Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Ամառնային շոգ օրերուն, Երեւանցիին համար ցանկալի հանգստավայր մըն է Երեւանէն 60 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սեւանայ լիճը:
Այս տարի ցուրտ եղանակի պատճառով, Սեւանայ լիճի տարածքը, վերջերս միայն իր ամառնային մթնոլորտին մէջ մուտք գործեց:
Ընդհանրապէս, կէսօրուայ ժամերուն է որ լողորդներ կը վայելեն ջուրը, որուն ջերմաստիճանը կը հասնի քսան Սելսիուս աստիճանի (այսինքն 68 ֆարընհայթ): Իսկ նաւակներով պտոյտները, տարբեր ժամերու կը կատարուին: Մօտաւորապէս կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող պտրոյտը կ°արժէ հինգ հարիւր դրամ:
Վերջերս դէպի Սեւան ճանապարհի, գրեթէ ամէն մէկ քայլափոխի, կարելի է հանդիպիլ պատանիներու որոնք ձուկ կը վաճառեն…անշուշտ չափազանցելով չափը, իսկ բնիկ տեղացիին ապրելու միջոցներէն մէկն է քաղցրեղէնի եւ արեւածաղիկի առուծախը: