Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 8-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը պատմական օր մը դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ հայութեան համար: 91 տարուան պատմութիւն ունեցող Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը կրցաւ իրականացնել տարիներու իր երազը եւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իր 8-րդ մարզախաղերը ծրագրեց ու բացման հանդիսութիւնը կատարեց հայրենի հողին վրայ:
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, Օգոստոս 1, 2009-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկներուն տողանցքով: Հիւրընկալ Հայաստանի կողքին, աշխարհի 15 երկիրներէ՝ Աւստրալիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Աղեքսանդրիայէն, Գահիրէէն, Երուսաղէմ-Հայֆա-Եաֆայէն, Փարիզէն, Լոնտոնէն, Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն եւ Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն ժամանած 450 մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտներու գլխաւորութեամբ Երեւանի Հիւսիսային պողոտայէն տողանցեցին դէպի Թումանեան փողոց ու ժամանեցին Հանրապետութեան հրապարակ: Տողանցող շարքերը առաջնորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան փողերախումբը: Հրապարակը տեղադրուած բեմին վրայ տողանցող շարքերը դիմաւորեցին Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Արմէն Գրիգորեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեկլարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան այժմու եւ անցեալի անդամներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Երեւանի փոխքաղաքապետներ Կամօ Աժէեան եւ Տարօն Մարգարեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ախոյեանութիւններու տիրացած հայրենի մարզիկներ: Բացման հանդիսութեան հետեւելու համար հրապարակը խճողած էր երեսուն հազար հաշուող ժողովուրդ մը, որուն մէջ ուշագրաւ էր յատկապէս մարզախաղերուն համար Սփիւռքէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ներկայութիւնը:
Օրուան հանդիսավարներ Կարէն Կիլոյեան եւ Զարուհի Կարապետեան, ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ մասնակից իւրաքանչիւր երկրի մասին կարճ պատմականով մը անդրադարձան այդտեղ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցի հիմնադրութեան, կիրարկած մարզաձեւերուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն: Բոլոր երկիրներու մասնակիցներուն հրապարակ մուտքէն ետք, բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով՝ շեփորախումբին կատարողութեամբ: Ապա, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Սիոն եպիսկոպոս, որ շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան վսեմութիւնն ու տարիներ շարունակ ազգապահպանման համար իր կատարած աշխատանքը Սփիւռքի տարածքին:
Խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթեց մարզախաղերու մասնակիցներուն իրենց հայրենիքին մէջ՝ նշելով, որ հայրենի հողը միշտ կարօտը ունի իր զաւակներուն: Անոր յաջորդեց մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Արմէն Գրիգորեանի խօսքը, որ կարեւոր նկատեց նման մարզախաղերու կազմակերպումը Հայաստանի մէջ, ինչ որ կը ծառայէ նաեւ Սփիւռքի երիտասարդութեան հայրենիք այցելելու եւ հայրենի հողին վրայ մարզական ոգիով իրենց եղբայրներուն հետ մրցելու առաքելութեան: Ան նշեց, որ հայրենի ախոյեանները եւս ներկայ են հանդիսութեան՝ բարի գալուստ մաղթելու բոլորին: Արմէն Գրիգորեան փոխանցեց, որ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ յատուկ դասաւորումով պատրաստուած է բաժակ մը, որ պիտի ունենայ շրջուն բաժակի դրութիւն եւ պիտի փոխանցուի այն շրջանին, որ մարզախաղերուն առաւելագոյն յաջողութիւնները կþարձանագրէ:
Հիւրընկալ շրջանի խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան: Ան յոյս յայտնեց, որ համա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 8-րդ մարզախաղերը դառնան հզօրացման նոր ազդակ եւ նպաստեն հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման ու ամրապնդման:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան: Ան նշեց այս մարզախաղերուն իւրայատկութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կþունենան Հայաստանի մէջ: Գ. Պողարեան նշեց, որ ասիկա առիթ է ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստանեայց եկեղեցիին, ծառայելու ազգին ու հայրենիքին եւ գործելու անդուլ, մինչեւ որ «կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն» կարելի ըլլայ կոթողել դրօշն եռագոյն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մարզախաղերուն առիթով յղած էր իր օրհնութեան խօսքը, զոր ընթերցեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեան: Արամ Ա. վեհափառ իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը, որ դարձեալ հաւաքած է իր աշխարհացրիւ անդամները հայրենի հողին վրայ՝ հաւատարիմ իր որդեգրած սկզբունքներուն, դաւանած արժէքներուն ու հետապնդած երազներուն: Ապա կոչ ուղղեց բոլո°ր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, ներկայ թէ բացակայ, միութեան հիմնադիրներուն օրինակով եւ անցնող տասնամեակներու բոլոր տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն ծառայութեան ճամբով շարունակելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազգակերտ ու հայրենաշէն առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ, մարզախաղերու մասնակից մարզիկներուն անունով Վիգէն Յովհաննէսեան կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկին երդումը:
Վերջին խօսքը արտասանեց Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեկլարեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն՝ համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Ան գնահատեց «հայապահպանման գործին մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունեցող միութիւնը» եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն: Ապա ան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական 8-րդ մարզախաղերը:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, մասնակցութեամբ հայրենի երգի ու պարի խումբերու եւ երգիչ-երգչուհիներու: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 11:00-ին, հրավառութեամբ:
ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Միւս կողմէն Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 8-րդ մարզախաղերուն ծիրէն ներս, Յուլիս 31, 2009-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մամլոյ ասուլիսը՝ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանի, մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեանի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան հայրենի լրագրողներ եւ պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրաչ Շմաւոնեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա փոխանցեց, թէ ՀՄԸՄ-ի 99-ամեայ պատմութեան մէջ ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ՝ նշելով, որ նախապէս 7 անգամ տեղի ունեցած են Սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ: Մարզախաղերը պիտի ունենան 5 մարզաձեւեր՝ ոտնագնդակ, կողովա-գնդակ, փինկ փոնկ, ճատրակ եւ լող: Ան նշեց, որ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն 450 մարզիկներ եւ պատասխանատուներ ժամանած են Հայաստան, յատուկ այս մարզախաղերուն մասնակցելու համար: Հ. Շմաւոնեան փոխանցեց, որ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Մարզիկները Հիւսիսային պողոտայէն տողանցքով ուղղուեցան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն, որուն յաջորդեց երգահանդէս՝ մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներու, ինչպէս նաեւ՝ պարախումբերու ելոյթներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն մարզախաղերուն կազմակերպման աջակցած բոլոր անձնաւորութիւններուն, յատկապէս՝ Ոտնագնդակի Համադաշնակցութեան: Հ. Շմաւոնեան փոխանցեց նաեւ, որ Հայաստանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յատուկ բաժակ մը տրամադրած է ախոյեան շրջանին համար, որ պիտի ունենայ շրջուն բաժակի դրութիւնը եւ փոխանցուի ախոյեան շրջանին՝ իւրաքանչիւր համա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու աւարտին:
Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեան, որ համառօտ կերպով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդն ու առաքելութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ. – Հ.Ա.Ս.Կ.-ի հիմնադրութիւնը Հայաստանի մէջ եւ համաշխարհային սկաուտական շարժման անդամակցութիւնը: Ան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. հարիւր մասնաճիւղեր ունի աշխարհի տարածքին եւ 25 հազար անդամներ: Մ. Շիմշիրեան շեշտեց համաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական 8-րդ մարզախաղերը Հայաստանի մէջ կայացնելու կարեւորութիւնը, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին համար, որուն առիթ ընծայուած է այցելելու հայրենիք եւ հայրենի հողին վրայ մասնակից դառնալու մարզախաղերուն:
Վերջին խօսքը փոխանցեց Մանուէլ Մարսէլեան, որ շեշտեց, թէ մարզախաղերու մասնակցութեան կողքին, մարզիկներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ դաստիարակչական սեմինար մը, որմէ ետք անոնք պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Մարզիկները առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու Սեւանայ լիճ եւ ամբողջ օրը անցնելու Սեւանի ափին: Մ. Մարսէլեան նշեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն կրնան մասնակցիլ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ին անդամակցած մարզիկներ, եւ շեշտեց, որ մարզախաղերը սիրողական մակարդակի են:
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ մամլոյ ասուլիսի աւարտին Հ. Շմաւոնեան ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Ա.Ս.Կ.-ի անդամներու թիւին եւ գործունէութեան մասին:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ
Օգոստոս 5, յետմիջօրէին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այցելեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին մարզախաղերու առիթով Երեւան գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնի անդամներ եւ շրջաններու ներկայացուցիչներ, ընդամէնը՝ 29 հոգի:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը ընդունելով, նախագահ Սարգսեան ողջունեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը Երեւանի մէջ կատարելու որոշումը եւ ընդգծեց, թէ մարզախաղերու արդիւնքներէն աւելի կարեւոր է Սփիւռքահայ երիտասարդութեան շփումը հայրենիքին հետ: Հայաստանը Սփիւռքով զօրաւոր է, իսկ Սփիւռքը՝ Հայաստանով, շեշտեց ան եւ խօսեցաւ սիրողական ձեւով կիրակուող մարզախաղերու զարգացման անհրաժեշտութեան մասին:
Ապա, նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ հայութիւնը յուզող օրուան հրատապ հարցերուն՝ Արցախի հարցի լուծման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին մասին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան: Ան ներկայացուց միութեան հայանուէր աշխատանքներու տասնամեակներու վաստակը եւ յայտնեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհասփիւռ իր 25 հազար անդամներով այսօր, աւելի քան երբեք, իր աչքերը յառած է հայրենիքին՝ նոր սերունդը ազգային առողջ դաստիարակութեամբ կազմաւորելու ջանքով: 50 վայրկեան տեւած այցելութեան աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց յուշանուէր մը: