ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 8ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:7 Minute, 35 Second

Շա­բաթ օր, Oգոս­տոս 8, 2009-ին, Երե­ւա­նի մէջ աւար­տե­ցան հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մար­զա­խա­ղե­րը, որոնք եօ­թը օրեր շա­րու­նակ 550 մար­զիկ­ներ, պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ ծնող­ներ հա­մախմ­բուեցան Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մար­զա­խա­ղե­րուն հան­դի­սա­ւոր փա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­ղո­վագն­դա­կի «Տի­նա­մօ» մար­զա­դաշ­տին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ողիմպ­ի­ա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, հայ­րե­նի հիւ­րե­րու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու:

 

Փակ­ման հան­դի­սու­թեան յա­ջոր­դեց յաղ­թա­նա­կի ճաշ­կե­րոյթ-պա­րա­հան­դէս: Մար­զա­խա­ղե­րու ար­դիւնք­նե­րը պար­զե­ցին հե­տեւ­եալ պատ­կե­րը.-

Ոտ­նագն­դակ

1.     Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

2.     Ֆրան­սա

3.     Լի­բա­նան

 Աւար­տա­կան մրցու­մին, Վազ­գէն Սարգս­եան ան­ուան հան­րա­պե­տա­կան դաշ­տին վրայ, Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու խում­բը յետ-եր­կա­րաձգ­ման 3-2 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Ֆրան­սա­յի խում­բին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լի­բա­նա­նի Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խում­բը, Արե­ւել­եան Մ. Նա­հանգ­նե­րու խում­բին 4-1 յաղ­թե­լէ ետք՝ հան­դի­սա­ցաւ եր­րորդ:

 Կո­ղո­վագն­դակ

1.     Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

2.     Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

3.     Քա­նա­տա

 Կո­ղո­վագն­դակ (աղ­ջիկ­ներ)

1.     Սուր­իա

2.     Թեհ­րա­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին «Արա­րատ» Կազ­մա­կեր­պու­թիւն

3.     Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

 

Կո­ղո­վագն­դակ (կրտսեր­ներ)

1.     Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

2.     Լի­բա­նան

 Փինկ-փո­նիկ մրցում­նե­րուն տի­րա­պե­տու­թիւնը եղաւ Արեւմտ­եան Մ. Նա­հանգ­նե­րու: Պուլ­կար­իոյ խում­բը շա­հե­ցաւ մե­տալ մը:

Ճատ­րա­կի մրցում­նե­րը շա­հե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի սկաուտ­նե­րը:

Լո­ղի մրցում­նե­րուն մե­տալ­նե­րը ստացան Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու լո­ղորդ­նե­րը:

Մար­զա­խա­ղե­րու լա­ւա­գոյն մար­զի­կը հան­դի­սա­ցաւ լո­ղորդ Վա­չէ Գա­զանճ­եան, որ շա­հե­ցաւ 9 ոս­կի եւ 1 ար­ծաթ մե­տալ:

Մար­զա­խա­ղե­րու առա­ւե­լա­գոյն յաղ­թա­նակ­նե­րը ար­ձա­նագ­րեց Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու խում­բը, որ ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ողիմպ­ի­ա­կան կո­մի­տէի հաս­տա­տած շրջուն բա­ժա­կին: Բա­ժա­կը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պատ­ուի­րա­կու­թեան յանձ­նեց հայ­րե­նի ծա­նօթ ծան­րա­բարձ, ողիմպ­ի­ա­կան ախոյ­եան Օգ­սէն Միր­զոյ­եան:

 

ՅԱՐ­ԳԱՆ­ՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ԵՂԵՌ­ՆԻ ՆԱ­ՀԱ­ՏԱԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ

 Մրցում­նե­րու կող­քին մաս­նա­կից մար­զիկ­նե­րը, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ծնող­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը, այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր եւ յար­գան­քի իրենց տուր­քը մա­տու­ցե­ցին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ, միու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին կող­մէ ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը: Ապա, բո­լո­րը մէ­կա­կան ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին ան­մար կրա­կին շուրջ, վայրկ­եան մը լռու­թեամբ յար­գե­ցին նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը եւ «Յա­ռաջ նա­հա­տակ» քայ­լեր­գով հրա­ժեշտ տուին յու­շա­հա­մա­լի­րին: Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր այ­ցե­լու­թե­նէն առաջ, մար­զա­խա­ղե­րու մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յայ­տա­գիր: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հայ դա­տի մա­սին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նախ­կին ատե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտիչ­եան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եան:

Մար­զա­խա­ղե­րու մաս­նա­կից պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը առան­ձին այ­ցե­լու­թիւն մը տուին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան եւ ծա­նօ­թա­ցան զա­նա­զան բա­ժին­նե­րուն: Ապա, անոնք հիւ­րըն­կալ­ուե­ցան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Հայկ Դե­մոյ­եա­նի կող­մէ:

Հ.Մ.Ը.Մ. յար­գան­քի իր տուր­քը ըն­ծա­յեց նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Ա. Հան­րա­պե­տու­թեան դար­բին Արամ Մա­նուկ­եա­նին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան Երե­ւան գտնուող ան­դամ­նե­րը՝ Գրի­գո­րիս Պո­ղար­եան, Միհ­րան Շիմ­շիր­եան, Հրաչ Սի­սեռ­եան, Վահ­րամ Դանի­էլ­եան, Ար­մէն Կէ­տիկ­եան, Գար­լոս Սէ­ֆէր­եան եւ «Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբա­գիր Վի­գէն Աւագ­եան, այ­ցե­լե­ցին Թոխ­մախիի գե­րեզ­մա­նա­տուն եւ յար­գան­քի ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին Արամ Մա­նուկ­եա­նի շի­րի­մին:

Անոնք նա­եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Հրայր Մա­րուխ­եա­նի շի­րի­մին:

 

 

ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ՝ ՍՓԻՒՌ­ՔԻ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ՀՐԱ­ՆՈՅՇ ՅԱ­ԿՈԲ­ԵԱ­ՆԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատ­ուի­րա­կու­թեան մը այ­ցե­լեց Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նին: Այ­ցե­լու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ առա­ւօտ­եան, նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նին մէջ: Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կազ­մե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ Գրի­գո­րիս Պո­ղար­եան, Միհ­րան Շիմ­շիր­եան, Վահ­րամ Դանի­էլ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Հրաչ Շմա­ւոն­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբա­գիր Վի­գէն Աւագ­եան եւ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մար­զա­խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նի ատե­նա­պետ Ման­ուէլ Մար­սէլ­եան:

p8-9Basketball Men Western USA Eastern USA 9[2]

Մէկ ժամ­ուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­ուի­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցուց իր նա­խա­րա­րու­թեան ցարդ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կա­յի ծրա­գիր­նե­րը: Ապա, ան գնա­հա­տեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րը» նոր սե­րուն­դի հա­ւա­քա­կան կեան­քի վար­ժեց­ման եւ հա­յա­պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ:

Պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, իր կար­գին, նա­խա­րար Յա­կոբ­եա­նին ծա­նօ­թա­ցուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայ­րե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մար­զա­խա­ղե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րե­լու քայ­լը: Այս առի­թով, պատ­ուի­րա­կու­թիւնը նա­եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­խա­րա­րին՝ մար­զա­խա­ղե­րուն կազ­մա­կերպ­ման իր ու­նե­ցած մեծ նպաս­տին հա­մար:

Հան­դիպ­ման աւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շան­ուէր­նե­րու փո­խա­նա­կում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­ուի­րա­կու­թեան եւ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նին մի­ջեւ:

Նշենք թէ Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մար­զա­խա­ղե­րը ներ­կա­յաց­նող բազ­ման­դամ պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles