ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ… ԱՊՈՒԽՏԻՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:6 Minute, 11 Second

Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ°ընծայենք, այս հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնգրութիւնը, որուն կիզակէտն է…ապուխտը՝ «պասթրմա«ն: Շէյքսփիրեան լեզուով գրուած այս յօդուածը կը պատկանի բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի, որ աւելի ծանօթ է եօթներորդ արուեստի՝ շարժապատկերի բնագաւառէն ներս.-

Ա՛ռ, կովու կամ ոչխարի միսի ոսկրազերծ կողիկի լաւ շերտ մը, աղէ ու ձգէ քանի մը օր որ հեղուկը ցամքի, յետոյ զայն ծեփէ համեմներով  ծեծուած սխտոր, կծու կարմիր պղպեղի փոշի, քիմիոն ու ծեծուած չամանի հատիկներ (լատիներենով Ֆօնում Կրաքում, Յունական խոտ)  ապա, քանի մը շաբաթ, կախէ° զայն մութ ու օդասուն վայր, որպէսզի միսը ծծէ համեմներու խառնուրդը…Ահաւասիկ ապուխտը, Փոքր  Ասիոյ ախորժաբերը արտադրուած դարերով, ճաշակուած գնահատուած եւ ընդունուած ինչպէս խամոն Սէրանօ Փաթա Նեկրան…Պարզապէս աշխարհահռչակ ապուխտը, որուն մասնագէտները, դարերէ ի վեր, հայերը եղած են:

p15 b3
Չամանի հունտը սխտորի նման ճզմուելէն առաջ հոտ չունի, բայց երկուքին խառնուրդը կրկնապատիկ հոտ կ’արտադրէ որ կը շնչուի նոյնիսկ հեռուէն: Այս հոտը կը ներխուժէ ուտողին մարմնին մէջ եւ ինքզինքը կը յայտնաբերէ անոր շունչին եւ քրտինքին մէջ եւ հոն կը մնայ օրերով: Գոնէ այդպէս եղած է դարերով մինչեւ վերջերս հնարուած նոր գիւտը: Առանց չամանի, առանց սխտորի, ուտելիքի կարմիր ներկի խաւը որը հնարուած է Պուրճ Համուտի (Լիբանան) մէջ: Այս նորութիւնը, ընդունուած կարգ մը խոհարարագէտներու կողմէ, անլուծելի պայքար մը յառաջացուցած է: Աւանդապաշտ ապուխտագէտները բոլորովին կը մերժեն զայն:
1915ի Ցեղասպանութեան վերապրողները ապուխտը բերին Միջին Արեւելք: Կեսարիացի հայերը լաւագոյն պատրաստողներն էին եւ անշուշտ սպառողները: Անկասկած այս խոհանոցային “նափալմը” պատրաստուած էր միսը պահպանելու նպատակով, երկար ձմեռներու տեւողութեան. մինչ համեմները կ’ապահովէին անոր առողջապահականութիւնը: Մեծ մայրիկս, ինչպէս շատ մը սերնդակիցներ, ցուրտ օրերուն ապուխտով ձուածեղներ կը պատրաստէր, ձէթի մէջ տապկուած լավաշ հացի շերտերով: Ապուխտի հոտը փախուստի կը մատնէր  մեզ, ինչպէս նաեւ միջատներն ու մժեղները, ցեցերն ու ճանճերը որոնք այլապէս ապաստանած պիտի ըլլային մեր տան գորգերուն եւ թաղիքներուն ջերմ ծալքերուն մէջ: Ընկերուհիներէն ոմանք չամանը կը պահէին փոքրիկ ամաններու մէջ եւ օրական մէկ դգալ կ’ուտէին, պայքարելու համար ձմրան յոգնութեան եւ հիւանդութեան դէմ, եւ իրապէս,  հազուագիւտօրէն իրենց մօտ հազի, հարբուխի եւ այլ հիւանդութիւններ կը նշմարէի: Երբ հոտէն կը դժգոհէինք, կը պատասխանէին “մեր ազգը միացեալօրէն կը յիշէ ցեղասպանութիւնները, Մեծն Տիգրանը, քրիստոնէական տօները եւ մեր բուրումնաւետ կերակուրները”:
Քանի մը տարի առաջ դրացի, Պրն. Տօնապետեան, վերապրող եւ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի աւարտեալ դեղաբուժերու առաջին դասարանէն 1931ին, հրաւիրեց զիս իր համեստ ու խճողուած տունը եւ հպարտօրէն ներկայացուց իր թէզը, ուսումնասիրութիւն չամանի եւ ապուխտի մասին երկու հարիւրէ աւելի տպագրուած էջեր որ լոյս չտեսած պիտի փտտին պատուհանին մօտ բազմաթիւ դարակներէն մէկուն մէջ: Չէմէնին օգուտները բազմահազար են կ’ըսէ Պրն. Տօնապետեան, ան կը զօրացնէ մարմնի դիմագրականութիւնը ձմրան ընթացքին, շաքարն ու “քոլեսթերոլը” պակսեցնելու մեծ կարողութիւն ունի, “անիմիա” հիւանդութիւն ունեցողներուն երկաթը կ’աւելցնէ, եւ ստնտու մայրերու կաթը 900 անգամով կը բազմապատկէ: “Ապուխտի օգուտերուն անտեղեակ մարդիկ կը ծաղրեն ապուխտը” ըսաւ Պրն. Տօնապետեանը չարաճճիութեամբ ժպտող տղու աչքերով:
Հայերը յաջողութեամբ ներմուծեցին ապուխտը Միջին Արեւելքի խոհանոցէն ներս, այդ ժամանակ “չուզուած հայեր” եւ “հոտած ապուխտ” փոխադարձաբար սկսան գործածուիլ: Տգեղ արտայայտութիւններ ինչպէս “ապուխտի հոտ կայ այստեղ” կ’ըսուէր հայերու մասին երբ անոնք ոչ հայերու ներկայութեան կը գտնուէին, ստեղծելով տիպար  մը որ ժողովրդականացաւ 196070ներու հռչակաւոր դերասան Շուշուին քարիքադիւրներուն կողմէ, որ ծաղրեց ապուխտի հայ մանրավաճառ մը: Յարատեւ աշխատանքով, ատեն մը վերջ, հայերը յաջողեցան Շուշուի ծաղրանքին վերջ տալ, բայց այդ սերունդի մարդկանց յիշողութիւնը չոչնչացաւ: Ընկերուհիի մը ծննդաբերութեան օրը իր մայրը աղջկան տեսնալով բացականչեց “գիտցայ թէ հոս ես, ապուխտի հոտ արի”, ընկերուհիս վիրաւորուած պատասխանեց “մայրիկ, այդ խնդալիք չէ”:

p15 b
Ի միջի այլոց, Լիբանանի ներքին պատերազմի ընթացքին, շատ մը հայեր հարաւային Գալիֆորնիա փոխադրուեցան, իրենց հետ տանելով ապուխտը: Իւ. Սի. Էլ. Էյ. . Ուսանած ժամանակս, բարեկամ մը զիս փիցայի ճաշարան հրաւիրեց Փասատինա քաղաքին մէջ, որուն տէրը հայ էր ու իր հայութիւնը փոխանցած էր փիցային զայն պատելով ապուխտի բարակ շերտերով, ինչպէս հաուայիական  արքայախնձորով եւ Մեքսիքական կծու պղպեղով փիցաները, իւրաքանչիւր ազգ իր մշակոյթը կը դրօշմէ խեղճ խմորեղէնի մակերեսին, կարգ մը ճաշարաններ կը յայտարարեն “աւելցուցէք նիւթեր յաւելեալ վճարումով”, Ամերիկեան մտայնութիւն մը, որ կը թոյլատրէ անձնական նախընտրանքները:
Մի քանի տարի առաջ Եգիպտոս ճամբորդեցի, հոն, բարեկամիս թելադրութեամբ տեղական ճաշարան մը այցելեցի որ մասնագիտացած էր “ֆուլ”ի զանազան պատրաստութիւններու մէջ: Անկարելի է համտեսել ու չհաւնիլ բակլայի ու այլազան նիւթերու խառնուրդը: Բայց ի՞սկապէս: Ապուխտով “ֆո՞ւլ”, “ամէն ինչ աւելցուր իրարու վրայ: Շնորհիւ Սատաթի եւ Պարպարա Ուալթըրզի մօտիկութեան` ժողովրդավարական մթնոլորտը ներխուժեց Եգիպտոս”: Նոյն ժամանակ Պէյրութ, ապուխտի սանտուիչ – պանիրով, թթուաշով, հազարով, մայոնեզով, լոլիկով, մութարտով – պաղ կամ տաք կը հրամցուի առանց ֆուլի: Լիբանանցի բարեկամ մը հանդարտօրէն բացատրեց թէ այս“Միջին Արեւելեան համպըրկըր” կը սեպուի: Գործարաններ, ինչպէս Պետօ եւ Միհրան, կ’արտադրեն ապուխտ “խեղճ, յոգնած եւ անօթի” ժողովուրդի համար: Ապուխտապաշտ հայեր կորսնցուցած են անուանի ախորժաբերին սեփականութիւնը զայն ժողովրդականացնելով եւ ամէնուն մատչելի դարձնելով: Բայց հակառակ ատոր հայերը  աւելի ընտիր եւ գաղտնի պահուած շինողները կը փնտռեն եւ կը գտնեն:
Երէկ, Պէյրութէն Տուպայ թռչող օդանաւին մէջ մեր Քենիացի մատակարարուհին նախաճաշի ափսէն հանգչեցուց ծալլուող սեղանիկիս վռայ: Փոքր ամաններ լիքը անախորժաբեր ուտելիքներով, գործարանային արագ միջոցներով պատրաստուած ճաշեր, սառած, ծրարուած, «ճամբորդած», մայքրօուէյվերու մէջ տաքցուած, ու ներկայիս հրամցուած ինձ նման «բանտարկեալ» ճամբորդներու: Ափսէս փոքր հաւկթաձեւ պնակի մը մէջ զետեղուած էին հազարի քանի մը տանջուած թերթիկներ, տերեւի փաթոյթ մը, առանց կուտի կամ ձէթի աղի ձիթապտուղ մը, դգալ մը խիտ հոմուս, ծխախոտի թուղթի բարակութեամբ կիտրոնի չնչին շերտ մը որուն տակ խոպոպուած էր ապուխտի թափանցիկ տաշեղ մը: Խանդավառուած, թեւակից Ժագ Էքմէքճիին ուշադրութիւնը ուղղեցի դէպի պնակիկը եւ խնդրեցի յատակը քննէ: Անմիջապէս միասնաբար մեր պատրաքաղները մխրճեցինք ապուխտին մէջ, հասկացողական ժպիտներ փոխանակելով եւ “պասթրմա¯” յայտարարեցինք: Վերջապէս, փաթոյթէն թրջած ապուխտը, կիտրոնի թթուէն գունատ, ու հոմուսէն արատաւորուած, մեծ մօրս չամանին թշնամի` կարմիր ներկի խաւով պատուած այս ապուխտը պատճառ եղաւ մեր հպարտութեան Յորդանանի անապատի վերեւ: Յիշեցի վերոյիշեալ Շուշուի յայտագիրները` իր թրքական ֆէսը, երկար ու ոլորուած պեխը, եւ իր ծաղրանքը հայկական ապուխտին: Շուշուն տէրն էր վարդագոյն քատիլաքի մը որը կը քշէր Պէյրութի շուրջ պատերազմի նախօրեակին: Խորհրդաւոր էր անոր մահը՝ 1975ին…36 տարեկանին: Արդ, ճամբորդներ աշխարհի բոլոր անկիւններէն առիթը ունին համտեսելու ապուխտ, ո՞վ գիտէ թէ ժամանակին երկու ապուխտասէր հայեր Շուշուի ծաղրանքի առարկաները դարձած էին: Հարցումս Ժագին ուղղեցի անտեսելով իր քունատ աչքերը, ան իր հերթին ժպտաց ու ըսաւ«“ո՞վ գիտէ թէ ով է եղեր այս անհանգստաւէտ նստարաններուն հնարիչը»: Հարց մը որ շարունակաբար կ’անտեսուի օդանաւի գործարանի հպարտ տնօրէնութեան կողմէ:

Պանդոկի սենեակիս մէջ Պարսկական «Անար» ճաշարանէն վերադարձիս մտածեցի «պասթրմա» բառին «կոխուած» իմաստէն անդին: Թրքերէնով՝ «պասմա», արաբերէնով «պասմ», ու՞ր անհետացան «մ»ն եւ «մա»ն եւ ու՞րկէ եկաւ «տուրմա»ն: Շրջիկ ժողովուրդներուն յատուկ չի կրնար ըլլալ որովհետեւ չամանը նախ պէտք է ցանուի եւ աճի, յետոյ միսը երկար ժամանակի կը կարօտի որպէսզի ցամքի ու համեմուի եւ անպայման, որ կը պահանջէ զով եւ օդասուն տեղ մը փոխանակ անապատի տաքին: Ղազախստանի մէջ կերակուր մը կայ քացախով համեմուած միսի կտորներով որ կը կոչուի «պասթրմա». վրացիները խորոված միս մը ունին նուրի հիւթի մէջ համեմուած ապա խոռոված որ կը կոչուի «պասթրմա». Հնդկաստանի մէջ կայ առանց միսի կերակուր մը թարմ չամանի տերեւներով որ կը կոչուի «քաշմիրի մեհտի չաման»: Պարսկական այլազան կերակուրներ կան չամանի տերեւներով պատրաստուած եւ զարդարուած «ղորմ սապզի»ով որ մենք համտեսեցինք Անար ճաշարանին մէջ:
Ըստ հայկական բառարաններուն «ապուխտ» բառը ծագած է բահլաւերէնի զարատուսդրական և մանիչեական գրութիւններէ, նշանակելով որ բառը քանի մը հազար տարիով աւելի հին է քան թրքական բառին յայտնաբերումը Ծայրագոյն Արեւելքէն: Չամանի հունտը կը գործածուի հայկական եկեղեցւոյ Միւռօնի պատրաստութեան մէջ, քրիստոնէութեան հաստատումէն ի վեր 301 թուականէն: Գոյութիւն ունի նաեւ աւան մը Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի միջեւ ոչ շատ հեռու Քանտահարէն որ կը կոչուի Չաման, այս ամէնուն վրայ բարեկամ մը ունիմ Պէյրութի մէջ որ կը կոչուի Քանտահարեան ազգանունով: Երեւակայեցէք… ինչ որ ալ ըլլայ, հարցը կը թողեմ ուտելիքի մասնագէտներուն և բանասէրներուն, որ պրպտեն բառին ծագումը: Մինչ այդ ըմբոշխնեցէք ապուխտով փիցաները սպասարկուած շատ մը հայկական փիցերիաներու պալթեան երկիրներու մայրաքաղաքներուն, Երեւանի, Լոս Անճելոսի եւ Պոսթոնի մէջ: Ապուխտի սանդուիչները շատ սովորական են աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ. Շատ դիւրութեամբ կրնաք զայն գտնել ամբողջ կամ շերտուած Պուէնոս Այրէսի, Մոնթէվիտէիոյի, Սիտնիի, Թեհրանի, Մոսկուայի եւ շատ հեռուներու հայկական նպառատուներու մէջ: Արդարեւ, Ապուխտը կարելի է ապսպրել մեծաքանակ, օդազերծ եւ կնքուած կերպընկալ տոպրակներու մէջ…“amazon.comէն:
Նիկոլ ՊԷզճեան
 Ապրիլ 29, 2009
(թարգմանեց՝ Նանոր  Պարսումեան)

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles