ՃԱՄԲԱՅ ԲԱՑԷ'Ք…

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

Անցէ¯ք հպարտ, անցէ¯ք խրոխտ ու ժպտուն,

Դուք ժառանգներ մեր փառապանծ անցեալին…

                                                           Մ.Իշխան

Պատմութիւն կերտեցին անոնք, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները:

Տարիներ առաջ միայն անիրագործելի երազ, այդ օր…Օգոստոս 1, 2009-ին իրականացած ու իրագործուած էր այդ երանի¯ն:

Այդ օր, տողանցքի պահուն եւ բացման հանդիսութեան, ամէն մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մէջ կը տիրապրտէր գոհունակութիւնը, երախտապարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Կը ծածանէին եռագոյնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը, բերկրանք, արցունք եւ հաւատք իրար խառնելով եւ ետին ձգելով տասնեակ մը այլ երկիրներու դրօշակներ, որոնք կը ներկայացնէին բազմաթիւ մասնաճիւղեր:

Մանուկ, պատանի, երիտասարդ, ալեհեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը քալեց որոտնդոստ ծափողջոյններու տակ: Ապագայի երազ մը կը պատահէր ներկայ կշռոյթին, ինքնին պատմութիւն մը կերտելով, անկիւնադարձային ապառնի անցեալի մը ոսկի էջերը պատրաստելով:

Աւելի քան իր իննիսունամեայ յարաճուն գործունէութեամբ  եւ ծառայութեամբ, հայոց գաղթաշխարհի զանազան օճախներէ ներս իր աշխատանքը ամէնայն հետեւողականութեամբ կատարելու կողքին, այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ. իր առաջնորդ մեծութիւնը տրամադրած էր մայր հայրենիքին:

Հաւանաբար քանի մը վայրկեաններու, կամ աւելի ճիշդ, ակնթարթային տեւողութիւն ունէր անոնց կատարած տողանցքը…եթէ վայրկեան մը բաղդատենք անոնց ստեղծած մթնոլորտին ընդմէջէն տողանցող դարաշրջանները, յաղթանակներն ու սխրանքները:

Հպարտ ու խրոխտ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը տողանցեց, ներկայ բազմութեան ցոյց տալով թէ խոր գիտակցութիւն ունի անմեռ ժողովուրդի մը կամքը ներկայացնելու:

Ապրող ժողովուրդի մը դարաւոր ուխտն էր որ կ’ողջունուէր:

Եւ այդպէս ալ պիտի ընթանայ, ինչ որ ալ ըլլան պայմաններն ու ժամանակը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր աւանդն ու փառքը…Ճամբայ բացէ’ք:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles