Հէքիաթներու կը հաւատա՞ք: Մարդկային պատմութեան չափ հին հարցումը կրնայ շատ միամիտ հնչել: Թերեւս ալ այդպէս է: Բայց վստահ եմ, որ բոլորս օր մը ատոր դիմաց եղած ենք. հաւատա՞լ, թէ չհաւատալ:
Հէքիաթը բարիի եւ արդարի հանդէպ հաւատքի արտայայտութիւն է: Այն մեր մանկութեան պորտալարն է, զոր ամենախոր ծերութեան անգամ չենք ուզեր կտրել:
Մեր ամենօրեայ իրականութեան մէջ նիւթի շլացնող փայլքը կը փորձէ տիրական դառնալ: Մեզ շրջապատող առօրեայ գորշութիւնը յաճախ յուսահատութիւն կը թելադրէ` շուքի մէջ ձգելով կեանքի պայծառութիւնն ու մարդկային բարութիւնը: Հէքիաթը մեզի կը յուշէ այդ հրաշալի արժէքներու գոյութիւնը:
Այս օրերուն մտիկ ըրէք ձեզ շրջապատող մանուկներուն: Անոնց մօտ ալ կասկած կայ: Կաղանդի նախօրեակին այն կ՛արտայայտուի “Կաղանդ Պապա կա՞յ“ միամիտ հարցումով: “Խելացի“ները կը պնդեն, որ “չկայ“: Հաւատացողներն ալ միամիտ կը համարուին: Ինչո՞ւ:
Իսկ` դուք Կաղանդ Պապայի գոյութեան կը հաւատա՞ք:
Նոյն կասկածը ունէր Նիւ Եորքցի Վիրժինիա Օ՛հանլըն անունով 8 տարեկան աղջնակը, որ 1897-ին, պատասխանի փնտռտուքով, հետեւեալ նամակը գրած էր այդ տարիներու հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն` “The Sun“ի խմբագրին.
“Սիրելի՛ խմբագիր,
“Ես 8 տարեկան եմ: Իմ փոքրիկ ընկերներէս ոմանք կ՛ըսեն, որ Կաղանդ Պապա (Սանթա Քլոզ) չկայ: Հայրիկս կ՛ըսէ “Եթէ “The Sun“ին մէջ գրուած է, ուրեմն` այդպէս է“: Խնդրեմ ինծի իրականութիւնն ըսէ. Կաղանդ Պապա կա՞յ“:
Վիրժինիայի նամակը անպատասխան չմնաց: 1897 Սեպտեմբեր 21-ին, թերթին մէջ լոյս տեսաւ Ֆրանսիս Չըրչի պատասխանը: Ան ի միջի այլոց, կ՛ըսէր.
“Վիրժինիա՛, քու փոքրիկ ընկերներդ կը սխալին: Անոնք այս տժգոյն ժամանակի յոռետեսութեամբ ազդուած են: Անոնք միայն իրենց տեսածին կը հաւատան: Անոնք կը կարծեն, որ իրենց փոքրիկ ուղեղներուն անհասանելի բաները գոյութիւն չունին“:
“Այո, Վիրժինիա՛, Կաղանդ Պապա կայ: Անոր գոյութիւնը սիրոյ, առատաձեռնութեան եւ նուիրումին նման հաստատ է. եւ դուն գիտես, որ անոնք քեզ շրջապատած են եւ կեանքիդ ամենավսեմ գեղեցկութիւն ու հաճոյք կը պարգեւեն: Եւ, ի՜նչ մռայլ պիտի ըլլար կեանքը առանց Կաղանդ Պապուկին: Այն նոյնքան մռայլ պիտի ըլլար, ինչպէս աշխարհը` առանց ՎԻՐԺԻՆԻԱներու: Այն ատեն այս փորձառութիւնը տանելի դարձնող մանկունակ հաւատք պիտի չըլլար. բանաստեղծութիւն եւ քնարերգանք ալ պիտի չըլլային: Այն ատեն միայն շօշափելի եւ տեսանելի հաճոյքները պիտի վայելէինք: Պիտի ոչնչանար մեր աշխարհը լուսաւորող մանկական յաւիտենական լոյսը:
“….Ո՛չ մէկը Կաղանդ Պապան կը տեսնէ. բայց փաստ ալ չկայ, որ ան գոյութիւն չունի: Աշխարհի ամենէն իրական բաները անոնք են, որոնք ո՛չ մանուկները, ոչ ալ մարդիկ կրնան տեսնել….
“….Այն անտեսանելի աշխարհը շղարշով պարուրուած է. շղարշ մը, զոր ո՛չ ամենազօրաւոր մարդը, ոչ ալ ցարդ ապրած հզօրագոյն մարդոց հաւաքական ուժը կրնայ պատռել: Միայն հաւատքը, երեւակայութիւնը, բանաստեղծականութիւնը եւ սէրը կրնան այդ վարագոյրը ճեղքել եւ անոր ետին գտնուող երկնային գեղեցկութիւնն ու փառքը պատկերել: Բոլորը իրակա՞ն են: Ո՜հ, Վիրժինիա, համայն աշխարհի մէջ ուրիշ իրական եւ հաստատուն բան չկայ:
“Կաղանդ Պապա չկա՞յ: Շնորհակալութիւն‘ Աստուծոյ, որ ան յաւիտեան կ՛ապրի: Վիրժինիա՛, հազար տարի վերջ ալ, ո՛չ, տասն անգամ տաս հազար տարի ետք ալ ան պիտի շարունակէ երջանկացնել մանկունակ հոգիները“:
Նիւ Եորք Սան Սեպտեմբեր 21, 1897
Ֆրանսիս Չըրչ Ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն լրագրող էր: Չըրչի ա՛ս խմբագրականը մինչեւ օրս ամենաշատ արտատպուած յօդուածներու շարքին է: Իսկ Վիրժինիա Օհանլըն, Գոլոմպիա Համալսարանէն Դոկտորականի կոչում ստանալով, տարիներով եղած է Նիւ Եորքի դպրոցներէն մէկուն տնօրէնուհին: Ան խոստովանած է, որ Ֆրանսիս Չըրչի պատասխանը միշտ դրական լիցք տուած է իր կեանքին:
Մանուկի մը հարցումին ի պատասխան գրուած այս նամակը խորքին մէջ յիշեցում մըն է մեզի, չափահասներուս: Մանկութենէն պատանեկան, յետոյ` երիտասարդական եւ հասուն կեանքի անցումը կարծէք կ՛ուզէ նաեւ մեր միտքերը եւ հոգիները փոխել: Կեանքի թաւալող տարիներու, աճող պատասխանատուութիւններու, դժուարութիւններու, դժբախտութիւններու եւ կորուստներու բեռին տակ մնալով, յաճախ կը վախնանք լաւին, բարիին հաւատալ: Հէքիաթի եւ բարիի հանդէպ մեր հաւատքը կը տկարանա՞յ, թէ տկարութիւն համարելով անկէ կը հրաժարինք. չեմ գիտեր: Անկեղծ պատասխանը իւրաքանչիւրս իր մէջ պէտք է փնտռէ:
Բայց, եկէք, մենք մեզի բարիք մը ընենք եւ այդ հաւատքը վերականգնենք: Դիւրին չէ: Մանաւանդ անհատական եւ հաւաքական մեր դժուարութիւններուն ի տես, իրապէս չափազանց դժուար է այդ մէկը ընել: Բայց անգամ մը մեր շուրջն ալ նայինք: Մեր առօրեային յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչող մէկը չկա՞յ: Չկա՞յ մէկը, որու համար կ՛արժէ հաւատալ:
Կաղանդ Պապային կը հաւատանք կամ` ոչ, վստահ եմ, որ բոլորս քիչ մը թախիծով, քիչ մը ժպիտով եւ քիչ մըն ալ հաւատքով կը կարդանք Մուշեղ Իշխանի հռչակաւոր նամակը մեր, Հայ Կաղանդ Պապային:
Նամակ Կաղանդ Պապային
Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քեզ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին:
Ուր ալ ըլլաս,
Պիտի անշուշտ զայն կարդաս
Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն, կրկին,
Մեր տան ծանօթ հին ուղին:
……..
Մի՜ հաւատար իմ մասին
Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն.
Ես տիպարն եմ ամէնուն,
Հեզն ու բարին
Եւ ամենէն արժանին`
Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն…
………..
Մայրս կ՛ըսէ որ այս տարի
Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ
Բերես ինծի:
Բայց չլսես դուն անոր.
Խելք ու շնորհ`
Այնքա՜ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի…
Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր
Լեցուր շուտով ինձ համար
Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար:
……………….
Հայրս կ՛ըսէ` Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,
Որուն մէջ կայ ամէն բան-
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց,
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Եւ հրեղէն նժոյգներ…
Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ՛ուզեմ:
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ մեր տունը շիտակ,
Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
Օ մի վախնար, չեմ կոտրեր,
Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ`
Իբրեւ բարի հրեշտակ
Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր:
Կ՛ըսեն որ դուն ամէն տարի Մասիսէն
Կու գաս արդէն.
Մազերդ ամբողջ բամպակ ու ձիւն են դարձեր`
Իր ձիւներուն մէջ անհուն:
Ափսոս որ շատ ես դուն ծեր,
Բեռներու տակ, կորաքամակ, դողդոջուն.
Ափսոս որ չես կրնար դուն
Քալել արագ գայլիկներու նման վէս
Եւ կ՛ուշանաս միշտ այդպէս:
Ինչո՞ւ սակայն ոտքով կ՛երթաս տունէ տուն
Ու չես առներ ի վերջոյ
Կամ օդանաւ, կամ օթօ:
Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ,
Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ.
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ.
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Ահա ինչու իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի կը ղրկեմ…
Կաղանդ Պապա, շատ շատերու նման, այս տարի քեզմէ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ կը խնդրեմ: Խաղաղութիւն` Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան համար: