Վերջերս լոյս տեսաւ Արթօ Վօնի (Արթօ Փայասլեան) »Capillarity« (Carcanet Press, Մանչեսթըր, Անգլիա 77 էջ) հատորը, որ անգլերէն լեզուով գրուած բանաստեղծութիւններու շարք մըն է: Արթօ ծնած է Քէյմպրիճ, Մասաչուսէց եւ ուսանած է տեղւոյն, »Պէնինկթըն Քոլէճ«էն եւ Հարվըրտի համալսարաններէն ներս: Ան նաեւ դասընթացքներու հետեւած է Սկովտիոյ մայրաքաղաք Կլասքոյի համալսարանին մէջ: Երբ ան Լոս Անճելըս կը գտնուէր “Ասփորա” գրաբանական օրաթերթի հիմնադիրներէն եւ խմբագիրներէն մէկը եղած է: Ապա Պոսթընի »Արմինիըն Ուիքլի« շաբաթաթերթի խմբագիր եւ »Էյմ Մակազին« պարբերաթերթի թղթակից: Ան նաեւ երգահան եւ երաժիշտ է եւ լոյս ընծայած է ձայնապնակներ »Միշիմա« եւ »Քէնթ 100« խումբերուն հետ:
Մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ ստեղծագործական գրութեան ճիւղերուն մէջ, ան Կլասքոյի համալսարանի տոքթորականի թեկանածու է:
Ստորեւ, թարգմանաբար երկու մասեր Արթօ Վօնի հատորէն:
Ա
Հիմա ա°յս ձեւով պիտի փորձեմ« Ամերիկա°.
Բոլո°ր տարիներս« ի վերջոյ այսօր« դեղինկապոյտ կը պայթին
Եւ ես կը քալեմ այնպէս՝ ինչպէս կը քալենք բոլորս սալահատակի ու ճամբու վրայ
Կոխելով իրարու մորթհոգիներուն վրայ
Կոխկռտելով առա°նց անդրադառնալու
Մոռացկոտ են մեր աւանները եւ մարդ ենք ի վերջոյ թէեւ կառուցած
Ու կրակի տուած—քուն մտած կը տապլտկինք ու կ’արթննանք ցասկոտ
Ուրեմն թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք շիտակ չեն տեսներ
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք կ’այրին ջերմութեամբ ճարճատուն
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք տկար ծունկեր ունին ինչպէս վիրաւոր եղջերուն
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք քարտէսէն դուրս են քշուած
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք ներած են ու կ’արտասուեն մինչ կառք կը վարեն
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք հնձուած խոտին եւ անկիւնադարձին՝ վէրքի հոտն իսկ կ’առնեն
Թո°ղ յառաջ գան« անո°նք որոնք իմ եւ քու հարազատներն են եւ մեր կողքին՝ երբ մեր ձեռքերը քրտնին
Արդեօ՞ք սարեակին արեւածածկ դէմքիս մօտէն թռչիլն է
Երբ այնքան մօտ էի տանս—
Իր հետ ինձմէ բան մը տարաւ երբ զգացի անոր թեւերուն կշիռը
Բան մը՝ որ թերեւս կ’ուզէի որ տարուեր
Մոռցի°ր բոլո°ր գիտցածդ« ըսի ես ինծի« որովհետեւ սկսեր ես
Նշոյլներ տեսնել այն բանէն՝ որ իսկապէս կը մօտենայ քեզի
Շողշողուն տիեզերքներու փունջի մը նման՝ մանուկի մը ափին մէջ
Որ կը տանիս շրթներդ ի վեր
Այնքա°ն էի մօտեցեր
Գ.
Ո՞վ պիտի ձեռք մը տայ
Մեզ առաջ քաշելու երբ յոգնած ենք
Կ’ըսեն« թէ յաշուեյարդար մը կայ«
Բայց համոզուած չեմ ես քանի ամենուրէ°ք ապրողները կ’անարգեն մեռեալները
Որոնց արծաթեայ պատգարակը մասնիկային է
Որոնց իրար անցած ծածկագիր անունները կարելի չէ հեգել
Որոնց սէրն ու ատելութիւնը կը գրկեն հաշտ քոյրեղբօր գրկումը
Որոնց անշարժութիւնը անշարժութիւնն է մունջ գետի մը ձմրան
Որոնց ոսկորները կը տքան ու կը բամբասեն մե°ր խօսքով միայն
Որոնց դատողութիւնը հայելիին մէջն է երբ մօտէն կ’անցնինք
Ժրաջան են՝ որպէս անցեալ անձինք
ԱՐԹՕ ՎՕՆ
Թարգմանեց՝ Թաթուլ Սոնենց