Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Համազգային»ը աւարտեց իր 33-րդ պատգամաւորական ժողովը, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Օգոստոս 1, 2009-ին: Զանազան շրջաններու պատգամաւորներ եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներ, որոնց կարգին երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտտէճեան, Նիւ Ճըրզիի ձայնասփիւռի խօսնակ Կարպիս Գազանճեան, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Եդուարդ Մսըրլեան («Համազգային» Կեդրոնական Վարչութիւն), Անդրանիկ Գասպարեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէ ), Անայիս Չոլաքեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւն), Գրիգոր Գրիգորեան («Հայրենիք») եւայլն:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի (Նիւ Եորք) հմուտ ատենապետութեամբ, ժողովը մանրամասնօրէն քննելէ ետք ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը, կատարեց մատնանշումներ եւ նոր առաջարկներ: Ատենադպիրն էր Զաւէն Վարդանեան:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Համազգային»ի ընտրուած նոր շրջանային վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ.-
Զարմայր Սեդրաքեան (Նիւ Ճըրզի), Արա Նազարեան (Պոսթըն), Յակոբ Մելքոնեան (Նիւ Ճըրզի), Լենա Օհաննէսեան (Ֆիլատելֆիա) եւ Հարմիկ Աւետեան (Պոսթըն):