Գրեց՝ Աննա Աստուածատուրովա-Թըրքոթ
Փետրուար 1« 1992-ի առաւօտեան ժամը մէկին« Եւրոպայի վրայով բազմաթիւ թռիչքներով Ադլանտեանն ու ձմեռնաշունչ Միացեալ Նահանգներու կէսը կըտ-րելէ ետք« Նորիկ Աստուածատուրովի ընտանիքը վայրէջք կը կատարէր ամայի Նորթ Դակոտայի Ֆարգօ քաղաքի օդակայանը:Մութ ու սառած« բաղդատած Բաքուի արեւոտ բնավայրին« Ամերիկայի տափարակ միջնատարածքը խոժոռ ու ու մերժողական կը թուէր ըլլալ…
Պարտասած ընտանիքը ընկճուած կը զգար այս նոր միջավայրին մէջ:Մէթոտիստ եկե-ղեցւոյ ժպտերես անդամներու խումբը« որ երաշխաւորած էր փախստական ընտանիքը« եկած էր դիմաւորելու զայն:Ազնիւ մարդիկ էին որոնք հայու երես տեսած չէին մինչ այդ«
եւ սպասողական կեցուածք մը ունէին:
Մինչ ընտանիքը կը դիմաւորուէր« եւ կÿուղղուէր իր պայուսակները հաւաքելու« փոքրիկ Միքայէլը« Նորիկի եօթը տարեկան որդին« յոգնութենէն ու օտար լեզուի խորթ հնչիւններէն խրտչած՝ կÿարտասուէր:Ամէն ինչ ճնշիչ կը թուէր« անծանօթ հոտեր« օդակայանի շլացնող լոյսեր եւ հետաքրքիր անծանօթներ՝ որոնք զիրենք կÿառաջնորդէին դէպի պայուսակներու ընկալման սրահը« բարձրաձայն ու սրնթաց խօսելով բոլորովին անհասկնալի լեզու մը:
Իրենց ծրարները կը բաղկանային մի քանի մեծ պայուսակներէ — միայն ա°յն ինչ որ ար-տօնուած էր:Ընտանիքը զգուշօրէն հետեւած էր Սովետ իշխանութիւններու կանոններուն՝ որոնք միայն որոշ չափի ճամբրուկներ կը թոյլատրէին երկրէն հեռացողներուն:Այսու-հանդերձ« Նորիկի կողակից Իրինան դեռ դառնացած էր 14 ժամ առաջ տեղի ունեցած Մոսկուայի մաքսատան պատահարէն՝ ուր բացարձակապէս թոյլ չէին տուած որ պահէ իր ադամանդեայ նշանտուքի մատանին՝ յայտարարելով թէ այդ մէկը Սովետ պետու-թեան կը պատկանէր:Իրինան չէր կարող մտքէն սրբել մաքսատան հազիւ թէ 18 տա-րեկան« համազգեստաւոր ռուս պաշտօնեային գոռոզ դէմքն ու վերաբեր-մունքը — կարծես գործը ոճրագործներու հետ ըլլար:Ստիպուած եղաւ թողուլ երկիրը առա°նց մատանիին:
Նորիկ« այդ վաղ ժամուն թէեւ լուռ ու շփոթած« անվրդով եւ ուժեղ էր մնացեր՝ առաջնորդելով իր ընտանիքը դէպի Նորթ Դակոտայի գորշ մթնշաղը:Դժուար մասը արդէն անցած էր« ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ մոտք էր գործած. բայց հիմայ« ի՞նչ կարելի էր ակնկա-լել:Լեզուն չէր հասկնար եւ ստիպուած էր իր 14 տարեկան դուստրին՝ Աննային թարգմա-նութեան ապաւինիլ:Ա°ն ալ« իր կարգին յոգնած ու վհատ արեւածագէն մի քանի ժամ առաջ այս տափարակ ու ամայի տարա- -ծութեան մէջ« կը ջանար իր դպրոցականի լեզուագիտութիւնը ի սպաս դնել իր հօր: Երբ ընտանիքը իր պայուսակներով կը տեղաւորուէր ինքնաշարժին մէջ« Միքայէլ շարունակած էր իր լացը« «Այս Ամերիկա չէ°:Մամա°« ու՞ր են երկնաքեռերը… ես տուն կÿուզեմ վերադառնալ:» Լսելով իր որդւոյն լացը« հայրը քթին տակէն մրթմրթացեր էր« «Սովետներէն փախանք« մեզ Ամերիկայի Սիբիրը ուղարկեցին…»« յետոյ« դառնալով Աննային՝ համոզումով« «Սակայն բախտաւոր ենք«» ըսեր էր« «հիմա°յ« ապահով երդիքի տակ ենք:»
* * *
Նորիկ Ե. Աստուածատուրով Բաքու էր ծնած, Ադրբեջան« 1947« դեկտեմբեր 22- ին: Իր հայրը« Եղիշէ, Երեւանէն Բաքու էր փոխադրուեր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն քիչ ետք՝ գործ փնտռելու:Հոն« Եղիշէ հանդիպեր էր Նորիկի մօր՝ Թամառին:Եղիշէին գործը յաջո-ղեր էր ու հանգստաւետ կեանք մը կարողացեր էր ապահովել իր նոր կնոջ ու երեք զաւակ-ներուն:
Հակառակ ազերի մեծամասնութեան հետ պրկուած յարաբերութիւններուն« Բաքուի մէջ կեանքը« ընդհանրապէս« տանելի էր:Ուտելիքը պակաս չէր« ընտանիքին վիճակը լաւ էր ու բարգաւաճ:Սակայն« Եղիշէ կը գիտակցէր թէ Բակուի ընծայած ապահովութիւնն ու հան-գիստ կեանքը« նոյն իսկ իր «բազմազգ» նկա- րագրով« երկար չէր կրնար տեւել. Ան իր հայ-կական ազգանունը« Աստուածատրեան« փո-խեր էր ռուսականի՝ «եան»ը «ով»ով փոխարի-նելով — ա°յն յոյսով որ պիտի կարենար իր ընտանիքը« այսպէսով« հալածանքէ զերծ պահել:
Իր կեանքի առաջին տարիներուն, Նորիկ միայն հայերէն էր խօսած« սակայն սկսեր էր ռուսերէն սորվիլ ու խօսիլ դպրոցի առաջին դասարանէն իսկ:Թէեւ Բաքուն «բազմազգ» կը նկատուէր« հայկակա°ն դպրոցներ հազուա-գիւտ էին:Երկու նախընտրանք կար. ռուսա-կան դպրոց՝ կամ հայկական. հայ ուսանող-ները« ընդհանրապէս« ռուսական դպրոց կը յաճախէին:Բաքուի մէջ հասակ նետելով« Նորիկ« որ գծագրութեան յատկութիւն ունէր« սորվեր էր աւանդապաշտ ոճով փայտի եւ քարի վրայ քանդակել՝ միշտ մնալով հետա-քրքրուած՝ գեղարուեստի այլ ճիւղերով եւս:Զինուորական ծառայութիւնը վերջացնելէ ետք« Նորիկ կը վերադառնայ Բաքու« եւ տա-րիքաւոր վարպետի մը ցուցմունքներով« կը ծանօթանայ ու կը տիրապետէ աւանդական մետաղագործութեան արուեստին:Վարպետը Նորիկին կը սորվեցնէ դարերու փորձառու-թեամբ ի գործ դրուող կերպարուեստի մը նըր-բութիւնները՝ որոնց միջոցաւ կարելի է ստեղ-ծագործել այլազան մետաղներ գործածելով — ներառեալ՝ անագապղինձ« պղինձ« պաղլե-ղածին եւ ոսկի.
1970-ի սկիզբները, Նորիկ կը սկսի աշխատիլ արուեստներու աշխատանոցի մը մէջ՝ ուր կը պատրաստէ գովազդեր ու խճանկարներ:Ի հետեւանք սովետական կեանքի իրականու-թիւններուն« Նորիկին արտակարգ նուիրումը հայ արուեստի հնամեայ այս ձեւին հանդէպ՝ երկար չի տեւեր. համայնավար կարգերու տակ« Նորիկ չէր կրնար բացայայտ ձեւով կրօնական նիւթեր մշակել:Այսուհանդերձ« քօղծածուկ՝ ան կը սկսի ստեղծագործել հար-սանեկան յուշատախտակներ« գիրքերու կող-քեր, հրեշտակներ, կրօնական սրբանկարներ ու խճանկարներ՝ անհատ արուեստասէրներու համար:
Իր գործերը կÿընդգրկեն մեծադիր պղնձեայ խճանկարներ՝ որոնք ամբողջ պատեր կը ծած-կեն« ինչպէս նաեւ կրակարաններու կողքերը զարդարող« մետաղեայ վիշապներ:Նորիկ կÿուսումնասիրէ Լենինի դիմագիծը այն աստի-ճանի՝ որ պարզ յիշողութեամբ« մօտ 2 000 Լենինի դիմա-նկարներ կÿարտադրէ զանազան ազերի կառավարական պաշտօնատարներու համար:Հայկական որեւէ մէկ նիւթի ամենա-դոյզն կասկածն անգամ կարող էր կատղեցնել յաճախորդները՝ որոնք ընդհանրապէս կառա-վարական մարդիկ էին:Օրինակի համար« ազերի յաճախորդ մը, որ իր աղջկան մետաղ-եայ դիմանկարն էր ապսպրած« այպանած էր Նորիկը որ իր դուստրը հայու էր նմանցուցած:
Այսուհանդերձ« Նորիկ ազատ էր ուրիշ ամէն նիւթի շուրջ ստեղծագործելու:Արուեստանոցէն ներս« Նորիկ շրջապատուած էր տաղանդաւոր արհեստագէտներով՝ որոնց գործերը մեծապէս կÿազդէին իր վրայ:Անոնց մրցակցական ու միանգամայն բարեկամական յարաբերութիւն-ները շարունակեցին Նորիկին ստեղծագոր-ծական- կարողութիւնները սրել հաճելի դարձնելով նաեւ անոնց հետ կարծիք-ներու փոխանակման ընկերական պահերը:Այս արդիւնաւետ մփնոլորտին մէջ է որ ան հանդիպեցաւ Իրինային« արուեստագէտ ճարտարապետ մը՝ որ մեծապէս պիտի սատարեր անոր ստեղծագործական կազմաւորման՝ թուղթի վրայ գծա-գրելով անոր գաղափարները՝ որոնց վրայ հիմնուած« ան սկսաւ արտադրել իր մետաղեայ ստեղծագործութիւնները:
Թէեւ Նորիկի ծնողքը մահացած էին 1989-էն շա°տ առաջ« անոնց հոռեգոյն վախերը իրենց ընտանիքներուն առնչութեամբ իրակա-նացան այդ ահաւոր տար-ուայ ընթացքին:Ապահովութիւնն ու իրենց յուշերու քաղաքը« Բաքուն« այնպէս ինչպէս որ կար՝ անհետացաւ եւ ազգականներ եւս« մէկ առ մէկ« սկսան մեկնիլ:
Նորիկի եւ իր կնոջ համար չափազանց վտանգաւոր էր այլեւս մնալը« երբ կատղած ազերիներու խումբեր թաղերը իրար կÿանցնէին մնացած հայերը գտնելու համար:Ընտանիքին «ռուսացած» անունը« որոշ ժամանակով օգնեց իրենց ապահով մնալուն« սակայն« մեկնելու ժամանակը չուշացաւ:Իրենց ազերի եւ ռուս հարեւաններէն շատերը փորձեր էին պաշտպանել զիրենք խոշտանգումէ« սակայն Նորիկ սկսեր էր կասկածիլ որոշ դրացիներէ:
Յաւելեալ մտահոգութիւն էր Աննային դպրոցը« որ լայն պողոտայի մը վրայ էր ու Լենինի հրա-պարակը կÿառաջնորդէր« ուր ազերիներու գազազած ամբոխներ բողոքի ցոյցեր կÿընէին Ղարաբաղը Հայաստանին վերադարձնելու հայոց պայ-քարին դէմ:Դպրոցը յարձակումի տակ էր եղած ազերի վոհմակներու կողմէ որոնք հայ մանուկներ կը փնտռէին. ուսուցիչները խնդրեր էին որ հեռանան. մի քանի ուսուցիչներ խոշտանգելէ ետք« ի վերջոյ« ձգեր գացեր էին:
Նորիկի համար յստակ էր« թէ օր մը չէ օր մը« ամբոխը պիտի չհեռանար ու պիտի ներխուժեր դասարաններէն ներս:Ցուցա-րարները« Լենինի հրապարակ եր-թալու համար« յաճախ կÿանցնէին այն փողոցէն ուր Նորիկի ընտանիքը կը բնակէր:Նորիկ« իր բարձին տակ դանակ՝ ու անկողնին տակ կացին մը կը պահէր:Ընտանիքը արագօրէն — անաղմուկ ու ցաւ ի սիրտ — որոշում կայացուց:Այն ինչ որ կարելի էր պայուսակնեու մէջ դնելէ ետք« Սեպտ. 18« 1989-ին« աննշմար փախուստ տուին Բաքուէն:Կը յուսային որ լարուած մթնոլորտը ժամանակաւոր էր« ու երբ անցնէր՝ պիտի կարենային իրենց բնակավայրը վերադառնալ:
Սակայն այդպէս պիտի չըլլար:Ընտանիքը միայն մէկն էր հարիւր հազա-րաւորներէն որոնք 1980-ական տարիներուն« Ղարաբաղեան բախումներէն յա-ռաջացած ցեղային ու կրօնական հալածանքներուն ի հետեւանք« ստիպուեցան փախչիլ Ադրբէճանէն:Անոնք այլեւս երբե°ք պիտի չկարենային վերադառնալ իրենց բնակավայրերը:
Իրենց ազգականներուն հետ« Աստուածատուրովները ջանացին ապաստան գտնել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ:Հակառակ որ Հայաստանը« տնտեսական շրջափակումի եւ երկրաշարժի աւերներէն դեռ դուրս չէր եկած՝ նախընտրելի կը նկատուէր. Ըստ ազգականներու որոնք Ռուսաստան էին ապաստաներ« ռուսերու հետ ապրիլը դժուար էր. անոնք« ընդհանրապէս« Կովկասի մէջ իրենց ունեցած բոլո°ր դժոարութիւններուն համար կÿայպանէին հայերը« ազերիներն ու վրացիները — ոեւէ անձ՝ որ թուխ էր կամ սեւահեր:
Նորիկ չէր ուզեր իր երեխաները մեծցնել ատելութեան ու վտանգի մթնո-լորտի մը մէջ:Հայաստան գացին այ°ն յոյսով« որ ան պիտի ըլլան նո°յն հարազատ օճախը՝ որ եղեր էր անցեալին իրենց նախահայրերուն համար:Սակայն« մտահոգ« որ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները — նամանաւա°նդ տնտեսական շրջափակումը — ի վերջոյ պիտի ստիպէին զիրենք հեռանալու իրենց հայրենիքէն« Նորիկ« իր եղբօր« Նովիկին հետ« դիմեց Մոսկուայի Միացեալ Նահ-անգներու հիւպատոսարանին՝ Ամերիկա գաղթելու խնդրանքով:Թէեւ յոյսեր կային որ յաջո-ղին« ընտանիքը դեռ չէր կրնար երեւակայել թէ ի՞նչ տեսակ կեանք մը կրնար սպասել իրենց Ամերիկայի մէջ:Կը ջանային այդ մասին չմտածել:
Հայաստանի մէջ« մնացին Երեւանի հեռաւոր արուարձան՝ Քանաքեռ ապրող ազգականի մը տան գետնայարկ սենեակներէն մէկուն մէջ« առանց ջուրի կամ ջերմութեան« իսկ ելեկտրականութիւնը՝ օրական մէկ ժամ միայն« որուն ընթացքին էր որ լուացքն ու ճաշ եփելը պէտք էր շտապ աւարտել:Երկու տարի Հայաստան մնալէ ետք« ընտանիքին վիճակը վատթարացաւ. Շաբթուայ մի քանի օրը միայն ելդկտրականութիւն կար« ուտելիքը հազուագիւտ էր եւ ձմեռները՝ խիստ:Երե-խաները չէին կարող դպրոց երթալ երկար ձմեռուայ ընթացքին տրուած ըլլալով որ դասարանները ջերմութենէ զուրկ էին:Իրինան եւ երեխաները փողոցները եւ Քանաքեռի լքուած շինարարութիւններու շուդջ՝ փայտ կը հաւաքէին կարենալ տաքցնելու համար իրենց փոքր« գետնայարկ բնակարանը:
Ընդյատակեայ այդ բնակարանին մէջ« Norik կը շարունակէր իր ստեղծա-գործական աշխատանքը« նոյնատեն աշխատելով իրենց մօտիկ փոքր գործատանի մը մէջ՝ վաղ արշալոյսան մինջեւ ուշ մայրամուտ« բիւրեղեայ ջահեր կազմելով:Միա°յն հոս« Ամերիկայի մէջ« անոր առիթը տրուեցաւ հետեւելու իր իսկակա°ն մտասեւեռումը եղող հայկական դրօշմածոներու գեղարուեստին:Այսուհանդերձ« Նորիկ յաջողեցաւ ստեղծել հայկակա°ն ոճով ձեւաւորուած կտորներ՝ ազգային առասպէլներու եւ աւանդավէպերու շուրջ:Ան կարողացաւ նոյնպէս քրիստո-նէակա°ն նիւթերու շուրջ կտորներ արտադրել:Սովետական Միութիւնը փլուզումի մէջ էր« ընդհանրական փոփոխութիւններ տեղի կÿունենային եւ յոյսը սկսեր էր վերազարթնիլ:
Վերջապէս« երկուքուկէս տարուայ սպասումէ եւ Մոսկուայի ամերիկեան հիւ-պատոսարան բազմաթիւ այցելութիւններէ ետք« Նորիկ եւ իր ընտանիքը արտօ-նութիւն ստացան Միացեալ Նահանգներ մտնելու:Միակ բանը որ կը պակսէր՝ Սովետ իշխանու-թիւններու արտօնութիւնն էր երկրէն դուրս գալու:1991-ի ամրան պիտի մեկնէին« սակայն« նոյն տարուայ օգոստոսին պատահած պետական հար-ուածը յետաձգեց ամէն ինչ:Այլեւս անկարող սպասելու« Նորիկ հաւաքեց իր ընտանիքը եւ Մոսկուա փոխադրուեցաւ:Մի քանի ամիս ետք« շարք մը կաշառք-ներէ ետք« ընտանիքին թուղթերը կարգի դրուեցան եւ երկիրը ձգելու արտօ-նութիւնը ապահովուեցաւ:
* * *
Աստուածատուրովները կարողացան դուրս գալ Սովետ Միութենէն իրենց ետեւ ձգելով ընտանեկան սեփականութիւններուն մեծ մասը:Նորիկ, այսուհան-դերձ, կարողացաւ իր հետ բերել իր գործիքները« որոնք կը բաղկանան մուրճէ մը« ծակիչէ մը եւ զանազան մեխի նմանող կտորներէ:«Վարպետ արուեստագէտը«» կÿըսէ Նորիկ« «ա°յն է« որ իրեն հարկաւոր բոլո°ր գործիքները կրնայ իր գրպանին մէջ տեղաւորել:» Ընտանիքը« 1992-ի փետրուարին« Նորթ Դակոտա հաստատուեցաւ ուր Նորիկ կը շարունակէ արտադրել գեղարուեստական գեղեցիկ կտորներ:
Թէեւ Նորթ Դակոտայի մէջ կեանքը ճիշդ հակառակն էր ա°յն կեանքին որուն վարժուած էին« ընտանիքը երախտապարտ էր Միացեալ Նահանգներուն մէջ տե-ղաւորուելու իրենց տրուած առիթին համար:Ձեւով մը յարմարեցան խիստ կլիմային« կասկածամիտ ու անհաղորդ մարդոց եւ երկրի տափարակութեան:Առ ի շնորհակալութիւն Մէթոդիստ Եկեղեցիին« որ ապահովեր էր իրենց Ամերիկայ մուտքը« Նորիկ սարքեց հայկական խաչ մը — արուեստի իր առաջին գործը Ամերիկայի մէջ:Ընտանիքը իր տունը հրաւիրեց տեղացի հարեւանները շրջապատելով զանոնք հայկական հիւրասիրութեան ջերմութեամբ:Դանդաղօրէն ու դժկամութեամբ« իրենց շրջապատի անձերը — որոնց հետ յարաբերուեր էին առաջին մի քանի ամիսները — կարողացան ճանչնալ անոնց մշակոյթը« մտա-դրութիւնները եւ իղձերը« ու նամանաւանդ« ապագայի իրենց յոյսերը՝ երեխա-ներուն առնչութեամբ:
Առաջին տարին« մինչ գիշերուայ ժամերուն կÿաշխատէր կառասիներու աշխատանոցին մէջ« Նորիկ մետաղ հայթայթող մը գտաւ եւ մեծ քանակութեամբ մետաղ ապահովեց շարունակելու համար իր արուեստը:Վաղ առաւօտուն« երբ գործը կը վերջանար — երեխաները դպրոց էին եւ Իրինան գործի էր տեղւոյն երկրորդական վարժարանին խոհանոցին մէջ — Նորիկ կը մրճահարէր իր յղա-ցումներն ու մտապատկերները մետաղին մէջ:Սկիզբը« փոքր կտորներ կÿար-տադրէր իր արուեստը ծանօթացնելու համար անմիջական շրջապատի մարդոց:Յետոյ« մի քանի տարի անց« սկսաւ նահանգէն օգնութիւն ստանալ՝ որպէսզի կարենայ անհետացող արուեստի մը գաղտնիքները ուսուցանել հետաքրքրուող դպրոցականներու: