Հոկտեմբեր 4-ին Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան շէնքի Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած “Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ“ խորագիրով համաժողովը` մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ լրագրողներու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու:
Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ համաժողովը նպատակ ունի ճշգրտելու այն առաջադրանքները, որոնք լրագրողները պարտաւոր են միասնաբար իրականացնել պահանջատիրութեան եւ արդարութեան վերահաստատման ճամբուն վրայ: “Մենք միասնաբար անցնելու ենք մեր ճամբան եւ կռիւ ենք տալու որոշ հարեւանների հետ: Մեր կռիւը լոյսի եւ խաւարի, Հայկ Նահապետի եւ Բէլի, Սասունցի Դաւթի եւ Մսրայ Մելիքի, մշակոյթ ունեցողի եւ դրա ոչնչացնողի միջեւ կռիւ է“, նշեց Հրանուշ Յակոբեանը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր կը գտնուի նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Նախարարը լրագրողներուն կոչ ուղղեց շատ գրելու, խօսելու այն պետութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներուն մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ խթան հանդիսանալու տակաւին այդ քայլը չկատարած երկիրներուն` այդ մէկը կատարելու: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է նաեւ անդրադառնալ երկփեղկուած Թուրքիոյ ներքին կեանքին: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ ինք մեծ հաւատք ունի լրագրողներու գրիչի ուժին, անոր ազդեցութեան եւ դերակատարութեան նկատմամբ:
Այս առիթով ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան:
Բոլոր խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան լրագրողներուն դերակատարութիւնը` համազգային նիւթերու շուրջ ներքին ու արտաքին աշխարհը իրազէկ դարձնելու, Հայ Դատի եւ ազգային հարցերու հետապնդման իմաստով ազդու դերակատարութիւն ունենալու իմաստով: Շեշտուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւաքական օրակարգի մէջ մնայուն ներկայութիւն է, թէեւ երբեմն կը ծագի այն խաբկանքը, որ մոռացութեան կրնայ մատնուիլ, սակայն նման բան չի կրնար ըլլալ, հայութիւնը չի կրնար լռել, իսկ հայութեան խօսափողներէն հիմնականները եղած են ու տակաւին են լրագրողը եւ տեղեկատուական միջոցները, որոնք չորրորդ իշխանութիւնն են: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ լրագրողները միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ են եւ իրենց ուսերուն ունին մեծ պատասխանատուութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, որոնք վճռորոշ են հայութեան համար:
Ապա համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուրկէ ուղղուեցան Աղաւնաձոր` շարունակելու համաժողովին աշխատանքները:
Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ լրագրութիւնը ընդհանուր ուղղուածութիւնը ունեցող զեկուցումներով կայացան համաժողովին նիստերը, որոնց ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մամուլի, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու, ելեկտրոնային կայքէջերու լրագրողներ ու խմբագիրներ:
Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանման արդի հարցերուն եւ այդ մարզին մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսեցաւ Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ հայկական մամուլին ունենալիք դերակատարութեան եւ առաջադրանքներուն մասին ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ Վարուժան Սրապեան (Ֆրանսա): Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հայկական համազգային հարցերու եւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ լրատուամիջոցներուն ունեցած ազդու դերակատարութեան անդրադառնալով` դիտել տուաւ, որ հիմնականօրէն պէտք է աշխատանք տանիլ “սպաննելու“ հայ¬թրքական արձանագրութիւնները, հաւաստի փաստեր ու տուեալներ տարածել հայկական հարցերուն մասին: Ապա ան խօսեցաւ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանման հարցերուն մասին:
Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ) անդրադարձաւ ցեղասպանութեան մասնագէտներ պատրաստելու իմաստով մեր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն` դիտել տալով, որ նման պատրաստուած մարդուժի առկայութիւնը մեծ անհրաժեշտութիւն է:
Թրքական մամուլի ապատեղեկատուութեան, անկէ հայկական մամուլին կրած ազդեցութեան եւ այդ երեւոյթին դէմ դնելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ “Երկիր Մետիա“ պատկերասփիւռի կայանի լրատուական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան: Օրինակներու վրայ հիմնուելով ան դիտել տուաւ, որ թրքական ապատեղեկատուութենէն ազդուելով հայկական մամուլը թրքական քաղաքականութեան ծառայած կ՛ըլլայ, ինչ որ շատ վտանգաւոր երեւոյթ է: Մանուկեան կոչ ուղղեց ուշադիր ըլլալու, ստացուած լուրերը միշտ զտելու, ստուգելու, ապա հրապարակելու առումով, այլապէս թրքական գաղափարներու վերարտադրողը պիտի ըլլայ հայկական մամուլը:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Ռուբիկ Ղահրաման¬Մոնասեան (Իրան), Պայծիկ Գալայճեան (Լիբանան), Արփեն Մովսիսեան (լրագրող), Գէորգի Յակոբեան (“Հայաստանի զրուցակից“ թերթի թղթակից), որոնք անդրադարձան համացանցին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ մամուլի դերակատարութեան, յատկապէս երիտասարդները դաստիարակելու եւ կազմաւորելու իմաստով, մշակութային մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցերու արձագանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ի գործ դրուած քաղաքականութեան:
“Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի արծարծումը միջազգային մամուլին մէջ“ Նիւթին առաջին զեկուցաբերն էր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), որ անդրադարձաւ լոպիինկի աշխատանքներուն մէջ հայութեան արձանագրած յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն: Ան փաստացի օրինակներէ մեկնելով լուսարձակի տակ առաւ այդ աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ թրքական կողմի լոպիական գործունէութիւնը բաւական ծաւալուն ու մոլեգին է: Վ. Գարագաշեան դիտել տուաւ, որ թէեւ բաւական աշխատանք տարուած եւ յաջողութիւններ կարելի եղած է ձեռք բերել, բայց եւ այնպէս տակաւին հսկայական աշխատանք կայ, լոպիական աշխատանքները յաջողութեան եւ ձախողութեան սահմաններուն մէջ կարելի չէ ամփոփել, այլ անոնք պէտք է ըլլան մնայուն թարմացող, հետեւողական եւ յարատեւ: Ապա խօսք առաւ Րաֆֆի Քանդեան (Գերմանիա), որ զեկուցեց “Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի հանդիսութիւնները Գերմանիոյ մէջ. ներկայ կացութիւն եւ հեռանկարներ“ նիւթով, ապա Սոնա Նիւրբեթլեան (Իտալիա) անդրադարձաւ “Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը` իբրեւ հայապահպանման պարտականութիւն“ նիւթին, Իրանէն Էդիկ Պաղտասարեան խօսեցաւ “Եղեռնն ու իրանահայութիւնը“ նիւթին մասին, Զաւէն Թորիկեան (Միացեալ Նահանգներ) իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայրենահանման սրբագրութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքը իրաւատէր ժողովուրդին վերադարձնելու մասին: Ան հաստատեց, որ մեծամասնութիւն հաշուող ժողովուրդը բնազդական կերպով քաջատեղեակ է, որ լիիրաւ ազգ ըլլալու, իր իրաւունքը վերականգնելու համար իրմէ խլուած ՀՈՂՆ է քաղաքականութեան եւ քաղաքական մտածողութեան առանցքը: Պետական բարձր մակարդակի վրայ աշխատանք կայ կատարուելիք: Պէտք է խօսինք հայրենահանման մասին, բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրման ու հատուցման մասին:
Իրանէն Արա Աշճեան լուսարձակի տակ առաւ իրաքեան մամուլին, արաբական ելեկտրոնային կայքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման հարցը, Արթուր Ղուկասեան` Սպանիայէն, խօսեցաւ Սպանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին ձախողութեան պատճառներուն եւ անկէ քաղուած դասերուն մասին: Աստղիկ Աւետիսեան ներկայացուց “Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու սփիւռքի պատկերասփիւռի կայանն ու ձայնասփիւռը“ նիւթը:
“Հակահայկական քարոզչութիւնը եւ հայկական լրատուամիջոցներուն դերը քարոզչական պատերազմին մէջ, արդի արհեստագիտութիւններու կարելիութիւնները‘ համացանց, ընկերային ցանցեր“ խորագրով ելոյթ ունեցաւ Վերա Սիսեռեան (Լիբանան), որ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած հոգեբանական ազդեցութեան, հայութեան երկու հիմնական հատուածները` Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ բաժնող եւ տարբերող հանգամանքներուն: Ան կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու այն հանգամանքէն, որ տարբերութիւնները օգտագործուին իբրեւ տարանջատող գործօն: Կարինէ Քոչարեան (Միացեալ Նահանգներ) խօսեցաւ սփիւռքահայութեան ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքին եւ անոնց լուսաբանման կարեւորութեան մասին: Վերջին զեկուցաբերն էր Արմինէ Առաքելեան (Իրան), որուն նիւթն էր սփիւռքի մէջ հրատարակուող օտարալեզու մամուլի դերը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի իրականութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Համաժողովի մասնակիցներուն այցելեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Այս առիթով ողջունելով վարչապետը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ համաժողովի երկօրեայ աշխատանքներուն, դիտել տուաւ, որ ժողովին կը մասնակցին 89 մամլոյ ներկայացուցիչներ աշխարհի չորս ծագերէն, զեկուցումներու ճամբով հաւաքուած է բաւական նիւթ, առաջարկ եւ վերլուծում` հայութեան վերաբերող տարբեր նիւթերու շուրջ:
Վարչապետ Սարգսեան իր խօսքին մէջ կառավարութեան անունով ողջունելով լրագրողները` դիտել տուաւ, որ ներկայ դարաշրջանին, երբ տեղեկատուական դաշտին մէջ պայքարը հետզհետէ կը սրի, ուրախութիւն է տեսնել, որ համազգային նիւթերու շուրջ լրագրողները միացեալ ուժերով լծուած են հայութեան խօսքն ու ճշմարտութիւնը հասցնելու բոլորին: Ան նշեց, որ այս առումով մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է լրագրողներուն ուսերուն, որովհետեւ անոնք կոչուած են ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ հայութեան վերաբերող հարցերուն ու լուրերուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու:
Վարչապետը ապա պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին պետական մակարդակի վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հատուցում անցնելու, սուրիահայութեան տարբեր ձեւերով օժանդակելու հարցերուն:
Հոկտեմբեր 6ին եզրափակուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համահայկական 6-րդ համաժողովը:
Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների գործունէութեան: Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ երեք տարբեր կառոյցներ տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան:
Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերէն, Հայաստանի մէջ համախմբուած լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով զանոնք` նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: “Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հանրութեան` այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու համար“, նշեց Ս. Օհանեան:
Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին` Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ բանակ, որ կարողութիւն ունի իր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն գործելու այնպէս, որ նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման` դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւուած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով մեծ է լրագրողներուն դերակատարութիւնը:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ կարգ մը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ արժանացան գերատեսչական մետալներու եւ պատուոյ գիրերու:
Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ կարեւոր նկատելով սփիւռքեան մամուլի դերը սփիւռքի մէջ ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման ծիրին մէջ` դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած են իբրեւ հերոս: “Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք` դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման“, նշեց Է. Շարմազանով` դիտել տալով, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները ազգային ոգիի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու իմաստով մեծ ներդրում ունին: Ան ներկայացուց Ազգային ժողովի կառուցուածքն ու օրէնսդիր մարմնի գործունէութեան ուղղութիւնները:
Անկէ ետք լրագրողները ուղղուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նշեց, թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները մեծ դեր ունին հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ:
Պատասխանելով լրագրողների հարցումներուն` Արտաքին Գործոց նախարարը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման հոլովոյթը, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, եւրոպական ընտանիքին մերձեցման քաղաքականութիւնը, արաբական, ասիական, լատինամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, Հայաստանի դերակատարութիւնը տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ: