Հ.Ե.Դ.Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԸ՝ ՔԱՐԻՒՂԻ «ՇԵՒՐՈՆ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 49 Second

p1-2

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ քարիւղի տեղական հսկայ ընկերութիւններէն »Շեւրոն«ը, հակադարձելով իր դէմ շղթայազերծուած արշաւին՝ փորձած է արդարացնել Հայոց Եղեռնի ուրացման նպաստող իր քայլերը եւ օգտագործել Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ շարունակաբար գործածուող բառամթերքը:
Արդարեւ, ընկերութեան բանբեր Ճասթին Հիկզ յայտարարեց թէ, իր հաստատութիւնը ընդդիմացած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման, որովհետեւ բանաձեւին վաւերացումը պիտի վատթարացնէր ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութիւնները, միաժամանակ աւելցնելով, թէ ընկերութիւնը նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման, բան մը, որ պիտի նպաստէ շրջանէն ուժանիւթի արտածման աշխատանքներուն:
Բողոքի ցոյցերը սկսան Յուլիս 22ին, Քալիֆորնիա նահանգի Սան Ռամոս քաղաքին մէջ գտնուող՝ »Շեւրոն«ի գլխաւոր կեդրոնատեղիին մօտ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան պատկանող բազմաթիւ վառելանիւթի կայարաններու առջեւ: »Շեւրոն« հակադարձեց, Սան Ռամոնի մէջ գտնուող ընկերութեան կեդրոնատեղիին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող քարիւղի զանազան կայարաններուն առջեւ տեղի ունեցող ցոյցերուն:
Ցոյցերուն զուգահեռ, ընկերութեան տնօրէն Տէյվ Օ’Ռայլիի ուղղուած բողոքի նամակներու արշաւ մը կը կատարուի, իսկ այս բողոքի արշաւին կապակցութեամբ համացանցային »Facebook« կայքին վրայ հաստատուած յատուկ խմբակի անդամներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1300ը:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը նախաձեռնած էր այս արշաւը, որուն նպատակն է հանրութեան տեղեկացնել թէ այս եւ այլ քանի մը ընկերութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի դէմ կը կատարեն լոպիինկի աշխատանք:
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ այդ բանաձեւի հիմնական հեղինակներէն մէկն է, կը  քննադատէ »Շեւրոն«ը եւ անոր նման այլ ընկերութիւններ: »Չեմ կարծեր, որ ամերիկեան որեւէ մեծ ընկերութիւն պէտք է լոպիինկ կատարէ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ, որովհետեւ նման քայլ մը ոտնակոխում մըն է հանրութեան շահերուն«, կը հաստատէ Շիֆ:
Տեղական մամուլը անդրադարձաւ այս ցոյցերուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Սան Ռամոնի, Փասատինայի, Հոլիվուտի, Պըրպէնքի, Օրէնճ քաունթիի, Ֆրեզնոյի, Մէրիլէնտի, Ֆլորիտայի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ:
»Փաստօրէն, Թուրքիա ոչինչ կը խնայէ իր պատմութեան մութ էջերը ծածկելու համար: Նման ընկերութիւններուն հետ գործակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացման արշաւին նորագոյն տարբերակն է՝ ուրացման արշաւը տարածելով դէպի մեր համայնքները, քարիւղի մէկ կայարանէն միւսը«, կը յայտնէ Երիտասարդական անդամ եւ Հ.Ե.Դ.ի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Թովմասեան: Այլ անդամ մը‘ Մէթ Սէնէքէրիմեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական  յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ հաստատել միայն ճշմարտութեան հիման վրայ, պնդելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմանալով՝ »Շեւրոն« ուղղակիօրէն կÿօգտուի մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպանութենէն: Ան նաեւ կÿազդարարէ, թէ ընկերութեան կարճատես այս մօտեցումը շրջանը աւելի անկայուն պիտի դարձնէ:
Յաւելեալ մանրամասնութիններ կարելի է կարդալ www.anca.org/chevron համացանցային կայքէջին մէջ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles