ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Դեկտեմբեր 28, 2012
Գլտորեցաւ տարի մըն ալ, ներկայ հեւքի օրերուն հետ մրցելով…ճեպընթացի մը նման եւ շարունակ քայլ պահելով աննահանջ սլաքներուն հետ:
Հետզհետէ կատարելագործուած եւ մեքենացած կեանքին ու ապրելաձեւին արդիւնքն է այս “սփրինթ“ը, որուն հաւանաբար ամենէն աւելի քաջատեղեակ ըլլայ դեռ անցեալ Օգոստոսի Լոնտոնի Ողիմպիականին…բոլոր աշխարհը ելեկտրականացնող, աշխարհի ամենէն աւելի արագ մարդը` հարիւր մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր` Ուսայն Պոլթը:
Բիւրաւոր մարդիկ հետեւեցան այս մկաններու կոյտի ակնթարթային վազքին: Դժբախտաբար, այս սխրագործութեան չկրցաւ հետեւիլ աշխարհի ամենէն աւելի դանդաղ էակը` Կալափակոս կղզիի (Էքուատոր) իր տեսակին մէջ միակ շնչող կենդանին` վիթխարի կրեայ հանրածանօթ “Լոնլի Ճորճ“ը, որ հետզհետէ աւելի դանդաղելով, խոր ծերութեան մէջ, վերջնականապէս ընդհատեց իր շարժումները…անցեալ Յունիսի աւարտին:
Թէեւ անկապ, այս երկու ծայրայեղութիւնները բաղդատելով, ընթերցողը կրնայ պատկերացնել թէ որքա՜ն տարօրինակ սկսած է դառնալ Աշխարհն ու իր բնակիչը: Աշխարհ մը, որուն աւարտը պիտի կատարուէր ըստ Կեդրոնական Ամերիկեան Մայա քաղաքակրթութեան…Դեկտեմբեր 21, 2012-ին: Սակայն “Յայտնութիւնն այժմ“ կը մնայ ցայսօր անյայտ, եւ կեանքը ինչպէս որ է..կը շարունակուի:
Դեռ շատ մելան կարելի է հոսեցնել անցնող տարեշրջանին մասին: Սակայն համաշխարհայնացում բուրող այս ապրելաձեւէն դուրս գալով եւ կարկինը սեղմելով ու հայորդիի ակնոցով թերթատելով առկայ կացութիւնը, վստահաբար բոլորին կիզակէտն է Սուրիոյ դժոխային վիճակն ու տարիներ շարունակ, Լիբանանի կողքին երբեմնի բազկերակ նկատուող տեղւոյ գաղութը:
Ներքին քաղաքացիական պատերազմը, արդէն իսկ սկսած էր անցեալ տարի, սակայն այս տարուայ ընթացքին է որ սուրը հասաւ ոսկորին եւ խլրտումները հասան հայաշատ Հալէպ, քարուքանդ ընելով բազմաթիւ կառոյցներ, հաստատութիւններ, կալուածներ: Դժբախտաբար բարելաւման ոչ մէկ նշոյլ կը թուի ըլլալ:
Հրաժեշտ տանք անցեալ տարուան եւ բարի գալուստ 2013-ին…որ քանի մը շաբաթէն, Փետրուարի կէսերուն առիթ պիտի ընծայէ որպէսզի մեր Հայրենիքը օժտուի նոր նախագահով մը: Գէթ տը ֆաքթօ կարելի է այսպիսի նախադասութիւն մը շարադրել, նկատի ունենալով որ կրնայ Կաղանդ Պապը ժողովրդավարական ընտրութիւն մը ձօնէ…կամ ալ, վերընտրուած նախագահով մը շարունակուի յառաջիկայ հնգամեակը: Թէ՛ մինչ այդ արտագաղթի պատկերը դէպի ներքին եւ արտաքին Սփիւռք ո՞ւր հասած պիտի ըլլայ:
Մինչ այդ ցտեսութիւն 2012-ին եւ բարի գալուստ անոր յաջորդին: