Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

RUSTAM Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2009-ին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պահանջեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, որպէսզի չստորագրէ երկու հանրաքուէներու միջոցով Արցախի ժողովուրդին արդէն իսկ արտայայտած կամքը անտեսող որեւէ փաստաթուղթ եւ անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկէ Արցախի Հանրապետութիւնը բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ լիիրաւ կողմ վերադարձնելու ուղղութեամբ: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, «Ուրբաթ» ակումբին մէջ, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականը: Ան ներկայացուց նաեւ այն նամակը, որ  ներկայացուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն: Ան նաեւ նշեց, որ Թեհրան – Երեւան թռիչքի արկածին պատճառով ջնջուեցաւ երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ նախատեսուած բողոքի ցոյցը, սակայն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն պիտի ներկայացուին մատրիտեան սկզբունքներուն վերաբերեալ հայ ժողովուրդի անհամաձայնութեան մասին նամակներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու Դաշնակցութիւնը չի պահանջեր Հայաստանի նախագահի հրաժարականը, քանի որ վերջին հաշուով ան է պատասխանատուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծին համար, Ա. Ռուստամեան ըսաւ. «Մենք չենք ուզեր ընդհանրապէս խափանել աշխատանքները, այլ մեր նպատակը կը բխի իրավիճակին մէջ կտրուկ փոփոխութիւն մտցնելու անհրաժեշտութենէն, եւ մենք ասով կþուզենք նաեւ կարելիութիւն տալ նախագահին, որ ան այդ փոփոխութիւնները իրականացնէ: Նախագահը տակաւին ունի կարելիութիւն իրավիճակին մէջ կտրուկ բեկում մտցնելու, եւ ամէնէն կարեւորը՝ չստորագրելու այն փաստաթուղթը, որ այսօր կþառաջարկուի, ինչ որ, մեր խորին համոզումով, կþանտեսէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի արդէն իսկ արտայայտած կամքը: Ուստի այս պահուն իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու համար նախարարի հրաժարականը պահանջելու քայլը մենք նպատակայարմար եւ ճիշդ կը նկատենք: Բնականաբար, մենք ուշադիր կը հետեւինք, որ այս փաստաթուղթը չստորագրուի»: Ռուստամեան յայտարարեց նաեւ, որ այս ճակատագրական պահուն անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը՝ անկախ նախապէս գոյութիւն ունեցած տարակարծութիւններէն: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնայ, յայտնեց, որ այդ հարցը միշտ պէտք է Հայաստանի քաղաքականութեան զինանոցին մէջ ըլլայ: Բայց ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը այնքան կարեւոր չի նկատեր Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը, որքան Հայաստանի երաշխաւոր ըլլալը Ղարաբաղի անվտանգութեան: «Մենք անհրաժեշտ կը գտնենք Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը, որով ամբողջ աշխարհ պիտի իմանայ, որ Հայաստան Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը պիտի դառնայ: Ատիկա շատ լուրջ քայլ պիտի ըլլայ», ըսաւ Ռուստամեան: Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, թէ արդեօք այսօր անհրաժեշտութիւն չկա՞յ խորհրդարանի արտակարգ նիստ հրաւիրելու եւ քննարկելու ստեղծուած իրավիճակը, Ռուստամեան նշեց, որ իբրեւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, պիտի փորձէ Սեպտեմբերին նախաձեռնել խորհրդարանական քննարկումներ հայ-թրքական յարաբերութիւններու նիւթով: Դաշնակցութիւնը ուրիշ անգամ ալ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ըրած էր, սակայն բացի Ժառանգութիւն կուսակցութենէն միւս քաղաքական ուժերը չէին արձագանգած:

Ստորեւ, լոյս կ°ընծայենք յայտարարութիւնը:
Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ այսօր կատարուող իրադարձութիւնները չափազանց վտանգաւոր միտումներ են բովանդակում մեր ազգային-պետական շահերի տեսանկիւնից: Հետզհետէ մեծանում է Ազրպէյճանի քաղաքական, տնտեսական կշիռը, Թուրքիան եւ Արպէյճանը միջազգային ասպարէզում միասնաբար փորձում են թուլացնել Հայաստանի դիրքերը՝ նպատակ ունենալով շրջանը դարձնել իրենց ազդեցութեան գօտի: Այս իրավիճակում միակ ելքը մեր համախմբուածութիւնն է, հատուածական շահերից վեր կանգնելը եւ մեր արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելը:
Կրկին արձանագրում ենք, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը շեղուել է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ Ռազմական ուսմունքի հիմնարար դրոյթներից: Իբրեւ հետեւանք չի գործնականացւում Հայաստանի Հանրապետութեան՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդի անվտանգութեան եւ նրա ընտրած զարգացման ուղու երաշխաւորն ու աջակիցը լինելու առանցքային դրոյթը, շարունակում է խոչընդոտել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, չկայ համարժէք պայքար թուրք-ազրպէյճանական տանդէմի հետեւողական հակահայկական գործողութիւնների դէմ, ներքին ու արտաքին քարոզչութեան մէջ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութեան գործունէութիւնը մնում է խիստ անբաւարար:
Արցախի հարցում ինչ-ինչ արագացուած լուծումներ պարտադրելու՝ համանախագահող երկրների փորձը վտանգում է մեր ազգային-պետական շահերը: Ազրպէյճանն իր հերթին խօսում է բացառապէս ուժի դիրքերից՝ ոտնահարելով Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անտեսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութեան փաստը:
Ստեղծուած իրավիճակում մենք հեռատեսութիւն եւ քաղաքական կամք ենք պահանջում Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններից, յորդորում առաջնորդուել շրջանում մեր ինքնուրոյն ուժն ու տեղը ապահովելու պատասխանատուութեամբ: Ակնկալում ենք, որ Հայաստանի նախագահը չի ստորագրի երկու հանրաքուէների միջոցով Արցախի ժողովրդի արդէն իսկ արտայայտած կամքն անտեսող որեւէ փաստաթուղթ եւ անհրաժեշտ միջոցներ կը ձեռնարկի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը բանակցութիւնների մէջ իբրեւ լիիրաւ կողմ վերադարձնելու ուղղութեամբ:
Այսօր մենք ուղղակի պարտաւոր ենք վերաիմաստաւորել եւ վերանայման ենթարկել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ նոր էջ բացել: Թերեւս կայ այդ հնարաւորութիւնը:
Արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում առաջացած բացասական հետեւանքները վերացնելու եւ ազգային-պետական ուղեգիծը վերականգնելու նպատակով պահանջում ենք ոլորտի անմիջական պատասխանատու Հայաստանի արտաքին գործերի նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականը:

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՕՍՔԸ

»Մենք չենք ուզեր ընդհանրապէս խափանել աշխատանքները, այլ մեր նպատակը կը բխի իրավիճակին մէջ կտրուկ փոփոխութիւն մտցնելու անհրաժեշտութենէն, եւ մենք Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաժարականը պահանջելով, կ’ուզենք նաեւ կարելիութիւն տալ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ ան այդ փոփոխութիւնները իրականացնէ: Նախագահը տակաւին ունի կարելիութիւն իրավիճակին մէջ կտրուկ բեկում մտցնելու, եւ ամէնէն կարեւորը՝ չստորագրելու այն փաստաթուղթը, որ այսօր կ’առաջարկուի, ինչ որ, մեր խորին համոզումով, կ’անտեսէ Արցախի ժողովուրդի արդէն իսկ արտայայտած կամքը: Ուստի այս պահուն իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու համար նախարարի հրաժարականը պահանջելու քայլը մենք նպատակայարմար եւ ճիշդ կը նկատենք: Բնականաբար, մենք ուշադիր կը հետեւինք, որ այս փաստաթուղթը չստորագրուի«: կը յայտնէ  Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան

 

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles