Մեր իրաւունքներուն իրազեկ ոեւէ հայ վստահաբար քաղաքական իր կամքին արտայայտութիւնը գտաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի այն հաստատումին մէջ« որ կþըսէր թէ Արցախի անկախութիւնը անդառնալի վիճակ է ու չի կրնար առկախ մնացած հարցերու մասին բանակցութեանց սեղանին դրուիլ:
Արդարութեան ուղիէն չշեղելու իրողական այս կոչը գօտեպնդող է եւ բարացուցական« յատկապէս այն պահուն« երբ Արցախի ու առհասարակ մեր՝ հայութեան իրաւուքներուն շուրջ տղմուտ ու պղտոր հոսանքներ ստեղծուած են« ողողելով մինչեւ անգամ Հայաստանի պետական կարգ մը ոլորտները« ինչ որ ջլատող ներգործութիւն կþունենայ մեր անսակարկելի իրաւուքներուն ու պահանջներուն ճանաչողութեան գիծին վրայ:Յայտարարութիւնը բարացուցական է մանաւանդ այն իմաստով« որ դարձեա°լ Արցախէն կը բարձրանայ իրաւատիրութեան ձայնը« այս ուղիին մէջ աննահանջ մնալու կամքի արտայայտութիւնը« ինչպէս եղած էր աւելի քան քսան տարի առաջ« երբ նոյնինքն Արցախը անհաւասար մարտի ելած էր իրաւազրկող Ազրպէյճանին ու անոր լծակից-գործակից՝ խորհրդային Վոլսկիներուն դէմ« եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու« նուաճեց արդարութեան ուղին« ձեռք բերաւ իր ոտնակոխուած ու արհամարհուած իրաւունքները:
Այո. Արցախի անկախութեան իրականութիւնը անդառնալի է ու անդառնալի ալ պէտք է պահուի« որովհետեւ այս վիճակէն որեւէ ետդարձ համազօր է հաւկուրութեան« մինչեւ իսկ եթէ Մինսկի Խմբակին կողմէ ատիկա ներկայացուի իբրեւ խաղաղութեան երաշխիք ու յարմարագոյն լուծում:
Լուծումներու մանրամասնութիւններուն մասին »գաղտնապահութեան քաղաքականութիւնը« արդեօք պերճախօս ապացոյց չէ՞« որ »նեխած բան մը կայ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ«…:Եթէ այդպէս չէ« ո՞վ եւ ինչէ՞ կը վախնայ յստակօրէն ըսելու« թէ »բոլորին համար բաղձալի լուծման տարազը եւ կայուն խաղաղութեան մեկնակէտը« ի՞նչ կþըսէ բոլոր կողմերուն« յատկապէս Արցախին ու Հայաստանին:
Մօտիկ ու միջին հեռաւորութեամբ անցեալի իրականութիւնները իրաւատէր հայուն կու տան արդար իրաւունքը բացարձակ ՈՉ մը արձակելու լուծումի որեւէ ընտրանքի դէմ« որ կը փորձէ Արցախը վերադարձնել Ազրպէյճանի իշխանութեան ու անոր կը խոստանայ լայն ինքնավարութիւն:Հայն ու Արցախը արդարօրէն կþըսեն. »Ո°չ« պարոններ. նման լուծում ո°չ միայն անարդարութիւն է« այլ՝ փորձուածը կրկնելու տխմարութիւն« որմէ զերծ ենք մենք՝ հայերս« մանաւանդ արցախեան մեր հատուածը«:Արցախը ինչպիսի¯ դառն փորձառութիւններ ապրեցաւ ամբողջ եօթանասուն տարի« Ազրպէյճան կոչուած շինծու երկրի կազմին մէջ իբրեւ ինքնավար մարզ:Եւ թող ո°չ ոք ինքն իրեն իրաւունք տայ մեզ որակելու »խաղաղութեան ուղին խափանող կողմ«« որովհետեւ հայը զոհն էր անասելի անարդարութիւններու եւ իր տարրական իրաւուքն է մերժել զոհի դերակատարութեան կրկնումը:
Ո°չ Մինսկի խմբակը« ոչ ալ Պաքու ու իր համախոհները կրնան մեզ համոզել« որ Ստալինի գործած անարդարութիւնը տարբեր անունով հրամցնելը լուծման կþառաջնորդէ« ինչպիսի° մեղրով ու շաքարով ալ օծեն թոյնը:
Այս իմաստով ալ« հայութիւնը անգամ մը եւս մէկ բռունցք պիտի դառնայ ու ամուր կերպով պիտի կանգնի Արցախի կողքին« որ մէկ մասնիկն է մեր ամբողջական Դատին« կը մարմնաւորէ նոյնինքն ԴԱՏը:
Յետոյ« չենք մոռցած քաղաքական այն վճիռը« որ Արցախի բարձուքներէն արձակուեցաւ քսանամեակ մը առաջ. »Եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը« Արցախը պատրաստ է իրեն միացնելու Հայաստանը«« կþըսէր ազնիւ մարտահրաւէր:Անիկա այժմէական է այսօր եւ նո°յնքան իրական:
Աւելի°ն« անոր արձագանգները այսօր ալ պիտի կրկնուին Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք« Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա ու Աւստրալիա« մէն մի հայու արդարատենջ կամքին մէջ« առանց տարիքի ու պատկանելիութեան տարբերութեան:
Վերջապէս« նման խաղեր պիտի չկարենան մեր ուշադրութիւնը շեղել մեր հիմնական ու առանցքային պահանջներէն՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դարմանումի պայքարէն« որ ահա« ինչպէս կþերեւի« դարձեալ սկսած է մղուիլ երկրորդ բեմ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ