Վերջին քանի մը շաբաթներուն, խրախուսիչ է կարդալ «Վէմ»ի վերահրատարակման եւ յատկապէս օտար լեզուով լոյս ընծայուող «Արմինիըն Րիվիու»ի վերաորակաւորման եւ վերաշխուժացման մասին:
Ըստ երեւոյթին, հակառակ թէ° նիւթական եւ թէ° բարոյական ստեղծուած դժուար պայմաններուն, ցարդ բուռն պայքար կը շարունակուի մղուիլ, այս գծով ստեղծուած անտարբերութեան դէմ եւ վերոյիշեալ երկու հրատարակութիւններուն ներկայութիւնը փաստեր են թէ գիրն ու գրիչը պիտի շարունակեն մրոտել էջերը…
Իր տարբեր յատկութիւններով, բնագաւառներով եւ նպատակներով, մամուլը միակ կոչնակն է զարթօնքի եւ միակ կապը՝ մտային զարգացման, գաղափարներու յղացման եւ այդ գծով գործունէութեան դաշտի ստեղծման:
Այսպէս, պատմութիւն, մշակոյթ, արուեստ, եւ դեռ աւելին, փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ եւ յատկապէս «Արմինիըն Րիվիու» թափանցեց հայասէր օտարին, որ շարունակուի շարքը Հայ Դատի պաշտպան Կլատսթըններու, Քլէմանսոներու, Նանսէններու, Լեփսիուսներու, Ժոռէսներու եւ դեռ շարքը երկար է…այդպէս ալ պիտի բազմանայ անվհատ ու անընդհատ:
Հրաշքէ մը աւելի կատարուած անհաւատալի գոյութիւն մըն է հայատառ թէ հայութեան համար օտար լեզուով լոյս ընծայուող մամուլը:
Սերունդէ սերունդ փոխանցուած ջահն է որ վառ կը պահէ եւ բարձր կը գնահատէ հայ գիրքին եւ հայ թերթին առաջնահերթ դերը: Այդ սերունդն է որ ամէնայն նուիրաբերմամբ, զոհաբերութեամբ եւ գուրգուրանքով զօրավիգ կանգնեցաւ հայ գրականութեան , հոգեկան թէ իմացական արժէքներու պահպանման եւ թռչող ու անհասանելի թեւեր տուաւ մեր մամուլին:
Այդ սերունդէ սերունդ փոխանցուած գրիչն է, որ գերկենսական նկատեց հայ ու հայութեան մասին հրատարակութեան խօսքն ու շունչը:
Ի վերջոյ Մամուլը, գոյութեան պատնէշներու եւ կռուաններու շարքին, փրկարար դերակատարութեան կոչուած է, այդ ալ առաջնահերթ ու գագաթնային գիծերու վրայ:
Միշտ ալ կրկնուած է թէ առանց մամուլին, հայութիւնը հողմացրիւ կոտորակ ու փոշի է եւ դատապարտուած է ուշ կամ կանուխ վերածուելու փխրուն հողակոյտի:
Մամլոյ զօրաշարժ…բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ ազգայի°ն թէ միջազգայի°ն, ներքի°ն թէ արտաքի°ն, Մեսրոպաշու°նչ թէ այլ գիրերով: