Լուսանկարներ` Կարօ Լաչինեան
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 14, 2012-ը յիշատակելի եւ իւրայատուկ օր մըն էր Մեծն Պոսթընի հայութեան համար: Նոյնիսկ աննպաստ օդն ու անձրեւը ոչ մէկ խոչընդոտ կը նկատուէին տեղւոյն հայորդիին համար որ փութացած էր բոլորովին վերակառուցուած եւ ընդարձակուած մանկամսուրի շէնք` Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնին (ուր կը գտնուի կրթօճախին նախակրթարանը) միջեւ:
Բոլորն ալ ժամանած էին ներկայ ըլլալու այս շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան:
Այս առթիւ, Նիւ Եորքէն ժամանած էր Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան: Բացման խօսքը կատարեց խնամակալութեան անդամ Սարգիս Ուրֆալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեանը, որ յայտնեց թէ 28-րդ տարեշրջանի սեմին, այս ընդարձակման աշխատանքը կը նկատուի շարունակական եւ նորանոր յաջողութիւններու շառաւիղ մը: Պոյամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- “Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել բոլորիդ, որ եկած էք մեզ հետ տօնելու Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի ընդարձակման ծրագրի իրականացումը, որ կը հանդիսանայ դպրոցի պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը:
Բոլորի համար անհաւատալի է, թէ ինչպէս մէկ տարուան մէջ կրցանք գոյացնել պէտք եղած գումարը եւ 10-ը շաբթուայ ընթացքին կրցանք ամբողջացնել շինարարութիւնը: Այս բոլորը արդիւնք էին անշուշտ հաստատ համոզումի, բլանաւորուած աշխատանքի, ամբողջական նուիրումի, հաւաքական ուժի եւ մանաւանդ համայնքի աջակցութեան, որուն համար խորապէս երախտապարտ ենք: Մեր դիմումներու պատասխանը մեծ մասով խրախուսիչ եւ դրական էր, որովհետեւ բոլորի համար ալ յստակ էր թէ համայնքի կայտառութեան, ծաղկումի եւ գոյատեւման գլխաւոր ազդակը դպրոցն է:
Տարուէ տարի վարժարանիս աշակերտութեան թիւը բարձրանալով Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնը եւ Մանկամսուրի շէնքը այլեւս բաւարար չէին աճ արձանագրող դպրոցին համար: Մեզի համար կարելի չէր աշակերտ մերժել տեղի սահմանափակ ըլլալու պատճառով: Բարեբաղդաբար Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին իր հովիւով, հոգաբարձութեամբ եւ ամբողջ ծուխով համաձայն գտնուեցաւ եւ մեզի տրամադրեց, երկրորդ անգամ ըլլալով իրեն պատկանող շէնք մը: Այս դիւրացուց ներկայ ընդարձակումը, որ ոչ միայն տեղի հարցը լուծեց, այլ մեզի նաեւ տուաւ նոր յարմարութիւններ…“:
Ապա խօսք առաւ խնամակալութեան ատենապետ Աւագ Գահվէճեան: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այն նուիրատուներուն, որոնք ամէնայն գուրգուրանքով
եւ նուիրուածութեամբ իրենց լուման տրամադրած էին յաչս կրթօճախի ընդարձակման ծրագրին: Ապա, ան յայտնեց նուիրատուներու ցանկը:
Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան խօսք առնելով, կարեւորեց հայ դպրոցին եւ հայերէն դաստիարակութեան առաջնահերթութիւնը, շեշտելով թէ, հայկական վարժարաններու ընտանեկան ու ընկերական մթնոլորտը, մարդկային վերաբերումը եւ գուրգուրանքը եզակի է եւ յատկապէս հայ ծնողքին համար` գերադաս: Բարեջան Առաջնորդը շեշտեց թէ հայրենի վարժարաններու շրջանաւարտները բնական կերպով եւ առանց բարդոյթի կ՛ընդունուին համալսարաններն ու պատիւով կ՛աւարտեն իրենց ուսումը:
Առաջնորդը յայտնեց թէ որքան կը հեռանանք հայրենիքէ եւ հայրենամերձ շրջաններէ, այնքան կը դժուարանայ եւ կը բարդանայ հայեցի կրթութեան աշխատանքը, մանաւանդ երբ կը միջամտեն կիսագրագիտութիւնը, մանկավարժական պատրաստութեան բացակայութիւնը, ազգային մշակոյթի եւ պատմութեան անտեղեակութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց թէ հայ կրթօճախին ներքին մթնոլորտը անհամեմատ կերպով շատ աւելի մաքուր է եւ հեռու մերօրեայ ախտերէն, այլասերող եւ ախտավարակ երեւոյթներէն:
Նշենք թէ ամէն տարի պաշտօնական քննութիւններուն, Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի աշակերտները կ՛արձանագրեն յաջողութիւններ եւ բարձր միջիններ, որոնք կը դասուին Ամերիկայի տարածքին արձանագրուած ամենէն բարձր տոկոսին մէջ: Դպրոցէն ներս կը տիրէ շատ առողջ եւ դրական հայեցի մթնոլորտ: Բոլոր աշակերտները հպարտ են, որ իրենց մայրենի լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը սորվին: Կրթօճախը իր լաւագոյնը կ՛ընէ, որ անոնք սահունօրէն խօսին հայերէն:
Առաջնորդ Չօլոյեան յատուկ յուշանուէրներով պատուեց չորս կարեւորագոյն նուիրատուները` Տէր ԵՒ Տիկին Նուպար եւ Աննա Աֆէյեան, Տէր ԵՒ Տիկին Օրելիան եւ Անահիտ Մարտիրոս Տոքթ. Ռոպերթ Մայրաք եւ Ճէֆրի Պիլեզիքեան:
Վերջին խօսք առնողն էր Նուպար Աֆէյեանը, որ իր կարգին շեշտեց հայկական կրթօճախի մը անհրաժեշտութիւնը: Ան յատկապէս նշեց Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանի հիմնադրման գաղափարը յղացող Երուանդ Գրաֆեանի անունը, որուն աշխատանքն է որ կը շարունակուի: Աֆէյեան եզրակացուց թէ հայ ծնողքին վստահութիւն կը ներշնչուի, ապա թէ ոչ հայ դպրոցը կը դառնայ իմաստազուրկ, եւ ծնողք մը երբ զաւակը հայկական վարժարան կը ղրկէ, պէտք է ազնուօրէն ենթադրել, որ տարբեր ակնկալութիւն կը սպասէ :
Ապա, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ այցելելու բոլորովին վերանորգուած մանկամսուրի շէնքը: Ամէն անգամ որ հայ դպրոցի մը սեմէն ներս մուտք գործենք, ուշադիր կ՛ըլլանք էականին, որ այս պարագային, բնականաբար, հայեցի կրթութեան նպաստող ազդակներու գոյութիւնն ու կենսունակութիւնն է:
Ամէնայն բծախնդրութեամբ եւ կատարելագործութեամբ իրագործուած դասարաններ եւ սենեակներ, որոնք պարզապէս ուսանելու, վերստին դպրոց յաճախելու մարմաջն ու ապրումը կը ստեղծէին…եւ այդ ալ առանց տարիքի խտրութեան: Եօթանասունի դռները հասած մեծ հայր մը, իր թոռնիկին հետ դասարաններ այցելութեան ընթացքին, ամէնայն անկեղծութեամբ կը յայտնէր թէ կը փափաքէր վերստին վարժարան այցելել:
Արդեօք միջոց մը կա՞ր, ետ տանելու ժամանակը: Բնականաբար բոլոր այցելողներն ալ պիտի ուզէին վերստին մուտք գործել մանկապարտէզ:
Սակայն, աւելի հետքարքրականը այն էր թէ փոքրիկն Լիանան, որ իր ծնողքին հետ ժամանած էր այս բացման հանդիսութեան, երբեք չէր ուզեր հեռանալ այդ կրթօճախէն եւ ծնողքէն կը պահանջէր որ դպրոց մնար իր ուսուցիչներուն քով, եւ շարունակէր իր ուսումն ու …հայեցի կրթութիւնը, գէթ Կիրակի օր մըն ալ ըլլալով:
Ահաւասիկ հայ դպրոցի իւրայատուկ առաքելութիւնն ու տարբեր հայեցի կրթութիւնը:
Թղթակից