Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ միջինարեւելեան եւ միջազգային օրակարգերուն վրայ, նկատի ունենալով օրական դրութեամբ հոն արձանագրուող զինուորական զարգացումներն ու քաղաքական իրադարձութիւնները:
Լիբանանեան “Նահար“ օրաթերթի յօդուածագիր Ռուզանա պու Մունսեֆ անդրադարձած է վերջերս Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի կատարած յայտարարութեան, հարց տալով, որ ան արդեօք դիտմա՞մբ թէ սխալմամբ մոռցած էր Սուրիան նշել Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին դէմ պայքարող առանցքին միաւորներուն մէջ: “Սուրիոյ եւ անոր իրադարձութիւններուն մասին արձանագրուող միջազգային թէ շրջանային աղմուկը կը գերազանցեն նաեւ Լիբանանէն արձակուող ապահովական եւ քաղաքական սուր կեցուածքները, որոնք կը կատարուին ամէն առիթով, յատկապէս երբ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները կը վերսկսին, կամ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական ու ապահովական իրադարձութիւնները կը զարգանան եւ ամբողջ աշխարհին լուսարձակներուն ուշադրութիւնը կը խլեն: Այս իրականութեան դիմաց, լիբանանեան հարցերը ճղճիմ կը դառնան եւ դուռ կը բանան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ակնարկող հիմնական կեցուածքներուն առջեւ: Վերջերս յայտարարուած շարք մը կարեւոր կեցուածքներուն ընդմէջէն դիւանագիտական փորձագէտներ ու քաղաքական մեկնաբաններ անդրադարձան Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ “վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, շրջանը կը վկայէ գաղութատիրութեան դէմ պայքարի նոր երեւոյթ մը, որ ադամանդեայ եռեակ մըն է, կազմուած` Իրանէն, Հըզպալլայէն եւ պաղեստինեան դիմադրութենէն“, ըսաւ Լարիճանի եւ շարունակեց. “Այս եռեակը դարձած է իսլամ ժողովուրդներուն վրայ բանեցուող գաղութատիրութեան ճնշումներուն դէմ պայքարելու յառաջամարտիկը, պիտի տապալէ իսրայէլի գոյութիւնը, հակառակ մեծամտութիւն մարմնաւորող պետութիւններուն դաւադրութիւններուն եւ շրջանին մէջ անոնց գործակալներուն“: Լարիճանիի կատարած այս յայտարարութիւնը շատ ուշագրաւ էր, նկատի ունենալով, որ երկու կամ երեք տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամն է, որ իրանցի պատասխանատու մը դիտմամբ կամ սխալմամբ Սուրիան զանց առած է Իրանի, Հըզպալլայի եւ Համասի կողմէ մարմնաւորուած առանցքէն: Իրանցի պատասխանատուին կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը, որ Սուրիան չէր ներառեր կը նկատուի նոր տարազ մը, որուն մէջ անուղղակի նշոյլներ կ՛ակնարկեն, թէ սուրիական վարչակարգը` նոյնիսկ Թեհրանի համար աւարտած է: Հետեւաբար Լարիճանիի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը բացայայտ խոստովանութիւն է, թէ Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն դիմադրող առանցքը կորսնցուցած է իր հիմնական օղակներէն մէկը: Լարիճանիի յայտարարութեան մէջ անյստակ է նաեւ այն, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ինչպէս մաս կը կազմէ այդ առանցքին, նկատի ունենալով, որ ան անորոշ կերպով ակնարկած է Պաղեստինեան դիմադրութեան, առանց նշելու, թէ ան իսլամական ժիհատն է, Կազայի պատասխանատուներն են, թէ Համասն է, որ վերջերս սկզբունքով բաժնուած է այս առանցքէն եւ ուղղուած Եգիպտոսի ու արաբական աշխարհի գիրկը: Բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ իրանցի պատասխանատուին այս կեցուածքը յայտարարուած է այնպիսի հանգրուանի մը ընթացքին, երբ Սուրիոյ զօրակից երկիրներէն Ռուսիան եւ Իրանը սկսած են մտահոգուիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններով, սուրիական ընդդիմութեան Դամասկոս հասնելով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բռնկած այս պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեամբ: Լարիճանիի այս կեցուածքը փաստ մըն է, թէ Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն մը կատարուած է եւ այս հանգրուանը կրնայ արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնել Սուրիոյ նկատմամբ պաշտօնական Իրանի որդեգրած կեցուածքներուն մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու համաձայն, Ալի Լարիճանիի կողմէ վերջերս Լիբանան, Սուրիա եւ Թուրքիա կատարուած շրջապտոյտը կը գնահատուի իբրեւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ յատուկ շարժում մը, որուն ենթահողը կը կազմեն Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումին հանդէպ միջազգային մտահոգութիւնը: Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ կողմէ քիմիական զէնքի կամ Սարին կազի օգտագործումը կը մտահոգէ արաբական աշխարհն ու Արեւմուտքը, պէտք էր զգուշացնել Սուրիան, թէ կարելի չէ նման քայլերու դիմել իր իսկ ժողովուրդին, կամ հարեւան երկիրներուն` Լիբանանի, Յորդանանի, Իսրայէլի կամ Թուրքիոյ դէմ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Թուրքիա ՆԱԹՕՆ-ին դիմեց Սուրիոյ հետ իր սահմաններուն վրայ “Փաթրիոթ“ համակարգը զետեղելու նպատակով: Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն բազմիցս յայտարարեցին, թէ Պաշշար Ասատ հարցաքննութեան պիտի կանչուի եւ անոր ու ընտանիքին դիմաց Սուրիան լքելու առկայ բոլոր առիթներուն վերջ պիտի տրուի, եթէ ան քիմիական զէնքեր օգտագործէ“:
Նոյն ծիրին մէջ, Լոնտոն հրատարակուող Սէուտական “Ալ Հայաթ“ օրաթերթին համաձայն, քաղաքական արեւմտեան վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ Սուրիոյ վարչակարգին անկումով, վերջ պիտի չգտնեն քաղաքացիական խռովութիւնները, այլ նոր հանգրուան մը պիտի սկսի, որ շատ աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլայ Սուրիոյ համար: Ըստ անոնց,վարչակարգին անկումը մօտ է, եթէ նկատի առնուի ընդդիմութեան գործողութիւններու յառաջխաղացքը դէպի Դամասկոս: Անոնք դիտել կու տան, որ Սուրիան քաոսային վիճակի պիտի մատնուի, եթէ նախորօք չճշդուի յետ-ասատեան կարգավիճակը: Նոյն վերլուծաբաններու համաձայն, եթէ իշխանութեան ուժերը շարունակեն ամուր մնալ եւ հանգրուանային կերպով պարտուած քաշուին տարբեր գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ապա այդ պարագային ընդդիմութիւնը առիթը պիտի ունենայ ազատագրուած շրջաններուն մէջ նոր կառոյցներ հիմնելու: Դարձեալ նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սուրիոյ մեծ մասը արդէն իշխանութեան հակակշռէն դուրս է եւ կը ղեկավարուի տեղական մարմիններու կողմէ: “Եթէ իշխանութիւնը անխնայ շարունակէ Դամասկոսի մէջ զինուորական գործողութիւնները, ապա ան մեծ աւերներ պիտի գործէ: Իսկ եթէ ան քաշուի եւ հաստատուի Ալեւի գերիշխանութեան ենթակայ շրջաններուն մէջ (հիւսիս-արեւմուտք), այդ պարագային կեդրոնական նոր կառավարութեան մը յառաջացումը կարելի պիտի ըլլայ, սակայն երկար ժամանակի պիտի կարօտի: Իշխանութեան արագ եւ անակնկալ փլուզումը պիտի ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ պիտի յառաջացնէ ներքին պայքարներ“, կ՛ըսեն աղբիւրները: Աղբիւրները կը յայտնեն, որ “քաղաքացիական կռիւներէ ետք անհաւանական է որ զօրաւոր կառավարութիւն մը յառաջանայ : Ընդդիմադիր ուժերը պառակտուած են եւ արտաքին ընդդիմութեան հետ սերտ կապեր չկան: Նորաստեղծ կառավարութիւնը մեծ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէ եւ անոր դժուար ըլլայ հակակշռել պատերազմի տեղական ղեկավարները, որոնք արդէն իսկ իրենց իշխանութեան տակ պահած են եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կը տրամադրեն ժողովուրդին: Մէկ խօսքով, հնարաւոր է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրինակին կրկնութիւնը“: Նոյն աղբիւրները նկատել կու տան, որ Ալաուի պետութիւն մը ստեղծումը հաւանական է “եթէ ներքին տարակարծութիւններ ի յայտ չգան“: Աւելին անոնք կը յայտնեն, որ այս պետութիւնը կրնայ իշխել սուրիական բանակի մնացորդացին, Լաթաքիոյ միջազգային օդակայանին եւ նաւահանգիստին, ինչպէս նաեւ Թարթուսի նաւահանգիստին վրայ:
Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման մտավախութիւնները, Լիբանանեան “Տիար“ օրաթերթին մէջ կը նշուի նաեւ այլ վարկած մը, որուն հիման վրայ կը հաստատուի, որ Թուրքիա կրնայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործել եւ այդ արարքը վերագրել սուրիական բանակին: Իր տեղեկութիւններկը քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ “Տիար“ օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիա` ամերիկեան եւ քաթարեան գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցաբար, կրնայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործել եւ այդ արարքին պատասխանատու նկատել սուրիական բանակը, որպէսզի առիթ տայ Սուրիոյ դէմ զինուորական արտաքին միջամտութեան: Ըստ նոյն օրաթերթին, այս տեղեկութիւնները սուրիական գաղտնի սպասարկութեան ճամբով հասած են նախագահ Պաշշար Ասատի, որ իմացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, թէ ինք երբեք միտք չունի քիմիական զէնքեր օգտագործելու, ինչպէս նաեւ առաջարկած է Ռուսիոյ, որ իր հսկողութեան տակ պահէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը` երաշխաւորելու համար զանոնք չօգտագործելու որոշումը: Սուրիոյ իշխանութիւնները վստահ են նաեւ այլ դաւադրութենէ մը, որ յար եւ նման է Սատտամ Հիւսէյնի դէմ գործուած դաւադրութեան: Այդ հանգրուանին ակնարկութիւն կը կատարուէր նամակներու պահարաններուն վրայ զետեղուած Անթրաքս քիմիական նիւթին, իսկ այսօրուան դրութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած են այն լուրերը, թէ սուրիական օդուժը ռմբակոծումներ կը գործէ այնպիսի ռումբերով, որոնք Սարին քիմիական նիւթ կը պարունակեն: “Տիար“-ի համաձայն, Սուրիա Մ.Ա.Կ.-էն պիտի խնդրէ պատուիրակներ ուղղարկել Սուրիա, վստահ ըլլալու համար, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական ոչ մէկ զէնք կ՛օգտագործուի: Այս նպատակով սուրիական իշխանութիւնը արտօնեց հարիւր արաբ դէտերու Սուրիա մուտքը, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ անոնց միացան ամբողջ աշխարհէն Սուրիա եկած 400 դէտեր: Այսօրուան դրութեամբ Սուրիա տակաւին կառչած կը մնայ իր կեցուածքին եւ պատրաստ է այս նպատակով ընդունելու նաեւ միջազգային յաւելեալ դէտեր:
Միւս կողմէ, հարկ է շեշտել նաեւ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի առած քայլերը կը բազմապատկեն Սուրիոյ հանդէպ զգուշ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Դարձեալ “Նահար“-ի խմբագիրներէն Ռուզանա պու Մունսեֆ կը գրէ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ մտահոգ են, թէ Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիի կողմէ Կազայի մէջ ապահովուած քաղաքական շահերը կ՛օգտագործուին` հզօրացնելու իր իրաւասութիւնները եւ անոր կու տան ամբողջական անձեռնմխելիութիւն, որ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ Սուրիոյ փոփոխութիւններուն վրայ: Մուրսի իր խաղաքարտերը շուտով բացայայտեց եւ շատ մը եգիպտացի պատասխանատուներուն մեկնաբանութեամբ, Մուրսի իր տուած որոշումներուն ընդմէջէն երկիրը մղեց դէպի նոր բռնատիրութիւն մը, որ այս պարագային իսլամ եղբայրներու բռնատիրութիւն է եւ կրնայ բարդացնել Եգիպտոսի կացութիւնը եւ քանդել եգիպտական ժողովրդային յեղափոխութիւնը: Եգիպտոսի մէջ առկայ այս իրականութիւնը կրնայ նաեւ բարդացնել Սուրիոյ պատերազմին լուծումները, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոս նմուշ մըն է եւ հակառակ Սուրիայէն տարբեր ըլլալու իր կացութեան, ան կրնայ Դամասկոսի մէջ նոր վարչակարգ փափաքող կողմերը մղել զգուշանալու վերացական ժողովրդավարութենէն:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՆՈՅԵՄԲԵՐ-ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2012