութեամբ, որ եթէ Թուրքիա վերաբանայ Հայաստանի հետ սահմանը, հայկական կողմը դէմ պիտի չըլլայ, որ ցեղասպանութեան հարցը քննուի հայ-թրքական պատմաբաններու յանձնաժողովին:
Նախագահ Սարգսեան դիւանագիտական իր երկրորդ սխալը գործեց 2009-ի Ապրիլ 22-ին, երբ Անգարայի մէջ ստորագրուեցաւ »ճանապարհային քատէս«ին: Այս գաղտնի համաձայնութեան լուրը դրսեւորուեցաւ Ապրիլ 23-ին, երբ յաջորդ օրը հայ ժողովուրդը պիտի ոգեկոչէր թրքական յանցագործութեան 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 94-րդ ամեակը: Նախագահ Սարգսեանի այս տհաս դիւանագիտական արարքը յաւելեալ պատճառ տուաւ նախագահ Օպամային, որ իր Ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մէջ խուսափի »Ցեղասպանութիւն« բառի գործածութենէն եւ բաւականանայ »Մեծ Եղեռն« որակումով:
Այս օրերուն, շատ մը հայ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կÿուզեն հաւատալ, թէ նախագահ Սարգսեան շատ բան սորված է իր երկու սխալներէն եւ արդէն ան շատ լաւ կը գիտակցի, թէ այլ սխալ մը Հայոց Ցեղասպանութեան հաշւոյն Ծիծեռնակաբերդի եւ Սփիւռքի տարածքին բարձրացուած Մեծ Եղեռնի յուշակոթողները զինք միանգամընդմիշտ կը վերածեն քաղաքական դիակի:
Այլ խօսքով, նախագահ Սարգսեան իբրեւ համայն հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն ներկայացուցիչը գերագոյն արթնամտութիւն եւ իր ժողովուրդի պատմութեան հանդէպ գերազանց հաւատարմութիւն պիտի ցուցաբերէ, որպէսզի ոչ միայն չընդհատուի սփիռքահայութեան անտեղիտալի պահանջատիրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, այլ նաեւ ամէն ձեւով ու բոլոր միջոցներով զօրավիգ պիտի կանգնի այդ պահանջատիրութեան ամէն քայլափոխին, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով հայ ժողովուրդը կարենայ ամերիկեան քաղաքական կամքը պարտադրել, Հայոց Ցեղասպանութեան արդար լուծում մը տալու պատմական հրամայականին:
ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ