ԽԱՆԱՍՈՐՆ ՈՒ ԼԻԶՊՈՆԸ` ՆՈՅՆ ԱՂԲԻՒՐԷՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 5 Second

 Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն արձանագրուած են արդարատենջութեան ուժական արտայայտութեանց բազմաթիւ էջեր, որոնցմէ երկուքը, իրարմէ շուրջ 90 տարիներու հեռաւորութեան վրայ, կը յուշեն, որ մեր պայքարը, ի՛նչ միջոց ալ որ օգտագործած ըլլայ անիկա, ջուր կը խմէ նոյն աղբիւրէն եւ կը ձգտի հայութեան արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան, վերահաստատման, արդար հատուցմա՛ն:

Ուժական պայքարի իրերանման երկու արարքներ են Խանասորի Արշաւանքն ու Լիզպոնի Սխրանքը, որոնք կը նպատակադրէին աշխարհի լուսարձակներուն կեդրոնը բերել հայութեան դէմ գործուած անարդարութիւնները, պահանջել անտեսումի ընթացքին կասեցումն ու արդար մօտեցում` մեր Դատին:

19րդ դարու վերջին տասնամեակին, երբ արձանագրուեցաւ Խանասորը, հայութիւնը կ՛ապրէր իր պատմական հայրենիքին մէջ, սակայն ենթակայ էր օսմանեան Թուրքիոյ սուլթանական իշխանութեան ոճրագործ քմահաճոյքին: Թուրքիոյ իշխանութիւնը չէր վարաներ իր զինեալ ուժերը, պաշտօնական բանակը արձակելու հայ ժողովուրդին դէմ, ոչ ալ կ՛երկմտէր քիւրտ աւազակախումբեր լծակից դարձնելու իր բազմերես ոճիրներուն, երբ ահաւոր բռնարարքներու խաղալիք հայը յանդգնէր իր տարրական իրաւունքները պաշտպանել, յիշեցնել աշխարհին ու Թուրքիոյ պետութեան. իսկ երբ մնար խուլ ականջներու դիմաց, իբրեւ կարելի վերջին միջոց` կը վստահէր իր բազուկի ուժին, կը յարէր “Ազատութիւն կամ Մահ“ սկզբունքին, պայքարի բագինին զոհաբերելով ջան ֆետայիներու փաղանգներն ամբողջ: Ահա այդ մթնոլորտին մէջ էր որ արձանագրուեցաւ Խանասորը`  իբրեւ արտայայտութիւն Փոքր Մհերի պատգամին ու իբրեւ գագաթնակէտ մը (ոչ միակը) մեր պահանջատիրական պայքարին: Խանասորը բազմերես պատգամներ տուաւ թէ՛ ճնշող պետութեան ու անոր կամակատար քիւրտ ցեղերուն եւ թէ նոյնինքն տառապեալ մեր ժողովուրդին, զայն պահ մը դարմանեց կորաքամակ վիճակէ եւ վերականգնեց ազգային արժանապատուութիւնը:

20րդ դարու վերջին քառորդին, երբ հայը անգամ մը եւս կը դիմէր իր իրաւունքները ուժական միջոցներով Թուրքիոյ ու աշխարհին յիշեցնելու արարքներուն, մեր ժողովուրդը արդէն աւելի քան 50 տարիներէ ի վեր զրկուած էր հայրենի հողերուն մեծ մասէն, մեծ տուրք տուած էր թուրք ցեղասպանին եւ տասնամեակներ շարունակ թողլքուած էր աշխարհէն, մոռացութեան տրուած էին մեր իրաւունքներն ու վնասները: Պահանջատէր հայ երիտասարդներ, անսալով հայրենիքի ու զիրենք ծնող ժողովուրդի իրաւունքներուն ձայնին, վերականգնեցին ուժական պայքարի ուղին եւ իբրեւ նոր գագաթնակէտ մը` արձանագրեցին Լիզպոնը, մի՛շտ ջուր խմելով անձնազոհութեան, հայրենասիրութեան ու իրաւունքի պաշտպանութեան աղբիւրէն: Այդ պատճառով ալ, Սիմոնն ու չորս ընկերները հեռակայ եղբայրութիւն-զինակցութիւն հաստատեցին Նիկոլ Դումանի եւ զինակիցներուն հետ, թէեւ պայքարի դաշտ ու միջոցները ունէին նաեւ տարբերութիւններ:

Խանասորն ու Լիզպոնը սոսկ պատմական դէպքերու յիշատակներ չեն, այլ մնայուն եւ անժամանցելի պատգամ` այսօրուան ու վաղուան իրաւատէր հայուն, պահանջատէր երիտասարդութեան:

Ոչ միայն անընդունելի, այլ դատապարտելի են բոլոր այն մեկնաբանութիւնները, որոնք նման հերոսական արարքներ կը փորձեն տեղադրել այսօրուան աշխարհին որգեգրած բառամթերքին համաձայն` ահաբեկչութիւն հասկացութեան սիւնակին տակ, մանաւանդ անոնք` որոնք ծնողներն են ոճրային ահաբեկչութեան, ցայսօր կը շարունակեն կիրարկել անոր տարաբնոյթ տեսակները, մանաւանդ անոր պետական տեսակը: Հայը երէկ, այսօր ու վա՛ղն ալ տարբեր ըմբռնում ու տեսակէտ ունի ահաբեկում կոչուած արարքին մասին, կիրարկած է ու կը պաշտէ անոր ազնիւ ձեւը, պաշտամունքի զգացում ունի զայն իրագործող հերոսներուն նկատմամբ ու իր սէրն ու յարգանքը արտայայտած է անոնց նուիրելով յուշարձան ու երգ, զանոնք դարձնելով մեր ապրող մշակոյթին, պայքարի՛ մշակոյթին մէկ անփոխարինելի մէկ մասնիկը: Խանասորէն անմիջապէս ետք, հայեր երգ հիւսած են ազնիւ հերոսներուն մասին, յայտարարելով, որ հայ ֆետային չի կրնար վնասել տկարին` կիներու եւ մանուկներուն: Հայը մերժած է ոճրային ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերը, մանաւանդ պետական ահաբեկչութիւնը, որուն տուած է ահաւոր զոհ ու տուրք` Ցեղասպանութեան ճամբով, Արցախի մէջ թէ Սումկայիթի, սակայն չէ հրաժարած Դումաններու, Թեհլիրեաններու, Լիզպոնի հերոսներուն արդարատենջ ուղիէն, որոնք իբրեւ անժամանցելի պատգամ մաս կը կազմեն ցայսօր շարունակուող մեր պայքարի ուղիին:

Փաստօրէն, այդ ուղիին հաւատարմութեա՛մբ էր որ ծնունդ առաւ ու յաղթանակով պսակուեցաւ Արցախեան Պայքարը, այսօր, նոյն ուղին կը շարունակուի ընդդէմ թուրք-ազերիական ուրացումներուն, խեղաթիւրումներուն ու բազմապիսի ոտնձգութիւններուն: Մի՛շտ նոյն աղբիւրէն ոռոգուած` այդ ուղին մեզ պիտի տանի պայքարի նոր դաշտեր, մինչեւ հայկական պատմական հողերու հանգրուան առ հանգրուան ազատագրումը, մեր ազգային բոլո՛ր իրաւունքներուն վերականգնումը:

Այդ բոլորէն ետք, այսինքն մեր պահանջատիրութեան պայքարին վերջնական յաղթանակէն ետք, Խանասորի, Լիզպոնի, Արցախի ու գալիք ճակատամարտներուն հերոսները պիտի չկորսուին յիշողութեան թանգարանին մէջ, այլ ընդմիշտ կանգնած պիտի մնան հայութեան բոլոր սերունդներու հոգիներուն պատուանդանին վրայ, նման այն անձնուրացներուն, որոնց մտքի ու արեան արգասիքն է մեր պատմութիւնն ամբողջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles