Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Աւարտած են վերանորոգման եւ վերակառուցման աշխատաքներուն կարեւորագոյն մասը: Ահաւասիկ Հիւսիսային Պողոտային իւրայատուկ «փերեսթրոյքա»ն՝ վերակառուցումը:
Արեւմտեան չափանիշներով եւ կառոյցով, անիկա յար եւ նման է եւրոպական որեւէ մայրաքաղաքի բանուկ պողոտաներուն:Եռուն երթեւեկ, եռուզեռ, գնում կատարող, պտտող, ման եկող…բոլորն ալ, գոհ կը թուին ըլլալ:
Հաճելի է նաեւ երեկոն…լուսաւոր գիշերը, ուր արուեստն ալ ներկայութիւնը կը պարտադրէ իր երաժիշտներով, լուսանկարիչներով եւ գեղանկարիչներով: