Գրեց՝ Ընկհ. Մէլանի Քէրնեքլեան
(Թարգմանեց՝ Ն. Պարսումեան)
Ես պատգամաւորներէն մէկն էի Հ.Օ.Մի 89րդ պատգամաւորական ժողովին, ներկայացնելով Հ.Օ.Մ.ի Ռիչմընտի »Յոյս« մասնաճիւղը: Ժողովը հիւրընկալեց Հ.Օ.Մ.ի “Զապէլ” մասնաճիւղը, որը ջերմօրէն ընդունեց բոլորս:
Ժողովին պաշտօնական բացումը շատ տպաւորիչ էր: Շիքակոյի »Զապէլ« մասնաճիւղի ատենապետուհին, եւ ժողովի վարչութեան ատենապետուհին, ընկհ. Սօնիա Աքելեան ողջունեց մեզ, եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց վարչութեան անդամներուն, որոնց աշխատանքին արդիւնքը եղաւ այս յիշատակելի ժողովը:
Ապա բացման աղօթք կատարեցին Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Փոխ Առաջնորդ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան եւ Ամենայն Սրբոց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Սահակեան:
Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի ատենապետուհի ընկհ. Քնար Քիլէճեան, Շրջանային Վարչութեան կողմէ, ողջունեց պատգամաւորները եւ հիւրերը: Գնահատանքի խօսք ուղղեցին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Արի Քիլեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Սարեան, Համազգայինի Շրջանային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Յարութիւն Միքայէլեան, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Շրջանի ներկայացուցիչ եղբայր Լեւոն Սահակեան:
Ժողովի պաշտօնական բացումէն ետք, ներկայ եղանք ընդունելութեան մը որ տեղի ունեցաւ Ամենայն Սրբոց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ: Համեղ ճաշերը պատրաստեցին եւ հրամցուցին շրջանի մասնաճիւղի անդամները: Մեր բոլորին երկար ճամբորդութիւններէն ետք, այս ազնուաբարոյ հիւրասիրութիւնը շատ գնահատեցինք: Ընդունելութենէն ետք, սկսանք մեր աշխատանքներուն:
Ուրբաթ օր զանազան ժողովներու մասնակցեցանք, որոնցմէ վերջ նաւապտոյտ մը կատարեցինք Միշիկըն Լիճի ափին, “Spirit of Chicago” նաւուն վրայ: 95 աստիճան Վըրճինիայի տաք օդը ետեւ ձգելով, լիճին զովութիւնը հաճելի էր: Իսկ նաւուն վրայի մթնոլորտը ջերմ էր, եւ ճաշկերոյթէն ետք, երեկոյեան, լաւ մը պարեցինք:
Շաբաթ օր, վերադարձանք ժողովի եւ ընտրեցինք Շրջանային նոր Վարչութիւնը: Կէսօրէ ետք, ժողովներու մասնակցեցանք, ապա պաշտօնապէս նկարուեցանք եւ արդէն ճաշկերոյթը սկսաւ, որ մեզ հանգստանալու առիթ տուաւ:
Անգամ մը եւս, Շիքակոյի մասնաճիւղը ինքզինք գերազանցեց: Ճաշկերոյթը համեղ էր, եւ հիւրընկալութիւնը, սքանչելի: Ճաշկերոյթի ընթացքին հրաժարեալ Շրջանային Վարչութեան անդամներու աշխատանքը եւ անձնուիրութիւնը գնահատութեամբ ճանչցուեցաւ եւ յիշուեցաւ: Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, ընկհ. Ճոյս Երեմեանի (Փրովիտենսի »Անի« մասնաճիւղ) յանձնուեցաւ »Ակնունի« շքանշանը, որպէս գնահատանք իր առաջնորդելու արդիւնաբեր աշխատանքին: Կարելի չէ Հ.Օ.Մ.ուհիներու անխոնջ աշխատանքը արժեւորել նիւթական չափանիշներով:
Ընկերուհիները վայրկեան մը ոտքի հարգեցին յիշատակը ընկհ. Ժենըվիէւ Եղիշեանի յիշատակը, որ 62 հազար տոլարի կտակ մը ձգած է Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի: Ընկհ. Քրիսթին Մարտոյեան, »Զապէլ« մասնաճիւղի ներկայացուցիչ եւ Ժենըվիէւ Եղիշեանի հարազատներէն, խօսք առնելով նկարագրեց պարզ եւ համեստ կեանքը եւ առատաձեռնութիւնը, եւ փափաքը որ Հ.Օ.Մ.ը օգտուի այդ կտակէն: Կը յուսամ որ ուրիշներ ալ պիտի ներշնչուին Ժենըվիէւի Եղիշեանի կտակէն: Հաճինք յիշել Հ.Օ.Մ.ի բոլոր բարեսիրական օգուտները հայ ժողովուրդին:
Մէկ վայրկեան ընկերուհիները լռութեամբ յարգեցին նաեւ յիշատակը Հ.Օ.Մ.ի Քէյմպրիճի “Շուշի” մասնաճիւղի անդամ ընկհ. Աննա Աղամեանցի յիշատակը, մայրը` Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Շրջանայինի նախկին քարտուղարուհի ընկհ. Սեդա Աղամեանց Իւալիկեանի:
Կիրակի, Յուլիս 19ը Ժողովի վերջին օրն էր, եւ շատ մը հարցեր պէտք է լուծուէին: Ժողովի փակումէն անմիջապէս առաջ, փափաքեցայ որ 2010ի Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Պատգամաւորական Ժողովը »Յոյս« մասնաճիւղը հիւրընկալէ, ուր մեր հիւրերը վայելեն իւրայատուկ հիւրասիրութիւնը, Հ.Օ.Մ.ի հարիւրամեակի եւ 90րդ ժողովին առթիւ: Պատգամաւորները հաւանութեամբ պատասխանեցին, եւ ուրեմն »Յոյս« մասնաճիւղը ոգեւորուած եւ պատւուած է այսպիսի կարեւոր ժողով մը հիւրընկալելու առիթը ունենալուն:
Պէտք է յիշեմ որ զիս ամէնէն տպաւորողը ժողովին ներկայ երիտասարդ պատգամաւորներն էին: Այդ, ինքնին, ճամբորդութիւնս արժեւորեց: Կը յուսամ տեսնել այս երիտասարդ կիները հասնիլ Հ.Օ.Մ.ի առաջնակարգ դիրքերուն: Իրենք են մեր ապագան: