ՀԷՅ­ՏԱՐ ԱԼԻ­ԵՒ` ՄԵՔ­ՍԻ­ՔՈ­ՅԻ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ, ԿԱՄ ԵՐԲ “ՈՒՇ ԼԻ­ՆԻ“Ն… “ՆՈՒՇ ԼԻ­ՆԻ“ ՉԷ

0 0
Read Time:16 Minute, 3 Second

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Նիւ Ճըր­զի

Ամե­նէն անի­րա­զէկ Հա­յուն հա­մար պարզ է (կամ պէտք է ըլ­լայ), որ ազէ­րի ոճ­րա­գործ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վի շուր­ջը պտտող հուն­գա­րա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հան­րա­յայտ գայ­թակ­ղու­թիւնը քա­րոզ­չա­կան պա­տե­րազ­մի մե­կու­սի օրի­նակ մը չէ:

Գուր­գէն Մար­գար­եա­նի տմար­դի սպա­նու­թեան հե­տե­ւած խայ­տա­ռա­կու­թե­նէն վա­ղը միայն աղօտ յի­շա­տակն ու գե­րեզ­ման մը կրնայ մնալ Երե­ւա­նի մէջ, բայց Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մէջ ար­դէն լայն ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցող նոր խայ­տա­ռա­կու­թեան իրե­ղէն ու կո­թո­ղա­կան ապա­ցոյց­նե­րը ար­դէն իրենց ամ­բողջ հա­սա­կով… խո­յա­ցած են Մեք­սի­քօ Սիթիի կեդ­րո­նին մէջ:

Ի շարս այ­լոց, Հոկ­տեմ­բեր 1ին “Huffington Post“ առ­ցանց օրա­թեր­թը եւ Հոկ­տեմ­բեր 2ին Պի.Պի.Սի.ի անգ­լե­րէն եւ սպա­նե­րէն սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը եր­կար ու փաս­տա­լից յօդ­ուած­նե­րով անդ­րա­դար­ձած են Մեք­սի­քօ Սիթիի մէջ Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի Քա. Կէ. Պէ.ի վա­րիչ, ապա` կու­սակ­ցա­պետ, ապա` հա­մա­խորհր­դա­յին Պո­լիտ­բիւ­րո­յի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար, ապա` Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տաս­նամ­եայ մե­նա­տէր Հէյ­տար Ալի­ե­ւի ար­ձա­նի կանգ­նե­ցու­մի փաս­տին, որ այժմ զե­տեղ­ուած է Մեք­սի­քո­յի մայ­րա­քա­ղա­քի “Մեք­սի­քօ Սի­թի-Ատր­պէյ­ճան Բա­րե­կա­մու­թեան Այ­գի“ին մէջ: Այս հան­րա­յին այ­գին մաս կը կազ­մէ քա­ղա­քի “Ռե­ֆոր­մա­յի ծա­ռու­ղի“ին ուր ներ­կա­յիս Ալի­եւ բազ­մած է, բա­ռացի­օ­րէն, Մա­հաթ­մա Կանտիի, Ապ­րա­համ Լին­քոլ­նի եւ Մեք­սի­քո­յի ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րու ար­ձան­նե­րուն մեր­ձա­ւո­րու­թեան:

Բնա­կա­նա­բար, “Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին առաջ­նորդ“ Ալի­ե­ւի ար­ձա­նը նո­րու­թիւն չէ: Ըստ անգ­լե­րէն Վի­քի­փետ­իա­յի “Heydar Aliyev՛s Cult of Personality“ յօդ­ուա­ծին (զար­ման­քով պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ ատր­պէյ­ճան­ցի հայ­րե­նա­սէր մը յա­ջո­ղած չըլ­լայ այդ յօդ­ուա­ծը ջնջել), Ատր­պէյ­ճա­նի 41 քա­ղաք­նե­րու կող­քին նման ար­ձան­ներ ար­դէն կա­յին Քի­եւ, Պուք­րէշ, Մոլ­տո­վա (եր­կու), Թիֆ­լիս, Գա­հի­րէ, Ռու­սաս­տան (երեք), Թուրք­իա (երեք) եւ Պելկ­րատ: Մեք­սի­քօ Սի­թին առ­ժա­մա­բար վեր­ջին օղակն է այդ շղթա­յին:

Բայց ինչ­պէ՞ս նման կաս­կա­ծե­լի նա­խըն­թաց­նե­րով “ազ­գա­յին հե­րոս“ մը հա­սած է Մեք­սի­քօ:

Պրոնզ­եայ “ստա­լի­նա­տիպ“ (“Stalinesque“) (“Huffington Post“ի թղթա­կից Մարք Սթի­վըն­սը­նի բնո­րո­շումն է) ար­ձա­նը, որ ցոյց կու տայ “Ատր­պէյ­ճա­նի հիմ­նա­դիր հայր“ը նստած` իր երկ­րին մար­մար­եայ վիթ­խա­րի քար­տէ­սի մը առ­ջեւ, բաց­ուած է Օգոս­տոս 22ին, այ­սինքն` Սա­ֆա­րո­վի ազատ ար­ձա­կու­մէն շա­բաթ մը առաջ:

Բայց լու­րը, բա­ցի ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տու մի­ջոց­նե­րէ, կը թուի ոչ ոք հե­տաքրք­րած ըլ­լալ, մին­չեւ որ Մեք­սի­քա­ցի­նե­րը իրար ան­ցեր են: Սթի­վըն­սըն տե­ղե­կագ­րած է, թէ Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջին շա­բա­թը, մարդ­կա­յին իրա­ւանց պաշտ­պան­նե­րու փոք­րա­թիւ խումբ մը ցոյց մը կա­տա­րած է ար­ձա­նին դի­մաց` “Մե­նա­տէ­րը հա­նե­ցէ՛ք“ նշա­նա­խօս­քով պաս­տառ­ներ պար­զած: Ակ­նար­կե­լով ար­ձա­նին, ցու­ցա­րար­նե­րէն Տանի­էլ Կեր­շեն­սոն յայտ­նած է, թէ “Հա­ւա­նա­բար այս բա­նե­րով լե­ցուն ամ­բար մը ու­նին տեղ մը“ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ:

Գրող ու մարդ­կա­յին իրա­ւանց պաշտ­պան Հո­մե­րօ Արի­ճիս ըսած է, թէ “Մեք­սի­քօ փո­խադր­ուած ան­հա­տի պաշ­տա­մուն­քի պէս բան մըն է“, ար­ձա­նին ոճը նկա­րա­գրե­լով որ­պէս “խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան իրա­պաշ­տու­թիւն“: Ան աւել­ցու­ցած է. “Կար­ծես թէ Հրա­տէն բռնա­տէր մը բե­րած ըլ­լա­յին: Արդ­եօք մե­ռած մե­նա­տէ­րե­րու կեդ­րո­նի՞ մը պի­տի վե­րած­ուինք: Ո՞վ է յա­ջոր­դը: Հիթ­լէ՞ր: Ստա­լի՞ն“:

Ան­ցորդ մը` 18ամ­եայ երկ­րոր­դա­կա­նի ու­սա­նող Մի­կէլ Ան­խէլ Մեն­տո­սա, ըսած է Սթի­վըն­սը­նին. “Իս­կա­պէս ան­տե­ղի է: Ին­չո՞ւ չէ­ին կրնար ար­ձան մը կանգ­նեց­նել մէ­կու մը, որ իրա­պէս լաւ բան մը ըրած ըլ­լար“:

Մեք­սի­քա­ցի պա­տանի­ին պա­տաս­խա­նը կա­րե­լի է գտնել սպա­նե­րէն ասաց­ուած­քի մը մէջ. “Դրա­մի սի­րոյն, կա­պի­կը կը պա­րէ“: Կամ` Թուրք-Ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն քաջ յայտ­նի տար­բե­րա­կով, “փա­րա­յը վէ­րէն, տիւ­տիւ­ղիւ չա­լար“:

Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճա­նը ո՛չ թէ մէկ, այլ եր­կու հան­րա­յին այ­գի­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման գու­մա­րը (65 միլի­ոն փե­սօ, այ­սինքն` 5 միլի­ոն տո­լար) հո­գա­ցած է, ինչ որ իրա­ւունք տուած է ո՛չ թէ մէկ, այլ եր­կու ար­ձան­ներ տե­ղադ­րե­լու: Ինք­նա­շարժ լուա­ցող մը` Խո­սէ Ռո­մէօ, որ պար­տէ­զին մօ­տե­րը կ՛աշ­խա­տի, ըսած է. Ով որ կը վճա­րէ, կ՛ընտ­րէ: Չեմ կար­ծեր, որ յատ­կա­պէս լաւգա­ղա­փար մըն է [Ալի­ե­ւի ար­ձա­նը կանգ­նեց­նել], բայց ի՞նչ կրնանք ըսելմենք` Մեք­սի­քա­ցի­ներս: Պէտք է մեր լե­զուն խած­նենք, որով­հե­տեւանոնց դրա­մը վճա­րած է այս բո­լո­րը:

Ըստ Մեք­սի­քո­յի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Իլ­կար Մուխ­թա­րո­վի` այս յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւնը կը բխի այն հան­գա­ման­քէն, որ Մեք­սի­քոն առա­ջին եր­կիր­նե­րէն եղած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խու­թիւնը ճանչ­ցած է Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք: Ան աւել­ցու­ցած է, որ Մեք­սի­քօ Սիթիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին ուղ­ղա­կի վճա­րում կա­տար­ուած չէ: Դես­պա­նա­տու­նը վար­ձած է կա­պա­լա­ռու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, որոնք նո­րո­գած են եր­կու պար­տէզ­նե­րը` քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցե­լով: Մեք­սի­քօ Սիթիի շրջա­նա­ւարտ քա­ղա­քա­պետ Մար­սե­լօ Էպ­րար­տի (որ, ըստ լու­րե­րու, ձա­խա­կողմ­եան թեկ­նա­ծուն կրնայ ըլ­լալ 2018ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն) բա­ցու­մին յայտ­նած է, թէ այգի­ին վե­րա­նո­րո­գու­մը “եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն աւե­լի մօ­տե­նա­լու կամ­քին ար­տա­յայ­տու­թիւնն է“:

Մեք­սի­քա­ցի լրագ­րող եւ քա­ղա­քա­յին հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ Անտ­րէս Լա­ժուս այլ կար­ծիք ու­նի. “Ըստ էու­թեան, անոնք [Մեք­սի­քօ Սիթիի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնը] պա­տե­հա­պաշտ եղած են, այն իմաս­տով, որ Ատր­պէյ­ճա­նէն դրա­մը ստա­ցած են գիտ­նա­լով, որ քա­ղա­քա­կան իմաս­տը ան­թա­փան­ցե­լի է Մեք­սի­քօ Սիթիի մէջ: Ան­թա­փան­ցե­լի պի­տի չըլ­լար եթէ զե­տե­ղէ­ին Ճորճ Ու. Պու­շի կամ, ըսենք, Ու­կօ Չա­ւէ­սի ար­ձան մը: Չա­ւէ­սի ար­ձա­նը չէ­ին զե­տե­ղեր, նոյ­նիսկ եթէ մեծ գու­մար մը վճա­րէր: Բայց Ատր­պէյ­ճա­նը հե­ռու է եւ շատ քիչ բան գի­տենք անոր մա­սին“:

Ան­պաշտ­պա­նե­լին պաշտ­պա­նե­լու իր ճի­գին մէջ, դես­պա­նը հա­սած է ծի­ծա­ղե­լիու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին. “Այս ար­ձա­նը նպա­տակ չու­նի ոե­ւէ մէ­կուն վար­կը բա­րե­լա­ւե­լու, որով­հե­տեւ Հէյ­տար Ալի­ե­ւի ըն­կա­լու­մը աշ­խար­հի կող­մէ ո՛չ մէկ վար­կափր­կու­մի կա­րի­քը ու­նի“ (այս եւ բո­լոր ընդգ­ծում­նե­րը մերն են. Վ.Մ.): Ըստ այնմ, “Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին ղե­կա­վար“ վեր­նագր­ուած երկ­լե­զու (անգ­լե­րէն ու սպա­նե­րէն) յու­շա­տախ­տա­կը իր եզ­րա­փա­կիչ պար­բե­րու­թեան մէջ կը յայտ­նէ, թէ Մի­ջազ­գա­յին մեծ թիւով մրցա­նակ­նե­րուար­ժա­նա­ցած Հէյ­տար Ալի­ե­ւի կեանքն ու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը փայ­լունօրի­նակ մըն է ան­հուն նուի­րու­մի` հայ­րե­նի­քին հան­դէպ, եւհա­ւա­տար­մու­թեան` աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­մարդ­կա­յինիտ­է­ալ­նե­րուն“:

Ալի­եւ, բնա­կա­նա­բար, վար­կափր­կու­մի կա­րի­քը չու­նի, քա­նի որ անոր վար­քը ար­դէն պատ­մու­թեան ան­ցած է: Գրե­թէ տաս­նամ­եակ մը առաջ ար­ձա­նագր­ուած “Նիւ Եորք Թայմզ“ի մա­հա­խօ­սա­կա­նին հե­տեւ­եալ տո­ղե­րը աւե­լի քան պեր­ճա­խօս են. “Անոր մե­նա­տի­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը հա­կա­սա­կան մի­տում­նե­րով բնո­րոշ­ուած էր: Մինչ ան ան­կաս­կած որոշ կա­յու­նու­թիւն պար­գե­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նին, քա­ղա­քա­կան կեան­քը խառ­նափն­թոր եղած է, պա­րոն Ալի­ե­ւի դէմ գործ­ուած բռնաշր­ջում­նե­րու եւ ոճ­րա­փոր­ձե­րու յա­ճա­խա­կի զե­կոյց­նե­րով եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու կող­մէ նոյն­քան յա­ճա­խա­կի գան­գատ­նե­րով` ընտ­րա­կան խախ­տում­նե­րու, մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու բռնա­բա­րում­նե­րու եւ ձայ­նա­խեղդ մա­մու­լի մա­սին“ (“The New York Times“, Դեկ­տեմ­բեր 13, 2003):

Աւելց­նենք, որ դես­պա­նը չէ խու­սա­փած ու­րիշ ծի­ծա­ղա­շարժ խօս­քե­րէ: Պի. Պի. Սի.ի սպա­նե­րէն բաժ­նին տուած գրա­ւոր հար­ցազ­րոյ­ցին, յայտ­նած է, թէ Ալի­ե­ւի ու Հիթ­լէ­րի “կեղ­տոտ հա­մե­մա­տու­թիւնը“… “հայ­կա­կան Սփիւռ­քին կող­մէ հո­վա­նա­ւոր­ուած“ էր: Բնա­կա­նա­բար, Մեք­սի­քա­ցի­նե­րը նման հա­մե­մա­տու­թեան չէ­ին կրնար յան­գիլ ինք­նու­րոյն կեր­պով…:

Պի. Պի. Սի.ի անգ­լե­րէն բաժ­նի թղթա­կից Ուիլ Կրանթ կը տե­ղե­կագ­րէ, թէ ար­ձա­նէն հե­ռա­նա­լու պա­հուն, լրագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը վեր­ջաց­նե­լէ ետք, “ար­տա­ռոց հան­դի­պում մը“ ու­նե­ցած է: Այգի­ին աշ­խա­տա­ւոր­նե­րէն մէ­կը մօ­տե­ցած է անոր ու հար­ցու­ցած, թէ ո՞ր լրատ­ուա­կան մի­ջո­ցը կը ներ­կա­յաց­նէր: Աւել­ցու­ցած է, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան դես­պա­նա­տու­նը ան­պայ­ման կ՛ու­զէ անոր հետ խօ­սիլ.

“Քա­նի մը վայրկ­եա­նէն, ան հե­ռա­ձայ­նած էր դես­պա­նա­տուն եւ կ՛օգ­նէր դա­սա­ւո­րե­լու դես­պա­նին հետ մեր տե­սակ­ցու­թիւնը:

Ստա­լի­նա­տիպ վե­րահս­կո­ղու­թի՞ւն, կա՞մ անվ­նաս օժան­դա­կու­թիւն մտա­հոգ ան­ցոր­դէ մը, որ շա­հագրգռ­ուած է Ատր­պէյ­ճա­նով:

Երբ դես­պան Մուխ­թա­րո­վին հար­ցու­ցինք, ան մեզ վստա­հե­ցուց, որ վեր­ջինն էր:

Պաք­ուի կա­ռա­վա­րու­թեան քննա­դատ­ներ կրնան այդ պա­հը – եւ հան­գուց­եալ նա­խա­գա­հին նուիր­ուած ար­ձա­նը – քիչ մը տար­բեր աչ­քով դի­տել“:

Արդ, ինչ­պէս վե­րը ըսինք, մէկ պար­տէ­զով չի վեր­ջա­նար հար­ցը: Քա­ղա­քա­պետ Էպ­րարտ բա­ցու­մը կա­տա­րած է նա­եւ մեր­ձա­կայ երկ­րորդ այգի­ին` “Թլաքս­քո­ա­քէի հրա­պա­րա­կը“ (Plaza de Tlaxcoaque), յայտ­նե­լով, որ “Թլաքս­քո­ա­քէի հրա­պա­րա­կըհի­մա ու­րիշ բան է (…) հի­մա պատ­ուա­ւոր տեղ մըն է (…) նուիր­ուած է խա­ղա­ղու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մար­դոց իրա­ւունք­նե­րուն, այն ին­չին, որ կը հա­ւա­տանք“:

Կա­րե­լի է կաս­կա­ծիլ մեք­սի­քա­ցի քա­ղա­քա­պե­տին ուղ­ղամ­տու­թեան կամ նոյ­նիսկ անոր խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րուն վրայ, երբ կ՛անդ­րա­դառ­նանք, որ այդ հրա­պա­րա­կին վրայ այժմ բարձ­րա­ցող ար­ձա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ձեռ­քե­րը բարձ­րա­ցու­ցած կին մը` սգա­լու դիր­քին մէջ, եւ կը պատ­կե­րաց­նէ Խո­ճալ­ուի “ջար­դը“: Բնա­կա­նա­բար, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը պէտք եղած աղ­մու­կը բարձ­րա­ցու­ցած է` “ճշմար­տու­թիւնը“ սփռե­լու հա­մար: Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Էլ­ման Ապ­տուլ­լա­եւ նոյ­նիսկ հա­ւաս­տած է, որ յիշ­եալ հրա­պա­րա­կը վե­րամկրտ­ուած է “Խո­ճա­լի հրա­պա­րակ“ (“Mexico City՛s Square Named Khojaly“, “Թրէնտ“ գոր­ծա­կա­լու­թիւն, Օգոս­տոս 23, 2012):

Կ՛ար­ժէ յի­շեց­նել, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը Յուն­ուար 2007ին հաս­տատ­ուած է Մեք­սի­քո­յի մէջ, իսկ 2011ին մեք­սի­քա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խումբ մըն ալ ստեղծ­ուած է` Մեք­սի­քո­յի Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րով: Թուրք­իոյ դես­պա­նին եւ Իրա­նի ու Իրա­քի հա­ւա­տար­մա­տար­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման ձեռ­նար­կին, Խորհր­դա­րա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց յանձ­նա­խում­բի քար­տու­ղա­րը` երես­փո­խան Լէ­ո­նար­տօ Կիլ­լէն Մե­տի­նա, յայտ­նած է տե­ղե­կատ­ուու­թիւնը, “ընդգ­ծած է այդ երկ­րին [Ատր­պէյ­ճա­նի] պայ­քա­րը իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն իրա­ւունք­նե­րուն հա­մար, զոր օրի­նա­կե­լի որա­կած է: Ան ըսած է, թէ յի­շա­տա­կա­րան մըն է աշ­խար­հին` մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու ոչ-բռնա­բար­ման մա­սին“ (http://informate.com.mx/tribuna-parlamentaria/quedo-instalado-el-grupo-de-amistad-mexico-azerbaijan.html):

Ատր­պէյ­ճան` մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան օրի­նա՞կ:

Մարդ կրնայ կա­րե­ւո­րու­թիւն չտալ այս բո­լո­րին, ինչ­պէս եւ այն իրո­ղու­թեան, որ մեք­սի­քա­կան նշա­նա­ւոր ծո­վե­զեր­եայ քա­ղա­քին` Աքա­փուլ­քո­յի մէջ, 2011ին պար­սիկ բա­նաս­տեղծ Նի­զամիի – զոր Ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կ՛իւ­րաց­նեն` Գան­ձակ (Գեան­ջա) ծնած ըլ­լա­լուն հա­մար – յու­շար­ձա­նի մը հիմ­նա­քա­րը զե­տեղ­ուած ըլ­լայ:

Բայց Խո­ճալ­ուի “ջարդ“ի ար­ձա­նին, այ­սինքն` խե­ղա­թիւր­ման շօ­շա­փե­լի խորհր­դա­նի­շի մը հաս­տա­տու­մը Մեք­սի­քո­յի մայ­րա­քա­ղա­քի սրտին մէջ, տե­ղիք պէտք է տայ մտա­հո­գու­թեան:

Ըն­թեր­ցո­ղը թե­րեւս հարց­նէ` ի՞նչ կ՛ընէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը:

Ըստ “Ար­մէնփ­րէս“ի հա­ղոր­դագ­րու­թեան, անց­եալ Սեպ­տեմ­բեր 28ին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Էդ­ուարդ Նալ­պանտ­եան Նիւ Եոր­քի մէջ տե­սակ­ցած է մեք­սի­քա­ցի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին` Փաթ­րիս­իա Էս­փի­նո­սա­յի հետ: Ան անդ­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան թա­փած ջան­քե­րուն` Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թիւնը լու­ծե­լու հա­մար: Ան յայտ­նած է նա­եւ, թէ Հա­յաս­տան մտա­դիր է 2013ին դե­ս­պա­նա­տուն բա­նալ Մեք­սի­քո­յի մէջ:

Ճիշդ է, Մեք­սի­քո­յի մէջ հայ­կա­կան անն­շան ներ­կա­յու­թիւն մը կայ, որ դժբախ­տա­բար որե­ւէ կա­ռոյց չու­նի: Եթէ ու­նե­նար նոյ­նիսկ, դժուար է երե­ւա­կա­յել, որ 500-1000 հո­գի­նոց գա­ղութ մը շատ լսե­լի կա­րե­նար ըլ­լար 113 միլի­ոն բնակ­չու­թեամբ` Լա­տի­նա­կան Ամե­րի­կա­յի սպա­նա­խօս ամե­նա­մեծ երկ­րին մէջ: Միայն ինչ-ինչ ան­հա­տա­կան ձայ­ներ կը բարձ­րա­նան եր­բեմն, ինչ­պէս օրի­նակ` վաս­տա­կա­ւոր կեն­սա­բան Խո­սէ Սա­րու­խա­նը (զա­ւա­կը` Ար­թու­րօ Սա­րու­խան, Մեք­սի­քո­յի դես­պանն է Ա.Մ.Ն.ի մէջ), որ յօդ­ուած­ներ գրած է մա­մու­լին մէջ` հա­կա­դար­ձե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­մէտ քա­րոզ­չու­թեան: Բայց կը մնայ առեղծ­ուա­ծա­յին, թէ ին­չո՞ւ հայ­կա­կան շա­հե­րը պաշ­տօ­նա­պէս կը թուին որբ մնա­ցած ըլ­լալ` ատր­պէյ­ճա­նա­կան ուղ­ղա­կի ներ­կա­յու­թեան դի­մաց:

Լաւ է ուշ, քան եր­բեք, կ՛ըս­ուի նման պա­րա­գա­նե­րու: Բայց այս պա­րա­գա­յին` երբ “ուշ լի­նի“, դժուար է, որ “նուշ լի­նի“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles