Օրուան հեւքոտ աշխատանքը այդքան չէր յոգնեցուցած ու սպառած զիս, որքան խճողուած մայրուղիին վրայ կարճ տարածութիւն մը աւելի քան մէկ ժամէն կտրելու հարկադրանքը, այն ալ` դիմացէն եկող ինքնաշարժներու լոյսերուն դէմ “ճակատելով“: Տուն մտնելով, խոնջած մարմինս ու զգայարանքներս նետեցի բազկաթոռին գիրկը, ծածկոցով մը ապահովուեցայ սենեակէն ներս տիրապետութիւն հաստատած ուշ աշնանային թեթեւ ցուրտին դէմ, կողքիս դրուած ձայնասփիւռէն որսացի մեղմ երաժշտութիւն մը եւ… ո՜վ պէտք ունի քնաբեր դեղի:
Մրափս որքա՞ն տեւած էր, չգիտցայ. միայն զգացի, որ դուռը կը թակէին: Արտասովոր բան. երեկոյեան այս ժամուն, որո՞ւ հոգը հատեր է, որ եկած է դուռս թակելու: “Հաւանաբար բան մը ծախելու եկած են“, մտածեցի` ափսոսալով, որ տան լոյսերը չէի մարած:
Թակողը կը յամառէր. ստիպուեցայ դուռը բանալ:
Դիմացս կանգնած էր միջին տարիքի մարդ մը. զգեստները կ՛ըսէին, որ յայտնապէս գիտա-երեւակայական ժապաւէնէ մը փախուստ տուած էր. մեր դարու սովորական զգեստները չէին, ոչ ալ` անցեալ դարերը յիշեցնող: Չէ՛, ձեռքին արտասովոր զէնք կամ սպառնական այլ առարկայ չունէր: Շատ քաղաքավար ու քաղաքակիրթ ձեւով բարեւեց, ըսաւ, որ իրեն պարտականութիւն տրուած է զիս տեղ մը փոխադրելու (տեղին անունը չկրցայ որսալ): Չունէր մէկը, այս պարագային` զիս առեւանգելու ելածի երեւոյթ: Հազուադէպ քաջութիւն մը եկաւ վրաս, ու առանց հարց ու փորձի, հետեւեցայ իրեն: Կ՛երեւի թէ զգեստներն ու խօսակցութեան ոճը վստահութիւն ներշնչած էին ինծի…
Փողոցին ծայրը, այլ ինքնաշարժներու շարքին, կանգնած էր իր հագուստ-կապուստին պատշաճող մեքենայ մը. նստայ հիւրընկալ-առաջնորդիս կողքին: Նկատեցի՞ք. ըսի մեքենայ: Ճիշդ է, ինքնաշարժի կը նմանէր, սակայն բոլորովին փակ կառոյց մըն էր. չունէր պատուհաններ, ուրկէ մարդ կարենար դուրսը տեսնել, իսկ յառաջամասի ապակիին տեղ հաստատուած էր համակարգիչի պաստառին նմանողութեամբ սարք մը, որուն վրայ տարօրինակ նշաններ կ՛երթեւեկէին, կը սահէին վեր-վար:
Կոճակի մը սեղմումին վրայ, դուռները փակուեցան անձայն, յետոյ, առաջնորդս այլ կոճակներ սեղմեց, պաստառին վրայ երեւցան միայն իրեն հասկնալի նշաններ. հազիւ լսելի վըննոց մը կ՛ընկերանար իր շարժումներուն: Ձայնը կը յիշեցնէր ծանօթ ջութակահարի մը նուագը: Անձայն ու հետաքրքրութեամբ կը հետեւէի իր շարժումներուն. ինք ալ խօսակցելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար: “Տեսնենք ասոր վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ“, մտածեցի, մտաբերելով, որ երբեմն, երազներուս մէջ ալ նման կացութիւններու մատնուած եմ եւ թողլքած` բանականութիւն ու տրամաբանութիւն:
Մեր լռութեան դիմաց, վըննոցը աւելի ուժեղ թուեցաւ պահ մը, յետոյ, դանդաղօրէն մեղմացաւ ջութակի մեղեդի յիշեցնող ձայնին պէս: Կողքի դուռները բացուեցան, դուրս եկանք գեր-արդիական օդակայան մը յիշեցնող կառոյցի մը առջեւ: Մեր չորս բոլորը, մարդոց հագուստները նման էին ընկերակիցիս զգեստներուն: Ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրաւած էի:
Անցանք քանի մը նրբանցքէ, որոնց վրայ կը բացուէին սենեակներ. պատերը մեծ մասամբ թափանցիկ նիւթով շինուած էին. սենեակները թողուցին այն տպաւորութիւնը, թէ կը գտնուէի գեր-արդիական սարքերով օժտուած կեդրոնի մը մէջ, ուր մարդիկ ինծի համար անհասկնալի աշխատանքներ կը տանէին: Այս բոլորը` ԼՌՈՒԹԵԱՆ տիրապետութեան տակ:
Ի վերջոյ, չկարենալով սանձել հետաքրքրութիւնս, հարց տուի ընկերակիցիս, թէ սա ի՞նչ տեղ է, ո՞ւր կը գտնուինք եւ ի՞նչ ընելու բերուած եմ:
Լայնատարած սրահի մը դուռը բանալով, զիս ներս հրամցուց եւ բացատրեց.
– Ասիկա մեր աշխարհի տեղեկութիւններու կեդրոնն է. կը տեսնե՞ս կեդրոնի համակարգիչները. անոնց մէջ մթերուած են մարդկային պատմութեան մասին բոլոր տեղեկութիւնները. շտեմարան մըն է բոլոր այն գիտելիքներուն, որոնք արձանագրուած են երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, ըլլան անոնք գիտական, պատմական, մշակութային թէ այլ: Ի՛նչ որ միտքէն կ՛անցնի, կրնաս գտնել հոս: Անիկա կապուած է տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող նման կեդրոններու հետ:
– Ըսել կ՛ուզես` Googleի կամ համակարգչային համայնագիտարանի պէս բա՞ն մը,- հարցուցի:
– Այդ գիտցածներէդ շատ աւելի կատարելագործուած ու աւելի ամբողջական պահեստանոց մըն է այս համակարգիչը,- բացատրեց ուղեկիցս ու շարունակեց.- Հա, մոռցայ ըսելու, որ դուն հիմա հասած ես 2365 թուականը: Քու ապրած ժամանակներէդ աւելի քան 350 տարի դէպի ապագադ: Այս համակարգիչը այնպէս մը սարքուած է, որ քեզի հետ կրնայ “խօսակցիլ“ փնտռած տեղեկութիւններուդ մասին:
Զիս հրաւիրեց նստելու համակարգիչին առջեւ գտնուող ազատ մնացած աթոռներէն մէկուն վրայ, քանի մը արագ բացատրութիւն տուաւ սարքերը գործածելու եղանակին մասին, ցոյց տուաւ կոճակ մը, զոր պէտք էր սեղմէի` երբ գործս աւարտած նկատէի, ու վերջին թելադրանք մը ըրաւ.-
– Գիտեմ որ հայ ես. քեզ հոս բերած ենք յատուկ յանձնարարականով (չըսաւ, թէ յանձնարարողը ո՞վ էր): Վստահ եմ որ պիտի ուզես ծանօթանալ մեր օրերու աշխարհին, այսօրուան իրականութիւններուն: Ազատ ես. որքան ուզես, մնա՛: Իմ գրասենեակս քիչ մը անդին է. երբ ուզես տուն վերադառնալ, սեղմէ այդ կոճակը,- կրկնեց, ու մեկնեցաւ:
Ես, որ բարեկամներուս շրջանակին մէջ հսկայական վարկ կերտած եմ` համակարգիչները վանողական գործիք նկատելուս համար, կրկնակիօրէն շշմած էի: Նախ` կը զգայի գիտա-երեւակայական, անհաւատալի ժապաւէնի մը դերակատարի կացութեան մէջ, քանի մը ակնթարթի մէջ ժամանակէս խլուած-տարուած` քանի հարիւր տարի դէպի ապագայ, յետոյ, ես ո՜վ, այս համակարգիչը գործածողը` ո՛վ…: Քանի մը վայրկեան ետք, սակայն, երբ ամբողջական լռութիւնը վերստին տարածուեցաւ սրահին մէջ (ըսի՞, որ համակարգիչներուն վրայ աշխատողները ոչ մէկ ձայն-աղմուկ կը հանէին, այնքան որ կատարելագործուած էին սարքերը), քիչ առաջուան ջութակի մեղեդին դարձեալ լսելի եղաւ. տարօրի նակ զգացում մը պատեց զիս. “Դէ՛, առիթ մը ստեղծուեր է. որքան կրնաս` օգտուէ՛“, մտածեցի, եւ մատներս տարի այն ապակիին վրայ, ուր ստեղնաշար մը կ՛արտացոլար: Բնականաբար, հետաքրքրութիւնս զիս առաջին հերթին մղեց հետաքրքրուելու իմ ժողովուրդիս ու հայրենիքիս վիճակներով:
***
Շուրջիններուս նման, լսելու մանրատիպ սարքեր զետեղեցի ականջներուս, ստեղնաշարին վրայ քանի մը հրահանգ` եւ դիմացի պաստառին վրայ երեւցաւ աշխարհի քարտէսը: Համակարգիչը հարցուց, թէ ո՞ր գօտիին վրայ կ՛ուզէի կեդրոնանալ. հրահանգեցի` “Հայաստան“: Պաստառին վրայ երեւցաւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. “Հայաստան. հին երկիր մը, որ պատմութեան անցած է“: Մինչ այդ, կ՛երեւէր Կովկասի այն տարածքը, ուր կը գտնուի Հայաստանը. քարտէսին վրայ մեծ փոփոխութիւններ կային. արձանագրուած էին տարբեր անուններ, որոնց շարքին, սակայն, չկար Հայաստանը: Ստեղնաշարին վրայ նոր հրահանգ մը արձանագրեցի, որպէսզի ծանօթութիւն տրուի Հայաստանի ու ժողովուրդիս մասին: Համակարգիչը շարունակեց “պատմել“.-
– Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը ունեցած են երկար պատմութիւն, ստեղծած են սքանչելի մշակոյթ, մեծ բաժին ունեցած են մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ, սակայն եկած է դարաշրջան մը, երբ սկսած են տեղի տալ նոր ժամանակներու հարկադրանքներու դիմաց եւ իբրեւ երկրի ու առանձին ժողովուրդի, անոնց մոմը հալած-մաշած է: Այսօր, աշխարհի վրայ մնացած են որոշ խմբակցութիւններ, որոնք կը բաւականանան ըսելով, որ հայկական ծագում ունին, սակայն ոչ ոք հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ թէ ո՞վ էին եւ ի՞նչ իրագործած էին հայերը, Հայաստանի պատմական վայրերով ալ հետքրքրուող չէ մնացած: Նախկին Հայաստանի կարգ մը շրջանները այսօր միայն զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէ, ինչպէս Եգիպտոսի ու լատին-ամերիկեան երկիրներու բուրգերը
Սարսափախառն վրդովմունք մը պատեց էութիւնս: Ի՞՜նչ, Հայաստան-հայութիւն` ի սպառ կորսուա՞ծ քարտէսէն ու ապրող աշխարհէն… Անկարելի բան…: (Լռութեան մէջէն, սրինգի մը մեղեդին փոխարինած էր քիչ առաջուան ջութակի երաժշտութիւնը): “Ինչպէ՞ս պատահած է այս կորուստը“ հարցումիս, համակարգիչը շարունակեց.-
* Ինչպէս որեւէ երկրի ու ժողովուրդի քարտէսէն անհետացման պարագային, Հայաստանի ու հայութեան պատմութիւնն ալ ենթակայ եղաւ աշխարհաքաղաքական ու ներքին գործօններու, որոնք առաւել կամ նուազ չափով բաժին ունեցան այս դարաւոր ժողովուրդի հալ ու մաշ ըլլալուն մէջ: (Պաստառին վրայ երեւցան պատճառներ թուող տախտակներ: Համակարգիչը շարունակեց) Պատճառներուն շարքին էին այն վտանգաւոր ու զինեալ իրադարձութիւնները, որոնք հարուածեցին Հայաստանի շրջանն ու հայութեան բնակավայր դարձած գօտիները, սակայն այդ դէպքերը աննախընթաց չէին հայութեան համար: Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ յաճախ անցած էր ծանր դէպքերու բովէն, ընդհանրապէս յաղթանակած էր ահաւոր փոթորիկներու, մինչեւ իսկ ցեղասպանութենէ մը փրկուած էր ու վերականգնած, երկու անգամ վերահաստատած էր անկախ պետութիւն, ընդարձակած էր իր սահմանները (հետաքրքրութիւնս համակարգիչին պատմածէն աւելի արագ կը թաւալէր դէպի յառաջ): Յետոյ, այս ժողովուրդին ու երկրի պատմութեան մէջ արձանագրուեցան աննախընթաց վիճակներ: Հայութեան ու անոր առաջնորդներուն մէկ մասը ինկան ԻՆՔՆԱԼՔՈՒՄԻ, ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄԻ եւ ԻՆՔՆ ԻՐՄԷ ԵՐԵՍ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ճամբու մը մէջ, ինչ որ ատեն մը ետք դարձաւ համատարած ու համայնակուլ: Այս վիճակը արտայայտուեցաւ հետեւեալ գիծերուն վրայ.-
* Երկիրն ու ժողովուրդը (ոչ միայն Հայաստանի մէջ) տարուեցան աշխարհին տիրապետող նիւթականութեան-նիւթապաշտութեան հոսանքներով: Պետական առաջնորդներ ու երկրի լինելութիւնը ապահովելու կոչուած խմբաւորումներ ոգեղէնը դրին լուսանցքի վրայ, նիւթական շահերն ու այդ գիծը քաջալերողները դասեցին ամէն բանէ վեր, գրեթէ բացարձակ տիրապետութիւն շնորհեցին անոր:
* Հետեւանքներէն մէկն էր երկրի արտադրողականութեան անկումը: Երբ երկրի տնտեսական զարգացումը կորսնցուց տեղական բազմաթիւ յենարաններ, եւ “Շուկայի Տրամաբանութիւն“ը դարձաւ համատարած, երկրի բնակիչները հարկադրուեցան զանգուած առ զանգուած հեռանալու հայրենիքէն, հաց հետապնդեցին մօտակայ թէ հեռաւոր երկիրներու մէջ, որոնք շահած էին գործ հայթայթողի անուն ու վարկ: Հեռացողներէն շատեր իրենց ետին ձգեցին հայութեան ու Հայաստանին պատկանելու զգացումը, որովհետեւ տեսան, որ իրենց երկրի առաջնորդները տանելիութիւնը արագօրէն սղած էին, փոքրամասնութեան մը եկամուտներուն ապահովութիւնը գերադասելով զանգուածներու ապրուստի կարիքներէն: Այլ երկիրներու երկինքներուն տակ, հայկական պատկանելիութիւնը կորսնցուց նախամեծարութիւնը:
* Հայաստանի մէջ թէ այլ երկինքներու տակ, հայութեան ինքնալքումը արտայայտութիւն գտաւ տարբեր մակարդակներու եւ գիծերու վրայ. հայերէնն ու մշակութային հարստութիւնները, որոնք նախորդ դարերուն միշտ ալ պահպանուած էին ամրօրէն, դասուեցան երկրորդական կամ նուազ կարեւոր. նախ, տարածուեցաւ այն մտածողութիւնը, որ լաւ հայ ըլլալու համար հայրերէն խօսիլ-կարդալ-գիտնալը նախապայման չեն: Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ, օտարաբանութեամբ հարստացող հայերէն մը ինքզինք պարտադրեց բոլորին, լեզուի մոմին նշուլացումէն առաջ:
* Զանգուածներ մոռցան ու անտեսեցին իրենց պատմական հերոսները, դադրեցան հետաքրքուելէ-սորվելէ, թէ հայութեան պատմութիւնը, մշակոյթը որո՞նց կողմէ կերտուած է եւ ինչպէ՞ս: Հայութեան դարաւոր գանձարանին մասին տեղեակ ըլլալը նկատուեցաւ “տղայամիտ մենաշնորհեալներու“ մէկ կալուածը, որ գործնական շահ չ՛ապահովեր: Օտարներու մշակութային գանձերը նախապատիւ սեպուեցան, որովհետեւ սեփականին մասին գիտելիքը մնաց սահմանափակ, ճղճիմ:
* Հայ մտաւորականութիւնը ընկրկումներ արձանագրեց իր դերակատարութեան ճամբուն վրայ: Դարեր շարունակ, Հայ Միտքը ունեցած էր առաջնորդողի, նոր հորիզոններ ցոյց տուողի դեր, պայքարած էր այդ դերը հաստատելու եւ պահելու համար: Նիւթականի տրամաբանութիւնը նախ լուսանցքային վիճակի մատնեց մտաւորականութիւնը` իր բոլոր տեսակներուն մէջ, զանոնք ձեւով մը դարձուց նիւթականով տիրողներուն ճորտերը, հետեւաբար, անոնց ձայնն ալ կորսուեցաւ նորաստեղծ աղմուկին մէջ: Ոմանք հեռացան երկրէն, ուրիշներ մնացին, բայց ազդու առաջնորդողի դերակատարութիւնը նօսրացաւ ու հալեցաւ միւս մոմերուն պէս:
* Ժողովուրդին ու մանաւանդ պետական ղեկավարներու մակարդակին վրայ, ծիլ արձակեց “գործնապաշտ քաղաքականութիւն“ մտածողութիւնը, որ մեծ մասամբ թելադրուած էր դուրսէն: Պատմական-քաղաքական-հողային իրաւունքներէ իրողական հրաժարումի կացութիւններ ստեղծուեցան Հայաստանի մէջ, անոնք վերածուեցան քաղաքական մրցակցութեան, աճուրդի նիւթի, մինչեւ իսկ լուռ կամ քողարկուած քաջալերանք գտան ժողովրդային գետնի վրայ կամ առաջնորդի հանգամանք վայելող հեղինակութիւններու մօտ, դարաւոր թշնամին եւ իրաւազրկողը սկսան դիտուիլ գործակիցի եւ ողորմութիւն տրամադրողի ակնոցներով:
* “Շուկայի Տրամաբանութիւնը“ իր տիրապետութիւնը տարածեց նաեւ մշակոյթի տարբեր կալուածներու մէջ: Երգի, թատերական եւ արուեստի այլ կալուածներու մէջ գործողներ անգիտացան սեփականն ու հարազատը, նորարարութեան անուան տակ ներկայացող մակերեսայնութիւնը իր բաժինը ունեցաւ ինքնալքումի գործընթացին մէջ: Այդ օրերու ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկը` պատկերասփիւռը, ինկաւ օտարոտի ազդեցութիւններու տակ, զանգուածները առաջնորդելով այդ կալուածի աղբանոցները. փոխանակ ազգային գրականութեան ու մշակոյթին վրայ պատուհան դառնալու` վերածուեցաւ տխմար եւ թարգմանածոյ հաղորդաշարեր տարածելու եւ զանոնք իբրեւ օրինակելի արժէք ներկայացնելու պողոտայի, ուրկէ սկսան քալել նոր սերունդները` իրենց ծնողներուն հետ միասին…
* Հայ գիտական միտքը, որ հսկայական նուաճումներ արձանագրած էր ու ինքզինք պարտադրած` աշխարհով մէկ, Հայաստանին վիճակուած այս պայմաններուն մէջ, թողլքեց իր դերակատարութիւնն ու երկիրը, դարձաւ այլոց իրողական ճորտը, անոր մոմն ալ ստեղծեց հալելու իր պատմութիւնը:
* Հայութիւնն ալ, շատ ժողովուրդներու պէս, արագօրէն որդեգրեց այն նորութիւնը, թէ սեփական անցեալի, մշակոյթի ու իրագործումներու մասին ծանօթութիւններն ու գիտելիքի իւրացումը չեն ապահովուիր կարդալով: Թերթ, գիրք եւ ընդհանրապէս գիրով տրամադրուած որեւէ նիւթ նկատուեցան “հնադարեան“ միջոցներ, հետեւաբար` վանողական, որմէ պէտք է խուսափիլ ամէն գնով: Նախ` ծնողներու սերունդ մը որդեգրեց այս նորութիւնը, յետոյ տեղի տուաւ “պիտի չկարդամ“ վճռող մանուկին ու պատանիին որոշումին առջեւ. արդի արհեստագիտութեան կարելիութիւնները չկրցան քայլ պահել ժամանակի արագ ընթացքին մէջ, առիթ ստեղծուեցաւ միջոցն ու նպատակը իրարու հետ շփոթելու:
* Ինքնալքումը, սեփական հողէն ու անցեալէն հրաժարումը…
Զայրոյթս ու վրդովումս հասած էր աստիճանի մը, որմէ անդին ա՛լ չէի կրնար դիմանալ ու սպասել պատմութեան շարունակութեան: Առանց ըրածս լաւապէս ըմբռնելու, մատներս “խաղցած“ էին ստեղնաշարին վրայ եւ ահա, դիմացի պաստառին վրայ սկսան սահիլ պատկերներ: Արագօրէն իրարու յաջորդեցին թագաւորներ, որոնց տակ արձանագրուած էին մեր բազմադարեան հարստութիւններուն կերտիչները. սահեցան պատկերները Մեսրոպ Մաշտոցէն մինչեւ Խաչատուր Աբովեանի, Րաֆֆիի, Խրիմեան Հայրիկի, Վարուժանի, Թէքէեանի, Սեւակներուն եւ դեռ ուրիշներու, հասնելով մինչեւ Արցախեան հերոսամարտերու նահատակներուն: Երեւցան նաեւ պատկերները Սուլթան Համիտի, Թալէաթի, Էնվէրի, Ճիւանշիրի, Մուսթաֆա Քեմալի, Էվրէնի, Էօզալի, Ալիեւներուն եւ ուրիշներու (մէկ մասը ծանօթ չէին. հաւանաբար մեր այսօրուան ժամանակէն ետք եկողներ էին), որոնց դէմքին վրայ արհամարհոտ ժպիտներ ուրուագծուած էին – կամ ինծի այնպէս թուեցան: Ափս ստեղնաշարին զարկի բացագանչելով` “Անկարելի է, սուտ է այս պատմութիւնը…“
Ցնցումը… արթնցուց զիս: Տանս մէջ էի, բազկաթոռին վրայ ծուարած, դող ելած վիճակի մէջ:
***
“Անկարելի է, սուտ է“ կրկնեցի, մղձաւանջային մրափէս առանց բոլորովին սթափած ըլլալու:
Քանի մը ակնթարթ ետք, լիովին սթափած էի արդէն: Ո՛չ ճամբորդութիւն, ո՛չ արդիական համակարգիչ, ո՛չ ալ տարօրինակ զգեստներ: Ձայնասփիւռէն հիմա կը հոսէր դաշնակի մենակատարութիւն մը…
Ես ինծի առիթ տուի, որ մղձաւանջիս ազդեցութիւնը բոլորովին փարատի, եւ այս անգամ, աւելի՛ հանդարտ եւ վճռական կերպով ըսի ես ինծի.-
“Անկարելի է որ դարերու պատուհասներ ու անկրկնելի առհաւիրքներ տեսած իմ հայրենիքս ու ժողովուրդս մօտ ատենէն չքանան պատմութեան ու աշխարհագրութեան բեմերէն, ի՛նչ ալ ըլլան մեր թշնամիներուն ու կարծեցեալ բարեկամներուն տրամադրութիւնները, ծրագիրները:
“Հայրենիքս ու ժողովուրդս վաղը-միւս օր պիտի թօթափեն այն թմբիրը, որ մեզի պարտադրուած է թուրք-ազերիական շրջափակումին, վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ իշխանութիւն խաղացող փտածներուն-շահամոլներուն կողմէ: Ինքնագիտակցութեան` սեփական արժէքներու եւ ժառանգութեանց գիտակցութիւնն ու տիրութեան կամքը անպայման որ պիտի վերականգնին ամէն տեղ, Հայաստանի թէ արտերկրի օճախներուն մէջ, եւ այսօրուան պատանին, երիտասարդը իրե՛նք պիտի ըլլան դարաւոր ուղին վեականգնողները: Այս կամ այն հայօճախը հարուածող խորշակները պիտի վերջ գտնեն նախընթացներուն պէս, արդարութիւնն ու յառաջատուական զարգացումը պիտի հարթեն նոր ուղիներ, Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի ապրին ու գոյատեւեն ոչ միայն Ցեղասպանութեան 100ամեակէն, այլ նաեւ 2365 թուականէն շատ անդին, մինչեւ յաւերժութիւն:
“Ինքնալքումի եւ հայրենալքումի վիճակները չեն կրնար երկար տեւել: Մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի վերիվայրումները ա՛յս կը վկայեն. ա՛յս կը վկայեն Սարդարապատն ու Արցախեան Ազատամարտը` իրենց բազմապիսի արդիւնքներով: Ա՛յս կը վկայէ այսօրուան Արցախը, ա՛յս կը վկայեն մեր բազմաճիւղ Դատին հետապնդման լծուած մեր երիտասարդութիւնը“: