Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ°ընծայենք «Ֆրանս-Արմէնի»ի յօդուածագիր եւ ընկերային հարցերու մասնագէտ Ժան Ստեփանեանի (Թարգմանեց` Նանոր Պարսումեան) այս հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն-գրութիւնը, պատրաստուած Մայքըլ Ճէքսընի մահուան առթիւ.-
Ինքնութեան մը Աղաւաղումը` Յաջողութեան Գի՞ն
Ծնած սեւ, Մայքըլ Ճաքսըն ճերմակ կը մեռնի, ուրուականի մը պէս, նոյնիսկ մահուան կանչէն առաջ: Այս խնդիրը շատ մարդկանց չյուզեց: “Պլէք Փենթըր”-ներու ժառանգորդներուն դիտակով, “Liberation” թերթը հաճոյքով նշեց, որ սեւերը քիչ մը շատ մոլի են իրենց ինքնութեան նկատմամբ; նոյնիսկ կարող ենք ըսել “ֆաշիստ”: Բայց ընդհակառակն, օրուան լրատուամիջոցները իրենք զիրենք ներկայացուցին իբր պատգամախօսեր, ողջունեցին պաշտելի տիպարը…“Օպամայէն առաջ”, ցեղային “սահմաններէն անդին անցնիլ” իր երաժշտութեամբ: “Ռահվիրայ մը որ գերազանցեց ազգերն ու սերունդները”: “Սահմաններէն անդի՞ն անցնիլ”: “Գերազանցե՞լ”: Այդ է պաշտօնական մեկնաբանութիւնը: «Սպիտակացումը» “Ճէքսըն Ֆայվ”-ի կրտսերագոյնին, անուղղակի անհրաժեշտութիւնը եղաւ ամերիկեան մշակութային հալոցին՝ «մելթինկ փոթ»ին մէջ մուտք գործելու եւ յաւելեալ օրինակ մը այս աստիճանաբար յառաջացող խեղկատակութեան, որ կը նշէ մեր ներկայ ժամանակին ոճը: Ե՞րբ այս ապերանգութեան թատերականութիւնը պիտի նշմարուի, այն ատեն երբ սպիտակամորթները իրենք զիրենք «խորովեն» գերշողարձակումներու ներքեւ, ճէմպէ նուագեն ու Ռաստայի նման սափրուին: Պարզապէս, ցեղային, երաժշտական, եւ սեռային համաշխարհայնացման բովէն ներս Մայքըլ պարզ էակ մը չէր, եւ յատկապէս սեւ չէր… ուրեմն ո՞վ էր ան: 350 միլիոն ձայնապնակներ ծախած է ան. խա կը նշանակէ թէ ան իրագործած է բացառիկ յաջողութիւն մը, քայլ պահելով ներկայ համաշխարհայնացման ձգտումին: Ատեն մը, առանց Մայքըլի երկրպագուներու տխրութեան, պիտի կարծէինք թէ վերադարձած ենք աշխարհի ոտնագնդակի ախոյեանութեան մրցումին երբ մեր (այսինքն Ֆրանսայի) ազգային մամուլը անդադար կը փառաբանէր «խառնուրդին յաղթանակը»:
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ «ՍՊԻՏԱԿԱՑՈՒՄ»Ը
Ինքնաղաւաղման ահռելի պատմութիւն մը, որուն մասին տեղին է խօսիլ: Մորթի սպիտակացում – այսինքն նաեւ ինքնութեան – այնպիսի կացութիւն մը, որ դէտերու մեծամասնութիւնը նախընտրեցին այլ բան,տարբեր բան փնտռել…հայրը՝ Ճոզեֆ Ճէքսըն, տարբեր ծայրայեղութիւն մը… Ան բռնապետ մըն էր: Ան ահաւոր ձեւով դաստիարակեց իր զաւակները, նոյնիսկ որպէս կրկէսի կենդանիներ… ծեծելով եւ գօտիներու հարուածներ տալով: Այս կացութիւնն թւ իրողութիւնը, փոքր տարիքէն ազդեցին Մայքըլին վրայ, որ իր եղբայրներուն մէջէն ամէնէն աւելի անհնազանդն ու «քիթը վեր»ն էր: Ահաւասիկ իրավիճակ մը, որուն որպէս արդիւնք, հետզհետէ աւելի արմատանալով դուռ բացաւ Մայքըլի վարքային տագնապներուն: Ան ճիգ չխնայեց որ հեռանայ այդ հօր ազդեցութիւնէն, այդ ահաւոր «հայրական» պատկանելիութիւնէն:
Հայր Ճէքսընի կատարածը կը հասկնանք. կրկէսային կենդանիներու դաստիարակութիւն, նաեւ պուպրիկներու: Թերեւս հայր Ճէքսընի դերը հոս եղած էր առեւտրական հաշիւներու տէր հօր մը հանճարը: Առ այդ, թէ° սեւ երաժշտութեան կարողութիւնը՝ հրապուրելու ժողովուրդը, եւ միեւնոյն ատեն, սեւամորթ տիպարին այդ օրերու ստեղծած վախազդեցութիւնը…միեւնոյն ազդեցութիւնը ունէին հասարակութեան վրայ: Ինչպէս բոլոր ազգերուՆ պարագային, միշտ ալ արու «օտար»ն է որ վախ կը սփռէ, մինչդեռ կինն ու զաւակը ոչ մէկ մտահոգութիւն կը ստեղծեն: Ահաւասիկ իւրայատուկ իրավիճակ մը, որ կը յիշեցնէ թուրքերու կատարած ցեղասպանութիւնը: Յամէնայնդէպս, կարելի է նշել թէ Դեկտեմբեր 14, 1969ին, հինգ պատանի «սեւուլիկներ», տպաւորիչ կերպով շրջանցեցին «Պլէք Փէնթըր»ներու ստեղծած վրդովիչ մթնոլորտը, հեռատեսիլի Էտ Սալիվընի յայտագրէն ներս տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով: Այսպէս, այս հինգ տաղանդաւոր տղեկները, չափազանցօրէն յղկուած, հսկուած, եւ «զինաթափուած»…Ձայներ էին որոնց ընդմէջէն յստակ էր տրամաբանութեան տհասութիւնն ու կարողութեան սահմանափակութիւնը: Անոնք իտէալ թեկնածուներն էին նմանօրինակ անտաշ ամբոխի մը: Սեւ արուեստագէտները չէին պակսէր… սակայն ճերմակ ժողովուրդը զատեց այս հինգ «անմեղները» ղրկելու տիեզերք:
Քաղաքավարութեան Բռնատիրութիւնը
Մայքըլ երկար ժամանակ մնաց փառքի գագաթին վրայ: Հոն մնալու համար, բոլորովին կառչեցաւ իր երեխայական եւ ամուլ մտայնութեան, որու յառաջացման գործընթացին մէջ, օգտակար եղաւ նոյնինքն հայրը…որ արտայայտութիւնն էր ամբո°ղջ ժողովուրդի մը: Բնականօրէն, կ’ըսենք թէ ժամանակները փոխուած են…Հետեւաբար եւ իրատես ըլլալով, դժգոհելու ի՞նչ պատճառ ունինք:
Անջատման, զատողութեան, շահագործման եւ օգտագործման օրերը անցած են…Սեւ օրէնքներ որոնք զգացած ենք մեր մորթերուն վրայ: Օրին 1900ականներու սկիզբները, թուրք կառավարութեան կողմէ դրուած սանձերն ու օրէնքները փոքրամասնութիւններու վրայ մինչեւ օրս կը կճեն…«Այս ամէնը անցեալին կը պատկանի»… «Ընդունուած առատաձեռն հանրապետութեան կողմէ»: Ներկայ օրերու կատարեալ իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ, արդի միջավայրերու մէջ, ժամանակ չե՞ն ունեցած իրենց շղթաները կտրելու:…Ի վերջոյ հետեւանքը այն է որ ինքնութիւն փնտռող անձեր, մորթի բոլոր երանգներէ սեռած, երբեք չեն լուծած այն երկու հարցերը որոնք ընդհանրապէս կը դիմագրաւեն փոքրամասնութիւնները: Առաջին՝ մարդ էակին ինքնութեան ուրացումն է, երկրորդը՝ մշակութային բաժանումը: Սուլթանական օրերու հպատակներէն սերող, 21րդ դարու հայերու մեծամասնութիւնը – ոչ աւելի քան սեւ ստրուկներէն սերողները – յաւիտենականօրէն չեն կրնար մանրամասնօրէն ճանչնալ եւ ըմբռնել վեց դարերու ստրկութիւնն ու սարսափը՝ քաղաքավարութեան բռնատիրութիւնը, համակերպութեան եւ անտեսանելիութեան ըմբռնումը, եւ վերջապէս ինքնաբերաբար գունաթափութիւնը:
Այս վերջին կէտին առնչութեամբ, օրինակի համար, ժողովրդական բարբառը ցայտուն օրինակ մըն է: Երբ ցեղապաշտ մտածելակերպի տէր ֆրանսացիներ, անմակարդակ գործ մը կ’որակեն «արաբի գործ», նշանակելի է որ հայը կը նախընտրէ գործածել «հայկական գործ» արտայայտութիւնը, երբ այդ գործը ազգակից մը ստանձնած է:
Ահաւասիկ բազմազան լոզունգներ, կատարուած չարչարանքի ենթարկուած ժողովուրդներու եւ ցեղերու կողմէ, հալոցի մը իրավիճակին մէջ…Մինչ այդ… շշշ…լռենք, քանի որ մեղաւորը կը կոչուի Ճոզըֆ Ճէքսըն: